ՄԵՐ ՄԱՔՈՒՐ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Մարդ արարածը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը փորձէ հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ։ Ան կը հետապնդէ երջանկութիւնը, կը ձգտի գիտութեան, կը խօսի մարդկայնութեան մասին, կը պահանջէ ազատութիւն, կը փափաքի սէր, ապահովութիւն, յարգանք եւ արդարութիւն։ Կը ստեղծէ գաղափարներ, կը կառուցէ համոզումներ, կը սահմանէ արժէքներ եւ այդ բոլորին վրայ կ՚ապրի իր կեանքը։ Սակայն, երբեմն կ՚արժէ մտածել, թէ արդեօք մեր փնտռած բոլոր բաները իսկապէս մե՞ր փափաքներն են, թէ հասարակութենէն, դաստիարակութենէն, շրջապատէն եւ ժամանակի պարտադրած պատկերացումներէն ժառանգած սպասումներ։ Արդեօք մենք գիտե՞նք, թէ ի՛նչ է երջանկութիւնը, ի՛նչ է գիտութիւնը, ի՛նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ կամ ազատ ապրիլ, թէ՝ պարզապէս կը կրկնենք այն սահմանումները, որոնք ուրիշներ վաղուց հաստատած են մեր փոխարէն։
Մեր մաքուր բանականութիւնը, եթէ կարենար խօսիլ առանց վախի, նախապաշարումներու եւ արտաքին ազդեցութիւններու, թերեւս շատ աւելի պարզ բաներ պիտի պահանջէր մեզմէ։ Ան կրնայ չուզել ո՛չ փառք, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ ալ ուրիշներու հիացումին արժանանալու անվերջ ձգտում։ Թերեւս ան միայն կ՚ուզէ հասկնալ, ապրիլ, զգալ եւ գոյութիւն ունենալ՝ առանց ամէն վայրկեան իր գոյութիւնը արդարացնելու պարտաւորութեան։ Բայց մենք, փոխանակ լսելու մեր ներքին ձայնը, այնքան կը զբաղինք աշխարհին հետ համաձայնելու փորձերով, որ յաճախ կը մոռնանք հարցնել մենք մեզի, թէ ի՛նչ կը փնտռենք իրականութեան մէջ։
Կ՚ըսենք, թէ երջանկութիւն կ՚ուզենք։ Բայց ի՞նչ է երջանկութիւնը մեզի համար։ Շատերու համար ան նիւթական ապահովութիւն է, ուրիշներու համար՝ սիրուած ըլլալը, ոմանց համար՝ յաջողութիւն, իսկ ոմանց համար՝ ազատ ժամանակ եւ խաղաղութիւն։ Մենք երջանկութիւնը կը կապենք ապագային հետ՝ կարծելով, թէ օր մը, երբ ունենանք մեր ուզած աշխատանքը, տունը, դրամը, յարաբերութիւնը կամ հասարակական դիրքը, վերջապէս պիտի սկսինք երջանիկ ըլլալ։ Այդպէսով երջանկութիւնը կը վերածենք հեռաւոր նպատակի մը, որուն հասնելու համար կը զոհենք ներկան։ Կը սպասենք լաւագոյն օրերուն՝ մոռնալով, որ մեր կեանքը կազմուած է նաեւ ներկայ պահերէն, որոնք այլեւս պիտի չվերադառնան։
Գուցէ երջանկութիւնը այն չէ, ինչ որ մենք կը կարծենք։ Ան կրնայ չըլլալ մշտական ուրախութիւն, անընդհատ գոհունակութիւն կամ խնդիրներէ զերծ գոյութիւն։ Թերեւս երջանկութիւնը այն ներքին խաղաղութիւնն է, որու շնորհիւ կրնանք ընդունիլ մեր անկատարութիւնը, ապրիլ մեր կորուստները եւ շարունակել ճամբան՝ առանց ամէն ինչ ունենալու անհրաժեշտութեան։ Երբեմն մարդ ամենէն երջանիկը կ՚ըլլայ այն պահուն, երբ ոչինչ կը փորձէ ապացուցանել, ո՛չ մէկուն հետ կը մրցի եւ ո՛չ մէկ բան կը սպասէ կեանքէն՝ բացի պարզապէս ապրելու կարելիութենէն։
Նոյն հակասութիւնը կը գտնենք գիտութեան հանդէպ մեր վերաբերմունքին մէջ։ Մենք կ՚ուզենք գիտնալ ամէն ինչ, բացատրել ամէն երեւոյթ, գտնել պատասխանները եւ նուաճել անծանօթը։ Գիտութիւնը մեզի համար դարձած է յառաջդիմութեան, կարողութեան եւ երբեմն նոյնիսկ գերազանցութեան չափանիշ։ Սակայն որքան աւելի կը գիտնանք, այնքան աւելի կը հասկնանք, թէ որքան քիչ բան գիտենք։ Մարդկային բանականութեան գեղեցկութիւնը թերեւս գիտելիքներու անվերջ կուտակումին մէջ չէ, այլ սեփական սահմանները ճանչնալու կարողութեան մէջ է։ Իրապէս գիտուն մարդը այն չէ, որ ամէն հարցումի պատասխան ունի, այլ այն՝ որ չի վախնար ըսելու, թէ տակաւին չի գիտեր։
Գիտելիքը պէտք չէ մեզ աւելի գոռոզ դարձնէ, այլ՝ աւելի համեստ։ Սակայն այսօր յաճախ գիտութիւնը կը գործածենք ո՛չ թէ աշխարհը հասկնալու, այլ ուրիշներուն մեր գերազանցութիւնը ցուցադրելու համար։ Կը կուտակենք տեղեկութիւններ, կը յիշենք անուններ, կը կրկնենք տեսութիւններ, բայց երբեմն կը մոռնանք մտածելու, կասկածելու եւ հարցադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Կը շփոթենք տեղեկութիւնը իմաստութեան հետ, մինչդեռ անոնք նոյն բանը չեն։ Մարդ կրնայ շատ բան գիտնալ եւ միեւնոյն ժամանակ շատ քիչ բան հասկնալ կեանքէն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակութիւնը ուրբաթի թիւով