ՄԵԾԵՐԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ, ԴԱՇՏԸ Կ՚ԱՄԱՅԱՆԱՅ… ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՈՒ ՀԱՅԱԳԷՏ ՊԵՏՐՈՍ ՊԵՏԻՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Օրերս կեանքէն հեռացաւ մեր ժամանակներու ամենախոշոր հայ լեզուաբանը, մեծ հայերէնագէտ, բառարանագիր եւ ուսուցիչ Պետրոս Սարգիսի Պետիրեանը։ Այս շաբթուայ մէջ՝ ապրիլի 7-ին, պիտի լրանար անոր 95-ամեակը։ Իր յոբելեանէն հաշուըւած օրեր առաջ գիտնականը հրաժեշտ տուաւ կեանքին՝ սերունդներուն ձգելով անչափելի մեծ հայագիտական հարստութիւն։
Պետիրեանի մահով, սակայն, գիտական կեանքին մէջ բացուեցաւ մեծ անդունդ մը․․․ Մեր հայերէնագիտութիւնը տեսակ մը ամայացաւ․․․ Հոգեւոր ու մշակութային բոպիկութեան այս զգացողութիւնը ի յայտ կու գայ այն ժամանակ, երբ սերունդներու միջեւ կամուրջ հանդիսացող անհատ մը կը մահանայ։
Պետրոս Պետիրեանի մահը նշանաւորեց ամբողջ դարաշրջանի մը աւարտը՝ այն սերունդին, որ գիտութիւնը կը դիտէր որպէս ծառայութիւն եւ լեզուն՝ որպէս ազգային գոյութեան խորագոյն արտայայտութիւն։
Մեծերը կը հեռանան, եւ դաշտը կը սկսի դատարկուիլ։ Սակայն կան անուններ, որոնց բացակայութիւնը աւելի շօշափելի է, որովհետեւ անոնք պարզ գիտութիւն չեն ստեղծած, այլ՝ դպրոց, մտածողութիւն եւ ուղի։ Պետրոս Պետիրեան այդպիսի մեծութիւն մըն էր։
Ծնած 1931 թուականի ապրիլի 7-ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը՝ սփիւռքի հայկական միջավայրի կենսունակ սիրտին մէջ, ան վաղ տարիքէն լեցուեցաւ լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ այն յատուկ զգայունութեամբ, որ պիտի ձեւաւորէր իր ամբողջ կեանքը։ Անոր կրթական առաջին կարեւոր հանգրուանը եղաւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը (1943-1946), ուր ստացաւ այն ամուր հումքը, որուն վրայ պիտի կառուցուէր իր գիտական ապագան։ Հայրենադարձուեցաւ հայրենիք, որովհետեւ բազում սփիւռահայերու պէս հայրենի հողին վրայ կը տեսնէր թէ՛ անձնական, թէ՛ գիտական ապագայ։
1952 թուականին Պետրոս Պետիրեան աւարտեց Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը՝ այդ օրուընէ արդէն հաստատուելով հայրենիքի գիտական կեանքին մէջ։ Այդ հաստատութիւնը պիտի դառնար նաեւ իր երկարամեայ ծառայութեան դաշտը․ 1955 թուականէն մինչեւ 1995 թուականը դասաւանդեց նոյն հաստատութեան մէջ՝ դառնալով սերունդներու ուսուցիչ եւ ուղեցոյց։ Սակայն, իր մանկավարժական առաքելութիւնը այդքանով չսահմանափակուեցաւ․ ան հայոց լեզու եւ գրաբար դասաւանդեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին եւ Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցին մէջ՝ իր գիտելիքը փոխանցելով նաեւ եկեղեցական կրթութեան օճախներուն։
