ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱԳԻՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՄԷՋ - ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՒԻ ՈՍԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻԻ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՖԸԼ ՎԱՆ ՏԷՅՔԻ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ
Հայ մշակութային յիշողութեան մէջ կան իրողութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն անցեալին արձանագրուած իրադարձութեամբ, այլ դարերու ընթացքին կը շարունակեն խօսիլ, կապեր հաստատել ժողովուրդներու միջեւ եւ նոր իմաստներ ստանալ ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Այդպիսի դրուագներէն մէկն է հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութիւնը՝ 1666 թուականին, Ամսթերտամի մէջ, որուն շուրջ այսօր կը ձեւաւորուի նոր մշակութային ձեռնարկ մը։ 2026 թուականին այդ իրադարձութեան նուիրուած յուշարձան մը պիտի տեղադրուի Ամսթերտամի կեդրոնին։
Ամսերթտամ գործող «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հիմնադրամ»ին խորհուրդը օրերս հանրութեան տեղեկացուց այս նախաձեռնութեան վերջին զարգացումներուն մասին։ Մարտ ամսուան վերջին հիմնադրամը յայտարարած էր դրամահաւաք մը, որուն միջոցով իրականութիւն պիտի դառնար հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչին նուիրուած յուշարձանի տեղադրումը։ Նախաձեռնութիւնը անմիջապէս լայն արձագանգ գտած է ո՛չ միայն Հոլանտայի մէջ ապրող հայ համայնքին, այլ նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ բնակուող շատ-շատերուն քով։
Նախատեսուած յուշարձանը մարմնաւորած է երկու պատմական դէմքերու՝ հայ եկեղեցական մեծ գործիչ, տպագրիչ Ոսկան Երեւանցիին եւ հոլանտացի նշանաւոր տպագրիչ Քրիստոֆըլ վան Տէյքին համատեղ աշխատանքը։ Այս պատկերացումը ինքնին խորհրդանշական իմաստ կը կրէ։ Ոսկան Երեւանցին՝ իբրեւ հայ տպագրութեան հսկայ դէմք մը եւ հոգեւոր առաջնորդ եւ վան Տէյքը՝ իբրեւ եւրոպական տպագրական արուեստի վարպետ, միասին կը ներկայացնեն այն պատմական հանդիպումը, որ հնարաւոր դարձուց հայ գիրքին մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկը։ Անոնց համագործակցութիւնը ո՛չ միայն գիրք մը ծնաւ, այլ՝ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւն մը, որ դարեր շարունակ պահպանուած եւ հասած է այսօրուան։
Քրիստոֆըլ վան Տէյք (1600-ականներուն ծնած եւ գործած) սկզբնապէս ոսկերիչ էր՝ փոխադրուած Գերմանիայէն Հոլանտա, ուր ան փոխած է գործը՝ դառնալով մասնագէտ կտրման դակիչներու, զորս վարպետները կը գործածէին գիրերու կաղապարներ դրոշմելու, մետաղական տառատեսակներով տառեր ձուլելու համար։ Այնուհետեւ ինք հիմնած է իր տառաձուլարանը եւ անոր պատրաստած տառատեսակները լայնօրէն սկսած են գործածուիլ այն ժամանակ, երբ Ամսթերտամը դարձած էր համաշխարհային տպագրութեան խոշոր կեդրոն։ Վան Տէյք այդպիսով դարձաւ իր ժամանակի ամենաակնառու տառաստեղծը Հոլանտայի մէջ՝ կտրելով հռոմէական, թեքատառ, սեւատառ, հայկական, երաժշտական տառատեսակներ, նաեւ՝ տպագրական զարդեր։ Ըստ պատմական տեղեկութիւններու՝ Քրիստոֆըլ վան Տէյք երկարատեւ շրջան մը աշխատած է Ամսթերտամի հայ տպագրիչներու համար հայկական այբուբենի տառեր պատրաստելու գործին վրայ: 1658 թուականին ան պայմանագիր կնքած է հայ հոգեւորական եւ հրատարակիչ, 17-րդ դարու Ամսթերտամի հայկական տպագրութեան հիմնադիր Մատթէոս Ծարեցիի հետ՝ դակիչներ եւ մայրատառեր (մատրիցներ) պատրաստելու համար։
Ծարեցի Էջմիածինի մէջ կը ծառայէր իբրեւ կաթողիկոսի քարտուղար։
1655 թուականին Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը զինք գործուղած է Եւրոպա՝ տպարան մը հիմնելու եւ Աստուածաշունչը հայերէն տպագրելու նպատակով։ Սակայն, ան խոչընդոտներու հանդիպած է։ Այնուհետեւ 1658 թուականին մեկնած է Հոլանտա։ Ծարեցի հրատարակութեան պատրաստած է Ներսես Շնորհալիի «Յիսուս որդի» գիրքը, որուն աւելցուցած է նաեւ փոքրիկ յիշատակարան մը։ Սակայն, մահացած է նախքան վերջինիս լոյս տեսնելը՝ 1661 թուականին։ Ծարեցիի մահէն յետոյ գիրքը լոյս ընծայած է վաճառական Աւետիս Ղլիճենց (Ոսկան Երեւանցիի եղբայրը)։ 1661 թուականէն տպարանի տնօրինութիւնը ստանձնած է Ոսկան Երեւանցիի աշակերտը՝ Կարապետ Անդրիանացին, ապա Ծարեցիի գործը շարունակած է ինք՝ Ոսկան Երեւանցին եւ 1666 թուականին առաջին անգամ հայերէնով տպագրած է Աստուածաշունչը՝ արդէն իր անունով կոչած ըլլալով տպարանը՝ Ոսկանեան։
Այսպիսով, Ոսկան Երեւանցիի եւ Քրիստոֆըլ վան Տէյքի յուշարձանը, այս իմաստով, պարզ յիշատակարան մը չէ։ Ան կը խորհրդանշէ հայ-հոլանտական բազմադարեան կապերը, որոնք ձեւաւորուած են առեւտուրի, տպագրութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարթութիւններու վրայ։ Ամսթերտամը 17-րդ դարուն դարձած էր ազատ միտքի եւ մշակոյթի քաղաք, ուր հայերը գտան ստեղծագործելու եւ իրենց հաւատքն ու լեզուն գրատպութեան միջոցով պահպանելու հնարաւորութիւն։ Այդ պատմական միջավայրը այսօր նոր շունչ կը ստանայ յուշարձանի գաղափարին միջոցով։
Ամսթերտամի քաղաքապետարանի առաջնորդութեամբ, ինչպէս նաեւ Ամսթերտամի համալսարանի եւ «Ալարդ Պիրսոն» թանգարանի համաձայնութեամբ, յուշարձանին համար ընտրուած է քաղաքի կեդրոնական վայր մը՝ Ամսթերտամի համալսարանի եւ «Ալարդ Պիրսոն» թանգարանի համատեղ կառոյցի մը տարածքը՝ Կասթհէյսհոֆը։ Այս ընտրութիւնը պատահական չէ․ Կասթհէյսհոֆը պատմական տարածք մըն է, ուր գիտութիւնը, մշակոյթը եւ հանրային կեանքը դարեր շարունակ խաչաձեւուած են։ Յուշարձանի տեղադրումը այդ միջավայրին մէջ պիտի զօրացնէ անոր խորհուրդը եւ զայն պիտի դարձնէ հայ համայնքին եւ նաեւ քաղաքի բազմազգ այցելուներուն համար տեսանելի մշակութային նշան։ Այդ տարածքը Ամսթերտամի սիրտին մէջ գտնուող համալսարանական թաղամասի մաս կը կազմէ եւ յատկանշական է, որ «Ալարդ Պիրսոն» թանգարանը կը տնօրինէ աշխարհի հնագոյն տպագիր գիրքերու ամենահարուստ հաւաքածուներէն մէկը, որուն մէջ հայկական գրականութիւն ալ կայ։
«Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը կը յայտարարէ, որ հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչին նուիրուած յուշարձանի համար կատարուած դրամահաւաքը հնարաւոր դարձուցած է այս նախագիծի ամբողջական իրականացումը, նաեւ յուշարձանը արդէն ապահով կերպով հասած է Հոլանտա։
