ՍՊԱՍՈՒՄ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԴԱՐՁԻՆ
Աստուած երբ մարդուն կը յայտնըւի եւ կը կանչէ զայն, մարդը չի կրնար իր սեփական ուժերով լիօրէն պատասխանել աստուածային սիրոյն։ Ան պէտք է յուսայ, թէ Աստուած իրեն կարելիութիւնը պիտի տայ զԻնք փոխադարձաբար սիրելու եւ գործելու սիրոյ պատուէրներուն համաձայն։
Յոյսը՝ վստահութեամբ սպասումն է աստուածային օրհնութեան եւ Աստուծոյ երանաւէտ տեսութեան։ Ան նաեւ երկիւղն է Աստուծոյ սէրը վիրաւորելու եւ պատիժը գրգռելու։
«Այս աշխարհի Իշխանին դէմ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 30) յաղթանակը մի անգամ ընդ միշտ տարուած է այն ժամէն, երբ Յիսուս ազատակամ Ինքզինք մահուան յանձնեց՝ մեզի Իր Կեանքը տալու համար։ Այս աշխարհին դատաստանն է եւ այս աշխարհին Իշխանը «վար նետուած» է. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 31), (ՅԱՅՏ. ԺԲ 10)։ «Ան կը խոյանայ Կնոջ վրայ». (ՅԱՅՏ. ԺԲ 13), բայց իշխանութիւն չունի անոր դէմ։ Ան նոր Եւան է, Սուրբ Հոգիին «շնորհքով լիացած», ան զերծ պահուած է մեղքէն եւ մահուան ապականութենէն (ա՛յս է Ամենասրբուհի Աստուածամօր եւ միշտ կոյս Մարիամի Անարատ Յղութիւնը եւ Վերափոխումը)։ «Այն ատեն ան զայրացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պայքարելու անոր միւս զաւակներուն դէմ». (ՅԱՅՏ. ԺԲ 17)։
Այս պատճառով ահաւասիկ Հոգին եւ Եկեղեցին կ՚աղօթեն. «Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս». (ՅԱՅՏ. ԻԲ 17-20), քանի որ Անոր Գալուստը պիտի ազատէ մեզ Չարէն։
Գալուստի եւ Վերջին Դատաստանին պատգամը կո՛չ մըն է դարձի՝ այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը». (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։
Վերջին Դատաստանը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ գալուստով։ Անոր ժամը եւ օրը միա՛յն Հայրը գիտէ, միայն Ինք կը վճռէ անոր պատահումը։ Այն ատեն՝ Իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, Հայրը պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մենք պիտի իմանանք ամբողջ արարչագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական իմաստը, պիտի ըմբռնենք այն սքանչելի՜ ուղիները, որոնցմով նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։ Վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ինչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթած է Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր սէրը աւելի հզօր է քան մահը։
Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է, նոյնիսկ եթէ մեզի «չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակը եւ պահը, զորս Հայրը սահմանեց միայն Իր իշխանութեամբ». (ԳՈՐԾ. Ա 7), (ՄԱՐԿ. ԺԳ 32)։ Կատարածնային այս գալուստը կրնայ կատարուիլ ամէն րոպէ, նոյնիսկ եթէ ան եւ զինք կանխող վերջին փորձութիւնը «զսպած» են. (Բ ԹԵՍ. Բ 3-12)։
Մեսիային փառաւորեալ գալուստը կախուած է պատմութեան որեւէ պահուն. (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 31) «ամբողջ Իսրայէլին» (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 26), (ՄԱՏԹ. ԻԳ 39) կողմէ կատարուելիք անոր ճանաչումէն։ Արդ, Իսրայէլի մէկ մասը կարծրացաւ «անհաւատութեան» մէջ Յիսուսի հանդէպ։ Պետրոս առաքեալ եւս՝ Պենտեկոստէէն ետք Երուսաղէմի հրեաներուն նոյնը կ՚ըսէ. «Ապաշխարեցէ՛ք եւ դարձի եկէ՛ք, որպէսզի ձեր մեղքերը մաքրուին եւ այսպէս Տէրը ձեզի բերէ հանգիստի ժամանակը։ Այն ատեն պիտի ղրկէ Քրիստոսը՝ որ սահմանուած է ձեզի. Յիսուսը, զոր երկինքը պարտի պահել մինչեւ ժամանակը տիեզերական վերանորոգումի, որուն մասին Աստուած խօսեցաւ սուրբ մարգարէներուն բերանով». (ԳՈՐԾ. Գ 19-21)։
Անոր կ՚արձագանգէ Պօղոս առաքեալ. «Եթէ անոնց մերժուիլը առիթ եղաւ աշխարհի հաշտութեան, ապա անոնց վերընկալումը պիտի ըլլայ վերակենդանութիւն մեռելներէն». (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 15)։ Հրեաներուն ամբողջութեան մուտքը մեսիական փրկութեան մէջ, յետ «հեթանոսական լիութեան», Աստուծոյ ժողովուրդին (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 25), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 24), հնարաւորութիւն պիտի տայ «իրականացնելու Քրիստոսի լրումը». (ԵՓՍ. Դ 13), որպէսզի «Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէնուն մէջ». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։
Քրիստոսի երկրորդ գալուստը՝ լրո՛ւմն է արարչութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 9, 2025, Իսթանպուլ