Պետրոս Պետիրեան՝ բանասիրական գիտութիւններու տոքթորը, փրոֆեսէօրը, Հայաստանի հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժը, բեղմնաւոր լեզուագէտը, մեծ դարձուածաբանը՝ իր ամբողջ գիտական կեանքը նուիրած հայերէնի բազմաշերտ ուսումնասիրութեան։ Անոր հետաքրքրութիւններու շրջանակը բացառիկ լայն էր՝ ընդհանուր լեզուաբանութիւն, դարձուածաբանութիւն, բառագիտութիւն, ստուգաբանութիւն։ Բայց եւ այնպէս, այս բազմազանութեան մէջ կայ առանցք մը, որ կը միացնէ իր ամբողջ գործը՝ հայերէնի ներքին հարստութեան բացայայտումը։
Պետիրեանի գիտական գործունէութեան գագաթնակէտը կը համարուի իր կոթողական աշխատութիւնը՝ «Հայերէն դարձուածքներու ընդարձակ բացատրական բառարան»ը (2011), որ 53 տարիներու (1958-2011) տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է։ Այս հսկայածաւալ գործը կը ներառէ 25.310 դարձուածք՝ գրական, խօսակցական եւ բարբառային շերտերէ։ Աւելի քան բառարան մըն է, որ կը ներկայացնէ լեզուական քաղաքակրթութեան ամբողջ շերտաւորումը։ Նիւթը քաղուած է 734 հեղինակներու ստեղծագործութիւններէ՝ Սայաթ-Նովայէն մինչեւ մեր օրերը, ինչպէս նաեւ հայրենի եւ սփիւռքեան 130 լրատուամիջոցներէ։ Այս բառարանը թերթելով՝ կը հասկնանք, որ Պետիրեան պարզ լեզուաբան մը չէր, այլեւ՝ մշակութային արխիւագէտ, որ կը հաւաքէր, կը դասաւորէր եւ կը մեկնաբանէր մեր խօսքի կենդանի ժառանգութիւնը։
Իր գրական-գիտական ժառանգութիւնը կը ներառէ տասնեակ աշխատութիւններ, որոնք այսօր ալ կը մնան հիմնարար։ «Ժամանակակից հայերէնի դարձուածաբանութիւն» (1973), «Ժամանակակից հայերէնի ոչ փոխաբերական կայուն բառակապակցութիւնները» (1990), «Ակնարկներ ժամանակակից հայերէնի դարձուածաբանութեան» (2007), «Հայերէնագիտական յօդուածներ ու նոթեր» (2012)․ այս եւ մնացած բոլոր գործերը կը վկայեն անոր միտքի հետեւողականութիւնն ու գիտական խստութիւնը։
Բառարանագրութեան ոլորտին մէջ ան թողուց բացառիկ ժառանգութիւն՝ «Դարձուածաբանական բացատրական բառարան» (1971), «Հայերէնի թեւաւոր խօսքերու բառարան» (2002), «Հայերէն շրջասութիւններու բառարան» (2002), «Հայ-ռուսերէն գործնական բառարան» (2010), «Հայերէն-անգլերէն, Անգլերէն-հայերէն գործնական բառարան» (2010)՝ անգիլախօս սփիւռքահայերու եւ արեւելահայերու համար, ինչպէս նաեւ համահեղինակութեամբ կազմուած «Ռուս-հայերէն, հայ-ռուսերէն բառարան» (1987)։ Բառարաններու շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ նաեւ անոր «Սուրբ գրային թեւաւոր խօսքեր» բառարանը, որ կը ներառէ հայերէն գրաւոր եւ բանաւոր խօսքի մէջ գործածուող 528 թեւաւոր արտայայտութիւններ։ Այդ խօսքերուն մեծ մասը միջազգային շրջանառութիւն ունի, իսկ անոնց ծագման գլխաւոր աղբիւրը Աստուածաշունչն է։ Պետիրեան տարիներու ընթացքին համբերութեամբ հաւաքած է անոնց գործածութեան օրինակները՝ թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն գրականութենէն, ինչպէս նաեւ հայրենի եւ սփիւռքի մամուլէն՝ ստեղծելով եզակի կամուրջ մը Սուրբգրային լեզուի եւ կենդանի խօսքի միջեւ։
Իր վերջին շրջանի աշխատանքներէն մէկը՝ «Բառերու ընտրութիւնը» (2017), կը ներկայանայ որպէս հոմանիշներու գործնական-ուսումնական ուղեցոյց՝ շարունակելով իր հիմնական մտահոգութիւնը՝ խօսքի ճշգրտութիւնը։
Ոչ-պակաս կարեւոր են գիտնականի կազմած ուսումնական ձեռնարկները, որոնց միջոցով ան ուղղակիօրէն ներգործեց հասարակութեան լայն շերտերուն վրայ։ «Եկէք ճիշդ խօսենք ու գրենք» (1993), «Լեզու նախնեաց» (1999), «Բառերու խորհրդաւոր աշխարհում» (2003), «Հայ լեզուն եւ մեր խօսքը» (1999) եւ այլ գործեր կը վկայեն մէկ փափաք միայն՝ լեզուագիտութիւնը դուրս բերել զուտ ակադեմական շրջանակէն եւ զայն դարձնել հանրային գիտելիք։
Արեւմտահայերէնի եւ գրաբարի հանդէպ մեծ սէր եւ նուիրում ունենալով՝ մեծ գրաբարագէտը կազմած է նաեւ «Զրոյցներ արեւմտահայերէնի դասաւանդութեան վերաբերեալ» գիրքը (Գահիրէ, 2006)։ Իսկ «Լեզու նախնեաց» գրաբարի դասագիրքը գրած է նախ արեւմտահայերէն, ապա՝ արեւելահայերէն։
Պէտք է նշել նաեւ, որ Պետիրեան իր նպաստը բերած է խմբագրական աշխատանքներուն՝ խմբագրելով Վերժինէ Սվազլեանի «Պոլսահայ բանահիւսութիւնը» հատորը, որով եւս անգամ մը դրսեւորած է իր հետաքրքրութիւնը լեզուի կենդանի աղբիւրներուն՝ ժողովրդական խօսքի եւ բանաւոր աւանդութեան հանդէպ։
Խմբագրած է նաեւ Քոսեանի «Արեւմտահայերէնի բառակապակցութիւնները» աշխատութիւնը։ Յիշատակելի է նաեւ Պետրոս Պետիրեանի մասնակցութիւնը «Հայ մատենագիրներու համաբարբառներ»ու կազմման մեծածաւալ աշխատանքներուն։ Իբրեւ գրաբարագէտ լեզուաբան՝ ան կազմած է Ղեւոնդ Մեծ Պատմիչի «Պատմութիւն» երկի համաբարբառը (1978)՝ կարեւոր ներդրում մը մատենագիտական եւ լեզուաբանական հետազօտութեան դաշտին մէջ։
Պետիրեան համեստ, նոյնիսկ չափազանց համեստ կեանքով ապրող, լուռ աշխատող գիտնական մըն էր, բայց եւ այնպէս, իր նուիրումը գնահատուած է լեզուաբաններուն եւ իր ուսանողներուն կողմէ, որոնք իրենց բոլոր ուսումնասիրութիւններու եւ աշխատանքի ընթացքին հիմնուած են մեծ ուսուցիչի կազմած գիրքերու, բառարաններու վրայ։ Պարգեւատրուած է նաեւ շքանշաններով․ 2004-ին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով, իսկ 2021 թուականին՝ «Մովսէս Խորենացի» մետայլով՝ գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառին մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումի համար։
Սակայն, այս բոլոր տիտղոսներէն եւ պատիւներէն անդին, Պետրոս Պետիրեանի մեծութիւնը կը կայանար իր անխոնջ նուիրումին մէջ։ Ան այն սակաւաթիւ գիտնականներէն էր, որոնց համար լեզուն ո՛չ թէ ուսումնասիրութեան առարկայ մըն էր միայն, այլ՝ կեանքի ձեւ։ Իր գործը միայն գիտական չէր․ զայն առաքելութիւն մը ունէր՝ լեզուն ապրեցնել եւ փոխանցել․․․
Այսօր, երբ ան այլեւս մեզի հետ չէ, անոր գործը կը շարունակէ ծառայել, կրթել եւ ուղղորդել։
Մեծերը կը հեռանան, իսկ լեզուն կը մնայ՝ սպասելով իր նոր պահապաններուն, նոր ձայներուն, որոնք արդեօք պիտի կրնա՞ն կրել իրենց նախորդներուն ծանրութիւնը։
ՊԵՏՐՈՍ ՊԵՏԻՐԵԱՆԻ «ՀԱՅԵՐԷՆ ՇՐՋԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ»ԷՆ ԸՆՏՐԵԱԼ ՓՈՒՆՋ ՄԸ
Աբրահամի զաւակներ - Առասպելական ազնիւներու ցեղ
Ագռաւի լեզու - Ծածկախօսութիւն
Ադամայ մութ - Մութնուլոյս
Ադամի արհեստ - Այգեգործութիւն
Ադրիականի թագուհի - Իտալիա
Ազգային բլբուլ(իկ) - Սմբատ Շահազիզ
Ազգային գոյները պաշտպանել - Երկրի հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս գալ
Ազգի տուն - Եկեղեցի
Ամբոխի որդի - Հասարակ ծագումով մարդ
Ամիսներու թագուհի - Մայիս
Այգեստանի սոխակ - Գարեգին Սրուանձտեանց
Անաղմուկ մահ - Մանրէական զէնք
Անապատի մակոյկ - ուղտ
Անգլիական թագի մարգարիտ - Հնդկաստան
Անխառն Իշխան - Աստուած
Անուրջներու գործարան - Հոլիվուտեան արտադրութիւն
Աշխարհի կեդրոն - Հռոմ
Աշխարհներէն լաւագոյնը տեղափոխուիլ - Մեռնիլ
Առակագրութեան Հոմերոս - Եզոբոս
Աստուծոյ մաղ - Երկինք (անձրեւող)
Բախտի զինուոր - վարձկան
Բանաստեղծական հիւանդութիւն - թոքախտ
Բարձրացող արեւի չաստուածուհի - Ճաբոնի կայսրուհի
Բարձունքներու տիրակալ - Արծիւ
Գաղափարի սուին - Գրիչ
Գեղարուեստի սպասաւոր - Արուեստագէտ, արուեստի նուիրեալ
Դանդաղ մահ - Թմրադեղ
Դարչնագոյն ժանտախտ - Ֆաշականութիւն
Դեղին ջարդ - Մշակութային արժէքներու վաճառք
Դեղին տուն - Հոգեբուժարան
Դրախտային թռչնակ - Մարմնավաճառ
Եկեղեցիի սիւն - Եփրեմ խուրի (ասորի եպիսկոպոս)
Եւրոպայի մեծ փայտահատ - Նափոլէոն
Երգեհոնի արքայ - Պախ
Զերօ ժամ - Գործողութեան պահ
Էշու դրախտ - աքսորավայր
Թաղման վկայ - Թոռ
Թատրոնի աստուածուհիին խնկարկել - Դերասանութիւն ընել
Թուղթէ վագր - Ուռճացուած, փուճ զօրութիւն
Ժողովուրդի ծառայ - Երեսփոխան, ծերակուտական (առաւել հեգնական)
Իմանալի Արեգակ - Յիսուս Քրիստոս
Լաս Վեկասի արծիւ - Քըրք Քըրքորեան
Լուռ յիշատակարան - Խաչքար
Խաղաղ որս - Հատապտուղներու հաւաքում
Խաղողի արիւն - Գինի
Խանասորի իշխան - Յովսէփ Արղութեան
Ծագող արեւու երկիր - Ճաբոն
Ծաղիկներու նուագերգու - Մեղու
Կամուրջներ չհանդուրժող գետ - Արաքս
Կանաչ աչքերով ճիւաղ - Խանդ
Հազար ու մէկ գիշերներու երկիր - Իրաք
Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք - Անի
Համաշխարհային մայրաքաղաք - Փարիզ
Ձեռքը խնդրել - Ամուսնութեան առաջարկութիւն ընել
Ձիերու անունով երդուող - Ձիարշաւի մոլի սիրահար
Ձմեռուայ ձիաւոր - Ուշ աշնան պաղ
Ճաշակի օրէնսդիր - Նորաձեւութեան վարպետ
Ճերմակ արիւնահեղութիւն - Արտագաղթ
Մարդկային գոյութեան չորրորդ չափում - Ժամանակ
Նարնջագոյն գնդակ - Գնդակով մականախաղ
Ներքին դատաւոր - Խիղճ, խղճմտանք
Շշի ասպետ - Գինեմոլ, հարբեցող
Ոսկէ հորթի երկրպագու - Դրամամոլ
Ոսկէ նեկտար - Մեղր
Պատի տակ կեցնել - Գնդակահարել
Պարոն Հինգ առ հարիւր - Գալուստ Կիւլպէնկեան
Պարսկաստանի վարդ - Շիրազ
Սապոնած թոկ - Կախաղան
Վահագնի թոռ - Հայ, հայորդի
Վասպուրականի արծիւ - Խրիմեան Հայրիկ
Վատիկանի փարաւոն - Հռոմի Պապ
Տառապեալ հանճար - Տանթէ
Ութսուն համարի կոճ - Շատ վտիտ մարդ
Ուժի քուրմեր - Չար ուժեր
Փայտաշէն ձի - Նաւ
Փափուկ սեռ - կին
Քաղցած ձեռքեր - Գործազուրկներ
Քառսուն բաղնիքներու քաղաք - Թիֆլիզ
Քրիստոսի օրհնած - Բարի, բարեսիրտ մարդ
Օդային դարպասներ - Օդակայան
Օրէնքի ծառայ - Դատաւոր
Ֆութպոլի արքայ - Փելէ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան