ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻԼ

Երկրի վրայ երկնային կեանք ապրիլ՝ դժուար բայց երանելի՜ կեանք մը ահաւասիկ։ Երկնայինը ապրիլ երկրի վրայ կարելի է միայն անդրադառնալով հոգւոր կեանքի արժէքին եւ կարեւորութեան։ Իսկ «Հոգեւոր կեանք»ը կը նշանակէ ապրիլ ըստ Աստուածաշունչի՝ որ Սուրբ Հոգիի ներշընչութեամբ գրուած է յատուկ հեղինակներու ձեռքով։

Արդարեւ, «Հոգեւոր կեանք»ը՝ Խաչի ճամբայ մըն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ յաւիտենական երանութեան՝ ազատութեան, փրկութեան եւ հոգեւոր կատարեալ ուրախութեան։

Նոր կեանք՝ Սուրբ Հոգիով, կ՚ենթադրէ հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի հոգիով եւ միտքով՝ ամբողջ էութեամբ, որ է. «Ճանապարհ ճշմարտութեան եւ կեանք». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Սուրբ Հոգիին ճանաչումը կարեւոր է այս կեանքին համար, որ ներքին Վարդապետն է ըստ Քրիստոսի ապրուած կեանքին, հեզ հիւրը եւ ճշմարիտ բարեկամը՝ որ կը ներշնչէ, կ՚առաջնորդէ, կ՚ուղղէ եւ կը զօրացնէ այս կեանքը։

Եւ այս կեանքին առաջին եւ վերջին՝ սկիզբը եւ վախճանը պիտի ըլլայ միշտ նո՛յն Յիսուս Քրիստոս։ Ուստի, քրիստոնեան երբ հաւատքի աչքով դիտէ զԻնք, կրնայ յուսալ, որ Ան իրեն մէջ Իր խոստումները պիտի իրականացնէ, իսկ ինքն ալ սիրելով զԻնք ա՛յն սիրով, որ Ինք սիրեց զինք, պիտի կատարէ գործերը՝ որ կը համապատասխանէ իր արժանապատուութեան։

«Կաղաչեմ նկատի առէք, թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ մեր ճշմարիտ Գլուխն է, իսկ դուք Անոր անդամներէն մին էք։ Ան ձեզի համար այն է, ի՛նչ որ գլուխը իր անդամներուն համար է։ Ինչ որ Իրն է, ձե՛րն է, Անոր միտքը, Անոր սիրտը, Անոր մարմինը, Անոր հոգին է։ Անոր կարողութիւնները, իսկ դուք պարտիք գործածել զանոնք իբրեւ թէ ձերն ըլլային, որպէսզի ծառայէք Աստուծոյ, գովաբանէք եւ սիրէք զԻնք։ Դուք Անորն էք, ինչպէս որ անդամները իրենց գլխուն կը պատկանին։ Ասոր համար՝ Ան ջերմօրէն կը բաղձայ Իր Հօր ծառայութեան եւ փառքին համար գործածել ի՛նչ որ կայ ձեր մէջ, իբրեւ թէ անոնք Իրեն ըլլային։ Ինծի համար կեանքը Քրիստո՛սն է. (ՓԻԼ. Ա 21)»։ (Սուրբ Յովհաննէս Էօտ. Le Coeur admirable de la Très Sacrée Mère de Dieu, 1908)։ Արդարեւ, Իր չարչարանքով, Քրիստոս ազատագրեց մեզ «Չար»ին՝ Սատանային տիրապետութենէն եւ մեղքէն։ Մեզի համար շահեցաւ վերանորոգուած «Նոր Կեանք»ը Սուրբ Հոգիին մէջ։ Իր շնորհքը կը դարմանէ ի՛նչ որ մեղքը աղաւաղած էր մեր մէջ։ Ուստի ան՝ որ կը հաւատայ, կը վստահի Քրիստոսի, ունի՛ «Նոր Կեանք»ը Սուրբ Հոգիին մէջ, որ է. վերանորոգուած հոգեւոր կեանք։ Բարոյական-հոգեւոր կեանքը կ՚աճի եւ կը հասուննայ շնորհքին մէջ եւ վերջապէս իր լրումին կը հասնի երկինքի Փառքին մէջ։

Հոգեւոր կեանքը եւ հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կը ձգտի Քրիստոսի հետ միշտ աւելի սե՛րտ միութեան։ Այս միութիւնը կը կոչուի «միստիկ», քանի որ կը մասնակցի Քրիստոսի խորհուրդին՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներով -«սուրբ խորհուրդներով»- եւ Անոր մէջ՝ խորհուրդին Ամենասուրբ Երրորդութեան։ Աստուած կը կանչէ մեզ բոլորս այս սերտ միութեան Իրեն հետ, նոյնիսկ եթէ այս «միստիկ» կեանքին մասնայատուկ շնորհները կամ արտակարգ նշանները տրուած են մի միայն ոմանց, այսպէս բացայայտելու համար ձրի պարգեւը՝ որ տրուած է բոլորին։

Վերանորոգման եւ կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանքը եւ մահացումը՝ որոնք աստիճանաբար մարդը կ՚առաջնորդեն ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններուն ուրախութեան մէջ։

«Բարձրացողը երբեք չի՛ դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ։ Ան որ կը բարձրանայ, երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ անվերջ սկսումներով», կ՚ըսէ Ս. Գրիգոր Նիւսացի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 10, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026