ՊԱՐՏԷԶ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ (1945 - 1968)

Մամուլը մարդկութեան կեանքին մէջ, յատկապէս վերջին երկու դարերու ընթացքին, մեծ եւ որոշիչ ազդեցութիւն գործած է անհատներու եւ հասարակութիւններու կազմաւորման վրայ։ Ան ո՛չ միայն նպաստած է առօրեայ կեանքի կազմակերպման, այլեւ ձեւաւորած է ընկերային ըմբռնումներ, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ, գեղարուեստական ճաշակ եւ ազգային գիտակցութիւն։ Միաժամանակ, մամուլը իր ընթերցողին փոխանցած է որպէս քաղաքացի իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, կեանքի զանազան բնագաւառներուն մասին գիտելիքներ եւ ժամանակի մտածողութիւնը։

Այս լայն առաքելութեան ծիրին մէջ մամուլը յատուկ տեղ յատկացուցած է նաեւ մանկապատանեկան գրականութեան։ Մանուկներն ու պատանիները, որոնք վաղուան հասարակութեան կերտիչներն են, մշտապէս եղած են մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը։ Մանկապատանեկան պարբերականներու, պատմուածքներու, բանաստեղծութիւններու, գիտելիքներ փոխանցող յօդուածներու եւ զուարճալի նիւթերու միջոցաւ փորձ կատարուած է հարստացնելու անոնց մտապաշարը, զարգացնելու երեւակայութիւնը եւ ընդարձակելու աշխարհահայեացքը։ Այս կերպով մամուլը կարեւոր դեր ստանձնած է ո՛չ միայն կրթական, այլեւ դաստիարակչական բնագաւառին մէջ։

Հայութիւնը, որ մարդկային մեծ ընտանիքին անբաժանելի մէկ մասնիկն է, բնականաբար, անմասն չէ մնացած այս համընդհանուր զարգացումներէն։ Հայ մամուլը իր առաջին քայլերէն սկսեալ ստանձնած է ազգային կրթութեան, լուսաւորութեան եւ հասարակական կեանքի կազմակերպման պատասխանատու առաքելութիւնը։ Յատկապէս Պոլիսը, վերջին հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին, վերածուած է հայ մամուլի իսկական համալսարանի մը, ուր ծնունդ առած են բազմաթիւ թերթեր ու պարբերականներ, որոնք նշանակալի հետք ձգած են մեր ազգային կեանքին մէջ։ Վկա՛յ հայ մամուլի նահապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը:

Բանասէրներ, հետազօտողներ, ինչու չէ նաեւ սովորական ընթերցողներ, եթէ պահ մը թերթատեն մեր անցեալի մամուլի էջերը, անպայման պիտի նկատեն Պոլսոյ հայկական մամուլի տիրական ներկայութիւնը հայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Այդ էջերը ո՛չ միայն ժամանակի դէպքերու արձանագրութիւններ են, այլեւ հայ մտաւորական, մշակութային եւ կրթական կեանքի հարուստ վկայարաններ։

Պոլսոյ մամուլն ալ, համաշխարհային մամուլի ընթացքներէն ետ չմնալով, մանուկներն ու պատանիները անուշադրութեան չէ մատնած։ Ընդհակառակը, ան շուրջ մէկ տասնեակէ աւելի մանկապատանեկան թերթերով եւ հանդէսներով փորձած է ծաղկեցնել հայ մանուկներու եւ պատանիներու մտաշխարհը, զանոնք կապել հայ լեզուին, գրականութեան եւ ազգային արժէքներուն։ Այս հրատարակութիւնները շատ անգամ դպրոցի կողքին ստանձնած են նաեւ դաստիարակչական առաքելութիւն մը՝ սերունդներու հոգեւոր եւ մտաւոր կազմաւորման մէջ։

Այդ պարբերականներէն մէկն է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը, որ շուրջ քսանհինգ տարի նկատառելի ծառայութիւն մատուցած է հայ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին։ Իր էջերուն մէջ տեղ գտած են պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, տեղեկատու նիւթեր, խաղեր եւ բազմաթիւ այլ գրութիւններ, որոնք նպատակ ունէին միաժամանակ ուսուցանել, դաստիարակել եւ հաճոյք պատճառել մանուկ-պատանի ընթերցողին։

Անցեալ շաբաթ օր, ներկայացուցած էինք Ատրինէ Տատրեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ուր նշած էինք, թէ ան «Բագարատ Թեւանի հետ եւ Արմէնուհի Էօզէրի օժանդակութեամբ, 1945-էն մինչեւ 1968 թուականը հրատարակած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը»։ Այսօր, նոյն այդ հանդէսի էջերէն քանի մը հատուածներ պիտի ներկայացնենք՝ փորձելով մեր ընթերցողներուն փոխանցել այն մթնոլորտը, որուն մէջ կը կրթուէին եւ կը դաստիարակուէին այդ տարիներու հայ մանուկներն ու պատանիները եւ միաժամանակ ճաշակ մը տալ այդ ժամանակաշրջանին մանկապատանեկան մամուլի հարուստ ու օգտակար ժառանգութենէն։

*

«Սորվելիք բառեր» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

- Անժէ՛լ, ինչո՞ւ տժգոյն ես այդպէս, նորէն նախաճաշ չես ըրած, այո՞: 

Անժէլ կարմրելով ըսաւ. 

- Ո՛չ, պարոն չըրի: 

- Գէշ բան է այդ, առտուն պէտք է լաւ ուտել, նախաճաշ չընող մէկը առողջ չի մնար: Տես, Յակոբը առոյգ եւ ուժեղ է, որովհետեւ լաւ կ՚ուտէ, չէ՞ տղաս: 

- Այո՛, պարոն, ես ամէն առտու կանուխ կ՚ելլեմ, մարզանք կ՚ընեմ, մաքուր օդը կը շնչեմ եւ ետքն ալ ախորժակով կ՚ուտեմ: 

- Ապրի՛ս տղաս: Իսկ հապա դո՛ւն Գրիգոր, նախաճաշ ըրի՞ր այս առտու: 

- Այո՛, պարոն, քըթըր հացով պանիր կ՚երայ: 

Տղաքը մեծ աղմուկով խնդալ սկսան: 

- Ինչո՞ւ խնդացիք տղաք, ես գիտեմ…: 

- Այո՛ պարոն: Գրիգորը քըթըր հաց ըսաւ: 

- Ի՞նչ պէտք էր ըսէր: 

- Չենք գիտեր որ…: 

- Լա՛ւ, ես ալ ձեզի արդէն այդ բառը պիտի սորվեցնէի: Անշուշտ չէք մոռցած գլուկը եւ մգլակը: 

- Ո՛չ, չենք մոռցած: 

- Շատ աղէկ, քըթըր հացին ալ, կողինձ կ՚ըսեն, հնչեցէք տեսնեմ: 

- Կողինձ, պոռացին տղաքը։

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 4, 24-5-1946, էջ 2): 

«Երբ ձեզի պէս պզտիկ էր Մոցարթ» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Մոցարթ ծնած է Աւստրիոյ Սալցպուրկ քաղաքը: Զաւակն էր Լէոփոլտ Մոցարթի, որ ջութակահար երգահանն էր կայսերական պալատին: Օր մը տուն վերադարձած ժամանակ ջութակահարը տեսաւ իր պզտիկ տղան դաշնակին առջեւ տեղաւորուած:

- Ի՞նչ կ՚ընես հոդ, հարցուց քիչ մը խիստ ձայնով: 

- Երգ մը կը յօրինեմ, պատասխանեց տղեկը լրջօրէն: Հայրի՛կ, նուագած եղանակս ձայնագրէ՛, չըլլա՞ր: Հայրիկը զարմացած էր: Առանց դիտողութեան ձայնագրեց տղուն մեղեդին: Զարմանքը աւելցաւ, որովհետեւ սիրուն կտոր մըն էր այդ: 

Այս դէպքը տեղի կ՚ունենար 87 տարի առաջ՝ 1760-ին: Չորս տարեկան էր այն ատեն Մոցարթ: Եօթը տարեկանին արդէն իսկ հրապարակաւ կը նուագէր ան իր հեղինակած կտորները: 1768-ին հայրը ամբողջ Եւրոպան շրջեցաւ իր երկու երաժիշտ զաւակներուն հետ: Մոցարթի քոյրն ալ նշանաւոր երաժիշտ մըն էր, հակառակ որ շատ դեռահաս էր տակաւին: 

Վեց տարեկանին Մոցարթ Վիեննայի մէջ նուագեց Մարի Թէրէզ կայսրուհիին ներկայութեան: Կայսրուհին ծափահարեց զինքը խանդավառութեամբ: Պզտիկ դաշնակահարը այնքան գոհ մնաց թագուհիին ծափահարութենէն, որ առանց այլեւայլի անոր ծունկերուն վրայ ցատկելով համբուրեց զայն: 

Շատ գեղեցիկ մանկիկ մըն էր Մոցարթ: Ունէր կապոյտ խոշոր աչքեր եւ աղուոր դեղին գանգուր մազեր: Ամէն մարդ կը սիրէր զինքը: Ամէն ուզածը լիառատ կը տրուէր իրեն՝ հագուստ, խաղալիք, շաքարեղէն: Ո՛չ սնապարծ եւ ո՛չ ալ շփացած էր սակայն ան: 

Յաջորդ տարիներուն Եւրոպայի պալատներուն մէջ նուագահանդէսներ տուաւ ան իշխաններու եւ թագաւորներու ներկայութեան:

Աւստրիոյ կայսրը՝ Ժոզէֆ Բ. դեռահասակ երաժիշտին հանդէպ իր գնահատութիւնը ցուցնելու համար կ՚ըսէր իր պալատականներուն. «Կրնամ ամէն օր զօրավա՛ր մը ստեղծել, բայց չեմ կրնար հատ մը իսկ Մոցարթ ստեղծել»: 

Այս հրաշազան մանկիկը, որ Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհը զարմացուց կանխահաս հանճարովը, 37 տարեկանին թոքախտէ մեռաւ Վիեննայի մէջ: Իր գործերը չեն մեռած սակայն եւ տակաւին պիտի ապրին երկար դարեր: 

Հաւաքեց Արմէնուհի Էօզէր:

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 38, 10-11-1947, էջ 2):

«Դուն քեզ օգնէ եւ Տէրը պիտի օգնէ քեզ» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Կարպիս եւ պտըլիկ քոյրիկը Սօնա, աղքատիկ եւ սակայն շատ պարկեշտ ընտանիքի մը զաւակներն էին: Այդ տարին իրենց հայրը շատ մեծ ձախորդութեան մը հանդիպեր էր եւ հազիւ կրնար օրապահիկնին ճարել, այնպէս որ նախ կարագը, յետոյ պանիրը, վերջապէս ձիթապտուղն ալ պակսեցաւ իրենց սեղանէն: Խեղճ մայրերնին աչքերը արցունքով զիրենք կը ղրկէր մանկապարտէզ՝ մաքուր սպիտակ անձեռոցին մէջ փաթթած հացերնին: Կարպիս տեսնելով մայրիկին տառապանքը ինքն ալ կը տառապէր, բայց ի՞նչ կրնար ընել, շատ փոքր էր տակաւին, չէր կրնար օգնել հայրիկին: Իրիկուն մը հանճարեղ գաղափա՛ր մը յղացաւ եւ շուտ մը հաղորդեց Սօնային: 

- Սօնա քեզի բան մը պիտի ըսեմ, սակայն չըլլայ որ մայրիկին ըսես: Մտիկ ըըէ, նամակ մը պիտի գրեմ, գիրս աղուոր չէ, աղէկ չեմ կրնար գրածս ալ կարդալ: Սակայն չէ՞ որ մայրիկը եւ Օրիորդը միշտ կ՚ըսեն, որ Աստուած ամէն բան գիտէ, ամէնուն սիրտը կը կարդայ, անշուշտ գրածս ալ կը հասկնայ: Հիմա սա թուղթին վրայ եկուր գրենք: 

Եւ Կարպիս ցուցամատը քունքին կը սկսի գրել. 

«Բարի Աստուած երկինքին մէջ, 

Կարպիսը, Սօնան քանի օրէ ի վեր ցամաք հաց կ՚ուտեն կոր, քիչ մը դրամ կը ղրկե՞ս հայրիկիս, որ կարագ, հաւկիթ... 

Սօնան անդիէն՝

«Քիչիկ մըն ալ շոքոլա ըսէ»: 

Եւ նամակը պահարանին մէջ դնելով, Կարպիս հասցէն կը գրէ. «Բարի Աստուած, երկինքին մէջ» եւ պահարանը դարձնելով կը գրէ, ինչպէս տեսած էր հայրիկէն, իրենց տանը թիւը եւ փողոցին անունը: 

Կը կարծէ՞ք, որ ապարդիւն անցան իրենց հաւատքը, ոչ երբեք: Երբ թղթատարին ձեռքը անցաւ այս նամակը այս հասցէով, դպրոցին հասարակաց ճաշի խնամակալուհիներէն մին քովն էր ճիշդ այդ միջոցին. ըսաւ պաշտօնեային. «Կը ճանչնամ այդ տունը, տուէք նամակը ինծի»: Եւ բարին Աստուած իսկապէս ընդունեց այդ բարի տղաքներուն աղօթքները: Եւ հայրիկնուն հայթայթուեցաւ գործ, երբեք ցամաք հաց չկերան ու մայրիկնին ուրախութեամբ կը ղրկէր զիրենք դպրոց ամէն առաւօտ։

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 50, 12-6-1948, էջ 9): 

«Յակոբ Գուրգէն» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Հարիւր տարի առաջ, 1850 թուականին, Պէշիկթաշի մէջ ծնած է Յակոբ Գուրգէն, որուն բուն անունն է Անտոն Պիպէռճեան: Անիկա շատ լաւ ուսուցիչ մը եւ գրող եղած է: Գրողները, շատ անգամ իրենց գրութիւններուն տակ իրենց անունը չեն դներ, այլ ուրիշ անուն մը կը դնեն: Այդ անունը կը կոչուի ծածկանուն. այսինքն գրողին բուն անձը ծածկող անունը: Յակոբ Գուրգէն ծածկանունն է Անտոն Պիպէռճեանին, բայց ան իր ծածկանունով կը ճանչցուի ամէնուն կողմէ: 

Յակոբ Գուրգէն բացած է նաեւ անձնական վարժարան մը 73 տարի առաջ Օրթաքէօյի «Հայկական կրթարան» անունով եւ հասցուցած է շատ մը շրջանաւարտներ: 

Յակոբ Գուրգէն շատ լաւ գիտէր մեր հայերէն լեզուն եւ շատ լաւ կը սորվեցնէր զայն իր աշակերտներուն: Մեր գեղեցիկ լեզուն. ունի նաեւ գրաբար կոչուած հին լեզու մը, որ հայերը կը գործածէին հազար տարիներ առաջ: Գրաբար լեզուով գրուած են աւետարանները, որոնք կը կարդացուին եկեղեցիներու մէջ: Այդ գրաբար լեզուն շատ ճոխ եւ շատ գեղեցիկ է, բայց այլեւս չի գործածուիր ո՛չ գրելու եւ ո՛չ ալ խօսելու համար: Հիմա մենք կը գրենք ու կը խօսինք աշխարհաբար լեզուով, ինչպէս գիտէք: 

Յակոբ Գուրգէն շատ լաւ գիտէր ու շատ կը սիրէր հայերէն գրաբար լեզուն եւ կ՚ուզէր, որ այդ լեզուն գործածուի: Յակոբ Գուրգէն գրած է շատ մը գիրքեր ու մեռած է տարիներ առաջ՝ սիրելով եւ սիրցնելով հայերէն լեզուն։

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 61, 1-1-1950, էջ 4): 

«Մտային խաղ մը» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Առեւտրական մը, որ կարեւոր նամակի մը կը սպասէր, ստիպուած ըլլալով պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընել, խնդրեց կնոջմէն, որ այդ նամակը ստանալու պարագային իր ետեւէն ղրկէր զայն: Քանի մը օր վերջ, որովհետեւ նամակը չէր գար, հեռագիր մը քաշեց, որուն մէջ կ՚ըսէր. «Նամակը չստացայ, ո՞ւր է»: Նոյն իրիկունը կնոջմէն ստացաւ հեռագրի պատասխանը. «Նամակատուփին բանալին միասին տարած ես»: Անուշադիր առեւտրականը դարմանելու համար իր այդ մոռացումը, բանալին պահարանի մը մէջ դնելով նամակատան միջոցաւ ղրկեց զայն կնոջը: Նոյն պահարանին մէջ երկտող մըն ալ կը դնէ իմացնելու համար կնոջը, որ տակաւին շաբաթ մը պիտի բացակայի տունէն եւ կը յանձնարարէր անոր իսկոյն նամակը ղրկել իրեն: 

