ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՄԵՆԷՆ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ԴՈՒՐՍ
Խատիսեանը հայոց պատմութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է. անոր ամենէն կարեւոր ձեռքբերումներէն մին Մայիս 28-ի անկախութեան հռչակումն է. իր յայտարարութեամբ ու շնորհիւ էր, որ Հայաստան առաջին անգամ կը ստանար Ազատութիւն եւ Անկախութիւն սահմանումները՝ որուն երազը ունէր հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ:
Խատիսեանը ճանչնալու լաւագոյն ձեւը եւ անոր անցած ճամբան լաւապէս ուսումնասիրելու համար անհրաժեշտ է կարդալ իր իսկ հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» աշխատութիւնը, որ հայոց արդի պատմութեան ընդարձակ դասընթացք մըն է. անոր այս աշխատութիւնը որպէս յօդուածներ լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ եւ ապա լոյս տեսած՝ որպէս առանձին հատոր: Կարդալով Խատիսեանի այս աշխատանքը, պիտի հասկնանք, որ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դրած է հեռու մնալու Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրէն, սակայն, վիճակները այնքան ալ բարենպաստ չեն եղած: Գուցէ այսօր Հայաստանի վիճակն ու ճակատագիրը ամբողջութեամբ տարբեր ըլլար, եթէ մեծ պետութիւններ իսկապէս իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնելով խաղաղութիւնը հաստատէին:
Խատիսեանի աշխատութեան մէջ կը կարդանք. «Քաջազնունին եւ ես, վրացիներուն հետ միասին, գացինք զօր. Ֆոն Լոսովի մօտ, մայիս 21-ին, բացատրելու համար անոր հայերու վիճակը: Ան թելադրեց մեծ մեր խնդիրքը ներկայացնել գրաւոր կերպով, եւ մենք այդ ըրինք մայիս 22-ին: Մայիս 23-ին, զօր. Ֆոն Լոսով երկար ու մանրամասն հեռագրով մը՝ ուղղուած Պոլսոյ գերման դեսպանին, բացատրեց մեր հարցի էութիւնը: Այդ հեռագրի մէջ ան կը մատնանշէր, որ Հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ Անդրկովկասեան պատուիրակութեան անդամ հայ նախարարները Գերմանիայէն կը սպասեն օգնութիւն եւ փրկութիւն՝ իրենց ժողովուրդի ներկայ ողբերգական վիճակէն»:
Ինչպէս նախապէս յօդուածի մը մէջ բացատրած էինք, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան համար կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը պարէնի պակասն էր. ժողովուրդը ճամբաները սովամահ կ՚ըլլար եւ այդ ժողովուրդը կերակրելու համար միակ միջոցը թուրքերն ու ազերիներն էին եւ անոնցմէ պարէն ուզելու եւ ժողովուրդի վիճակը բարելաւելու համար անհրաժեշտ էր վերջ տալ պատերազմին, անհրաժեշտ էր հաշտութիւն կնքել՝ որոշ զիջումներով, այլապէս պիտի ունենային Ազատ ու Անկախ Հայաստան մը՝ առանց հայերու:
Անշուշտ, պէտք է ըսենք, որ ըստ թղթաբանութիւններու մէջ թուրք ժողովուրդը եւս կ՚ուզէր եւ կամ կը ձեւացնէր հաշտութեան կողմնակից ըլլալ. Խատիսեանի աշխատութեան մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Խալիլ պէյ կը փորձէ համոզել ու հաշտութեան միջոցներ գտնել հայերու եւ Էնվէր ու Թալէաթ փաշաներուն միջեւ:
Անշուշտ, այստեղ պէտք է մեղադրել նաեւ գերմանացիները, որովհետեւ պատմական փաստերով գերմանացիներ ամէն տեսակ աջակցութիւն կը ցուցաբերէին վրացիներուն, սակայն, լռութեամբ կը դիտէին հայ ժողովուրդի հոգեվարքը. Խատիսեանի վկայութեամբ. «Գերմանացիները հետզհետէ կը զօրանային Թիֆլիզի մէջ՝ պաշտպանելու համար վրացիներն ու Վրաստանի սահմանները, իսկ թուրքերը կը շարժուէին հայկական հողերով եւ պատերազմ կը մղէին հայերու հետ»:
Այդ պատերազմներու վերջ տալու եւ սովամահ ժողովուրդը փրկելու համար Խատիսեան իրապէս լուրջ ձեւով աշխատեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան ո՛չ նիւթապէս կայուն էր եւ ո՛չ ալ բանակ ունէր իր ազատութիւնը ապահովելու, բանակցութիւնները շարունակուեցան։ Խատիսեան նախարար Ճեմալ փաշան դիմաւորելով խօսեցաւ ճառեր. ահաւասիկ անոր ճառէն հատուած մը. «Փոխանակ արիւն թափելու, պէտք է ապրելու, շնչելու, աշխատելու եւ կերակրուելու հնարաւորութիւն տալ բոլորին»։ Իր ճառին մէջ Խատիսեան կը մատնանշէ պատերազմի աւերներուն ու սարսափներուն մասին եւ վայրկեան առաջ կ՚ուզէ համաձայնութեան գալ:
Դարձեալ Խատիսեանի յիշատակները կը կարդանք. իր հաշտութեան ճառէն ետք հետեւեալը կը գրէ. «Ճեմալ փաշա դառնալով վերջապէս ինձ դէմքը մռայլեցաւ եւ թօնը չորցաւ։ Ան կը խօսէր արդէն թոյլ եւ դանդաղ ձայնով մը, աչքերը լեցուն էին մռայլ կայծերով: Ան ըսաւ. «Թուրքերու վէճը հայերու հետ հին է եւ հայերը ոչ մէկ քայլ կ՚ընեն հաշտուելու համար թուրքերու հետ: Այս ընթացքը պատճառ պիտի դառնայ հայերու նոր դժբախտութեանց»:
Իրականութեան մէջ Խատիսեանի միակ հետապնդածը այդ հաշտութիւնն էր, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցէր, որ նման պայմաններու մէջ՝ մանաւանդ երբ ժողովուրդը դժբախտութեան մէջ է, միակ միջոցը հաշտութիւնն է:
Անշուշտ, պէտք է նշել, որ Խատիսեան թուրք կառավարութեան հետ հանդիպումներ կ՚ունենար ո՛չ միայն 1918 թուականէն ետք. ան նոյնիսկ կը զբաղուէր հայկական հարցով Համաշխարհային պատերազմէն իսկ առաջ՝ 1913-1914 թուականներուն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ հայեր ի՞նչ սխալ ըրին:
Պատասխան. Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ հայերը ըրին մի քանի ճակատագրական սխալներ, որոնցմէ ամենէն կարեւորն էր բազմակողմանի հաւատարմութիւն ցուցաբերելը մեծ պետութիւններու՝ ռուսերու, ֆրանսացիներու եւ ուրիշներու, առանց վստահ ըլլալու, թէ այդ կողմերը իրական պաշտպանութիւն պիտի ապահովեն հայ ժողովուրդի՞ն թէ ոչ: Բացի այդ, որոշ հայ կամաւորական խումբեր մասնակցութիւն բերին ռուսական բանակին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ թուրքերը հայ ազգը դիտեն որպէս վտանգ՝ որպէս թշնամիի դաշնակից:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան