ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՑԸ «ՎԱՅԵԼԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՌԱՔԱԾ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» (ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՅԻՍԻ ՀԱՄԱՐ)
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբգրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։
Անգլերէն գիրքը տարածուած է աշխարհով մէկ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ մտորումներու պատասխաններ կը փնտռեն նաեւ այս խորհրդածութիւններուն մէջ։
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Մենք պէտք ունինք բարեկամներու: Բարեկամներու, որոնք կ՚առաջնորդեն մեզ, կը հոգան մեր մասին, սիրով կը փոխադարձեն մեզի եւ կը մխիթարեն մեզ ցաւի ու նեղութեան ժամանակ: Թէեւ մենք կը խօսինք «բարեկամներ շահելու» մասին, սակայն, բարեկամները չեն շահուիր: Անոնք ձրի պարգեւներ են Աստուծոյ կողմէ տրուած: Երբ կը վստահինք Աստուծոյ անսահման սիրոյն, ան կը շնորհէ զանոնք մեզի պէտք եղած պահուն:
Բարեկամները չեն կրնար փոխարինել զԱստուած: Անոնք մեզի նման տկարութիւններ ու սահմանափակ կարողութիւններ ունին: Անոնց սէրը երբեք ալ անսխալական չէ։ Բայց անոնք իրենց սահմանափակումներով հանդերձ, կը դառնան ճշմարիտ ուղեցոյցները` մեզ դէպի Աստուծոյ անսահման եւ անպայմանաւոր սիրոյ տանող ճանապարհին։
Ուստի, եկէք վայելենք Աստուծոյ առաքած բարեկամներու ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ:
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՇՆՈՐՀՔՆԵՐԸ
Չկան իրերանման բարեկամներ: Անոնցմէ ամէն մէկը յատուկ շնորհք մը ունի մեզի համար: Երբ մեր բոլոր կարիքները մէկ հատիկ բարեկամէ կ՚ակնկալենք, կը սխալինք. եկէք խստապահանջ չըլլանք եւ անոր ունեցածով գոհանանք։
Բարեկամ մը կրնայ առաքինի ըլլալ, մէկ ուրիշը՝ մտայղացումներով հարուստ եւ երրորդը` զօրավիգ մեզի: Որքան ի վիճակի ըլլանք ստանալու մեր բարեկամներուն բազմապիսի պարգեւներն ու շնորհքները, կարող կ՚ըլլանք հատուցելու անոնց մեզի յատուկ, գուցէ սահմանափակ շնորհքները։
Նման բարեկամութիւնները կը ստեղծեն սիրոյ շատ գեղեցիկ խճանկարներ:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ՑՈՅՑ ՏՈՒՈՂ ԽՃԱՆԿԱՐԸ
Խճանկար մը կը պարունակէ հազարաւոր խճաքարեր՝ բազմազան գոյներով:
Երբ մօտէն դիտենք զայն, կը զմայլինք իւրաքանչիւր խճաքարի գեղեցկութեան վրայ: Բայց երբ քայլ մը ետեւ երթանք, կը տեսնենք, թէ այդ բոլոր խճաքարերը որքան գեղեցիկ եւ ներդաշնակ պատկեր մը կը պարզեն մեզի, յօրինելով հեքիաթ մը, զոր ոչ մէկը առանձինը պիտի կարենար պատմել:
Ընկերութեան մէջ մեր կեանքն ալ ճիշդ այսպէս է: Իւրաքանչիւրս խճաքար մըն ենք, բայց միասնաբար Աստուծոյ դէմքն է, որ կը յուշենք մարդոց: Ո՛չ մէկը կրնայ ըսել. «Ես զԱստուած տեսանելի կը դարձնեմ»։ Սակայն մեզ միասին տեսնողները կրնան ըսել. «Ասոնք զԱստուած տեսանելի կը դարձնեն»։ Ընկերութիւնը հոն է, ուր խոնարհութիւնն ու փառքը կը հանդիպին իրարու եւ կը միանան։
ԴԷՊԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐԸ
Ինչպէ՞ս գիտնալ Աստուծոյ սիրոյ, առատաձեռնութեան, ազնուութեան եւ ներողամտութեան մասին: Մեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն, հոգեւոր հովիւներուն, մեր ամուսիններուն եւ զաւակներուն միջոցով է, որ Աստուած կը յայտնուի մեզի: Բայց, երբ աւելի մօտէն ճանչնալու ըլլանք զանոնք, կ՚անդրադառնանք, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Աստուծմէ մասնիկ մը միայն կրնայ յայտնել մեզի: Աստուծոյ սէրը, բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը շատ աւելի մեծ են ու սքանչելի, քան՝ անոնց ունեցածը:
Սկիզբը կրնանք յուսախաբ ըլլալ այս մարդոցմէ: Սակայն, հետզհետէ կը գիտակցինք, որ անոնք, բոլորն ալ դէպի Աստուած առաջնորդող ճամբուն վրայ դրուած ցուցատախտակներ են:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուած առատութեան Աստուած է եւ ո՛չ թէ սակաւապէտութեան: Յիսուս Քրիստոս կը յայտնէ մեզի Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը, երբ ժողովուրդին այնքան հաց կը բաշխէ, որ տասներկու սակառ ալ կ՚աւելնայ (տե՛ս Ղկ 5.17): Աստուած մեզի մեր խնդրածէն աւելի կու տայ:
Աստուած առատաձեռն է, բայց անոր տուածը կրնանք տեսնել ու վայելել, երբ բոլորանուէր սրտով սիրենք զինք: Այնքան ատեն, որ կ՚ըսենք. «Ես պիտի սիրեմ քեզ, Աստուա՛ծ, բայց նախ ցոյց տուր ինծի քու առատաձեռնութիւնդ», հեռու պիտի մնանք Աստուծմէ եւ անզօր ճանչնալու այն, զոր Աստուած ճշմարտապէս կ՚ուզէ տալ մեզի՝ յորդառատ կեանքը։
ԴԻԶԵԼՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ
Որպէս երկչոտ մարդիկ, մենք հակումն ունինք խորացնելու մեր մէջ այն համոզումը, որ մեզի ըսել կու տայ.
«Բոլորիս համար բաւարար ճաշ չկայ, ուստի լաւ կ՚ըլլայ, որ ես ինծի պէտք եղածին չափ ապահովեմ»։ Կամ` «Բոլորիս համար բաւարար գիտութիւն չկայ, ուստի աւելի լաւ կ՚ըլլայ իմ գիտցածս ինծի պահեմ, որպէսզի մէկը չօգտուի անկէ»: Կամ՝ «Բոլորին բաշխելու չափ սէր չկայ, ուստի բարեկամներս ինծի պահեմ եւ չձգեմ, որ ինձմէ խլեն զանոնք»: Այս ամէնը նեղ մտայնութիւն է, որ կ՚ենթադրէ դիզուածը պահպանելու յետին միտքն ու վախը ապագային հանդէպ։
Սարսափելին այն է սակայն, որ մեր ձեռք ձգածը եւ ուժգնօրէն կառչածը կը կորսնցնենք:
ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՄԱՆ ՀՐԱՇՔԻՆ
Նեղմտութեան հականիշն է առատութեան մտայնութիւնը: Որով կ՚ըսենք. «Բոլորին համար պէտք եղած չափով ու աւելիով կայ ամէն ինչ՝ սնունդ, գիտութիւն, սէր…»: Այսպէս մտածելով, կը բաժնենք մեր ունեցուածքը բոլորին անխտիր. երբ կը հանդիպինք անօթիի, տգէտի եւ սիրոյ պակասէն տառապողի, կը բաշխենք անոնց սնունդ, գիտութիւն, գուրգուրանք եւ սէր։ Կը հիւրընկալենք զանոնք եւ կը ծանօթացնենք մեր բարեկամներուն եւ նոյնիսկ ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Երբ այս մտայնութեամբ ապրինք, կենդանի վկաները պիտի դառնանք սնունդի, գիտութեան ու սիրոյ բազմապատկման հրաշքին:
ԿԵԱՆՔԻ ԲԱԺԱԿԸ
Երբ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի մայրը Յիսուսէն կը խնդրէ, որ իր թագաւորութեան մէջ յատուկ տեղ տայ իր զաւակներուն, Յիսուս կը պատասխանէ անոր. «Կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ» (Մտ 20.22):
Ասիկա ամենավճռական հարցումն է, զոր կրնանք ուղղել մենք մեզի: Բաժակը կեանքի բաժակն է, տխրութիւններով եւ ուրախութիւններով լեցուն: Կրնա՞նք բռնել մեր բաժակները եւ ըսել, թէ անոնք մերն են։ Կրնա՞նք բարձրացնել մեր բաժակները այլոց օրհնութեան ի խնդիր, կրնա՞նք ըմպել ցմրուր իբրեւ փրկութիւն բերող բաժակներ։
