ԵՐՈՒԱՆԴ ԿՈՊԷԼԵԱՆ (1923 - 2010)

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք թերթիս երբեմնի յօդուածագիրներէն, պոլսահայ գրող, արձակագիր, բանաստեղծ, քրոնիկագիր եւ թարգմանիչ՝ Երուանդ Կոպէլեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրութիւններէն փունջ մը: Այսպէս.

Երուանդ Կոպէլեան, ծնած է 23 նոյեմբեր 1923-ին, Պոլիս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ռումէլի Հիսարի երբեմնի Թադէոսեան վարժարանէն ներս, ապա ուսումը շարունակած է Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ ու զայն աւարտած է 1937-ին:

Գրական առաջին փորձերը սկսած է կատարել 1947-ին, «Մարմարա» օրաթերթին մէջ պատմուածքներ հրապարակելով: Առաջին պատմուածքը եղած է «Սիկարէթները»:

Յետագային Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող բազմաթիւ պարբերականներու մէջ հրապարակած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, գրութիւններ եւ քննադատական յօդուածներ: Աշխատակցած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, «Ակօս» շաբաթաթերթին, «Երջանիկին Տարեգիրքը»ին, «Լուսաղբիւրին» (Փարիզ), «Ժպիտ», «Ճառագայթ» եւ «Այսօր» մանկապատանեկան ամսաթերթերուն, «Քուլիս»ին, եւ այլն:

Բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Երանի թէ» վերանգիրը կրող, հրատարակած է 1948-ին:

«Լոյս» (1948-1950) եւ «Դէպի Լոյս» (1950-1951) գրական շաբաթաթերթերուն խմբագիր եղած է: 

1953-ին հրաւիրուած է Պէյրութ, ստանձնելու համար «Այգ» օրաթերթին խմբագրութիւնը, որ վարած է մէկ տարի, եւ 1954-ին վերադարձած է Պոլիս:

1957-ին դարձեալ վերադարձած է Պէյրութ, ուր երկար տարիներ մաս կազմած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթին եւ «Սեւան» հրատարակչութեան խմբագրական խորհուրդներուն:

1965-ին դարձեալ Պոլիս վերադարձած է եւ պաշտօն զբաղեցուցած է «Մարմարա» օրաթերթէն ներս:

Խմաբգրած է Յակոբ Սվազլեանի «Պայքար» շաբաթաթերթը:

1970-ին հիմնած է «Կոպէլ» հրատարակչատունը եւ հրատարակած է «Փորձանք» գրական-հասարակական-երգիծական շաբաթաթերթը (ինն թիւ միայն):

Թարգմանած է Պորիս Փաստերնաքի («Տոքթոր Ժիվակօ»), Ռ. Սթիվենսոնի («Գանձերու կղզին»), Չարլզ Տիքենսի («Տէյվիտ Քափըրֆիլտ» (մանկութիւնը)), Ճոնաթան Սուիֆթի («Կիւլիվըրի Ճամբորդութիւնը»), Հաճսըն Պարնըթի («Փոքրիկ իշխանուհին»), եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններէն:

1998-ին պագեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:

Օգտագործած է հետեւեալ ծածկանունները. Ե. Նորենց, Աքլոր Եղբայր, Դաւիթ, Անարժան Դպիր, Գայլ Վահան, Շահան Մելիք-Շահինեան, Երանոսեան, Մաքսուտ:

Հրատարակուած են Կոպէլեանի հետեւեալ ստեղծագործութիւնները.

- «Երանի թէ», 1948:

- «Հայ տիկնոջ խոհանոցը» (Տ. Հեքիմեանի աշխատակցութեամբ), 1958։

- «Խճանկարներ», 1968:

- «Աշխարհի իններորդ հրաշալիքը», 1972:

- «Երազ չունեցող մարդիկ», 1984:

- «Արա Կիւլէրի ոսպնեակէն հայ գրողներ» (Սարգիս Սերովբեանի աշխատակցութեամբ), 1990։

- «Մենք անունը «Ծակ ծաղիկ» դրինք», 1991:

- «Հողով մկրտուածները», 1992:

- «Եօթն օրը հեղ մը» (քրոնիկներ), 1992 (հրատարակուած «Անարժան Դպիր» գրչանունով)։

- «Կեանքի լուսանցքէն», 1998, 2003:

Երուանդ Կոպէլեանի պատմուածքներէն ժողովածու մը թրքերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է «Արաս» հրատարակչատան կողմէ:

Մահացած է 2010 թուականի դեկտեմբերին եւ իր մարմինը ամփոփուած է Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունէն ներս:

***

Ներկայացնենք Կոպէլեանի գրութիւններէն հատուածներ:

Առաջինը՝ բանաստեղծութիւն մը, «Նամակ» վերնագիրը կրող.

Հորիզոնը կարմրեր էր,
բայց արեւը դեռ չէր ծագած
երբ ես ինկայ
պատերազմի դաշտին վրայ:
Մեր արիւնով ոռոգուեցան
արտը, այգին ու մրգաստան.
եկաւ գարուն ու ծառերը
կարմիր ծաղկեցան ամէնուրեք:

Մէկ քանի քար կանգնեցին
հրապարակի մը կեդրոնը
ու մէկ քանի բառ շարեցին
անունիս տակ:

Յետոյ բաժակներ բարձրացան
ի յարգանս իմ յիշատակին:
Բայց մեր տան օճախը մարեցաւ
նահատակի տղայ, ո՜րբ զաւակս:

Գարունը եկաւ կրկին,
ու ծառերը ճերմակ բացին
յետոյ տուին անուշահամ պտուղներ:
Բայց մեր տան օճախը կը մնայ մարած.
նահատակի տղայ, ո՜րբ զաւակս:

* «Սիրելու, սիրուելու եւ աննպատակ թափառելու մասին» վերանգիրը կրող գրութեան մէջ կը կարդանք.

- Ի՞նչ տարօրինակ տղայ ես, կ՚ըսեն բարեկամներ։ Ամենէն հաճելի նիւթերն անգամ քթէն բերնէն կը բերես ընթերցողին։ Սիրային պատմուածքներ կը գրես, մէջը համբոյր մը իսկ չկայ։ Այլեւս չենք կարդար քու գրածներդ։ Ինչո՞ւ այդպէս ես։ Կեանքը բնաւ անուշ ու հաճելի կողմեր չունի՞ քեզի համար։ Ինչո՞ւ այդքան մութ ակնոցով կը նայիս կեանքին։

Այսպէս կ՚ըսեն բոլորը։ Ակումբ կ՚երթամ, նոյն բանը․ ծանօթներ ու բարեկամներ նոյնպէս։ Գրութիւններս պարունակող թերթերը տուն տանելու կը քաշուիմ։ Քոյրերս կը կարդան, նոյն բանը կ՚ըսեն։ Հայրս կը կարդայ, երեսը կը կախէ։ Մայրս կը կարդայ, «այս տղան բաներ մը ունի» կ՚ըսէ։ Աւելի անկեղծ ընկերներ կը կարդան, բոլորովին տարբեր մեկնաբանութիւններ կ՚ընեն։ Ես մտիկ կ՚ընեմ անոնց բոլորն ալ։ Անշուշտ կարելի չէ բոլորին պատմել լոմ քի րիին  (խնդացող մարդ)պատմութիւնը։

Լոմ քի րիին պատմութիւնը դպրոցէն սորված էի։ Ուսուցչուհին պատմած էր օր մը լոմ քի րիին պատմութիւնը։

Սպա՞նիոյ մէջ էր թէ Ֆրանսայի -լաւ չեմ յիշեր- գնչուները երախայ մը կ՚առեւանգեն օր մը։ Այս գնչուները քաղաքէ քաղաք կը շրջին, լարախաղացութիւն ու աճպարարութիւն կ՚ընեն եղեր։ Երախային բերնին երկու կողմերը կը պատռեն այնպիսի ձեւով, որ մինչեւ ականջները հասնող իր մեծ բերնով, երախան, միշտ խնդացող մարդու մը պատրանքը կու տայ։ Այսպէս, գնչուները քաղաքէ քաղաք կը շրջին լարախաղացութիւն ու աճպարարութիւն ընելով, միեւնոյն ատեն ալ զայն ցուցադրելով ժողովուրդին՝ իբր մարդ մը, որ հակառակ ամէն տանջանքի ու տառապանքի, միշտ կը խնդայ։ Ու բեմին վրայ անլուր եւ աներեւակայելի տանջանքներու կ՚ենթարկեն տղան, որ միշտ կը խնդայ։ Ժողովուրդը, մեծապէս կը զուարճանայ, կը զարմանայ ու կը հիանայ։ Գնչուները շատ կը շահին ու տղան ալ մեծ համբաւ կը շահի եւ նշանաւոր կ՚ըլլայ իբր լոմ քի րի։

Ինչպէ՞ս կարելի է բոլորին ալ պատմել լոմ քի րիին պատմութիւնը։ Ես զայն դպրոցէն սորված էի։ Լոմ քի րիին պատմութիւնը փուշ փուշ ըրեր էր մեր մարմինը եւ ես քանի մը գիշեր երազիս մէջ տեսեր էի գնչուներու կողմէ գողցուած մանուկներ, որոնց բերաններուն երկու կողմերը կը պատռէին ու յետոյ ժողովուրդին կը ցուցադրէին իբր լոմ քի րի։

Այն ատենները, մեր ապրած կեանքն ալ ուրիշ էր, մեր երազներն ալ ուրիշ էին։ Տասնըհինգ տարիէ ի վեր գէթ անգամ մը իսկ լոմ քի րի մը չէ այցելած իմ երազներս։ Բայց անկէ շատ աւելի տխուր երազներ ունեցած են իմ աչքերս։ Անքուն գիշերներ ալ ունեցած եմ՝ լոմ քի րիին պատմութենէն շատ աւելի տխուր պատմութիւններ ապրելով։

Բայց ասոնց բոլորը կարելի՞ է պատմել դէմդ ելլողին։ Անշուշտ թէ ոչ։ Անոնք մէկ բան միայն գիտեն եւ ամէն անգամ որ զիս տեսնեն, մի՛շտ նոյն բանն է իրենց ըսելիքը․

- Ի՛նչ տարօրինակ տղայ ես դուն… ամենէն հաճելի նիւթերն անգամ քթէն բերնէն… «այս տղան բաներ մը ունի»… եւ այլն, եւ այլն։

Տարիները, մեր կեանքը կարճցնելէ ուրիշ ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին մեզի պէս մարդոց։ Ժամանակը, կեանքը, միջոցը, պայմանները, բոլորը ձեռք ձեռքի տուած արդէն սահմանած են իմ եւ իմ նմաններուս կեանքը, միօրինակ ու դասականացած պայմաններու տակ։ Ոչ մէկ նորութիւն, ո՛չ մէկ հետաքրքրական փոփոխութիւն։ Ամէն օր, նոյն ժամերուն ելիր, հագուէ, լուացուէ, սանտրուէ, եղանակին համեմատ՝ վերարկուդ քաշէ կամ առանց վերարկուի դուռը գոցէ ու գնա։ Նոյն ժամերուն գնա, նոյն ժամերուն վերադարձիր… խենթեցնող միօրինակութիւն մը։

… («Դէպի Լոյս», 11.03.1950):

* ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 17 յուլիս 1972-ին, 198-րդ թիւին «Րումէլի Հիսարի աւադական մատաղօրհնութիւնը. պատարագեց եւ քարոզեց Գեր. Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեան» վերանգիրին տակ կը գրէ.

Երէկ [16 յուլիս 1972] աւանդական տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան օրն էր Ռումէլի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ, ուր փութացած էին իրենց աղօթքի մրմունջը բերելու քաղաքին զանազան մասերէն հաւատացեալներ եւ հին ու նոր հիսարցիներ: Վոսփորի ափին կառուցուած այս գեղատեսիլ աղօթատեղին, մասնաւորաբար իր շուրջ խմբուած գիտակից թաղեցիներու համերաշխ գործակցութեամբ, կը յաջողի մշտավառ պահել իր ջահը, հակառակ նիւթական աննպաստ պայմաններուն եւ մերթ ընդ մերթ յայտնուող այլազան դժուարութիւններուն:

Թաղը այժմ օժտուած է նոր հովիւով մը յանձին Արժ. Գրիգոր Քհնյ. Սիլահլեանի: Ուշագրաւ է եւ սրտապնդիչ, տեսնել մանաւանդ թաղեցի խումբ մը երիտասարդներ, որոնք ո՛չ միայն նման հանդիսաւոր օրերու գործօն օժանդակները կ՚ըլլան տեղւոյն ժրաջան թաղային խորհուրդին եւ տիկնանց յանձնախումբին, այլ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւ յաճախ նախաձեռնարկ կ՚ըլլան գեղարուեստական ու մշակութային ձեռնարկներու:

Շարաթ առաւօտ, թաղին նոր հոգեւոր հովիւը ուխտի Պատարագ մատոյց իր քահանայացման ութերորդ տարեդարձին առթիւ, իսկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հսկումի եւ Եկեսցէի արարողութիւն, ինչպէս նաեւ մատաղցուներու զենում եւ աղօրհնութիւն, Գերշ. Տ. Ղեւոնդ Ս. Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ թաղին հոգեւոր հովիւին:

Կիրակի առաւօտեան Ս. Պատարագը եւս մատոյց ու քարոզեց Գերշ. Ղեւոնդ Սրբազան, առընթերակայութեամբ Արժ. S. Գրիգոր Քահանայի, իսկ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Բրշ. Վարուժան Տիրիէլ եւ Բրշ. Կարօ Թէրզեան աւագ սարկաւագները: Պատարագի երգեցողութիւնները Կոմիտասեան բազմաձայնով կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Տիար Նուպար Գարիպեանի: Պատարագիչ սրբազան հայրը օրուան տօնախմբութեան առթիւ խօսեցաւ իր ժողովրդական քարոզներէն մին, իսկ Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ սատարողներու եւ անոնց ննջեցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ: Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, թաղին Թադէոսեան վարժարանի սրահին մէջ՝ նախագահութեամբ Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոսի: Կը մասնակցէին թաղային խորհուրդի անդամները, հին ու նոր թաղեցիք:

Սրբազանին աղօթքէն վերջ, օրուան խօսնակ Պ. Վարուժան Քէօսէեան, հրաւիրեց թաղային խորհուրդի ատենադպիր Պ. Արայ Մ. Աբրահամեանը կարդալու տեղեկագիրը, որու ընթերցումէն վերջ սկսաւ հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը Ս. Թագաւոր երգչախումբէն Պ. Հայկ Ադամեանի երգած «Կենաց երգ»ով, որուն յաջորդեց Պ. Հրաչ Ասլանեանի «Կռունկ»ը: Ապա, Տքթ. Իգնատիոս Սարըասլան նախ յարգանքի արտայայտութիւն ունեցաւ թաղին նահապետ բանաստեղծից Գուրգէն Թրենցի յիշատակին եւ ապա արտասանեց իր քերթուածներէն մին՝ «Հողը»:

Խօսեցաւ նաեւ ուրիշ երիտասարդ մը Պ. Արսէն Ճանեան, որ յայտնեց, թէ միշտ կը խանդավառուի, երբ մարդիկ կը տեսնէ այսպէս խմբուած գեղեցիկ եւ բարի գործեր տեսնելու համար: Տիկ. Նելլի Ադամեան արտասանեց Կապուտիկետնի «Խօսք իմ որդուն»ը, որուն յաջորդեց Պ. Յովակիմ Չընարի մեներգը «Դու անմեղ ես»:

Հիւրերուն մէջ կը գտնուէր Լիբանանէն Պ. Մովսէս Այնթապլեան, որ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ է Այնճարի մէջ: Խանդավառօրէն արտայայ-տըւեցաւ իսթանպուլահայ կեանքի մասին եւ ըսաւ ,թէ Իսթանպլուլը ողնասիւնը կազմած է վերջին հարիւր տարիներու հայ մշակութային եւ իմացական կեանքին: Ս. Թագաւոր երգչախումբը ապա երգեց «Ով Մեծասքանչ»ը, որուն յաջորդեց Օր. Անի Էրանի մեներգը «Ով դու Գուսան»: Օր. Նատին Էօզքան արտասանեց Յ. Շիրազի «Հայերէն»ը, որմէ վերջ Պ. Յակոբ Գարագաշ մեներգեց «Մարտիկին երգը»: Յաջորդեց երգչախումբին «Իմ չինարի եարը», իսկ ապա յուզուած խօսքերով ծանօթ մտաւորական Վահրամ Չէրչեան, որ ճիշդ եօթանասուներկու տարի առաջ եղած էր հիսարցի եւ մաս կազմած թաղին ազգային եւ մշակութեային գործունէութեան, հաճոյքով ողջունեց այժմ հոն տիրող համերաշխութեան ոգին եւ գնահատեց թաղային խորհուրդի շինարար աշխատանքները:

Խօսեցաւ, ապա վաղեմի հիսարցիներէն Երուանդ Կոպէլեան, որ յուշեր պատմեց Թադէոսեան վարժարանի կեանքէն եւ ոգեկոչեց երբեմնի սիրելի դէմքերը, այս առթիւ երգելով նաեւ այն երգերէն մին, զոր սորված էր այդ սրահին մէջ իբրեւ աշակերտ գտնուած օրերուն, թաղին դպրապետ եւ վարժարանին երաժշտութեան ուսուցիչ Պ. Անտոն Լալէէն:

