ՆԵՐԿԱՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕՐԷՆՔ
Փոփոխուող աշխարհակարգը, ընկերային ցանցերու եւ համացանցի օգտագործումը, ի հարկէ, ազդած են մարդոց ապրելակերպի եւ յարաբերութիւններու վրայ։ Յարաբերութիւններու մշակոյթը, օգտագործուող սահմանումները սկսան փոխուիլ եւ փոխարինուեցան նորերով։ Յատկապէս նոր սերունդը սկսած է իր յարաբերութիւնները կառուցել այս պայմաններով։
Այսօր անվերջ դատավարութիւնները, յանցագործութիւններու զանազանութիւնն ու աճը, բանտերու աւելացումն ու անոնց լեցուածութիւնը, ահաբեկչութեան ու բռնութեան ուժեղացումը, թմրանիւթերու եւ զէնքի ծաւալուն գործածումը եւ այլն, բազում մարդիկ կը մղեն հարցնելու. «Արդեօք արդարադատութիւնն ու օրէնքը մեռա՞ծ են»։ Այլ խօսքով, մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ, հակառակ ազգային կամ միջազգային ծաւալով ընդունուած բոլոր կանոնակարգերուն, օրէնքի եւ արդարադատութեան վերաբերեալ աճող բողոքներն ու քննադատութիւնները, իրաւական կարգի եւ արդարադատութեան համակարգի հանդէպ անվստահութեան աւելի բուռն արտայայտումը տակաւին կը մնայ լուրջ խնդիր մը։
Իւրաքանչիւր դարաշրջանի ընկերային պայմանները նոյնպէս կը ձեւաւորուին օրէնքի եւ բարոյականութեան համապատասխան։ Որովհետեւ մարդկային վարքագիծը եւ յարաբերութիւնները չեն յառաջանար զերոյական ելակէտէն: Ծնելու պահէն սկսեալ մարդիկ կը բախուին ընկերային որոշ կառուցուածքի եւ մշակոյթի հետ, որոնք յաճախ դուրս են իրենց ցանկութիւններէն: Յետագայ զարգացումը կը շարունակուի՝ ձեւաւորուելով վարքագծի կառուցուածքի, յարաբերութիւններու փոխազդեցութեան եւ մշակութային միջավայրի միջեւ կապով: Այլ խօսքով, անհատները կ՚որոշեն իրենց անհատական նախասիրութիւնները, վարքագիծը եւ որոշումները նման ձեւաւորման եւ կազմաւորման շրջանակներէն ներս։ Նմանապէս, իրաւական եւ բարոյական արժէքներն ու նորմերը, որոնք կը յառաջանան մարդկային հաղորդակցութեան, յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան արդիւնքին, կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ կառուցուածքի եւ մշակոյթի շրջանակներէն ներս ստեղծուելով: Անոնք մէկ կողմէ կը ձեւաւորուին որպէս մարդկային յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան արդիւնք, իսկ միւս կողմէ՝ կը կազմեն մարդկային յարաբերութիւններու միջավայրն ու շրջանակը։ Այսինքն, եթէ անոնք կը ձեւաւորուին ընկերային միջավայրով եւ մշակոյթով, կը ձեւաւորեն նաեւ ընկերային եւ մշակութային կառուցուածքը։ Մինչ անոնք կը փոխուին ժամանակի ընթացքին նոյն հասարակութեան մէջ, յառաջ կու գայ աւանդական-ժամանակակից հասարակութեան ձեւաւորումը։
Ժամանակակից իրաւունքները, անհրաժեշտ մարմիններու կողմէ ստեղծուած՝ տրամաբանական հիմքերով, վերացական, հասարակաց ու առարկայական օրէնքներով կարելի է ըմբռնել ընկերային կամ կեանքի բազմազանութիւնը: Բաց աստի, կանոնաւորութեան, կանխատեսելիութեան եւ որոշակիութեան վրայ մշտական շեշտադրումը կը խրախուսէ միատեսակութիւնը: Նման մշակոյթէ ներս անհատներու մօտ կը ձեւաւորուի ժամանակակից իրաւունքէ եւ արդի պետութեան կազմակերպութիւններէն շատ բան ակնկալելու միտում։ Անհատը կրնայ ընտրել իր բարոյական պատասխանատուութիւնը, թերութիւններն ու սխալները վերագրել ժամանակակից պետական կառոյցներուն եւ արդի իրաւական կանոններուն կամ մարմիններուն։ Դժուար չէ տեսնել, որ նման վերաբերմունքը կրնայ կանխել կամ թուլացնել բարոյական զգայունութեան եւ պատասխանատուութեան զարգացումն ու ծաղկումը:
Թերեւս պէտք է հրաժարիլ փնտռելէ իրաւական եւ էթիք «քոտ»եր, որոնք կրնան հիմք հանդիսանալ մարդկային բոլոր յարաբերութիւններու եւ վարքագծի համար։ Ներկայ ընկերային պայմաններով տեղին կ՚ըլլար օրէնքը եւ իրաւական մեքանիզմներն ու կազմակերպութիւնները դիտարկել որպէս հիմնական գործօններէն մէկը, որ կրնայ նպաստել ձեւաւորման ընկերային միջավայրի, ուր քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, մշակոյթը, մարդկային յարաբերութիւններն ու փոխադարձ ազդեցութիւնները կը զգան իրենց ամբողջ կենսականութեամբ ու բազմազանութեամբ։
Ներկայիս շատ դժուար դարձած է հանդիպիլ այն իրադարձութիւններու, որոնք կ՚որակուին որպէս «անբարոյական»։ Այս իրավիճակը յստակ ցոյց կու տայ, որ բարոյականութիւնը այլեւս հասարակութեան կողմէ մենաշնորհուած եւ հասարակութեան կողմէ որոշուած հասկացութիւն մը չէ։ Ընդհակառակը, անհատները կը հասնին այն եզրակացութեան, որ բան մը իրենց տեսակէտէ բարոյական կամ անբարոյական է՝ ներքին հաշիւներով։ Այս բոլորը յաճախ կապուած են հաւատքի համակարգերու եւ յատկապէս կրօններու հետ։ Ի հարկէ, կարելի է այստեղ եզրակացութեան յանգիլ ներկայ կրօնական հայեցակարգի մասին։ Ակնյայտ է, որ կրօնները, որոնք նախապէս ունէին ընդհանուր կանոններու ստեղծողի ու կատարողի կարգավիճակը, սակայն այժմ հասարակութիւնները բարոյական սկզբունքները չեն սահմաներ կրօններու համաձայն։ Անհատը կը ստեղծէ շարք մը բարոյական կանոններ, որոնք համահունչ են իր հաւատքին, բայց չեն թելադրուիր ամբողջ հասարակութեան, այսինքն յատուկ է միայն տուեալ անհատին։ Այս իրավիճակը պատճառ դարձած է, որ կրօնը ընկալուի որպէս անհատական, այլ ոչ թէ ընկերային։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