1991-2021 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՀԲԸՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ

Համահայկական մեծագոյն կառոյցներէն մէկուն՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)՝ 1991-2021 թուականներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած բարեսիրական, առողջապահական, կրթական, եկեղեցաշինական, մշակութային, երիտասարդական եւ ընկերային-տնտեսական գործունէութեան եւ գործադրած զանազան ծրագիրներուն մասին գիրք մը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ։ «ՀԲԸՄիութեան հայրենական գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն (ակնարկ)» խորագրուած գիրքին հեղինակն է Յովիկ Էօրտեքեան։ Ան հետազօտող է, նաեւ գործունէութիւն ծաւալած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակին մէջ, ուր տարիներու ընթացքին օգտուելով արխիւային նիւթերէն, մամուլէն եւ Միութեան հրատարակութիւններէն, հաւաքած է փաստեր, տեղեկութիւններ, յօդուածներ, լուսանկարներ եւ այլ վաւերագրեր ու կազմած է այս գիրք-ակնարկը, որու շնորհանդէսն ալ վերջերս տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի երդիքին տակ։ 

Շնորհանդէսի ընթացքին Յովիկ Էօրտեքեան ունեցած է ելոյթ մը, որու ընթացքին նշած է, որ այս աշխատանքի ընթացքին փորձած է առանձնացնել իր գնահատմամբ ամենէն կարեւոր իրադարձութիւնները, իրագործումները, կենսական ծրագիրները եւ գործող անձերը։ Էօրտեքեան յատկապէս կարեւորած է Հայաստանի հայութեան կենսագործունէութեան վրայ դրական ազդեցութիւն գործած ՀԲԸՄ-ի կամ անոր անհատ բարերարներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կեանքի կոչուած ծրագիրները եւ իրագործումներու կողքին անդրադարձած է նաեւ որոշ չիրագործուած ծրագիրներու եւ վրիպումներու։ «Այս գործը նաեւ յարգանքի տուրք մըն է բոլոր անոնց, որոնք յանուն հայրենիքի հզօրացման, ոչինչ խնայած են՝ ջանք, եռանդ, նուիրում եւ դրամական միջոցներ, յատկապէս երիտասարդներուն եւ կամաւորներուն, որոնք իրենց կոչումը գտած են ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ»,ըսած է Յովիկ Էօրտեքեան։ 

Հատորի «Երկու խօսք»ին մէջ, հեղինակ Յովիկ Էօրտեքեան գրած է հետեւեալը.

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր, գիտական աշխատութիւններ, պատկերագիրքեր եւ յուշամատեաններ կան, ուր լայնօրէն լուսաբանուած են պատմական Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Խորհրդային Հայաստանի տարածքին Միութեան ազգօգուտ հսկայածաւալ գործունէութիւնը։

Յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարիներուն Միութեան գործունէութիւնը պատշաճօրէն ներկայացուած է Վարդգէս Համազասպեանի եւ Էդուարդ Մելքոնեանի աշխատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Յարութիւն Ռ․ Գէորգեանի եւ Վահէ Թաշճեանի համատեղ խմբագրած պատմագիրքերուն եւ աշխատութիւններուն մէջ, որոնց լոյս ընծայումէն անցած է գրեթէ երկու տասնամեակ։

Այդ թուականներէն ի վեր Բարեգործականը ոչ միայն շարունակած է իր աւանդական բարեսիրական ծրագիրները Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ զարգացնելով զանոնք, մարդասիրական, կրթական, մշակութային, եկեղեցաշինական, երիտասարդական եւ մանաւանդ ընկերային-տնտեսական բարգաւաճումի լայնածիր ասպարէզներ մուտք գործած է։

Անշուշտ, տակաւին կանուխ է Միութեան երեք տասնամեակներու վրայ տարածուող հայրենական գործունէութեան պատմագիտական արժեւորումը եւ գնահատումը կատարելու համար: Վստահ ենք յետագային շնորհալի պատմաբաններ պիտի անդրադառնան Պօղոս Նուպար փաշայի եւ անոր պայծառատես համախոհներուն հիմնած համահայկական այս կառոյցին հայաստանեան ծրագիրներուն, վերլուծեն, գնահատեն եւ արժանին մատուցեն այդ ազգանպաստ գործունէութեան:

Մեր այս համեստ գործը պատմագիտական աշխատութիւն մը մատուցելու, կամ վերջին երեսուն տարիներու ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու որեւէ յաւակնութիւն չունի, այլ պարզապէս փորձ մըն է ի մի բերելու եւ թուղթին յանձնելու այդ տարիներու կարեւոր իրադարձութիւնները, իրագործումները, հայրենահայութեան եւ Հայաստանի զօրացումին նպաստող նախաձեռնութիւնները:

Մենք կը զգայինք նման գործի մը անհրաժեշտութիւնը, որ կրնար իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտակար ըլլալ ապագայի աւելի ընդարձակ եւ համապարփակ պատմութեան նուիրուած արժէքաւոր հրատարակութեան մը:

Այս գործին պատրաստութեան ընթացքին մեր միութենական պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարումը Միութեան գրասենեակէն ներս, մեզի համար եղաւ թէ՛ առաւելութիւն, թէ՛ ալ կաշկանդող հանգամանք՝ որոշ երեւոյթներ աւելի առարկայօրէն ներկայացնելու տեսակէտէ: Ամէն պարագայի, վայրկեան մը իսկ չենք կասկածած հայրենիքին ծով կարիքներուն հասնելու եւ Հայաստանը զօրացնելու Միութեան ղեկավարութեան եւ աշխարհատարած անդամակցութեան անսակարկ նուիրումին եւ ծառայասիրութեան։

Յովիկ Էօրտեքեան այս աշխատանքը նուիրած է իր լուսահոգի մօր՝ Արմենուհի Զէյթունցեանի յիշատակին, որ, ինչպէս նշած է՝ մանուկ տարիքէն իր ձեռքը բռնած տարած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի վարժարանը եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան ակումբը։ Միաժամանակ շնորհակալութիւններ ուղղուած են տքթ. Վաչէ Ղազարեանին՝ արժէքաւոր խորհուրդներուն եւ աջակցութեան, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Էդուարդ Մելքոնեանին՝ թելադրութիւններուն, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան իր նախկին պաշտօնակիցներուն՝ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ ընտանիքի անդամներուն, որոնք միշտ աջակից եւ քաջալեր հանդիսացած են։ Հատորը հրատարակուած է ՀԲԸՄ-ի «Լեւոն Զ. Սիւրմէլեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ։ 

Գիրքին մէջ ամփոփ ներկայացուած է ՀԲԸՄ-ի պատմութիւնը՝ սկսեալ հիմնադրումէն անմիջապէս յետոյ միութեան տրամադրած նպաստներէն, որոնք բաշխուեցան Վանի, Մուշի, Ակնի եւ Բաղէշի հայերուն՝ տուժած երաշտէն եւ երկրաշարժէն, հասնելով մինչեւ Խորհրդային Հայաստան, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի տարիներ, Մեծ հայրենադարձութեան կազմակերպում, Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապեր, անկախութեան տարիներ, պատերազմ, քովիտ, մինչեւ մեր օրեր։ 

Ներկայացուած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը՝ Երկրորդ աշխարհամարտի եւ հայրենադարձութեան տարիներուն, «ձիւնհալի տարիներ» կոչուող շրջանին, Հայաստանի անկախութեան հռչակման նախորդած ժամանակաշրջանին։ 

ՀԲԸՄ Հայաստանի մէջ մեծ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի տարիներուն՝ օգնութեան ծրագիրներ սկսելով Հայաստանի մէջ։

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան հիմնումը Հայաստանի մէջ աւելի թափ տուած է միութեան հայրենական ծրագիրներուն։ Նկարագրուած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի գործունէութիւնը, որ օդային կամուրջ էր՝ նետուած դէպի Հայաստան եւ որով միութիւնը նոյնպէս օգնութիւն կը ղրկէր Հայաստան։ Այնուհետու միութիւնը ամերիկահայ ուսանողներու հայերէն լեզուի խտացեալ դասընթացքներ կազմակերպած է, Հայաստանի մէջ հիմնած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը, որ արեւմտեան, յատկապէս ամերիկեան կրթութեան առաջին քայլի ներդրումը եղաւ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ։ 

1990-ականներէն ի վեր ՀԲԸՄ հովանաւորած է Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգները։ 

ՀԲԸՄ աջակցութիւն ցուցաբերած է ստեղծման Հայորդեաց տուներու, որոնք դպրոցականներու համար դպրոցներէն դուրս զարգացման կեդրոններ դարձան։ Եղած են աջակցութեան բազմապիսի ծրագիրներ Մաշտոցեան Մատենադարանին, զանազան թանգարններու, համալսարաններու, դպրոցներու, կրթական կեդրոններու։ Միութիւնը իր նպաստը ունեցած է նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի կառուցման գործին մէջ, նաեւ գիրքէն կը տեղեկանանք, որ անկախութեան հռչակումէն յետոյ եկեղեցաշէն մեծ գործունէութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ։ ՀԲԸՄ Հայաստանի մէջ նպաստած է հրատարակչական ծրագիրներու, անոր աջակցութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը սեփական տպարան կ՚ունենայ։ Աջակցած է նաեւ մարզական խաղերու իրականացման, առողջապահական, բժշկական բազմազան կեդրոններու հիմնումին, իսկ «Սուրբ Ներսէս Մեծ» հիւանդանոցը դարձած է ՀԲԸՄ-ի առաջին սեփականութիւնը Հայաստանի մէջ։ Բազմաթիւ գիտաժողովներ, յիշատակի երեկոներ, մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ կազմակերպուած են ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ, նկարահանուած են շարժանկարներ, Հայաստան հրաւիրուած են աշխարհահռչակ բեմադրիչներ, մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան գործիչներ, հայրենի արուեստագէտներ մասնակցած են արտասահմանեան գիտաժողովներու, կարեւոր միջոցառումներու։ 

Գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ ծրագիրներ գործի դրուած են ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ՝ հանրապետութեան այլ շրջաններու եւ Արցախի մէջ։ Զատ խորագրով ներկայացուած է միութեան գործունէութիւնը Արցախի մէջ․․․ Ինչպէս նաեւ՝ մանրամասն նկարագրուած են Սուրիոյ պատերազմէն յետոյ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայութեան ուղղուած աջակցութեան ծրագիրները։

ՀԲԸՄ քառօրեայ պատերազմի օրերուն նոյնպէս մեծ աշխատանք տարած է, ինչ որ տեղ գտած է գիրքին մէջ։ 

Անցնող տարիներուն աջակցութիւն եղած է նաեւ հայրենական մամուլին, գիտական կեդրոններուն, Միութիւնը Հայաստանի մէջ գործի դրած է կրթութեան այլընտրանքային միջոցներ եւ հիմնած՝ Հայկական համացանցային համալսարանը։ 

ՀԲԸՄ անցնող երեսուն տարիներուն իրականացուցած է հայաստանակեդրոն երիտասարդական ծրագիրներ՝ փորձելով անոնց միջոցով սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայեացքը ուղղել դէպի հայրենիք։ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները եւ ՀԲԸՄ-ի արձագանգը գիրքին մէջ տեղ գտած է զատ խորագրի ներքոյ։

«Համագործակցութիւն Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ» խորագրի ներքոյ նկարագրուած է իշխանափոխութեան՝ մանաւանդ առաջին տարիներուն իշխանութիւններուն հետ իրականացուած քանի մը ծրագիրներ, Նիկոլ Փաշինեանի այցելութեան կազմակերպումը՝ Սիլիքոն Վելի․ 2019-ին, նոյն տարին նախկին փոխ-վարչապետ Աւինեանի այցի կազմակերպումը Միացեալ Նահանգներ եւ այլն։ Այնուհետեւ միութիւնը արձագանգած է Հայաստանի ներքին քաղաքական ճգնաժամին եւ միացած՝ իշխանութիւններու հրաժարականի պահանջին։ 

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ ՀԲԸՄ-ի՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպած ժողովները, համագումարները, ղեկավարութեան այցերը, հանդիպումները եւ այլն․․․

ՀԲԸՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆՈՒՄ

Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, Հայաստան կատարած իր շարունակական այցելութիւններուն ընթացքին, կը ծրագրէր Միութեան մնայուն գրասենեակ մը հաստատել Երեւանի մէջ, որ իրականութիւն կը դառնար 1989 թուականի յունուարին, ստանալէ ետք Կեդրոնական վարչական ժողովի վաւերացումը: Գրասենեակը կը բացուէր 1 փետրուար 1990-ին, որ անպաշտօն կերպով մինչեւ 1992-ը գործեց Երեւանի նախկին Ալավերդեան, այժմ Հանրապետութեան փողոցին վրայ գտնուող թիւ 47 շէնքին մէջ, ուր կը գտնուէր նաեւ «Ազգ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ ՌԱԿ Հայաստանի գրասենեակը: Այս գրասենեակին մէջ որոշ ժամանակ գործեց նաեւ ՀԲԸՄ-ի Մամլոյ գրասենեակը: Սակայն, ի վերջոյ, Երեւան քաղաքի ժողովրդական պատգամաւորներու Արաբկիրի Շրջանային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի 4 յունիս 1992 թուականի նիստի արձանագրութեամբ, եւ, աւելի ուշ, Հայաստանի կառավարութեան 30 յուլիս 1992-ի որոշումով, Միութիւնը ստացաւ Ներկայացուցչութեան իրաւավիճակ եւ գործունէութիւն ծաւալելու արտօնագիր: Հոս կ՚արժէ յիշել, թէ Միութեան գրասենեակին հաստատումէն տարիներ առաջ, Հայաստանի կրթական հաստատութիւններու սփիւռքահայ ուսանողներու շարքերուն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անդամներ յանձնախումբեր կազմած եւ Միութեան տարեդարձներուն առիթով զանազան ձեռնարկներ կազմակերպած էին:

Թէեւ ՀԲԸՄ-ի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ նորութիւն չէր, տրուած ըլլալով որ համահայկական այս կառոյցը միակ հայկական կազմակերպութիւնն էր որ Մայր հայրենիքի մէջ գործած էր խորհրդային վարչակարգի առաջին տարիներուն, բայց, անշուշտ, աւելի քան կէս դար անց, Բարեգործականի գրասենեակ հաստատելը կարեւոր իրադարձութիւն էր:

Սկզբնական շրջանին գրասենեակի աշխատանքը կը համակարգէր Միութեան ծրագիրներու խորհրդատու Լորընս Այվազեանը, իսկ 1990-ին տնօրէն կը նշանակուէր Բագրատ Էդիլեանը, որուն կը յաջորդէր Պրայըն Քամաճեանը: Անոնց յաջորդած է Աշոտ Ղազարեանը, որ այդ պաշտօնը վարած է շուրջ երկու տասնամեակ, մինչեւ 2011 թուականը: Միութեան Երեւանի գրասենեակի արխիւը հարուստ է 90-ականներուն երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական կացութեան, ինչպէս նաեւ հրատապ կարիքներու մասին Լուիզ Մանուկեան Սիմոնին ուղղուած տնօրէն Աշոտ Ղազարեանի հեռապատճինեալ նամակներով:

Պաշտօնական արտօնագրումէն ետք Ներկայացուցչութիւնը գործեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շէնքին մէջ, Բաղրամեան 40 հասցէով, իսկ աւելի ուշ տեղափոխուեցաւ նոյն համալսարանին Ալեք Մանուկեան 9 փողոցին վրայ գտնուող գործարարութեան կեդրոնի շէնքը, որ 1999-ին կառուցուած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ բարերարներու նուիրատուութեամբ։ Միութեան Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը, 2015-ին, ի վերջոյ հաստատուեցաւ Միութեան սեփական կեդրոնատեղիին մէջ, Մելիք-Ադամեան 2/1 հասցէով: Նոյն տարին, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ նշանակուեցաւ Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանը, որ Հայաստան հաստատուած էր 2011-ին:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի փոխ-նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Աշոտ Ղազարեանին փոխարինեց Յովիկ Էօրտեքեանը, որպէս տնօրէնի պաշտօնակատար, իսկ 2012-ին տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Արփի Վարդանեանը, որուն յաջորդեց Դալար Գազանճեանը, 2016-ին:

Միութեան հայրենական զանազան ծրագիրներու գործադրութեան, Նիւ Եորքի Կեդրոնական եւ Երեւանի գրասենեակներուն միջեւ ամենօրեայ համակարգումի աշխատանքներուն մէջ անգնահատելի դեր ունեցած են Անիթա Անսըրեանը, որ իբրեւ Կեդրոնական վարչական ժողովի Ծրագիրներու տնօրէնուհի, աւելի քան երեք տասնամեակ ծառայած է Միութեան, իր կողքին ունենալով ելեւմտական բաժնի պատասխանատուներ Պետրոս Փիանտարեանը, Ճոն Չերքէզեանը, Անդրանիկ Պասմաճեանը եւ ուրիշներ:

Միութեան զանազան ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն հեզասահ ընթացքը ապահովելու, կազմակերպական թէ իրաւական կարգավիճակը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու համակարգին մէջ լիարժէք գործելու նպատակադրութեամբ, 2009-ին հիմնուեցաւ «ՀԲԸՄ-Հայաստան» հիմնադրամը, որ հայրենքի մէջ զանազան ասպարէզներու կարեւոր բազմաթիւ ծրագիրներու պաշտօնական նախաձեռնողը եւ գործադրողը դարձաւ յետագայ տարիներուն:

(Գիրքէն)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025