Տիկին Երանուհի Քէօսէեան բանաստեղծութիւն մը արտասանեց Պարոյյ Սեւակէն եւ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ նախագահ սրբազանին փակման խօսքով, որ եղաւ հաճելի զրոյց մը ներկաներուն հետ: Օրհնեց թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձախումբի աշխատաքները եւ քաջալերեց թաղին երիտասարդներն ալ իրենց ցոյց տուած այն իսկապէս գնահատելի նուիրումին համար:

* Յակոբ Այվազի հրատարակած «Քուլիս»ի թիւ 1024-ին մէջ, ապրիլ 1990, գրութիւն մը ունի, որ կոչած է՝ «Ընտանեկան ալպոմի մը պէս»: Կը կարդանք.

Նոր կատարուած ընթերցումներէ աւելի հետաքըրք-րական կ՚ըլլայ յաճախ թերթատումը հին հաւաքածոներու, մանաւանդ այն թերթերուն կամ հանդէսներուն, որոնց մէջ բան մըն ալ դուք ունիք ձեզմէ գրուած կամ տրուած, անմիջական հարեւանութեամբը ուրիշ աշխատակիցներու կամ թղթակիցներու, որոնք նմանապէս իրենց բաժինը բերած են, կամ ալ ուրիշ տեղէ մը հիւրընկալուած իբրեւ հարազատ, նոյն ազնիւ դիտաւորութիւններով, իւրաքանչիւր թիւով կազմելու համար կարելի եղած չափով բազմագունեան փունջ մը, գոյներու գեղեցկութեամբ եւ ակնահաճոյութեամբ:

Ամէն անգամ որ թերթ մը կը դարձնէք ու կը հանդիպիք ձեր ստորագրութեան, անբացատրելի մղում մը անպայման կ՚առաջնորդէ ձեզ նայելու նաեւ թուականին, որոնք երբեմն տարիներով կը բաժնեն ձեզ ներկայէն, երբեմն ալ տասնեակ տարիներով ու կը հարցնէք դուք ձեզի մերթ երանութեամբ ու յաճախ սակայն դառն ափսոսանքով. «Ուրեմն այդքան եղե՞ր է…»:

Ընտանեկան ալպոմներու կը նմանին արդարեւ այդ հաւաքածոները, որոնք թղթատելու ատեն մարդ անպայման աւաղանքը կը զգայ սրտին մէջ՝ անդարձ գացող ժամանակին, նաեւ անխուսափելիօրէն հետը տանելով հին ու նոր ծանօթներ, որոնցմէ ամէն մէկուն հետ ալ բաներ մը գացած կ՚ըլլայ կամ այլեւս անկորնչելիրէն մնացած:

Բնականաբար նոյն զգացումներն ու խոհերը կ՚ունենան նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ձեր դիրքին մէջ կը գտնուին. միայն անձերը կը փոխուին, երանութիւնը կամ ափսոսանքը բոյն կը դնեն տարբեր սրտերու եւ հոգիներու մէջ, յաճախանքը կ՚ըլլայ ձերինէն բոլորովին տարբեր յուշերու եւ ապրումներու, գուցէ մինչեւ իսկ ձեզի եւ ձերիններուն անծանօթ, բայց նոյն լարերը թրթռացնող, նոյն յուզումը բերող:

Կը նայիք հին նկարի մը, դուք մէջը գտնուիք կամ ոչ, կ՚երթաք մտքով՝ այդ նկարին առնուած օրերուն, ձեր երեւակայութեան պաստառին վրայ անոնց միջեւ կամ կողքին տեղ մըն ալ կու տաք դուք ձեզի՝ յարմարագոյն եւ ամենէն ցանկալի ձեւով: Ա՛լ փոխուած է այդ պատկերը, տարբեր բաներու մասին կը խօսի կարծէք, նոյնիսկ տակի կամ վրայ տողերուն մէջ գրուածները տարբեր կը կարդաք, աւելի ճիշդը՝ կ՚ուզէք, որ այդպէս ըլլար կամ այդպէս եղած ըլլար, յիշատակները կը թարմանան, իւրաքանչիւրին կապուած դէպք մը, պատահար մը կը վերակենդանանայ ձեր աչքերուն առջեւ, անոնցմէ ոմանք կ՚ուզէք սրբագրել, յաւերժացնել կամ բոլորովին ջնջել, փոթորիկ մը կ՚ալեկոծէ ձեր ներաշխարհը, կ՚ուզէք մէկ անոնց նայիլ ու մէկ ալ հայելիին, տարիները, տասնեակ տարիները իրարմէ հեռացած տեսնելով այդ քանի մը երկվայրկեանին մէջ, անհաւատաի անդրադարձով մը եւ անբացատրելի դառնութեամբ ու սրտի ճմլումով:

Երբեմն կ՚ուզէք փակել այդ հաւաքածոն, թղթատումը կէս ձգելով, բայց չէք կրնար, ձեր մատները կրկին կը դարձնեն ահա թերթերը մէկիկ մէկիկ, նոր յուզումներու, նոր վերապրումներու յանձնելու համար ձեզ, անխուսափելիօրէն:

Դէպքերէն եւ անցքերէն աւելի՝ անուններուն ու նկարներուն կը նայիք նման պարագաներու առհասարակ, յետոյ կը մտածէք անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին՝ տարբեր դէպքերու եւ անցքերու կապուած, լուսանկարներու պարագային՝ նոյնիսկ ուշադրութեամբ կը նայիք, թէ ով որու քով է եւ ով որուն աւելի մօտ, ով ուր կը գտնուի եւ ինչ եղած է հիմա: Աշխարհի ամենէն հռչակաւոր հեղինակին գլուխ-գործոցին անգամ առաջին ընթերցումը այդ յուզումը, այդ ապրումը չի կրնար տալ ձեզի, որովհետեւ առաջին հանդիպումի խորթութիւն մը, օտարութիւն մը պիտի դիմաւորէ ձեզ անպայման: Մինչդեռ հին հաւաքածոներ թղթատելը այդպէս չէ երբեք, քանի որ ամէն էջի կրնաք հանդիպիլ հին բարեկամի մը, ծանօթի մը, նաեւ դուք ձեզի: Եւ քանի հիննան այդ հաւաքածոները, քանի՜ նոր նոր տարիներ -ու հաւաքածոներ- մտնեն անոնց ու ձեր միջեւ, յուզումն ու թախիծը աւելի թանձր մշուշի մը պէս կը պատեն ձեր հոգին:

Անտարակոյս, սակայն, որ ամենադառն յուզումը այն է, զոր կ՚ունենաք հաւաքածոյի մը վերջին հատորով, եթէ գիտնաք, թէ այլեւս նոր մը պիտի չգայ աւելնալ անոր վրայ, այլեւս վերջացած է ամէն ինչ՝ գերեզմանի մը վրայ դրուած տապանաքարի նման:

Մենք, ամէն անգամ որ «Քուլիս»ի հաւաքածոները կը թղթատենք, կ՚ապրինք այդ դառն ու քաղցր յուզումներուն տեսակը: Սակայն, դարձեալ ասիկա տարբեր երջանկութիւն մը կու տայ մեզի, տեսնելով, գիտնալով ու վստահ ըլլալով, որ միշտ նորանոր հաւաքածոներ պիտի յաջորդեն իրարու (էջ 3-4):

* «Այգ»ի մէջ Աքլոր Եղբայր ծածկանունով գրուած հետեւեալ կատակ եւ կսմիթ գրութիւնը կը կարդանք.

Վերջերս, ամերիկեան համալսարանի մը հոգեբանութեան դասախօսները երկարապատում փորձերու ձեռնարկեր են, հասկնալու համար շան մը կարողութիւնները:

Եւ շուները իրենց երեսին ճերմակովը դուրս ելեր են այս գործէն, որովհետեւ գիտնականները հաստատեր են, թէ «շունը իր տիրոջ միտքը կը հասկնայ»:

Բայց երբ շուներու հաշւոյն յաղթանակ մըն է այս արդիւնքը, մարդոց ի՞նչ պէտք է ըսել, երբ երկուքը իրարու միտք չեն հասկնար: Կ՚երեւի անպայման մէկը շուն ըլլալու է, որ դէմինը հասկնայ: Իսկ երբ շունշանորդի ըլլայ, այն ատեն դէմինն ալ կը հասկնայ, բայց… բանը բանէն անցնելէ վերջ («Այգ», Ա. տարի, թիւ 245, շաբաթ 12 դեկտեմբեր 1953, էջ 3):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025