ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
ԳԵՂՕՆ ՀԱՅ ՏԱՌԵՐՈՒՆ
Յորմեհետէ որ, Աստուա՛ծ քերթողաց,
Գեղագէտներու, խմբագիրներու
-Որոնց հոգ չէ թէ զըլանաս մերթ հաց՝
Բա՛ւ որ մամուլ տաս - եկար մեր հեռու
Աշխարհըն Հայոց, եւ մելանն՝ առու
Եւ թուղթը՝ անծայր արտավայր դարձաւ,
Հայ տառից (հազար հինգ հարիւր տարու)
Ի՜նչ բռնաբարում, ի՜նչ լլկանք, ի՜նչ ցաւ…:
Մեսրոպի բազուկն ինչպէ՜ս չըդողաց
Երբ սուրբ մատներովն իր ոսկեդարու
Հերիւնեց ճերմակ վէմը ամօթխած…
Ինք որ մասնագէտ էր երազներու՝
Ինչպէ՜ս չունեցաւ տեսիլքն ահարկու
Բիւր բիւրատներուն եւ միտքէն չանցաւ
Խորխորատ արձակն երէցփոխներու…
-Ի՜նչ բռնաբարում, ի՜նչ լլկանք, ի՜նչ ցաւ…:
Հապա հո՜ն, Կովկաս, ուր կամաց կամաց
Կը դառնայ լեզուն գնչուի լեզու
Եւ հի՜ն, վեհափառ Մասիսի դիմաց
Խե՜ղճ հայերէն տառք կ՚ըլլան լոկ քըսու
Գործիք մը՝ Հայկայ լեզուն մատնելու…
Մաշտոցի հոգւոյն ի՜նչ դառն ապաշաւ
Եւ ընթերցողացս, Աստուա՜ծ իմ, գլխու
Ի՜նչ բռնաբարում, ի՜նչ լլկանք, ի՜նչ ցաւ…:
ՁՕՆ
Վարդապե՛տ, եկո՛ւր հիմա դընելու,
Սա՛ տաճարապիղծ խուժանին անբաւ:
Քու ալփապետիդ վեց գիրը հուժկու,
-Ի՜նչ բռնաբարում, ի՜նչ լլկանք, ի՜նչ ցաւ..:
ԱՍՈՒՊ*
*«Ասուպ» ծածկանունին տակ պահուած է ծանօթ հրապարակագիր-գրագէտ մը, որ եգիպտահայ թերթերուն մէջ այս անունով ստորագրած է երգիծական ոտանաւոր եւ արձակ գրութիւններ: Ծ.Խ.- [Ասուպ ծածկանունին տակ պահուողը մեծանուն Վահան Թէքէեանն է]:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 1)
• Անվերնագիր երկու տուն բանաստեղծութիւն մը, ուղղուած ընթերցողներուն, XX ծածկանունը օգտագործողին կողմէ գրուած: Դժբախտաբար չյաջողեցանք պարզել XX-ի ինքնութիւնը, բայց բանաստեղծութեան պարունակութեան համար զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
Դուք, հայ թերթերու ընթերցողներ, որ
Կը գանգատիք բախտէն մինչ այսօր,
Պէտք չէ որ ըլլաք այլ եւս յուսահատ,
Քանզի Ժամանակն ելաւ հրապարակ,
Բերաւ ցանկով մը երկար ու բարակ
Ձեզ երկաթուղիի թիւ՝ հինգ հարիւր հատ
***
Քաշուելու օրերն ահա՛ մօտեցան,
Մեր կտրօնները չընէ՛ք ցիր ու ցան,
Զանոնք կտրեցէ՛ք, պահեցէ՛ք կարգաւ,
Զի կրնայ ըլլալ որ բախտն անօրէն
Գոհ մընալով մեր բաժանորդներէն,
Կերցունէ անոնց խորտիկ ու կագաւ:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 1)
• ՄԱՆՈՒԿ ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆԻ ԽՆԴԻՐԸ.
Արնաւուտգիւղի ընտրական վերջին կռիւներուն պատճառը քննելու համար Բերայի Ոստիկանական ժողովոյ նախագահ Մազհար պէյ նախընթաց օր Արնաւուտգիւղ գնաց եւ ստուգեց, որ Մանուկ էֆ. Կիւմիւշեանի դէմ յոյներուն բողոքները անտեղի են: Գործը դատարան յանձնուած է:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 2)
• ԿՆՈՋ ՄԱՏ ԿԱՅ
Որո՞ւ մտքէն կ՚անցնէր, որ վերջերս Քէօռ Ալիի եւ ընկերներուն Սահմանադրութեան դէմ գործած ոճրին մէջ կնոջ մատ կար: Նախընթաց օր Եղեռնադատ ատեանին առջեւ տեղի ունեցած դատավարութեան միջոցին, Ահմէտ Համտի հետեւեալ յայտարարութիւնն ըրաւ. «Ես իմ անձիս տէրը չեմ: Ի՞նչ որ ըրի, կինս թելադրեց ինծի: Երեք անգամ արձակեցի զայն եւ դարձեալ առի եւ չկրցայ օձիքս ազատել ձեռքէն: Ո՛ւր որ գացի, ետեւէս եկաւ: Այս գործն ալ անիկա ընել տուաւ ինծի: Եթէ զիս կը սիրէր, չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ օձիքս չձգեց: Ահմէտ Համտի ըսաւ նաեւ. “Կնոջմէս իմացայ, որ խորթ աղջիկ մը ունիմ Եըլտըզի մէջ: Աղջիկն այրեր է հոն: Թագաւորին դէմ դատ պիտի բանամ”»։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 2)
• ԲԺՇԿԱԿԱՆ Ֆաքիւլթէի ուսուցչական մարմնոյն կողմէ ընտրուած տասը բժիշկ եւ վեց դեղագործ պիտի ղրկուին Եւրոպա, իրենց արհեստը կատարելագործելու համար: Բժիշկներէն ու դեղագործներէն կէսը Ֆրանսա պիտի ղրկուի եւ կէսն ալ Գերմանիա: Ասոնց կրթական եւ այլ ծախքերը պիտի հոգայ կրթական նախարարութիւնը: Փափաքողները կրնան դիմել ֆաքիւլթէին (Գատրղա), պայմանները իմանալու եւ արձանագրուելու համար։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3)
• ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՊԱՊԸ
Պիոս Ժ. Պապը անցեալ շաբթու մասնաւոր ունկնդրութիւն շնորհեց Պոլիսէն եւ Իզմիրէմ Հռոմ գացած հայ-հռոմէականներուն, որոնք իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Պապին յոբելեանին առթիւ: Արփիարեան Գերապայծառ, որ նախորդ ռէժիմին ատեն Լիբանանի մէկ վանքը աքսորուած էր, իր ընկերակիցներով առաջնորդուեցաւ Պապին մօտ, որ հետեւեալ ճառը արտասանեց. «Հայաստան այն աղբիւրն, է ուրկէ բղխած են բոլոր ժողովուրդները: Հայ ազգը ուշիմ, կիրթ ու աշխատասէր ժողովուրդ մըն է: Հայ լեզուն ներդաշնակ ու հրապուրիչ է: Հայ կրօնքին արարողութիւնները ազնիւ են յուզիչ ու գրաւիչ: Շատ կը սիրեմ հայ ազգը, հայ լեզուն եւ հայ կրօնքը: Շարունակ կ՚աղօթեմ հայ ազգին երջանկութեան ու բարգաւաճմանը համար»։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3):
• ՄԷԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ու երկու աշխարհական կը փնտռէ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը՝ Երուսաղէմ ղրկելով, Ս. Յակոբայ միաբանութիւնը խաղաղեցնելու համար: Ասիկա կտրուկ ձեռնարկ մըն է անշուշտ, բայց դարձեալ պիտի չկրնայ խռովութեան առաջքն առնել, քանի որ ամէն հրաման Տ. Յարութիւն Պատրիարքէն պիտի բղխի եւ ծերունազարդ սրբազանն ալ յառաջացած տարիքին պատճառով միշտ ստիպուած պիտի ըլլայ ուրիշներու ազդեցութեամբը գործելու: Գործը հիմնապէս լուծելու էական պայմանն է հանգստեան կոչել Նորին Սրբազնութիւն Պատրիարքը՝ եւ եկեղեցական իրաւուքները իր վրայ պահելով հանդերձ՝ վարչական իրաւունքները յանձնել կարող, խղճամիտ ու պարկեշտ անձնաւորութեան մը, հոգ չէ թէ աշխարհական կամ կղերական, բաւական է որ գիտակցութիւնը ունենայ ըրածին եւ խաղալիք չդառնայ այս կամ այն կուսակցութեան ձեռք: Ի՞նչ անտարբերութիւն է այս. ամէն մարդ գիտէ, որ Տ. Յարութիւն Պատրիարք լմնցած է ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս, ինչո՞ւ ասանկ մէկու մը բախտին յանձնել ազգին միակ վանքին ճակատագիրը, ու սպասաւորենրու կամ անոնց աստիճանը դատողութիւն ունեցող ողորմելիներու քմահաճոյքին զոհել ամբողջ միաբանութիւն մը: Պատրիարքը թող հանգիստը նայի եւ կեդրոնէն ղրկուելիք լիազօրը իր անձնական պատասխանատուութեան տակ գործէ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3)
• ՄԱՆՉԵՍԹԸՐԻ մէջ կազմուած Հայ տիկնանց միութիւնը ի նպաստ կարօտելոց կարգ մը հանդերձեղէններ հաւաքելով ղրկած է Պատրիարքարան։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3)
• ՍՏԱՑԱՆՔ ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳԸ, որ նուիրուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան: Հեղինակութիւն՝ ծանօթ երաժիշտ Մ. էֆ. Թիրեաքեանի: Կը յանձնարարենք այս երաժշտական երկձայն գեղեցիկ կտորը մեր բոլոր երաժշտասէրներուն: Կեդրոնատեղի՝ Զարդարեան գրատուն եւ Իւթիւճեան թղթավաճառանոց. գին 2 ղրուշ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, Նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3):
• ՓՐՈՖ. ԵՐՈՒԱՆԴ ԱՐՍԼԵԱՆԻ ՄԷԿ ՆՈՐ ԳԻՒՏԸ
Հայու զաւակ մը՝ ահաւասիկ կրկին կը փառաւորուի եւրոպացւոց առջեւ իր տաղանդաւոր մէկ յաղթանակովը: «La Provincial di Padova» լրագիրը հոկտեմբեր 28-29 թիւին մէջ հետեւեալը կը գրէ. Քթի, կոկորդի եւ լսելիքի վերաբերող հիւանդութիւններու իտալական համաժողով մը գումարուեցաւ Թուրին քաղաքի մէջ հոկտ. 25-ին:
Երեւելի եւ մեծանուն բժիշկներու կարգին մէջ բազմած էր նաեւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի վաղեմի սաներէն բժշկապետ տիար Երուանդ Արսլան, որ Փատովա քաղաքի մէջ հաստատուած է ընտանեօք եւ մեծ հռչակ հանած է Իտալիոյ մէջ իբր ճարտար արուեստազէտ բժիշկ: Ինքը ժողովականաց հաղորդեց իւր գտած վիրաբուժական եւ անդամահատական նոր կերպը, հագագի հինցած անձկութիւնը (Stenosi Groniche della laringe) դարմանելու համար:
Փրոֆ. Արսլան իր երկար տարիներու աշխատութեամբ եւ փորձառութեամբ ձեռք բերած արդիւնքը անհակառակելի կերպով ապացուցանելէ ետք, ժողովականաց քննութեան եւ զննութեանց ենթարկեց իր դարմանած հիւանդները, որոնք անբուժելի կարծուած յիշեալ ախտէն վարակուած էին եւ այժմ կատարելապէս բժշկուած են: Երկար վիճաբանութենէ յետոյ, որոյ մասնակցեցան իտալացի նշանաւոր մասնագէտ բժիշկները, ինչպէս Փրոֆ. Մացոնի՝ Ճենովայի երեսփոխան, Թուրինոյի համալսարանին ուսուցիչ Կրատէնիկոյ, Հռովմէն՝ Ֆէրրէրի, Միլանէն՝ Նիքոլայի եւ Քանիարոյ եւ այլն, եւ այլն, ընդունեցան հագազի հինցած անձկութիւնը դարմանելու միակ բանաւոր եւ հանճարեղ դրութիւնը, Փրոֆ. Արսլանի առաջարկած սիստեմով: Մինչեւ ցարդ Եւրոպայի մէջ գործադրուած մեթոտները գերազանցող հայու զաւկի այս գիւտը, անտարակոյս ընդունելի պիտի ըլլայ ամէն տեղ եւ մարդկութիւնը անգամ մ՚ալ օգուտ քաղած պիտի ըլլայ հայ հանճարէն: Հայ ուսուցչապետին յիշեալ բանախօսութիւնը եւ տեղեկատուութիւնը, ժողովին մէջ վիճուած նիւթերէն ամենակարեւորը եւ պատուաբերը հռչակուեցաւ: Այս ատենախօսութիւնը սաստկադղորդ ծափահարութեամբ եւ մեծամեծ գովեստներով ընդունուեցաւ բովանդակ ժողովականաց կողմէ: Ինչպէս իտալական ամբողջ թերթերը, Վենետիկեան միաբանութեան ամսագիր «Բազմավէպ»ը, մենք ալ կը փութանք ջերմագին եւ սրտագին շնորհակալութիւններ յայտնել Արսլան բժշկապետին, որ պատիւ կը բերէ թէ՛ հայ ազգին եւ թէ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին, որ իր կրթութեան խանձարուրն եղած է:
