ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ

Այժմ որ խօսեցանք երազներուն սատանայական եւ կամ կախարդական ըլլալ-չըլլալուն մասին, կ՚անցնինք երազներու մեկնութեան. վստահաբար շատեր հետաքրքրուած են, թէ երազահանները ինչքանո՞վ ճշգրիտ բացատրութիւններ կու տան եւ վերջապէս անոնց վերլուծութիւնը ինչի՞ վրայ հիմնուած է։ 

Որպէս օրինակ հիմա մեր դէմը ունինք 1924 թուականին Պոսթընի մէջ լոյս տեսած հայերէն երազահան մը՝ «Ընդարձակ երազահան եւ բախտացոյց» խորագրով։ Հեղինակը՝ որ «գուշակ» մըն է, երազներու բացատրութեան մէջ կը գրէ. «Եթէ կասկարմիր արիւն տեսնես երազիդ մէջ, պիտի հարստանաս»։ Արիւնը եւ նիւթականը իրարու հետ ի՞նչ աղերս ունի՝ չենք գիտեր, սակայն, երազահանին մէջ կարելի է բազմաթիւ նման օրինակներ գտնել։ Այլ օրինակ մը. «Եթէ երազիդ մէջ մարած ածուխ տեսնես, լաւ գիտցիր, որ յաջողութիւն պիտի ունենաս առեւտուրի մէջ, բայց եթէ վառող կարմիր ածուխ տեսնես, լաւ գիտցիր, որ պիտի յանդիմանուիս եւ ամօթի մէջ պիտի իյնաս»: 

Այս բոլորը բացատրենք. երազահանները մեծ մասամբ գրուած են ժողովրդական հաւատալիքներու համաձայն։ Ժողովուրդը միշտ ալ ունեցած է համոզումներ. օրինակի համար, օձը մի՛շտ բացասական տպաւորութիւն ձգած է՝ նոյնիսկ հոգեւոր գետնի վրայ, հետեւաբար երազի մէջ օձ տեսնելը ինքնաբերաբար այդ համոզումին հիման վրայ դրական նշանակութիւն մը պիտի չունենայ: Անշուշտ, պէտք է ըսենք, որ երազահանները անձերու համոզումներու եւ երեւակայութեան վրայ կը հիմնուին. օրինակի համար, հայերէն այս երազահանին մէջ արիւնը հարստութիւն կը խորհրդանշէ, սակայն, այլ երազահան մը կրնայ ամբողջութեամբ այլ բացատրութիւն մը տալ: Այս մէկը փաստելու համար կը դիմենք օտարալեզու երազահանի մը, որուն մէջ արիւնը հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի. «Արիւնը հզօրութեան խորհրդանիշ է. արիւնը աւելի լաւ ըլլալու ցանկութիւնն է». այդ «լաւ»ը եթէ իր մէջ ունի նիւթապէս լաւ ըլլալու գաղափարը, ապա նմանութիւն մը կայ, սակայն, այստեղ խօսքը նիւթական հարստութենէն աւելի դժուարութիւնները յաղթահարելու մասին է: 

Մշակոյթը, հոգեբանութիւնը, դաստիարակութիւնը շատ մեծ դեր ունին երազահան մը պատրաստելու եւ գրելու մէջ. օրինակի համար, ինչպէս ըսինք, քրիստոնէութեան մէջ օձը փորձութեան եւ վտանգի խորհրդանիշ է եւ հետեւաբար երազի մեկնութեան մէջ եւս դրական իմաստ մը պիտի չունենայ, սակայն, հին Յունական քաղաքակրթութեան մէջ օձը վտանգի փոխարէն բժշկութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշն էր, հետեւաբար անոնց մօտ օձը դրական իմաստ մը պիտի ունենար բնականաբար: Այսպէս, քրիստոնէական երազահանը կ՚ըսէ. «Եթէ երազիդ մէջ օձ տեսնես, որ կը դառնայ ինքն իր վրայ եւ կը ֆշայ, նշան է վտանգի եւ բանտարկութեան։ Ցոյց կու տայ նաեւ հիւանդութիւն եւ ատելութիւն: Եթէ երազիդ մէջ օձ սպաննես, կը նշանակէ պիտի յաղթես թշնամիներուդ»: 

Երազահանները վերջապէս մարդու երեւակայութեան եւ համոզումներու խառնուրդն են. երազահանը բանաստեղծի մը պէս պարտի նստիլ, վերլուծել եւ անոնց մէջ գտնել փոխաբերական իմաստ մը: Անշուշտ, շատ մը երազահան գրող հեղինակներ հիմնուած են նաեւ սեփական փորձի վրայ. անոնցմէ շատեր տարիներ շարունակ լսած ու գրի առած են մարդոց երազները, ուսումնասիրած անոնց հետեւանքները եւ փորձած կապ մը ստեղծել երազին եւ իրական կենաքին միջեւ: Բնականաբար, այս բոլորը հիմնական պատկեր մը չեն ստեղծեր։ Նոյն երեւոյթը ամէն երազահան կը մեկնէ տարբեր ձեւով եւ այս մէկը արդարացնելու համար անոնց մօտ կայ հետեւեալ համոզումը. երազները բոլոր մարդոց համար նոյն իմաստը չեն փոխանցեր: Օրինակ՝ անձ մը իր երազին մէջ կը տեսնէ շուն մը. անձի մը կողմէ շունի ներկայութիւնը կը բացատրուի որպէս հաւատարմութեան՝ դրական երեւոյթ, իսկ ուրիշի մօտ կը բացատրուի որպէս վախի զգացում՝ բացասական երեւոյթ: 

Ուսումնասիրողներու համաձայն, աշխարհի ամենէն հին երազահանը գրի առնուած է Ք. Ա. 1200 թուականին եւ ծանօթ է որպէս «Իշքարու Զաքիքուի երազներու գիրքը» անուանումով: Երազահանը յայտնաբերուած է Նինուէ քաղաքին մէջ՝ Ասորեստանի թագաւոր Աշուրբանիպալի գրադարանին մէջ: Անշուշտ, ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ այս երազահանը ունեցած է շատ աւելի հին անցեալ եւ գտնուածը մեծ հաւանականութեամբ ընդօրինակութիւն մըն է: Այդ երազահանը եւս այսօրուան երազահաններուն նման որոշ պատկերներու բացատրութիւնը կը փորձէր տալ. օրինակի համար, ամենէն հին երազահանին համաձայն, երբ մարդ իր երազին մէջ միս ուտէ՝ կը նշանակէ պիտի յաջողի. եթէ ջուր խմէ՝ պիտի տագնապի: Իրականութեան մէջ եթէ պարզ տրամաբանութեամբ մօտենանք, այս բոլորը հիմնուած են մարդկային համոզումներու վրայ։ Այսպէս, հին ժամանակ որս ձեռք բերելը կը դուէր որպէս «յաջողութիւն»։ Միս կ’ուտէր ան՝ որ կը յաջողէր որսալ եւ հետեւաբար երազի մէջ միս ուտելը բնականաբար յաղթանակ եւ յաջողութիւն պիտի խորհրդանշէր, որովհետեւ մարդոց միտքին մէջ որս ձեռք բերելը յաջողութիւն էր: Ջուրը տագնապ կը խորհրդանշէ, որովհետեւ ծարաւը մարդուն մէջ անհանգիստ վիճակ կը մը ստեղծէ. առաւել՝ ջուրին մէջ մարդ խեղդամահ կ՚ըլլայ։ Անձրեւը, ջուրը, ջրհեղեղը վտանգ էր մարդկութեան համար եւ հետեւաբար ջուրը տագնապ պիտի խորհրդանշէր: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կան մարդիկ, որոնք երազ չեն տեսներ. ինչո՞ւ: 

Պատասխան. Մարդիկ կան կը պնդեն, որ երազ չեն տեսներ, սակայն, իրականութեան մէջ գրեթէ բոլորը երազ կը տեսնեն: Պարզապէս արթննալէ ետք իրենց տեսած երազը չեն յիշեր: Այս մէկը պայմանաւորուած է մի քանի ազդակներով. ինչպէս օրինակ՝ յոգնածութեամբ, նեղուած վիճակով եւ այլն: Մարդ իր երազը չի յիշեր՝ մանաւանդ երբ կ՚արթննայ իր քունի ամենէն խոր պահէն: Անշուշտ, երազի յիշողութիւնը կրնայ կանխուիլ նաեւ դեղամիջոցներու եւ կամ ոգելից ըմպելիքներու օգտագործումով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025