ՆԵՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱԶՂՋՈՒՄԻ ՃԱՄԲԱՆ

«Ներելու համար երկու հոգիի առաքինութիւն պէտք է։ Մէկը՝ զինք ներելու, իսկ միւսը՝ ինքզինք ներելու, քանի որ ներեցիր զինք»։

Ներելը մարդու ամենէն բարդ ներքին փորձառութիւններէն մէկն է։ Ան պարզ որոշում մը չէ, ո՛չ ալ ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար տեղի ունեցող բան մը։ Երբեմն տարիներ պէտք կ՚ըլլան, որպէսզի մարդ կարենայ իր ներսը տեղ մը բանալ այնպիսի մէկու մը համար, որ ժամանակին խորապէս վիրաւորած է զինք։ Կան խօսքեր, որոնք կը մոռցուին, բայց կան նաեւ խօսքեր, որոնք նոյնիսկ լռութեան մէջ կը շարունակեն արձագանգել։ Կան արարքներ, որոնց հետեւանքները կը մնան մեր յիշողութեան մէջ, նոյնիսկ երբ անոնց հեղինակը վաղուց հեռացած է մեր կեանքէն։ Եւ ահա այդ պահուն կը սկսի ներելու իրական պայքարը՝ ո՛չ թէ դիմացինին, այլ մեր իսկ ներսի հետ։

Մենք յաճախ ներելը կը շփոթենք մոռնալու հետ։ Կը կարծենք, թէ եթէ ներեցինք մէկը, պէտք է նաեւ մոռնանք անոր ըրածը, ջնջենք անցեալը եւ շարունակենք մեր կեանքը այնպէս, կարծես ոչինչ պատահած է։ Սակայն ներելը մոռնալ չէ։ Մոռնալը յիշողութեան անկարողութիւնն է, մինչդեռ ներելը՝ գիտակցական ընտրութիւն մը։ Ան կը նշանակէ յիշել, թէ ինչ պատահեցաւ, հասկնալ, թէ որքան ցաւեցանք, բայց այլեւս չթոյլատրել, որ այդ ցաւը շարունակէ տնօրինել մեր ներկան։ Ներելը չի նշանակեր արդարացնել դիմացինի արարքը, անտեսել անոր պատասխանատուութիւնը կամ ձեւացնել, թէ մեզի հասցուած վնասը աննշան էր։ Ան պարզապէս կը նշանակէ, որ մենք այլեւս չենք ուզեր մեր ամբողջ ներաշխարհը կապուած պահել ուրիշի մը գործած սխալին։

Սակայն, այս խօսքին ամենէն հետաքրքրական եւ խորունկ մասը թերեւս երկրորդ ներողութիւնն է՝ ինքզինք ներելը, քանի որ ներեցինք դիմացինը։

Մարդ կրնայ ներել զինք վիրաւորողը, բայց միեւնոյն ժամանակ չներել ինքզինք։ Կրնայ շարունակ հարցնել, թէ ինչո՞ւ թոյլ տուաւ, որ այդքան մօտենայ իրեն, ինչո՞ւ չհեռացաւ աւելի կանուխ, ինչո՞ւ հաւատաց խոստումներուն, ինչո՞ւ երկրորդ առիթ մը տուաւ, ինչո՞ւ դարձեալ վստահեցաւ։ Երբեմն մարդու ամենէն դաժան դատաւորը ո՛չ թէ զինք վիրաւորած անձն է, այլ ինք։ Ան կը մեղադրէ իր միամտութեան, բարութեան, վստահութեան եւ նոյնիսկ սիրելու կարողութեան համար։ Կը սկսի իր անցեալը վերաքննել եւ ամէն դէպքի մէջ իր իսկ սխալը փնտռել։

Այդ ժամանակ ներելը կը վերածուի ներքին հակասութեան։ Մէկ կողմէ կ՚ուզենք ազատիլ անցեալի ծանրութենէն, միւս կողմէ կը զգանք, թէ մեր ներողամտութեամբ կարծես դաւաճանած ենք մեր իսկ ցաւին։ Կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ներել մէկը, որ մեզ այդքան խորապէս վիրաւորած է։ Արդեօք մեր ներողամտութիւնը թուլութի՞ւն է, արդեօք արժանապատուութեան պակա՞ս, թէ պարզապէս այն նշանը, որ տակաւին չենք կրցած պաշտպանել մենք մեզ։

Բայց թերեւս պէտք է ընդունիլ, որ ներելը միշտ զիջում մը չէ։ Երբեմն ան ամենէն համարձակ ձեւն է՝ ինքզինք փրկելու։ Չէ՞ որ ցաւը պահելը չի փոխեր անցեալը, չի վերադարձներ կորսուած վստահութիւնը եւ չի ստիպեր դիմացինը՝ գիտակցելու իր սխալը։ Ան միայն կը շարունակէ մեզ կապուած պահել այն պահուն, ուրկէ արդէն վաղուց պէտք էր հեռացած ըլլայինք։