Շաբաթը անցաւ եւ առեւտրականը ո՛չ սպասուած նամակը եւ ո՛չ ալ կնոջմէ որեւէ պատասխան մը կը ստանայ: Ինչո՞ւ: 

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 70, 1-10-1950, էջ 17):

«Մեծ մարդիկ. Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Սիրելի տղաք, այսօր պիտի խօսինք ձեզի Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանի մասին: Անոր պատկերն ալ դրած ենք այս էջին մէջ: Եղիշէ Դուրեան Սրբազան ծնած է 100 տարի առաջ, Սկիւտարի մէջ: Ան պզտիկ եղբայրն էր նշանաւոր բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի: Եղիշէ Սրբազանի մկրտութեան անունն էր Միհրան: Ան կրօնաւոր եղաւ 17 տարեկանին եւ ստացաւ Եղիշէ անունը: Շատ բարի եւ զարգացած երիտասարդ մըն էր, երբ սկսաւ նաեւ ուսուցչութեան: Եղիշէ Դուրեան Սրբազան, երիտասարդ տարիքէն սկսեալ քարոզիչ, առաջնորդ, տնօրէն եղաւ Պարտիզակի, Իզմիրի ժողովուրդին ու նաեւ Արմաշի դպրեվանքին: 

Գիրքերը եւ զարգացումը շատ կը սիրէր, այնպէս որ ամբողջ կեանքի ընթացքին անդադար կարդաց եւ նոր լեզուներ ու գիտութիւններ սորվեցաւ: Ինքնիրեն սորված էր գերմաներէն, անգլերէն լեզուներէն զատ նաեւ բազմաթիւ հին լեզուներ, լատիներէն, եբրայեցերէն, յունարէն ու նաեւ անոնցմէ աւելի հին լեզուներ: 

Եղիշէ Դուրեան Սրբազան իր ողջ եղած ատեն ամբողջ հայ ժողովուրդին յարգանքը եւ սէրը կը վայելէր: Յիսուն տարի առաջ, 1910-ին, պատրիարք ընտրուեցաւ Թուրքիոյ հայոց: Ան, դասախօսեց նաեւ Իսթանպուլի Կեդրոնական, Պէրպէրեան ու Տիկնանց վարժարաններուն մէջ երկար տարիներ: 

Եղիշէ Սրբազան, ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարք ու ամբողջ 12 տարի (1910-էն մինչեւ 1922) մեծ կարողութեամբ կառավարեց Ս. Երուսաղէմի մեր վանքերը, ժողովուրդը: Այդ տարիներուն ալ, մինչեւ իր մահը, անդադար գրեց ու կարդաց եւ դասախօսեց Երուսաղէմի հայ վարժարանին մէջ, հասցնելով կարող կղերականներ: 

Այս տարի Եղիշէ Սրբազանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով ամբողջ աշխարհի հայերուն կողմէ կատարուեցան մեծ հանդէսներ: Իսթանպուլի մէջ ալ, ամբողջ այս տարուան ընթացքին, կը կատարուին ու կատարուեցան շատ գեղեցիկ հանդէսներ: Այս առիթով լոյս տեսաւ նաեւ 525 խոշոր էջերով շատ օգտակար գիրք մը «Եղիշէ Ս. Դուրեան, Երկրորդ Շնորհալի» անունով: Այս գիրքին կարեւոր մասերը գրած է մեր գրագէտ պատրիարքը՝ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան, որ Եղիշէ Սրբազանի աշակերտներէն է: Մեր Պատրիարք Սրբազանին ալ կղերական կեանքին 80-ամեակը տօնուեցաւ միեւնոյն ատեն:

Բագարատ Թեւան

 («Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 166, յունուար 1961, էջ 5):

«Զրոյց թոռնիկներուս հետ» վերանգիրին տակ կը կարդանք. 

- Ի՞նչ եղաւ անցեալ տարուան կապոյտ հագուստդ, Անի՛: 

- Կը սխալիս, Սելին, անցեալ տարուան հագուստս կապոյտ չէր, կարմիր էր: 

- Ո՛չ, աղէկ կը յիշեմ… 

- Կապո՜յտ է եղեր… կը քաշքշէ Անի խնդալով եւ կը շարունակէ. դուն ինձմէ աղէ՞կ գիտես հագուստներուս գոյնը: 

Սելին կը լռէ քիչ մը վիրաւորուած եւ կէս մը միայն համոզուած:  

Պէտք չէ որ սակայն վիրաւորուի Սելին, որովհետեւ ամէնուն ալ կրնայ պատահիլ ուշադրութեան այս պակասը: Լաւ մտիկ ըրէ՛ք, տղաքս. 

«Օր մը անծանօթ տիկին մը կը մտնէ դասարանէ մը ներս, բաներ մը կ՚ըսէ ուսուցիչին եւ դուրս կ՚ելլէ: Այդ անծանօթ տիկինին ներս մտնեու ատենը բոլոր աշակերտներն ալ վեր առնելով իրենց գլուխները նայած էին անոր: Շարադրութեան դասի ժամն ըլլալով, ուսուցիչը ըասւ, որ անոնք նկարագրէին այցելու տիկինը: Կը հաւատա՞ք, տղաք, խնդալէն մարիլը բան մը չէր: Մէկուն նկարագրածը միւսին բնաւ չէր նմաներ. ամէն մէկ աշակերտ տարբեր կերպով միտքը պահած եւ գրած էր»:

Պէ՞տք է սակայն հաւատալ, որ այսպէս անուշադիր մնալու դատապարտուած ենք մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան: Ո՛չ, անտարակոյս: Սիրելի թոռնիկներս, ուշադրութիւնն ալ կարելի է մարզել մեր միւս զգայարանքներուն պէս: Փոխանակ հարեւանցի, ակնարկ մը նետելու մեր շուրջի բաներուն վրայ, սորվինք լարել, կեդրոնացնել մեր ուշադրութիւնը: Այն ատեն ամէն բան շատ աւելի յստալ եւ ճշգրիտ կերպով պիտի տպաւորուի մեր մտքին մէջ: Եթէ դուք ալ այդպէս լարուած ուշադրութեամբ հետեւիք ձեր ուսուցիչին բացարտութիւններուն եւ նոյն ձեւով աշխատիք ձեր դասերուն, վստահ եղէք, որ շատ աւելի շուտ եւ դիւրին պիտի սորվիք ձեր դասերը եւ մանաւանդ բնաւ պիտի չմոռնաք զանոնք:

Փորձեցէ՛ք ուրեմն, անուշիկ զաւակներս: 

Արմէնուհի Տքթ. Ե. Էօզէր

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 176, Փետրուար 1962, էջ 9):

*

«Հարցուցէք պատասխանենք» վերնագիրին տակ կը կարդանք. 

Սիրելի «Պարտէզ»,  

Տեղ մը կարդացած եմ քարէ սիւներու մասին: Շատ կը փափաքիմ գիտնալ, թէ անոնք ինչպէ՞ս կը գոյանան եւ ինչպէ՞ս մէջտեղ ելած են ու ամենէն շատ ո՞ւր կը գտնուին: Կը խնդրեմ բացատրեցէք ինծի: Թերեւս ուրիշներ ալ օգտուին: 

Սիրով՝ 

Արիանա Նազանեան

Սիրելի Արիանա Նազանեան, 

Ուրախ ենք, որ հետաքրքրական հարցում մը ուղղեր ես մեզի: Սիրով կը պատասխանենք: 

Քարէ սիւները հետեւեալ ձեւով յառաջ եկած են. 

Բարձր ջերմաստիճանով հրահեղուկ լավան դուրս գալով երկրի ընդերքէն, ծածկած է բոլոր անհարթութիւնները: Եւ սառած է. սակայն, հոն ուր ան մեծ հաստութիւն ունի, սառելու գործողութիւնը դանդաղ ընթացած է: Եւ այսպէս պայմաններ ստեղծած է սիւնաձեւ անջատումներու գոյացման: Ֆիզիքի մէջ յայտնի է, թէ մարմինները երբ կը սառին, կը փոքրանան եւ կը սեղմուին: Սառող լավան եւս սեղմուած է եւ ճեղքեր յառաջ եկած են անկէ, որոնք դասաւորուած են լավայի մակերեսին ուղղահայեաց ուղղութեամբ: Եւ լավայի շերտը մասնատուած է կանոնաւորաբար քանի մը տասնեակ մեթր բարձրութեամբ սիւներու: 

Այս ձեւ անջատումները իւրայատուկ եւ յատկապէս պազալտի լավա են: Արագ սառած լավան սիւնաձեւ անջատումներ չի տար, այլ մասերու կը բաժնուի տձեւ բեկորներով: 

Քարէ սիւները սովորաբար 4-6 նիստ ունին ուղղահայեաց դրութիւնով դասաւորուած: Երբեմն, հովահարաձեւ են, ինչպէս օրինակ՝ Հրազդանի կիրճի, Արզնիի մօտ: Նաեւ Արփա գետի հովիտին Ջերմուկի ճամբուն եւ այլն: 

Անոնք շատ են Գառնիի, Արփա, Որոտան, Ախուրեան եւ այլ գետերու շուրջ: Կարծես գերբնական ձեռք մը կողք կողքի շարեր է ստեղծելով աննման պատկեր մը:

Սիրով՝ 

«Պարտէզ»

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 215, ապրիլ 1967, էջ 15):

«Ձօն Պարտէզ»ի

Այսօր հոգիս կը խայտայ

Զի «Պարտէզ»ս ստացայ

Թղթատեցի ու տեսայ

Եւ ի՜նչ գանձեր հոն գտայ:

 

Բարի խրատ՝ աշխատանք

Յարատեւենք ու ջանանք

Ըլլալ բարի քաջարի

Մեր ծընողաց արժանի:

 

Օրհնեալ ըլլան՝ ժըրաջան

Մշակներն, որ մեր մըտքի

Խոպան արտերը կը հերկեն

Որ մենք քաղենք ապագային

Առողջ եւ լաւորակ բերք:

 

Մենք ալ պէտք է չի մոռնանք

Յաւէտ երախտապարտ ըլլանք

Որք կերտեցին մեր հոգին

Դէպի ազնիւն ու բարին:

Էլիզ Թընկըրեան

(«Պարտէզ» մանկական ամսաթերթ, թիւ 220, դեկտեմբեր 1967, էջ 7):

Ընթերցողը, կարդալով վերը տեղադրուած գրութիւնները, դիւրութեամբ կը նկատէ, թէ «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը իր շուրջ քսանհինգ տարիներու գործունէութեան ընթացքին ինչպիսի՛ հարուստ եւ բազմաբովանդակ ծառայութիւն մատուցած է հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն։ Ան իր էջերուն մէջ համախմբած է թէ՛ հայութեան եւ թէ ընդհանրապէս մարդկային գիտութեան ու մշակոյթին վերաբերող գիտելիքներ, հանելուկներ, հարցում-պատասխաններ, բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, մեծ մարդոց կեանքին ու գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ այլ բազմազան նիւթեր։ Մէկ խօսքով, «Պարտէզ» լայն ու լուսաւոր հորիզոն մը բացած է իր մանուկ եւ պատանի ընթերցողներուն առջեւ՝ նպաստելով անոնց մտային, բարոյական եւ մշակութային կազմաւորման։

Այսօր եւս, երբ աշխարհը կ՚ապրի արուեստագիտութեան, տեղեկատուական յեղափոխութեան եւ համացանցային անսահման հոսքերու ժամանակաշրջանը, «Պարտէզ»ի էջերուն մէջ ամփոփուած նիւթերը չեն կորսնցուցած իրենց արժէքն ու օգտակարութիւնը։ Ընդհակառակը, անոնք տակաւին կրնան հարուստ գիտելիքներ, առողջ դաստիարակչական սկզբունքներ եւ ազգային շունչ փոխանցել մեր օրերու հայ մանուկներուն ու պատանիներուն։

Երանի՜ թէ գտնուին անհատներ, մշակութային միութիւններ կամ կրթական հաստատութիւններ, որոնք նախաձեռնեն յանձնախումբ մը կազմել եւ «Պարտէզ»ի ամբողջ հաւաքածոն մանրակրկիտ ուսումնասիրելէ ետք, անոր էջերուն մէջ սփռուած այս հարուստ ժառանգութիւնը մի քանի հատորներու մէջ ամփոփեն ու վերահրատարակեն։ Այդպիսի աշխատանք մը ո՛չ միայն երախտագիտական տուրք մը պիտի ըլլար հայ մանկապատանեկան մամուլի այս արժէքաւոր օճախին, այլեւ օգտաշատ նուէր մը՝ ապագայ սերունդներուն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026