Սկզբնական ծրագիրով նախատեսուած էր յուշարձանի բացումը կատարել այս տարուան վերջաւորութեան՝ իբրեւ հայկական համայնքի նուէր Ամսթերտամ քաղաքին՝ անոր հիմնադրման 750-ամեակի առիթով։ Սակայն ընթացիկ աշնան ամիսներուն Ամսթերտամի համալսարանն ու «Ալարդ Պիրսոն» թանգարանը որոշում առին տարածքը՝ Կասթհէյսհոֆը հիմնովին վերակառուցել՝ վերականգնելով 17-րդ դարու սկզբնական պարտէզի տեսքը։ Այս որոշումը, որ ինքնին մշակութային արժէք կը ներկայացնէ, ստիպեց վերանայել յուշարձանի տեղադրման ժամանակացոյցը։
Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին յուշարձանի վնասումէն խուսափելու նպատակով որոշուեցաւ զայն տեղադրել միայն տարածքի վերակառուցման աւարտէն ետք։ Ըստ հաստատուած ծրագրին, աշխատանքները պիտի մեկնարկեն 2026 թուականի ապրիլին եւ պիտի աւարտին օգոստոսին։ Յուշարձանի բացումը կը համընկնի Ամսթերտամի 750-ամեակի ամփոփումին եւ առաջին տպագրուած հայերէն Աստուածաշնչի 360-ամեակին՝ երկու յոբելեաններու պատմական եւ խորհրդանշական միախառնումով։
Նախագիծը կը գտնուի Ամսթերտամի քաղաքապետարանի մշտական ուշադրութեան ներքոյ, ինչ որ կը վկայէ անոր քաղաքային եւ միջազգային նշանակութեան մասին։ Այս յուշարձանը պիտի ըլլայ հայ համայնքի յիշողութեան վայր եւ միաժամանակ՝ Ամսթերտամի բազմաշերտ պատմութեան նոր էջ մը՝ ընդգծելով քաղաքին դերը որպէս մշակութային հանդիպման եւ փոխազդեցութեան վայր։
Յառաջիկայ տարուան ընթացքին տօնելով հայերէն առաջին տպագիր Աստուածաշունչի 360-ամեայ յոբելեանը, անգամ մը եւս կը շեշտուի, որ հեռաւոր ափերուն հայրենիքէն հեռու խումբ մը նուիրեալներ ստանձնեցին այս կարեւոր գործը՝ նոր էջ մը բանալով հայ գրատպութեան պատմութեան մէջ։
Այս մեծագործութիւնը սոսկ գրքի մը հրատարակութիւն չէր, այլ՝ լեզուի, հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան հաստատում։ Աստուածաշունչը առաջին անգամ իր ամբողջական ձեւով կը հասնէր ժողովուրդին՝ դառնալով միաժամանակ աղօթագիրք, ուսուցիչ եւ բարոյական ուղեցոյց։
ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ
Նոյն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ հայ համայնքի հետեւողական ջանքերով, այս տարի Ամսթերտամի մէջ արդէն իսկ իրականութիւն դարձած է մէկ այլ նշանակալի մշակութային եւ հոգեւոր ձեռնարկ։ Մայիսի 10-ին քաղաքի Մայր տաճարին՝ Սուրբ Նիկողայոս համալիրէն ներս կատարուած է մեծանուն հայ մտածող, բանաստեղծ եւ աստուածաբան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարձրաքանդակ յուշատախտակի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։
Այս արարողութիւնը նոյնպէս դարձաւ հայ համայնքի, նաեւ՝ Ամսթերտամի հոգեւոր ու մշակութային կեանքի մէջ կարեւոր դէպք մը։
Այժմ Նարեկացիի պատկերով այս անկիւնը ուխտավայր մըն է՝ հայրենիքէն հեռու ապրող հայերուն համար, միաժամանակ գրաւելով Հոլանտա այցելող հայազգի եւ այլ զբօսաշրջիկներու եւ տեղացի այցելուներուն ուշադրութիւնը։
Սուրբ Նիկողայոս տաճարին՝ քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուելու հանգամանքը առանձնայատուկ խորհուրդ կը հաղորդէ այս նախաձեռնութեան։
«ՄԱՏԹԷՈՍ ԾԱՐԵՑԻ» ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ
2025 թուականը Ամսթերտամի մէջ նշանաւորուեցաւ նաեւ մէկ այլ արժէքաւոր նախաձեռնութեամբ, որ կը լրացնէ քաղաքի հայ մշակութային ներկայութեան շղթան։ Ազգութեամբ հոլանտացի, հայագէտ, թարգմանչուհի եւ լեզուաբան Աննա Մարիա Մաթթաարի նախաձեռնութեամբ վերջերս Ամսթերտամի մէջ բացուեցաւ «Մատթէոս Ծարեցի» գրադարանը, որ միաժամանակ պիտի գործէ որպէս հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոն։ Այս նախաձեռնութիւնը նշանակալի քայլ մըն է օտար ափերու վրայ հայ գիրքի, յիշողութեան եւ մտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցման գործին մէջ։
Գրադարանի ստեղծումը հիմնուած է տարիներու հետեւողական աշխատանքի վրայ։ Աննա Մաթթաար արդէն իսկ թուայնացուցած է այն հայկական գիրքերը, որոնք կը գտնուէին հայկական եկեղեցւոյ եւ համայնքի խնամքին տակ։ Այդ արժէքաւոր հաւաքածոն այսօր հասանելի է համացանցի միջոցով՝ բացուելով հետազօտողներուն, ուսանողներուն եւ հայ մշակոյթով հետաքրքրուած բոլոր անձերուն համար։ Նորաբաց գրադարանը պիտի ունենայ նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման յատուկ բաժին մը, ուր ուշադրութեան կեդրոն պիտի ըլլան հնատիպ գիրքերու, ձեռագիրներու եւ արխիւային նիւթերու պահպանութիւնն ու գիտական ուսումնասիրութիւնը։
Գրադարանը կը կրէ հայ տպագրութեան հիմնադիր դէմքերէն մէկուն՝ Մատթէոս Ծարեցիի անունը։ Այս անուան ընտրութիւնը պատահական չէ․ ան խորհրդանշական կամուրջ մըն է Ամսթերտամի մէջ ծնած հայ տպագրական առաջին քայլերուն եւ մեր օրերու գիտական ու մշակութային շարունակականութեան միջեւ։
Աննա Մաթթաար բազմաբնոյթ եւ հարուստ մասնագիտական ուղի մը անցած է։ 1984-2008 թուականներուն աշխատած է որպէս թարգմանիչ՝ սպաներէնէն հոլանտերէն եւ հոլանտերէնէն սպաներէն։ 2008 թուականէն սկսեալ ան ամբողջովին նուիրուած է հայերէն լեզուին՝ յատկապէս գեղարուեստական թարգմանութեան դաշտին մէջ։ Մաթթաար կը թարգմանէ հայերէնէն հոլանտերէն եւ հոլանտերէնէն հայերէն գեղարուեստական, մանկապատանեկան եւ վաւերագրական գրականութիւն, ինչպէս նաեւ քերթուածներ՝ մեծ խնամքով փոխանցելով լեզուական նրբութիւններն ու մշակութային շերտերը։
Մաթթաար Ամսթերտամի համալսարանին մէջ կազմակերպած է նշանակալից ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած հայ տպագրութեան պատմութեան 500-ամեակին։ Ան տարիներէ ի վեր կը զբաղի Հոլանտայի մէջ պահպանուած հայկական հնատիպ գիրքերու եւ ձեռագիրներու ուսումնասիրութեամբ։ Հայագիտական շարք մը յօդուածներու հեղինակ ըլլալով՝ օտար հայագէտը իր ներդրումը կը բերէ հայ մշակոյթի միջազգային գիտական շրջանառութեան մէջ։
Աննա Մաթթաարի գործունէութիւնը աննկատ չէ անցած եւ արժանացած է բարձր գնահատանքի։ 2012 թուականին ան պարգեւատրուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան Ոսկէ մետյալով, իսկ 2022 թուականին՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։ Ներկայիս բնակելով Հոլանտա՝ ան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հայ գիրքը, լեզուն եւ մշակութային ժառանգութիւնը պահելու եւ փոխանցելու նոր սերունդներուն՝ Ամսթերտամը դարձնելով հայագիտութեան եւ հայկական յիշողութեան կենդանի կեդրոն մը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան