ԱՇՈՏ ՄԱՏԱԹԵԱՆ (1882 - 1965)

Անցեալ շաբաթ ներկայացուցինք Աշոտ Մատաթեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մատաթեանի գրութիւններէն հատուածներ:

Նախքան այդ սակայն, պիտի ներկայացնենք նաեւ Լիլի Գօչի՝ «Հերոս պատերազմիկը՝ Աշոտ Մատաթեան» եւ Յակոբ Այվազի՝ «Դագաղիդ ետեւէն» գրութիւնները, գրուած Մատաթեանի մահուան կապակցութեամբ: Կարդանք Լիլի Գօչի գրութիւնը.

* «Ամէն առաւօտ երբ ողջունեմ նորածագ արեգակին ճաճանչագեղ լոյսը, առաջին մտածումս կ՚ըլլայ աչքերս յառել բնութեան հիանալի պատկերներուն եւ թոյլ տալ, որ անոնք հմայեն ու յուսադրեն էութիւնս եւ երբ ճամբուս վրայ պատահիմ կանաչազարդ ծառերու, գունավառ ծաղիկներու, բարձրաբերձ լեռներու, ամեհի ծովերու հոյակապ համադրութեան՝ գորովագին ակնարկով մը կը սիրեմ պարուրել շնչող ու ապրող աշխարհին այս կախարդող հրաշալիքները մրմնջելով.

Քեզմէ ոչ մէկ վնաս կու գայ ինձ, ո՛վ մեծ բնութիւն, ոչ հաստաբուն ծառը կը մտածէ երբեք իր զանգուածային ծանրութեամբ զգետնել զիս, ոչ նազելաշուք ծաղիկները կը բաղձան խոցել վիրաւոր հոգիս, ոչ դարաւոր լեռը կը նկրտի ճզմել ճղճիմ գոյութիւնս եւ ոչ ալ ամեհի ծովը կը փորձէ խեղդամահ դարձնել զիս իր ջուրերուն խորը… այլ կայ ստեղծագործութեան այն միւս երեսակը, այն՝ որ միտք ունի, սիրտ եւ զգացում կը կրէ ու իբր ամենակատարեալ էակ ըլլալով եկած է աշխարհ: ՄԱ՜ՐԴԸ, ահա՛, ան է որ իր բռունցքով պիտի ճզմէ, իր սադրանքներով պիտի զգետնէ, իր անարդարութեամբ պիտի խոցէ, եւ ամենայն անխղճութեամբ կաթիլ մը ջուրի մէջ պիտի խեղդէ քեզ՝ ամէն օր, ամէն ժամ, կեանքիդ ամբողջ տեւողութեամբ…»:

Այսպէս խօսեր էր Մելփոմէնի տաճարին անվհատ երկրպագուն. վաստակաւոր դերուսոյց-բեմադրիչ՝ Աշոտ Մատաթեան 1950-ական թուականներուն, Ազգ. Հիւանդանոցը՝ հանդիպումի մը ընթացքին: Այն տարիներուն դեռ առոյգ էր նա: Իր անհատականութիւնն ու անյողդողդ կամքը անխորտակելի կաղնին կը յիշեցնէին, հպարտ կեցուածքը՝ սեպ լեռները եւ ալեհեր գլուխը՝ անոնց վրայ թառած ձիւնը երեւակայել կու տային մինչ իր փորձ արուեստագէտի էութիւնը կը պարփակէր ամեհի ծովերու տարողութեամբ պաշար ու հմտութիւն:

Հաճութեամբ ունկնդրած էի խօսքերդ եւ արդարացի գտած զանոնք: Հէ՛ք վարպետ, բոլոր փիլիսոփայական տեսութիւններդ միշտ տեղին եւ իրաւացի էին արդարեւ:

Արուեստն ու գրականութիւնը որոնք միեւնոյն ճամբէն կ՚ընթանային քեզի հետ, իրենց բռնկումներով կը գունաւորէին տմոյն կեանքիդ հիւանդագին օրերը: Մերթ յուզիչ ու վիպական, մերթ կծու եւ հեգնական ու յաճախ խայթող կատակաբանութեամբդ կը զեղուր գրիչդ, ինչո՛ւ չըսել արուեստագէտի վրձինդ՝ զոր կը թաթխէիր կեանքի երանգապնակին մէջ հաւասար ճկունութեամբ:

Վերջապէս սպառեցան երանգապնակիդ գոյները, մաշեցան գործածուելով վրձինիդ թելերը եւ դո՛ւն, տխուր ու յուսահատ հարկադրուեցար ապաստան փնտռել Հիւանդանոցին անարեւ մթնոլորտին մէջ, մնացեալ օրերդ քարշ տալու անոր ցաւոտ երդիքին տակ եւ անգամ մըն ալ դուրս չելլելու համար հոնկէ:

Այնտեղ վստահ եմ, ատեցիր կեանքը, այն կեանքը որ դոյզն փառքի, պատիւի կամ նիւթական մի քիչ բարօր պահերու առընթեր չմոռցաւ նաեւ դառնութեան բաժակը այնքան նենգօրէն երկարել շրթներուդ պարտադրելով քեզ, որ խմես անյագօրէն ու անկուշտ անոր ժահրոտ պարունակութիւնը…:

Այսպէս, մարդէն եկաւ ամէն ապերախտութիւն, անտարբերութիւն, ժլատութիւն ու չարիք, ինչպէս դուն նախատեսած էիր արդէն, եւ այս բոլորը թունաւոր նետի մը նման խոցեցին զգայուն սիրտդ, ծակծկեցին ու արիւնեցին արուեստագէտի փափուկ հոգիդ…:

Դժբախտ վարպետ, գլուխդ ծռած ճակատագրին տնօրինութեան, Սոկրատի նման ստոյիկեան քաջութեամբ ըմպեցիր զայն ցմրուր, առանց որ գանգատ մը արտաբերէին դալկահար շրթներդ, ըմպեցիր մերթ՝ լիահագագ քրքիջներով, մերթ՝ հեգնախառն հեկեկանքներով, մերթ՝ դառնագին արցունքներով, մինչեւ որ անիծեալ բաժակը ինկաւ դողդոջուն ձեռքէդ երթալ անաղմուկ փշրուելու վերջին շունչիդ հետ…

***

Եւ հիմա, տխուր պատկեր մը կայ դէմս: Հիւանդանոցի մը ցուրտ անկողինը եւ անոր մէջ նոյնքան ցուրտ, սառնացած, ալեհեր գոյութիւն մը: Վերմակին թողած բացութենէն կը նշմարեմ մեռեալին գիշերազգեստին օձիքը՝ կանոնաւոր գիծերով եւ ամուր կոճկուած: Ինչո՞ւ այս պատրաստութիւնը, կը խորհիմ թախիծով, ինչո՞ւ եւ որու համար արդեօք… անգութ մահուան այցելութիւնը անթերի սարքով կամ պաշտօնակա՞ն կարեւորութեամբ դիմաւորելու թէ ոչ ըսել տալու. «Ահա՛, արուեստի մարդը որ իր համազգեստին մէջ հպարտ պատերազմիկի մը նման կոճկուած, պատնէշին վրայ մեռնիլ գիտէ ի հարկին» եւ կամ «մի՛ կարծէք թէ կեանքի պայքարը կորսնցուցած, պարտուած մը ըլլայ ան երբեք, այլ ճիշդ հակառակը, այդ պայքարը իր անձնական փորձառութեամբ, համոզումներովը եւ անյողդողդ կամքովը արդարցիօրէն շահած ՀԵՐՈՍ ՄԱՐԴ մը՝ որու երեւութապէս սառած կուրծքին տակ, յաւէտ կենդանի ըլլալով պիտի ապրի արուեստի անշէջ, անբռնաբարելի հուրը…» («Քուլիս», 19-րդ տարի, 16 մայիս 1965, թիւ 10, Իսթանպուլ, էջ 3-4):

Իսկ հիմա՝ Յակոբ Այվազինը.

* Այո սիրելի վարպետ, մահը վերջապէս զգետնեց քեզի պէս անկաշառ, աննկուն եւ ժայռի մը չափ տոկուն մարդն ալ:

Դուն որ բեմի սիրոյն ո՛չ մէկ արգելք ճանչցար, տարիներու բեռան տակ կքած ուսերուդ առանց անդրադառնալու, ձիւնածածկ գլխուդ մէջ դրոշմուած պահեցիր արուեստին անթիւ, անհամար գեղեցկութիւնները:

Դուն որ ո՛չ մէկ անիրաւութեան, կեղծիքի, շողոքորթութեան հանդուրժեցիր: Դուն որ բոլոր կեանքի ընթացքիդ եւ ոչ մէկուն (նոյնիսկ գլխաւոր դերակատարներուդ) գլուխ ծռեցիր, այսօր՝ գլխահակ, առանց ըմբոստանալու, առանց խստապահանջ ըլլալու, վերջին քունը կը քնանաս սա փոքր դագաղիդ մէջ: Ձայն չես հաներ հիմա այլեւս քեզի եղած անիրաւութիւններուն, տառապանքներուն եւ զրկանքներուն դէմ:

Քաջ գիտես, թէ հիմա այլեւս օգուտ չունին եւ ոչ մէկ խօսք: Համակերպած քեզի տնօրինուած ճակատագրիդ, կը ննջես դագաղիդ մէջ հանգիստ, որը երբեք չունեցար կեանքի ընթացքիդ, եւ շուրջդ բոլորուած աշակերտներուդ կը մրմնջես շատ մեղմօրէն.

- Ինչո՞ւ այսօր միայն: Ո՜ւր էիք ցարդ, ինչո՞ւ չփնտռեցիք զիս, երբ հիւանդանոց կը գտնուէի: Արուեստագէտի մը համար միայն հացը չէ կարեւոր: Տարիներով ձեզի համար մաշեցուցած սիրտս տակաւ սպառեցաւ: Բեմին վրայ քալելը, խօսիլը, նիստ ու կացը սորվեցուցի ձեզի, փոխարէն ի՞նչ տուիք ինծի: Պուտ մը մեղրի փոխարէն ափ մը թոյն: Երկու օրուան մէջ դերասան, ամսուան մը մէջ ալ դերասանապետ դարձաք: Առաջին ձեր դողդոջ քայլերուն ձեր ձեռքէն բռնեցի, որպէսզի չգլորիք, սակայն հազիւ թէ քալել սկսաք, լքեցիք զիս ու հեռացաք…:

Հիմա ինչո՞ւ կու լաք: Եթէ իսկապէս կը սիրէք զիս, մի լքէք բեմը եւ ջանացէք ճամբէս ընթանալ: Յիշեցէք զիս, եւ ամէն անգամ որ բացուին ձեր բեմի վարագոյրները, մի՛ մոռնաք այս ալեհեր ծերունին, որ կարելին ըրաւ ձեր յաջողութեան համար: Մնաք բարեաւ սիրելիներ:

Երթաս բարով մեր մէկ հատիկ վարպետը. քաջ կը ճանչնամ քու հոգիդ, որ ամբողջ կեանքի տեւողութեանդ ներեցիր քեզի դէմ գլուխ ցցողները: Վստահ եմ ներելով կը բաժնուիս դարձեալ մեզմէ:

Հողդ թեթեւ գայ վրադ անգին վարպետ («Քուլիս», 19-րդ տարի, 16 մայիս 1965, թիւ 10, Իսթանպուլ, էջ 4):

***

Իսկ հիմա, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Աշոտ Մատաթեանէն մի քանի մտածումներ եւ ապա «Հանգանակս» գրութիւնը: Այսպէս.

* Արուեստը շօշափելի առարկայ չէ. աստուած մըն է ան եւ կարելի է տեսնել հոգիի աչքերով: Երանի այն արուեստագէտին, որ կը յաջողի արուեստը տեսանելի եւ զգալի դարձնել: 

* Բնութիւնը գեղեցիկ է. բայց հրաշագեղ կը դառնայ, երբ արուեստին ճառագայթներուն տակ կ՚իյնայ: 

* Արուեստագէտին թողած տպաւորութիւնը անկեղծ չէ անպայմանօրէն: Յաճախ կեղծ ադամանդը աւելի շլացուցիչ է տգէտին համար: 

* Այն որ արուեստի գործ մը կու տայ՝ հոգիներու աշխարհ մը գրաւած կ՚ըլլայ:

* Արուեստի բազմաճիւղ մեկնաբանութիւններ կան. բայց անոնք բոլորն ալ կու գան միանալ անոր գեղեցկութեան վրայ: 

* Ամէն մարդու ներսին մէջ արուեստի հունտ գոյութիւն ունի: Կա՛ն որ բողբոջած են եւ կան որ թանձր խաւի մը տակ մահացած: Մեծագործ է այն արուեստագէտը, որ կրնայ այդ Ղազարոսին յարութիւն տալ: 

* Անօգուտ ճիգ է, երբ կը փորձեն արուեստը տարազաւորել եւ սահմանաւորել: Արուեստը ըմբռնումի մը ներհայեցողական եւ ներզգացական հրաշալիքն է: Հազուագիւտ են այն մարդիկը՝ որոնք այդ հրաշքով կ՚ապրին ու կը վերանան: 

* Սիրտը յուզում կը մուրայ, միտքը դատումի կը կարօտի. այդ երկուքին ալ ամենաազնիւը կարելի է գտնել աշխարհի մէջ: 

* Արուեստին շնորհած հոգեկան տառապանքը մեծագոյն հաճոյքն է արուեստագէտին:

* Հեռու մնացէ՛ք բեմական անթիւ անհամար սադրանքներէն:

* Սիրէ բեմը ինչպէս անձդ: Բեմը կ՚ազնուացնէ բոլոր հոգիները: Մեր կեանքի հայելին միշտ պիտի երեւի բեմին վրայ: 

* Թատրոնը՝ հաճոյքին քով մեզի կու տայ նաեւ բարոյականը եթէ սակայն, տեսնելու կարող աչքեր ունինք:

* Լաւ է խաղալ փոքր դեր մը, փոխանակ մեռցնելու մեծ դեր մը եւ մեռնելու մեծ դերի մը մէջ:

* Դերասանը այն է, որ խնդացուցած ատեն կու լայ, լացուցած ատեն կը խնդայ:

* Ոչ մէկ սէր բեմին չափ առինքնող է:

***

«Հանգանակս» գրութիւնը.

* Արուեստս… արուեստագէտ… թատրոն…:

Այս բառերը հասած էին ականջիս, երբ տակաւին տղայ էին:

Առաջները, անոնք գործածուած բառերէն էին այն երեւակայական առասպելներուն, զորս մամիկները կը պատմէին մանուկներուն: Բայց յետոյ անոնք եղան իմ պատանեկան նորածին հրճուանքներուս եւ քուն ցնորքներուս լուսաշող առարկաները, որոնց առջեւ հոգիս կը ծնրադրէր հիացիկ եւ հրճուանքով տոգորուն:

Պատանութի՛ւն… մարդկային կեանքին այն թարմաւուն շրջանն, ուր ծայր կ՚առնէ հեշտօրօր երազանքներու շարքը: Ուր երեւակայութիւնը կ՚արշալուսէ, ուր անհաստատ մտքեր կը մակընթացին, ուր անմեկնելի յոյզեր կ՚ալեծեփին: Երբ կը դառնայ կեանքի շրջանակը եւ կը հասնի երիտասարդական շրջանը, այնտեղ արդէն կը սկսին հետզհետէ ցնորքները կերպարանափոխուիլ, միտքերը ձեւաւորուիլ եւ զգացումները զտուելու հակամէտ դառնալ:

Պէրպէրեան ուսումնարանին մէջ, ես աւելի շատ ուշադիր էի Շէյքսփիրի եւ Քօրնէյի գործերուն ու Ադամեանի կեանքին, քան որեւէ քիմիագէտ ուսուցիչի անզգայ բացատրութիւններուն կամ չափական գիտութեան հրահանգներուն: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, ըլլա՛յ վիշտի ժամերուս կամ ըլլա՛յ վիշտի րոպէներուս, ի՛նչ գեղեցիկ տպաւորութիւններ եմ ստացեր թատրոնէն: Ամէն անգամ որ հարկ է եղեր նայիլ դէպի ետ, դէպի անցած ճանապարհիս, ես ակնածանքով եմ յիշեր այն բոլորը, ինչ որ տուեր են ինծի թատրոնն ու արուեստը: Ես շատ պարտական եմ անոր որպէս պատիւի եւ զգացումի մարդ, որպէս մտածող եւ նմանը սիրող մարդ, որպէս հաւատաւոր բարեպաշտ: Բայց… եղաւ ժամանակ մը, երբ տեսայ ա՛յն կեանքը եւս, որ կը թաւալի բեմին կռնակը: Տեսայ թատրոնական շլացուցիչ կեանքին սեւ արատները. տեսայ քստմնելի նենգերն ու չար նախանձի ճղճիմ պայքարները, որոնք կը մղուին բեմական գործիչներու միջեւ՝ բարձրացման սանդխամատերուն վրայ, տեսայ թոյները, որոնց մէջ թաթխուած են պայքարողներու ժանիքը, տեսայ, թէ փոքրոգիներու ահաւոր խումբ մը կայ, որ իր դաւանած արուեստին պէս ազնիւ ու անշահախնդիր չէ: Այն ատեն խաւարեցաւ թատրոնի արեւափառ փայլը, որմէ քանի՜ քանի՜ տարիներ շլացած էին աչքս ու հոգիս. կարծես ան կորսնցուց ինծի համար իր նախկին հմայքը:

Քուրմերու անբարոյութիւնը պատճառ եղած էր, որ ես խաբկանք նկատէի բագինը: Անբնական չէր աս: Իմ կազմաւորման շրջանիս կարելի՞ էր, որ տարբեր համոզումի մը յանգէի: Ամենաջերմ հաւատաւորն անգամ երբ օրէ օր կը գիտակցի կեանքի գիտութեան, երբ վատ առաջնորդներու ցուցմունքներով կը սկսի թափանցել կրօնական վարդապետութիւններու էութեան, անպայման կը կորսնցնէ հաւատքը դէպի Աստուած: Այն, որ երիտասարդ հասակին մէջ կը դաւանինք որպէս նուիրականութիւն, կեանքի հասուն շրջանին ընդհանրապէս կը համարուի գեղեցիկ, բայց անօգուտ առասպել: Կեանքի մէջ կայ տեղ մը, ուր աննշան հոգերն անգամ շատ կարեւոր կը թուին եւ կը պարուրեն մարդուն բոլոր էութիւնը. «գործնական մարդ»ուն համար՝ ապրիլ՝ կը նշանակէ չմտածել, հոգեկան, զգայական իտէալներու մասին, որոնք նիւթական աշխարհի պարունակէն դուրս կը մնան: Սակայն կ՚անցնի այդ շրջանն ալ:

Երբ մարդը կը զգայ, թէ այլեւս յոգնած է, այն ատեն կը հասկնայ եւ կը խոստովանի, որ այդ շատ կարեւոր կարծուած հոգերը այնքան ալ կարեւոր չեն եղեր: Անոր հոգին դարձեալ կը ձգտի դէպի անյայտ ոլորտները, կ՚որոնէ Աստուած մը իրմէ վեր, իր շուրջը եւ իր մէջ, կը ցանկայ յարաբերիլ անոր հետ, մէկ խօսքով, կրօն մը կը փնտռէ: Հաւատաւորութենէ դէպի անհաւատութիւն, եւ անհաւատութենէ դէպի հաւատաւորութիւն երթի ու դարձի այդ հոգեկան դրութիւնը ես ունեցեր եմ թատրոնի վերաբերմամբ:

Իմ հոգեկան ու մտական զարգացումի շրջանին. բարիին եւ չարին միջեւ մղուած մշտական ու միջմարդկային պայքարը՝ ինծի համար ո՛չ ողբերգութիւն էր եւ ո՛չ ալ կատակերգութիւն, այլ անպէտ ու անիմաստ ստորնութիւն մը:

Բոլոր եղերական ու ծիծաղելի պատահարները, որոնք կը կազմեն մարդկային կեանքը, իրենց բովանդակութեան մէջ, ես կը համարէի կոպիտ, անտաշ թատերախաղ մը, որուն դերակատարներն էին դաժան հոգիով եւ նուրբ կրթութենէ զուրկ անընդունակ դերասաններ, որոնք մէկդի թողլով ազնուութիւնը, կը վազէին փառքի ետեւէ։ Եւ, այսպէսով կը դառնային անոնք ծիծաղելի եւ յաճախ արգահատելի իրենց սնոտի մեծութեան մէջ: Չգտայ երջանկութիւն ո՛չ մէկ բանի մէջ, ո՛չ գիտութեան, ո՛չ քաղաքականութեան, ո՛չ ցուցամոլ բարերարութեան, ո՛չ հայրենասիրութեան, ո՛չ սէրի, ո՛չ անուրջներու եւ ո՛չ ալ կրօններու մէջ՝ հակառակ մարգարէներու խոստումին ու հաւատքին:

Այս բոլորը հասկնալէ յետոյ երբ հասայ այն եզրակացութեան, որ աշխարհը անհորիզոն թատերաբեմ մըն է եւ կեանքը անվախճան թատերախաղ, կրկին արթնցաւ իմ մէջ թատրոնի եւ արուեստի թմրած հաւատքը, այս անգամ աւելի՛ առոյգ, աւելի՛ անխոցելի, անայլայլ եւ անմահ: Այն ատեն միայն կարող եղայ ուղիղ կերպով դատել ու գնահատել թատրոնին ու արուեստին գերադիր արժէքը:

Առանց խտրականութեան քննելով թատերական ստեղծագործութիւններ եւ թատրոնը իր բոլոր երեսակներով, թատրոնը որ կ՚ամոքէ ու կը մխիթարէ, վիշտերու եւ խինդերու թատրոնը, որոնումներու եւ յղացումներու թատրոնը, մտաւոր եւ հոգեւոր թատրոնը, հաւատացի որ անիկա հոյակերտ այն տաճարն է, ուր բոլոր ազգերը եղբայրանալով կարող են աղօթել աստուածի մը կամ աստուածներու:

Եւ այսպէս թատրոնը, եւ անոր հետ գեղարուեստը, հեռու կը մնան ազգայնականութեան մոլուցքէն, չեն ճանչնար ժամանակ եւ արտակեդրոն որեւէ ուժ, անոր համար խորթ են ամէն յետին նպատակ եւ անազնիւ կիրք, որոնք կրնան սեւացնել մարդու հոգին: Մեզի համար տակաւին կ՚ապրին ու մենէ յետոյ պիտի ապրին Սոփոկլէս ու Արիսթոֆան, Շէյքսփիր ու Քօրնէյ, Կոլտոնի եւ Մոլիէռ:

Կասկած չկայ, թատրոնը տաճար է եւ այդ տաճարին կրօնը համաստուածութիւնն է, իսկ անոր քուրմերն ու պաշտօնակատարները ամէն անոնք, որոնք հաւատացողներ են, անոնք, որոնք գիտեն վեհօրէն անցնիլ տանջանքի բովէն, համբերել նեղութիւններու եւ ոտնատակ ընել մոլորումները: Ես կերտեցի հոգիիս մէջ այն աշխարհը, սիրեցի թատրոնը աւելի ուժեղ ու գիտակից սիրով. սիրեցի՝ ո՛չ թէ իբրեւ ժամանակաւոր հրճուանքի եւ վայելքի աղբիւր, այլ միակ միջոցը կարենալ ապրելու որպէս զգացումի եւ բարոյականի մարդ:

Թատրոնի բոլոր մռայլները, որոնք դառնացուցեր էին իմ հոգիս, շատ չնչին երեւացին՝ համեմատելով անոր իրական լուսաւորութեան եւ մեծութեան հետ: Խորանալով թատրոնէ ներս եւ այնտեղ ճանչնալու այն զգացումները, որոնք կը բռնադատեն կամազուրկ մարդը ամենէն ստոր արարքներու, ծանօթացայ եւ այն գեղեցիկ ձգտումներուն, որոնցմով մարդը կը վսեմանայ: Այսպէս, հոգիս լայնցաւ եւ փափկացաւ, սորվեցայ սիրել մարդկութիւնը եւ ներողամիտ ըլլալ ամէն չարիքի:

Հիմա, ըլլայ տարակուսանքի օրերուս, ըլլայ ճակատագրական մտահոգութիւններու օրերուս, երբ վհատելու վտանգին մէջ եմ, ամբողջ էութիւնովս կը դիմեմ զօրեղ, ճշմարիտ, ամենակարող եւ անկախ թատրոնին, այնտեղ կը գտնեմ վստահութիւն եւ սփոփանք:

Պիտի գայ օր, ուր բոլոր ազգերը միանալով այդ ընդհանրական աղօթարանի երդիքին տակ, մարդկութիւնը պիտի ըլլայ վսեմ, գեղեցիկ ու սիրող:

Ահա իմ հաւատքի հանգանակս:

***

Ուրիշ տեղ մը կը կարդանք.

Կ՚ենթադրեմ, հասկնալի եղաւ որ ամէն բանէ վեր Արուեստագէտն է կարեւորը: 

Ինչո՞ւ մեր թատրոնը չունեցաւ: 

Մեր մէջ թատերական արուեստին յարողներուն մեղադրելի ինքնահաւանութիւնը եւ շուտով աչքի իյնալու բնական տենչը ունենալով հանդերձ իրենց վնասակար դերը, գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ թատրոնի ղեկավարներուն վրայ: Զանազան հաշիւներով եւ նկատումներով, կամ նոյնիսկ կողմնապահութիւնով՝ պատասխանատու եւ կեդրոնական դերերը կը յանձնուին նորամուտներու, որոնք տակաւին բեմական արուեստին տարրական պայմաններուն իսկ վարժութիւնը չունին: Ամէն ասպարէզի, մանաւանդ գեղարուեստի մարզին մէջ ժամանակը եւ փորձառութիւնը ամենաանհրաժեշտ պայմաններն են: Բեմին տախտակները տեղ չեն ուզեր տալ նորավարժին, ինչպէս ձին՝ որ չ՚ախորժիր համբակ մը կրել իր քամակին վրայ: Տարիներ ու տարիներ պէտք են եփելու համար գեղարուեստի կաթսային մէջ՝ անկէ կարենալ դուրս գալու համար որպէս հասունցած եւ գիտակից դերասան. այն ալ՝ եթէ երբեք ընդունակ է եփելու: Մենք կրթութիւնով, մեր մտած ասպարէզի պայմաններուն եւ պահանջներուն անգիտակ ենք եւ մանուկ՝ որ չենք կրնար որոշել իսկ, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ մեր առաջին քայլերու շրջանին պատասխանատու դեր կը տրուի մեզի: Եւ ահա անմիջապէս մեր մէջ կը սկսի արմատ ձգել ինքնահաւանութիւնը եւ կատարելագործուած ըլլալու հաւատքը:

Երբ բոլոր առաջադէմ երկիրներու մէջ թատերական արուեստանոցը (Conservatoire) աւարտողներ հարկադիր կերպով վարժութեան շրջան մը կ՚անցընեն, շա՛տ դիւրին է հասկնալ, թէ ի՞նչ արդիւնք կրնայ տալ մեր մէջ այն հակառակ ուղղութիւնը՝ որուն ակնարկեցի վերը:

Ուրիշ պատճառ մըն ալ:

Երեւոյթէն դատելով, մեր բեմական մարզիչները աւելի եւս կարեւորութիւն կու տան թատերախաղի մը արտաքինին՝ քան անոր խորքին. ըսել կ՚ուզենք հեղինակութեան հոգեբանական, իմաստասիրական կամ ընկերային էութեան՝ որ բուն նպատակը եղած է հեղինակին: Մեր թատրոնը վերլուծական չէ, մեր թատրոնը կրթարան չէ եւ քիչ անգամ հոգիներու սփոփիչը:

Սորվի՛լ, նորէ՛ն սորվիլ, մի՛շտ սորվիլ: Եւ մշտականօրէն սորվելով՝ տակաւին սորված չըլլալու համոզումն ու գիտակցութիւնը ունենալ. գիտնա՛լ՝ որ գեղարուեստը սահման չունի, գիտնա՛լ՝ որ անոր մէն մի հանգրուանը մեկնակէտ մըն է: Այս նկարագիրէն զուրկ ենք դժբախտաբար. իսկ այդ զրկանքը պատճառներէն մէ՛կն է՝ մեր արուեստագէտի սովին…:

***

Ուրիշ տեղ մըն ալ կը կարդանք դարձեալ.

* …Այսպէս ուրեմն, Արուեստը եղած է քաղաքակրթութեան լաւազոյն ազգակ, եւ արուեստագէտը կարեւոր գործադրող մը: 

Արուեստին եւ արուեստագիտութեան սահմաններուն այս մանրանկարը տալէ յետոյ, շա՛տ տեղին պիտի ըլլար մանրամասնօրէն քննութեան ենթարկելով հասկնալու թէ՝ մեր բեմական աշխատաւորներուն Արուեստի մասին ըմբռնումը համապատասխա՞ն է Արուեստի էութեան, եւ թէ՝ անոնք իրաւունք շահա՞ծ են արուեստագէտի տիտղոսը կրելու:

Գլխաւոր հարցը ա՛յն չէ՝ որ Արուեստի գործադրութեան աստիճանը ի՛նչ է եւ ո՛րչափ՝ արուեստագէտին արտայայտելու կարողութիւնը. ամենէն կարեւորը՝ սկզբունքը եւ տեսաբանութիւնն է: Վերելքը եւ կատարելագործումը կապուած է աշխատանքի, ժամանակի եւ ձիրքի: 

Ներկայիս՝ երեւոյթները եւ իրողութիւնը ո՛չ մէկ հաւաստիք չեն տար մեզի՝ տարաբաղդաբար մեր երիտասարդ եւ տակաւին տոկալու կարող տարրերուն հիմնական սկզբունքին մասին: Կարելի չէ ճշդել, թէ ի՞նչ է անոնց համար Արուեստը եւ արուեստագիտութիւնը: Երեւոյթէն դատել եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է ըսել, որ անոնց համար Արուեստը միմոսութեան կամ ողբերգական կացութիւններ ստեղծելու միջոց մըն է, եւ արուեստագիտութիւնը՝ հաճոյքի եւ ինքնացուցումի ասպարէզ մը: 

Կ՚ուզեմ հաւատալ, որ կան մէկ քանիներ, որոնք Արուեստը կ՚ըմբռնեն ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ է. բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ չեն կարող իրենց հոգին ներշնչել իրենց ընկերակիցներուն: 

Վերջապէս, իմ համոզումը ա՛յն է, որ եթէ ամէնքն ալ կարենային հասկնալ Արուեստին էութիւնը եւ անոր պարտադրութիւնները, կամ պիտի ունենայինք շատ նախանձելի թատրոնական Արուեստի պալատ մը եւ կամ բնաւ չպիտի ունենայինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 24, 2026