Այս հարցումները մեր մէջ կենդանի պահելը հոգեւոր մեծագոյն կիրառումի հրամայականներէն մէկն է, զոր կրնանք ի գործ դնել:
ԲՌՆԵԼ ՄԵՐ ԲԱԺԱԿՆԵՐԸ
Բոլորս պէտք է բռնենք մեր կեանքի բաժակները: Երբ տարիք կ՚առնենք կը գիտակցինք կեանքի բազում դժուարութիւններուն ու անձնական ձախորդութիւններուն, ընտանեկան անհամաձայնութիւններուն ու յուսահատութիւններուն, ցաւերուն ու դառնութիւններուն, մեր մէջ եւ մեր շուրջը գտնուող ամէն բան մեզ կը մղէ անտեսելու կամ պարզապէս ուրանալու սոյն դժուարութիւնները:
«Նայէ՛ կեանքի լուսափայլ երեսին եւ լաւագոյնս արժեւորէ զայն», կ՚ըսենք մենք մեզի եւ նոյնը յաճախ կը լսենք ուրիշներէ։ Սակայն, երբ կ՚ուզենք խմել կեանքի մեր բաժակը, առաջին հերթին կարիքը ունինք լիովին գիտակցելու մեր ապրած կեանքին, ուստի հարազատօրէն ընկալելով մեր ցաւերը, պիտի գտնենք ճշմարիտ ուրախութիւնը, զոր կը փափաքէինք զգալ մեր ցաւերուն ու նեղութիւններուն մէջ:
ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՄԵՐ ԲԱԺԱԿՆԵՐԸ
Երբ ամուր բռնենք կեանքի մեր բաժակը, խորապէս գիտակցելով անոր ցաւերուն ու հրճուանքներուն, մարդկային համերաշխութեան մէջ ալ կը յաջողինք բարձրացնել զայն:
Բարձրացնել մեր բաժակը, կը նշանակէ չամչնալ մեր ապրած կեանքէն, եւ այս վարուելակերպը կը քաջալերէ ուրիշներն ալ, որպէսզի ճանչնան իրենց ճշմարտութիւնը այնպէս, ինչպէս մենք կը փորձենք ճանչնալ մերը։
Երբ կը բարձրացնենք մեր բաժակները եւ իրարու կ՚ըսենք. «կենացդ», միաձայն յայտարարած կ՚ըլլանք, անաչառօրէն նայիլ մեր կեանքին: Այս ձեւով կը դառնանք մարդկային ընկերութիւն մը, որ յանձն կ՚առնէ դատարկել այն բաժակը, որ տրուած է մեզի։
ԸՄՊԵԼ ՄԵՐ ԲԱԺԱԿԸ
Մեր կեանքի բաժակը ամուր բռնելէ եւ զայն ուրիշներու հետ բարձրացնելէ ետք, պէտք է անպայման ըմպենք զայն:
Ըմպել մեր բաժակը, կը նշանակէ իւրացնել այն, ինչ ճանչցած ու ապրած ենք մեր կեանքէն՝ տխրութիւն, ցաւ ու բերկրանք: Ինչպէ՞ս խմելու ենք մեր բաժակները: Ըստ մեր կեանքի ճշմարտութեան, լռութեան մէջ պէտք է ըմպենք զանոնք, երբ անկեղծօրէն զրուցենք մեր ընկերներուն հետ այն միջոցներուն մասին, որոնցմով կ՚ուզենք աճիլ ու զարգանալ։
Ըմպել մեր բաժակները, կը նշանակէ ազատօրէն եւ քաջութեամբ ընդառաջել Աստուծոյ հրաւէրին եւ հաւատարմօրէն շարունակել ամբողջ ճամբորդութիւնը: Այս ձեւով մեր կեանքը կը վերածուի փրկութեան բաժակի:
Եթէ կարենանք ցմրուր ըմպել մեր բաժակը, այն ատեն Տէրը իր յաւիտենական պարգեւներով ու շնորհքով պիտի լեցնէ զայն:
ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼԻՈՒԹԻՒՆ
Առաջին իսկ նայուածքով դատարկութիւն եւ լիութիւն իրար հակասող երեւոյթներ կը թուին ըլլալ: Բայց հոգեւոր կեանքին մէջ այդպէս չէ: Հոգեւոր կեանքին մէջ, մեր խորունկ փափաքներուն իրականացումը կը տեսնենք, երբ յանուն Աստուծոյ կ՚աշխատինք:
Աստուծմէ կեանքի լիութիւնը կարենալ ստանալու համար, պէտք է մինչեւ վերջ պարպենք կեանքի մեր բաժակը: Յիսուս այս ճշմարտութիւնը ապրեցաւ խաչին վրայ: Ամբողջական դատարկութեան եւ լիութեան վայրկեանը մէկ դարձաւ։ Երբ ան ամէն ինչ իր սիրելի Հօրը յանձնեց, աղաղակեց՝ «Ամէն ինչ կատարուեցաւ» (Յհ 19. 30): Քանզի Յիսուս խաչին վրայ բարձրանալով, բարձրացաւ յարութեան ի խնդիր: Ան, որ ինքզինք սպառած ու խոնարհեցուցած էր, բարձրացաւ, եւ «բոլոր անուններէն վեր անուն տրուեցաւ իրեն» (տե՛ս Փլպ 2.7-9):
Եկէք շարունակենք ականջ տալ Յիսուսի հարցումին. «Կրնա՞ք խմել այն բաժակէն, որ ես պիտի խմեմ» (Մտ 20.22):
ԱՂՕԹԵԼ ԼԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Բազմաթիւ մարդիկ կան, որ կ՚ըսեն. «Ես չեմ վախնար մահէն, կը վախնամ մեռնելէն»: Ասիկա հասկնալի է այնքան ատեն, որ մեռնիլ յաճախ կը նշանակէ հիւանդութիւն, ցաւ եւ առանձնութիւն:
Մեռնելէն վախնալուն մէջ ամչնալիք բան չկայ: Մարդկային վախերէն ամենամարդկայինն է ատիկա: Յիսուս ինքն ալ այդ վախը ապրեցաւ: Տագնապին մէջ անոր «քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռն-ոլոռն կը հոսէր» (Ղկ 22.44): Արդ, ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւենք մեռնելէն վախնալու մեր զգացումը: Յիսուսի պէս պէտք է աղօթենք եւ ուժ ստանալով, դիմագրաւենք նոր կեանքի ուղին: Այն ատեն կրնանք վստահիլ, որ Աստուած մեզ մխիթարելու համար, հրեշտակ մը պիտի ղրկէ, այնպէս՝ ինչպէս Յիսուսի համար ղրկեց:
ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ՍԻՐՏՈՎ ՄԵՌՆԻԼ
Յաճախ կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս պիտի պատահի մեր մահը: Արդեօք հիւանդութեան իբրեւ հետեւանք, արկածո՞վ, պատերազմի մէջ, թէ՞ աղէտով: Արդեօք մեր մահը յանկարծակի՞ պիտի ըլլայ, թէ՞ աստիճանաբար: Այս հարցումներուն պատասխաններ չկան։ Ուստի, ասոնց մասին մտահոգուելով, պէտք չէ ժամանակ վատնենք։ Չենք գիտեր, թէ ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ մեր կեանքը: Ասիկա կը կոչուի օրհնեալ տգիտութիւն: Բայց եւ այնպէս կայ անխուսափելի հարցում մը, զոր պէտք է նկատի առնենք: Երբ մեր մահուան ժամը հասնի, ինչպէ՞ս պիտի բաժնուինք մեր սիրելիներէն:
Մեր բաժանումը մեծապէս կախում ունի անկէ, թէ ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուինք մահուան: Եթէ կարենանք մեր աչքերը փակել այս աշխարհին դէմ, երախտապարտ ըլլալով թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մեր ընտանիքի անդամներուն, ապա ուրիշներուն համար մեր մահը կը վերածուի կեանքի աղբիւրի:
ՄԵՐ ՄԱՀԸ ՊԱՐԳԵՒԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Ինչպէ՞ս կրնանք մեր մահը պարգեւի վերածել: Յաճախ մարդոց կեանքը կը փճանայ հարազատներու կամ բարեկամներու մահուամբ: Մենք մեր կարելին պէտք է ընենք խուսափելու համար այս ցաւալի իրողութենէն:
Երբ մահուան սեմին ենք, շատ կարեւոր են մեր խօսքերն ու գրածները, մեր քովը գտնուողներուն: Երբ երախտագիտութիւն յայտնենք անոնց, ներում հայցենք մեր թերացումներուն համար, ինչպէս նաեւ ներելով անոնց մեղանչումները, արտայայտենք մեր անկեղծ փափաքը, որպէսզի անոնք շարունակեն ապրիլ ու յիշել մեր միատեղ կեանքը առանց խղճահարութեան, այլ յիշեն միայն բարիքներն ու շնորհքները, այն ատեն մեր կեանքը կը վերածուի իսկական պարգեւի:
ՍԷՐԸ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ
Հաւատքն ու յոյսը վերջ պիտի գտնեն մեր մահուամբ: Բայց սէրը պիտի մնայ: Սէրը յաւիտենական է: Սէրը Աստուծմէ կու գայ եւ Աստուծոյ կը վերադառնայ։ Երբ մեռնինք, ամէն ինչ կը կորսնցնենք բացի սէրէն: Այն սէրը որով ապրեցանք, մեր մէջ գոյութիւն ունեցող Աստուծոյ կեանքն է, քանի որ աստուածայինն է ան եւ մեր էութենէն անբաժան, քանի որ պիտի պտղաբերի սերունդէ սերունդ։
Մահուան ժամուն եկէք ըսենք մեր սիրելիներուն. «Մի՛ տխրիք: Մեր մէջ եղող Աստուծոյ սէրը պիտի գայ, մխիթարէ եւ հանգստութիւն պարգեւէ ձեզի»։
ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԱՒԱՐՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Ի՞նչ է այն, որ մեզ ցմահ կեանքին կառչած կը պահէ։ Արդեօք մեր անաւարտ աշխատա՞նքն է: Երբեմն անոր կառչած կը մնանք, որովհետեւ դեռ կարողութիւնը չենք ունենար ըսելու. «Ես քեզի կը ներեմ եւ քու ներողամտութիւնդ կը խնդրեմ»: Երբ ներած ենք մեզ վիրաւորածներուն եւ խնդրած ներողամտութիւնն անոնց, զորս վիրաւորած ենք, կը զգանք մեր մէջ նոր ազատութիւն մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ձերբազատուելու եւ մեկնելու ազատութիւնը:
Յիսուս իր մահուան ժամուն զինք խաչողներուն համար աղօթեց՝ ըսելով. «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Սոյն աղօթքն է, որ ազատութիւն տուաւ իրեն ըսելու. «Հայր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս» (Ղկ 23.46):
ՅԻՍՈՒՍԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
Յիսուս իրապէս ազատ էր: Իր ազատութիւնը թէ ինք Աստուծոյ սիրելի Որդին էր, խորապէս արմատացած էր իր հոգեւոր կեանքին մէջ: Ան իր էութեան մէջ գիտէր արդէն, թէ ինք Աստուծոյ կը պատկանի, նախքան իր մարմնաւոր ծնունդը, թէ՛ երկիր առաքուեցաւ յայտարարելու համար Աստուծոյ սէրը եւ թէ՛ իր առաքելութեան աւարտին, պիտի վերադառնար Աստուծոյ: Այս գիտակցութիւնն է, որ իրեն տուաւ խօսելու եւ գործելու ազատութիւնը։
Այս պատճառաւ ալ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Ամբողջ ժողովուրդը կ՚ուզէր իրեն դպչիլ, որովհետեւ իրմէ զօրութիւն դուրս կ՚ելլէր եւ կը բժշկէր բոլորն ալ» (Ղկ 6.19):
ՅԻՍՈՒՍԻ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Յիսուս կը կոչուի Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ» (տե՛ս Մտ 1.22-23): Յիսուսի կեանքին մեծագոյն տարակերպութիւնը այն է, որ անոր խօսքերն ու գործերը երբեք չեն ազդուած մարդկային մեղադրանքէ կամ գովասանքէ։ Անոնք լրիւ կախեալ են եղած Աստուծոյ կամքէն։ Ան աւելի մեզի «հետ» է, աւելի քան ոեւէ մարդկային էակ:
Յիսուսի կարեկցութիւնն ու խոր զգացուիլը մեզի հանդէպ կարելի են, քանզի անոր կեանքը առաջնորդուած է ո՛չ թէ մարդկային յարգանքէ, այլ միայն ու միայն երկնաւոր Հօր սէրէն:
Արդարեւ, Յիսուս ազատ է մեզ սիրելուն մէջ, քանզի ան կախեալ չէ մեր սէրէն:
ՅԻՍՈՒՍ ՕՐՀՆԵԱԼԸ
Յիսուս օրհնեալն է: «Օրհնութիւն» բառը, որ օրհնեալ բառին լատինական ձեւն է, կը նշանակէ «բարի բաներ ըսել»: Յիսուս այն օրհնեալն է, որու մասին Աստուած բարի բաներ ըսաւ: Յստակօրէն կը լսենք Աստուծոյ օրհնութիւնը յետ Յիսուսի մկրտութեան Յորդանան գետին մէջ, երբ յանկարծակիօրէն ձայն մը լսուեցաւ երկինքէն որ կ՚ըսէր․ «Ատիկա է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մտ 3.17)։
Այս օրհնութեամբ Յիսուս կը սկսի իր առաքելութիւնը: Եւ այդ առաքելութիւնը մեզի կը յուշէ, թէ տուեալ օրհնութիւնը Յիսուսի ուղղուած չէ միայն, այլ բոլոր անոնց, որոնք կը հետեւին անոր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան