ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՆԵՐԿԱՅ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅ. ՇՐՋԱԿԱՅ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Մարդիկ միշտ հետաքրքրուած են աշխարհով՝ յատկապէս միջավայրի ստեղծման սկզբնակէտին հետ: Միշտ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած է, թէ ինչպէ՛ս յառաջացած է աշխարհը եւ ինչպիսի գործընթացներու մէջէն անցած է այս ընթացքին: Ինչպէ՞ս յառաջացած է տիեզերքը: Թէեւ այս հարցման տրուած են բազմաթիւ պատասխաններ, սակայն, յստակ պատասխան մը չէ ստացուած։

Մեր մոլորակը կեանքի նշաններ ցոյց տուած է մօտաւորապէս երեքուկէս միլիառ տարի առաջ: Իսկ մարդկութիւնը սկսած է գոյութիւն ունենալ քանի մը միլիոն տարի առաջ: Մոլորակի եւ տիեզերքի բաղդատմամբ՝ մարդու պատմութիւնը բաւական կարճ է։ Սակայն, մարդ արարածը միշտ շփման մէջ եղած է շրջակայ միջավայրի հետ ու թէ՛ դրական եւ թէ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է անոր վրայ։

Մարդիկ կրնան ապրիլ հասարակութիւններէ ներս՝ շնորհիւ իրենց հաղորդակցութեան հմտութիւններու։ Իրենց ձեւաւորումէն ի վեր այս հասարակութիւնները միշտ միահիւսուած են շրջակայ միջավայրի հետ եւ ձեւաւորած են զայն անցեալէն մինչեւ մեր օրերը։

Մարդկութիւնը որոշած է իր ապագան անցեալի տուեալներով։ Այդ իսկ պատճառով, ոեւէ մարդ, որ նախապէս բնապահպանական աղէտի մը պատճառ եղած է, ձեւով մը վտանգած է նաեւ իր ապագան։ Որովհետեւ պատմական իրադարձութիւնները կը նմանին շղթայի օղակի եւ կը ստեղծեն նախորդ իրադարձութեան արդիւնքը, կրնան նաեւ յառաջացնել ապագայ իրադարձութիւնները։

Բնապահպանական խնդիրները այսօրուայ աշխարհի մէջ ամենաանտեսուած խնդիրներէն մին է։ Համաշխարհային ազդեցութեամբ այս խնդիրը օրէ օր կը դառնայ աւելի բարդ ու դժուար լուծելի։ Բնապահպանական խնդիրները, որոնք կը վերաբերին ինչպէս մեր ներկային, այնպէս ալ մեր ապագային, սկիզբ կ՚առնեն մեր մոլորակի պատմութեան ամենավաղ դարերէն: Բնապահպանական խնդիրները հասած են մարդկութեան պատմութեան ամենավտանգաւոր մակարդակին եւ խորապէս կ՚ազդեն մեր աշխարհի նուրբ հաւասարակշռութիւններու մեծ մասի վրայ: Իրադարձութիւնները լուրջ խնդիրներ դրած են այս իրավիճակի գլխաւոր դերակատար մարդկութեան վրայ եւ ստիպած են զայն լուծումներ որոնելու եւ շտապօրէն այդ լուծումները կիրառելու։

Այս համատեսքին մէջ փորձագիտական շրջանակները, առանձնայատուկ ջանք գործադրելով, օրակարգի վրայ բերած են «Շրջակայ միջավայրի պատմութիւնը»՝ որպէս փորձագիտական նոր դաշտ։ «Շրջակայ միջավայրի պատմութեան» ոլորտը, որ այս բոլոր իրադարձութիւններու ձեւով մը հանրագումարն է, կատարուած ուսումնասիրութիւններով կը նպաստէ գիտական աշխարհին։ Այս նոր հեռանկարը կը լուսաբանէ այն կարեւոր պատճառները, որոնք առաջին հայեացքէն տեսանելի չեն, բայց, արդիւնաւէտ են շրջակայ միջավայրի գործօններու լոյսի ներքեւ հասարակութիւններու ձեւաւորման, զարգացման եւ ոչնչացման տեսակէտէ:

Թէեւ շրջակայ միջավայրի պատմութեան պատուհանէն ստացուած որոշ տեղեկութիւններ մեզ կարեւոր յուշումներ կու տան։ Անոնց շատ աւելի կարեւոր մասը տակաւին ամբողջութեամբ մուտք չէ գործած այսօրուայ աշխարհ եւ կը սպասէ պատմութեան փոշոտ ու անյայտ էջերէն ելլելով աննախադէպ ազդեցութիւն մը գործելու համար։

Համագործակցելով գիտութեան բազմաթիւ ճիւղերու հետ, «Շրջակայ միջավայրի պատմութիւնը» կը խոստանայ մշտական եւ կայուն բնապահպանական իրազեկման մէջ: «Շրջակայ միջավայրի պատմութիւնը», որ այլ հարթութիւն կը հաղորդէ բնապահպանական հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութիւններուն, ունի իրազեկման եւ առկայ իրավիճակի արտացոլման նման կենսական նպատակներ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025