Ս. ԲԷՍԵԼԵԱՆ
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 27, նոյեմ. 14-27 - 1908, էջ 3)
• ԱԶԱՏ ԱՊՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Հանդիպա՞ծ էք վանդակի մէջ պահուած թռչունի մը. խեղճը ո՛չ թռիչք ունի, ո՛չ ալ ճախրանք, թեւերը կարծես զարդի համար միայն ստեղծուած են ու փետուրներն ալ անոր ցեղը բնորոշելու. այերի կևանքը, օդային վերասլացումը, վերի հորիզոնները իրեն համար չեն բացարձակապէս, որ տարիներէ ի վեր կաշկանդուած տոտիկներովը հազիւ կրնայ քանի մը քայլ ոստոստել աջէն ձախ: Անիկա թռչուն չէ այլեւս իրականութեան մէջ. այլասերած, ընկճուած, բնատուր ձիրքերը կորսնցուցած քայլամոլոր մը, ամէն վայրկեան անխուսափելի զոհ մը՝ գլխուն վերեւ ակնդէտ սպասող կատուին ճիրաններուն: Գթացէ՛ք անոր վրայ, բա՛րի մարդիկ, թռչիլ սորվեցուցէք խեղճ թռչունին, քաջալերեցէ՛ք զայն, պաշտպանեցէ՛ք մէկ քանի օր կատուին յարձակումներէն, մինչեւ որ աստիճանական մարզումներով թեւերը շարժել, թռիչքի կեանքը սերտել եւ իր ցեղակիցներուն նման օդին մէջ սլանալով ամէն վտանգ արհամարհել յաջողի ու ազատ ապրելու արուեստին ընտելանայ:
Անբան անարժէք թռչունին վրայ մի՛ սահմանափակէք սակայն ձեր այս հոգածութիւնը, ո՛վ բարի հայեր, հայրենասէր հոգինե՛ր. ձեր եղբայրներուն ամենէն տկարները հազարաւոր թռչուններէ գերազանց են. անոնց իւրաքանչիւրին սորվեցուցէք նոր կեանքին մէջ առաջդիմելու գաղտնիքը, ազատ ապրելու արուեստը: Մինչեւ հիմա վանդակի կեանքն էր, զոր կը քաշկռտէինք. թռչուններ էինք թեւէ, թռիչէ զուրկ. տղաներ էինք տրամաբանելու, խորհելու, դատելու անկարող. խնամակալներ ունէինք մեր գլխուն վերեւ, մեր տուներուն մէջ, մեր եկեղեցիներուն գաւիթը, մեր վաճառանոցներուն սնարը եւ մեր գրիչներուն առընթեր: Անոնք էին, որ կ՚ուղղէին մեր քայլերը, իրիկունը ժամը երկուքին պառկէ, առտուն ժամը երեքին դուրս ել, կ՚ըսէին, մենք ալ այնպէս կ՚ընէինք, եկեղեցի յաճախելէ կ՚արգիլէին մեզ, մենք ալ կը համակերպէինք, մեր ծախելիք ապրանքներուն քանակին որակը իրենք կ՚ընտրէին ու մենք ալ գլուխ կը խոնարհեցնէինք. մեր առեւտրական եւ նոյնիսկ ընտանեկան նամակները, իրենք կը թելադրէին ու մենք ալ նոյն ոճով կը թղթակցէինք. մեր յօդուածները, բանաստեղծութիւնները, տեսութիւնները, վէպերը, պատմութիւնները ու նոյնիսկ օրուան իրողութիւնները նոյն այն խնամակալներն էին, որ կը խմբագրէին, կը դարբնէին, կը խեղաթիւրէին եւ մենք գիտնալով հանդերձ անոնց ամէնուն ի՞նչ շունչով գրուած ըլլալը, կը կարդայինք: Մէկ խօսքով տէրը չէինք մեր անձին մեր դատաստանին ու մեր կեանքին:
Այսչափ խստապահանջ խնամակալութեան մը կապանքներէն, երբ յանկարծ շղթայազերծեցանք, բնական էր, որ վանդակէն արձակուած թռչունին անզօրութեանն ու անհաշիւ ոստոստումներուն ենթարկուէինք, ու անոր անվարժութեան վտանգներն ունենայինք մեր շուրջ:
…
Դժուար գործ չէ, սակայն, ազատ ապրելու արուեստին վարժուիլը. ամէն մարդ եթէ անգամ մը մտածէ, թէ ինք միակ պատասխանատուն է իր կեանքին եւ թէ՝ զերծ է ո՛եւէ խնամակալէ, այն ատեն լուծուած կ՚ըլլայ գաղտնիքը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 28, նոյեմ. 15-28 - 1908, էջ 1):
*
Վերի այս գրութիւնը, որ անստորագիր է, այնքան կը համապատասխանէ մեր ներկայ իրականութեան: Ճիշդ է, որ ստրկութեան կամ ճնշումներու տակ չենք ապրիր, բայց մեզի կը պարտադրուի մտաւոր, հոգեւոր ու բարոյական ստրկութիւն եւ այդ ստրկութեամբ ալ կ՚ապրինք… գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