ԱՐԱԲԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ «ՎԱ՜Յ»ԵՐԸ

Աշխարհի երեսին կար ժամանակ, երբ ճշմարտութիւնը, ազնուութիւնն ու անմեղութիւնը մարդու մեծագոյն արժէքները կը նկատուէին. ժամանակ՝ երբ սուտը, խաբէութիւնն ու անազնուութիւնը մեղք էր ու սայթաքում: Ժամանակ՝ երբ մարդիկ իրեն խորամանկութեան համար ո՛չ թէ կը հպարտանային՝ այլ տեղ մը նոյնիսկ ամօթ կը զգային. ժամանակ՝ որ մարդոց արժանապատուութիւնը չէր չափուեր անոնց նիւթական ունեցուածքով. մարդոց մեծագոյն հարստութիւնը ո՛չ թէ նիւթական մեծ հարստութիւններն էին, այլ անոնց պատիւը՝ հիմնուած արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ: Ժամանակ՝ երբ մարդ նիւթապէս աղքատ՝ սակայն բարոյապէս հարուստ էր: 

Գուցէ այդ ժամանակներուն համար ըսուած է արաբ բանաստեղծին վեցերորդ «վա՜յ»ը. 

«Վա՜յ այն ազգին, որուն քաղաքականութիւնը աղուէսութիւն է եւ փիլիսոփայութիւնը՝ կեղծիք, իսկ արհեստը՝ հնակարկատութիւն»:

Կարծեմ այս «վա՜յ»ը միակն է, որ ժամանակավրէպ կը նկատենք, որովհետեւ մեր օրերուն պատկերը հակառակն է. ի հակասութիւն արաբ բանաստեղծին, կը համարձակինք ըսել. «Վա՜յ այն ազգին, որուն քաղաքականութիւնը աղուէսութիւն չէ՛», որովհետեւ մեր օրերուն քաղաքականութեան մէջ յաջողիլ ու սեփական շահերը ապահովելը աղուէսութիւն կը պահանջէ: Աղուէս չըլլալը այսօր հեգնանք կը յառաջացնէ՝ քան ամօթ ու ցաւ: Մերօրեայ քաղաքականութեան լեզուն աղուէսութիւնն է, իսկ կեղծիքը՝ փիլիսոփայութեան հիմքը:

Ժամանակը փոխուած ու արաբ բանաստեղծին «վա՜յ»ը վերածուած է «երանի՜»ի. անցեալին եթէ քաղաքականութեան մէջ կարեւոր էր արժանապատիւ կեցուածքը, այսօր նուաստութիւն է. այսօր աշխարհը աղուէսութիւնը մեղք նկատելու փոխարէն խորամանկութիւնը ճարպիկութիւն նկատելով՝ որպէս «լաւատես» երեւոյթ կը փորձէ ներկայացնել: 

Հին ժամանակ մարդիկ իրենց պատուին համար արիւն կը թափէին. այսօր նոյն այդ արիւնը կը թափի շահի համար եւ այդ շահերը հետապնդելու համար ազգ մը պարտաւոր է որոշ չափով աղուէս ըլլալ, որովհետեւ գայլերուն մէջ որպէս ոչխար տեղ գտնելը այդքան ալ խելամիտ քայլ մը պիտի չըլլար: Աւելի քան դար մը առաջ, երբ Խրիմեան կը խօսէր ոսկէ շերեփին մասին, գուցէ նկատի ունէր խորամանկութիւնը, որովհետեւ բարութիւնը, ազնուութիւնը այդ անիրաւ խաղին մէջ տեղ չի կրնար գտնել՝ մանաւա՛նդ մեր օրերուն: 

Արաբ բանաստեղծը «վա՜յ» կը կարդայ այն ազգին, որուն փիլիսոփայութիւնը կեղծիք է. բացատրենք.- փիլիսոփայութիւնը ինքնին կը նշանակէ ճշմարտութեան փնտռտուք. բանաստեղծը «վա՜յ» կը կարդայ այն ազգին, որուն ճշմարտութիւնը՝ ինքնին խաբէութիւն է. բանաստեղծին համար անընդունելի է սուտի եւ կեղծիքի համար կատարուած ճշմարտութեան զոհաբերումը։ Մարդիկ հին ժամանակ որպէս ազատ միտքի որոնում կ՚ընդունէին փիլիսոփայութիւնը, որ կը հետապնդէ ճշմարտութիւնը, սակայն, մերօրեայ քաղաքականութեան մէջ ճշմարտութիւնը տեղ չունի. կեղծն ու սուտն է, որ կ՚իշխէ ու իր տեղը կը գրաւէ: Մարդիկ այսօր ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ չեն։ Պարզապէս սուտը իրենց ձեռքը բռնած կը փորձեն անոր վաճառականութիւնը կատարել: 

Մերօրեայ քաղաքականութեան համոզումները հետեւեալներն են. խաբելը եւ կեղծելը՝ խելամտութիւն է, իսկ կեղծիքը՝ ռազմավարութիւն, որովհետեւ սեփական շահի համար ամէ՛ն սուտ կարելի է արդարացնել. հետեւեցէ՛ք քաղաքականութեան. ամենէ՛ն շատ «արդարութիւն» բառը կը գործածեն անոնք՝ որոնք անարդարութեամբ կ՚ապրին, որովհետեւ այսօր ամէ՛ն ազգ իր կարգին կ՚ապրի իր սուտին մէջ, որովհետեւ ապագայ կառուցելու ձգտող քաղաքական գործիչներ, իրականութեան մէջ ազգի մը գերեզմանը կը փորեն: 

Արաբ բանաստեղծը վերջին մասով «վա՜յ» կը կարդայ այն ազգին՝ որուն արհեստը հնակարկատութիւնն է: Արհեստը այստեղ ազգի ստեղծագործական միտքը, պայքարի ոգին ու իմաստութիւնը կը խորհրդանշէ. անոր մէջ կ՚իյնայ, օրինակ, գրականութիւնը եւ մենք ազգովին մեր գրականութեան մէջ իրապէս հնակարկատութիւն կ՚ընենք, որովհետեւ նորերը քաջալերելու, նորը կարդալու եւ նորը ստեղծելու փոխարէն հինը կը մեծարենք, հինը կը բարձրացնենք, մոռնալով, որ հին փառքը ներկայի վիճակը չի՛ կրնար արդարացնել: Արուեստի մէջ, ճարտարապետութեան մէջ եւ արդիւնաբերութեան մէջ ընդհանրապէս հինն է՛, որ կը կարկտենք մեր ներկային. հնակարկատութիւնը չզարգանալն ու չյառաջդիմելն է եւ գուցէ մեր վերջին պատերազմի պարտութեան հիմնական պատճառն ալ այդ մեր հնակարկատութիւնն էր, որովհետեւ երբ հակառակորդը զարգացած զինամթերքով կը յարձակէր... մենք մեր ունեցած հիներով կը փորձէինք մեր տունը պաշտպանել: Իրապէս ալ «վա՜յ» նման ազգի մը, որովհետեւ նման ազգ մը եթէ չի՛ կրնար իր ներկան կառուցել, բնական է, որ պիտի չունենայ ապագայ։ Հնակարկատութեամբ զբաղելով օր մը ի՛նք եւս հին պիտի դառնայ: 

Մաղթենք, որ մեր ազգը իր «բարի» վիճակէն դուրս գալով օր մը ի՛նք եւս աղուէսը դառնայ քաղաքականութեան, որովհետեւ ինչպէս իտալացի փիլիսոփայ ու դիւանագէտ Նիքոլ Մաքիավելի (1469-1527թթ.) կ՚ըսէ. «Քաղաքականութեան մէջ ո՛չ սէր կայ, ո՛չ ատելութիւն. կայ միայն շահ» եւ այդ շահը աղուէսները ձեռք կը ձգեն:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քաղաքականութեան մէջ մաքրութիւն կա՞յ:

Պատասխան. Քաղաքականութեան մէջ տեսականօրէն կարելի է մաքրութիւն գտնել, սակայն, գործնականին մէջ դժուար է այդ մէկը գտնելն ու պահպանելը: Քաղաքական դաշտը լեցուն է շահերու բախումներով, փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններով, ինչ որ շատ անգամ կ՚առաջնորդէ արժէքներու խեղաթիւրման: Քաղաքականութիւնը կրնայ մաքուր ըլլալ, եթէ քաղաքական գործիչներ առաջնորդուին բարոյական սկզբունքներով, թափանցիկութեամբ եւ ո՛չ թէ սեփական շահերով, այլ հասարակական շահերով առաջնորդուելով: Ազնիւ քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն ազնիւ առաջնորդներ կը պահանջէ, այլ նաեւ պահանջատէր ու գիտակից ժողովուրդ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025