Եւ այնուամենայնիւ, մենք իրաւունք ունինք ներել եւ միեւնոյն ժամանակ հեռու մնալ։ Իրաւունք ունինք այլեւս չատելու մէկը, բայց նաեւ չուզելու անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Ներումը պարտաւորութիւն մը չէ՝ վերստին վստահելու, նոյն դուռը բանալու կամ նախկին յարաբերութիւնը վերականգնելու։ Երբեմն ամենէն առողջ որոշումը այն է, որ մարդ իր սրտին մէջ խաղաղութիւն հաստատէ՝ առանց դիմացինը վերադարձնելու իր կեանքէն ներս։ Որովհետեւ ներելը եւ հաշտուիլը նոյն բանը չեն։ Մէկը ներքին ազատագրում է, միւսը՝ փոխադարձ որոշում։

Կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդիկ երբեմն կը վիրաւորեն զիրար իրենց տգիտութեամբ, եսասիրութեամբ, վախերով կամ սեփական ցաւերով։ Բայց այս իրողութիւնը չի ջնջեր իրենց պատասխանատուութիւնը։ Ո՛չ ոք պէտք է իր ցաւը չափէ ուրիշի ցաւին հետ, ո՛չ ալ պարտաւոր է հասկնալ բոլոր անոնք, որոնք իրեն վնաս հասցուցած են։ Սակայն, կրնանք հասնիլ այն հանգրուանին, երբ այլեւս կարիք չենք զգար ամէն օր վերապրելու մեզի պատահած անարդարութիւնը։ Կրնանք դադրիլ սպասելէ այն ներողութեան, որ գուցէ երբեք պիտի չգայ եւ այն բացատրութեան, որ գուցէ երբեք պիտի չտրուի։

Ի վերջոյ, ներելու համար իսկապէս երկու առաքինութիւն պէտք է։ Առաջինը՝ բաւարար մեծահոգութիւն՝ դիմացինին սխալը մեր ամբողջ կեանքի կառավարիչը չդարձնելու համար։ Երկրորդը՝ բաւարար քնքշութիւն՝ ինքզինք չմեղադրելու համար այն բաներու պատճառով, որոնք ժամանակին ըրինք՝ սիրելով, վստահելով կամ լաւը ակնկալելով։ Պէտք է ներենք նաեւ մեր այն տարբերակը, որ չէր գիտեր այն, ինչ որ այսօր գիտենք։ Այն մարդը, որ հաւատաց, նոյնիսկ երբ պէտք էր կասկածիլ։ Այն մարդը, որ մնաց, երբ պէտք էր հեռանալ։ Այն մարդը, որ դարձեալ փորձեց, որովհետեւ տակաւին կը հաւատար, թէ ամէն ինչ կրնար բարելաւուիլ։

Մեր անցեալի եսը արժանի չէ մեր արհամարհանքին։ Ան պարզապէս այն մարդն էր, որ իր ունեցած գիտելիքներով, զգացումներով եւ յոյսերով փորձեց ապրիլ ու սիրել։ Եւ եթէ այսօր աւելի իմաստուն ենք, եթէ այսօր աւելի լաւ կը ճանչնանք մարդիկը եւ սահմանները, այդ մէկը մասամբ նաեւ մեր ապրած ցաւերու շնորհիւ է։

Թերեւս ներելու ամենէն գեղեցիկ իմաստը հոն կը գտնուի, երբ այլեւս չենք փորձեր փոխել անցեալը, չենք պատժեր մենք մեզ մեր նախկին որոշումներուն համար եւ չենք սպասեր, որ ուրիշ մը գայ ու մեզ ազատէ մեր յիշողութենէն։ Կը սորվինք ընդունիլ, որ եղածը եղած է, որ որոշ մարդիկ մեր կեանքին մէջ մնալու համար չեն եկած եւ որ նոյնիսկ ամենէն ցաւալի փորձառութիւնները պէտք չէ մեզ զրկեն սիրելու, վստահելու եւ դարձեալ ուրախանալու կարողութենէն։

Որովհետեւ երբեմն ամենէն կարեւոր ներողութիւնը այն չէ, զոր կու տանք ուրիշին, այլ այն, զոր վերջապէս կը շնորհենք մենք մեզի։ Եւ այդ պահուն միայն կը հասկնանք, որ ներելը դիմացինին տրուած նուէր մը չէ այնքան, որքան մեր իսկ հոգիին վերադարձուած ազատութիւնը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026