ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԳԻՏՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ «COP-17»Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ. 800-ԱՄԵԱՅ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՄՈՔԻՉԻՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ

ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնութեան կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP-17) ծիրէն ներս «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագիրներու մատենադարանը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին Կանաչ գօտիին մէջ ներկայացուցած է իր բացառիկ արտադրանքը՝ «Մատենից. արքայական բալասանը»։ Անիկա միջնադարեան հայկական բժշկութեան աւանդութեան վրայ հիմնուած ըմպելիք մըն է, որուն պատմութիւնը շուրջ 800 տարուան կը հասնի։

«Մատենից»ը եւս մէկ օրինակ է, թէ ինչպէս կրնայ հին ու խորհդաւոր ձեռագրերու էջերուն մէջ ամփոփուած գիտելիքը նոր կեանք ստանալ՝ դառնալով անցեալի եւ ներկայի իւրայատուկ կամուրջ։

«Մատենից»ի մասին առաջին յիշատակութիւնը մասնագէտներ գտած են 1232 թուականին գրուած ձեռագրի մը մէջ։ Դարեր շարունակ ձեռագրերու էջերուն մէջ պահպանուած բաղադրատոմսը, սակայն, պէտք էր վերստին կարդալ, ուսումնասիրել եւ վերակենդանացնել։ Այս աշխատանքը շուրջ երեսուն տարի տեւած է։ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող, բժիշկ եւ դեղաբոյսերու մասնագէտ Արմէն սարկաւագ Սահակեան յաջողած է գտնել, վերծանել եւ վերականգնել հին բաղադրատոմսը՝ զայն վերածելով այսօրուան արտադրանքի։

«Մատենից» միջնադարեան բաղադրատոմսի վերարտադրութիւնը դիւրին աշխատանք մը չէր։ Անոր ստեղծման ընթացքին անհրաժեշտ եղած է ուսումնասիրել ձեռագրերու մէջ յիշուած բոյսերը, ճշդել անոնց համապատասխանութիւնը ներկայիս օգտագործուող տեսակներուն, հասկնալ պատրաստման եղանակը եւ վերականգնել արտադրութեան աւանդական պայմանները։ Ձեռագրին մէջ պահպանուած տեղեկութիւնը վերածուած է գործնական գիտելիքի մը, որուն հիման վրայ կարելի եղած է վերստեղծել դարաւոր ըմպելիքը։

ԿԸ ԿԱԶԴՈՒՐԷ ԵՒ Կ՚ՈՒՐԱԽԱՑՆԷ ՍԻՐՏԸ

Բաղադրատոմսին համաձայն՝ «Մատենից»ը կը պատրաստուի 38 տոկոս ալքոլ պարունակող հայկական ալոճենիի թորուածքի հիման վրայ։ Անոր մէջ կը միաւորուին 54 տեսակ բուժիչ եւ բուրումնաւէտ բոյսեր, լեռնային մեղր եւ հայկական որդան կարմիր։ Բաղադրիչներու շարքին են մեռոնիկ եղեսպակը, խնկածաղիկը, ճգնաւորի խոտը, ջուսպը (զոպայ), գլխենին, վարդապետի խոտը, անմեռուկը, խնկեղէգը, հնդկական նարդոսը (յասմիկախոտ), մշկընկոյզը, հնդկապղպեղը, հայխունկը, քրքումը, գերմանական հիրիկը, մրտենին (տեսակ մը դափնեբոյս) եւ այլն։

Բաղադրիչներու ընտրութիւնը կը համապատասխանէ միջնադարեան բժշկագիտական աւանդութեան եւ հին բաղադրատոմսին մէջ յիշուած բոյսերուն։ Անցեալին որոշ բոյսերու հաւաքումը կը կատարուէր լուսնի փուլերուն համապատասխանող ծիսական կարգով։ Այսօր պատրաստման ընթացքը նոյնպէս կը պահպանէ հին աւանդութեան հետ կապը. բալասանը կը պատրաստուի Վայոց ձորի Ճգնաւոր քարայր-վանքին մէջ, կաղնեփայտէ տակառներու մէջ, աղօթքի ուղեկցութեամբ։ Ամբողջ գործընթացը կը տեւէ երեք տարի, ինչ որ առաւել կ՚ընդգծէ ժամանակի կարեւորութիւնը։ 

Ըմպելիքը կարմրաւուն է, անոր կարմիր երանգը կու գայ հայկական որդան կարմիրէն, որ դարեր շարունակ հայոց մէջ օգտագործուած է իբրեւ բնական ներկանիւթ։ Այս բաղադրիչը եւս «Մատենից»ին կը հաղորդէ հայկական բնութեան ու մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած յատկանշական դիմագիծ մը։

Այս ամոքիչի բուժիչ եւ կազդուրիչ յատկութիւնները յայտնի են հնուց ի վեր։ Անիկա, ըստ տեղեկութիւններու, կ՚ամրապնդէ դիմադրողականութիւնը, ունի վարակազերծող ազդեցութիւն, կը կարգաւորէ նիւթափոխանակութիւնը, կը բարելաւէ ինքնազգացողութիւնը, շնչառական, աղեստամոքսային, նեարդային եւ սիրտ-անօթային համակարգերու աշխատանքը։ Կը նպաստէ յիշողութեան պահպանման, կը նուազեցնէ ծերունախտի, սրտի եւ ուղեղի կաթուածներու առաջացման հաւանականութիւնը, կ՚օգնէ յաղթահարելու յոգնածութեան, անհանգստութեան եւ ճնշուածութեան զգացողութիւնները։

Միջնադարեան նկարագրութիւններուն մէջ բալասանին վերագրուած են զանազան բարերար յատկութիւններ։ Հին բնագրերուն մէջ անոր մասին կը նշուի, թէ «կը կազդուրէ եւ կ՚ուրախացնէ սիրտը»։ Սակայն, կարեւոր է զանազանել պատմական բժշկագիտական նկարագրութիւնները արդի բժշկութեան հաստատած փաստերէն։ Այդ յատկութիւնները կը ներկայացնեն միջնադարեան ըմբռնումներն ու աւանդական փորձառութիւնը եւ չեն կրնար նկատուիլ գիտականօրէն ապացուցուած բուժիչ ազդեցութիւններ։ Այնուհանդերձ, մասնագէտները կը յորդորեն զգուշութեամբ գործածել 38 տոկոս ալքոլ պարունակող ըմպելիքը եւ զայն միանշանակ չընդունիլ իբրեւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման կամ բուժման միջոց։

«Մատենից»ի ստեղծման պատմութիւնը, Մատենադարանի ձեռագիր ժառանգութիւնը ժամանակակից կեանքին կապելու նախաձեռնութիւններուն մէկ օրինակն է միայն։ Վերջին տարիներուն հաստատութիւնը հետզհետէ կը զարգացնէ այս մօտեցումը՝ ձեռագրերու մէջ պահպանուած գիտելիքը վերածելով նոր արտադրանքներու, մշակութային նախաձեռնութիւններու եւ տնտեսական արժէքի։

Զգալի է, որ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի գործունէութիւնը վերջին տարիներուն հետզհետէ կ՚ընդլայնուի՝ դուրս գալով ձեռագրերու պահպանման եւ գիտական ուսումնասիրութեան աւանդական սահմաններէն։ Հաստատութիւնը կը փորձէ իր ունեցած հարուստ ժառանգութիւնը վերածել նաեւ նոր մշակութային եւ տնտեսական արժէքներու ստեղծման աղբիւրի։

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան այս ուղղութեան կարեւորութիւնը կը բացատրէ հաստատութեան տնտեսման ինքնուրոյնութեան տեսանկիւնէն։ Անոր համոզումով՝ հարստութեան մը տէր ըլլալը բաւարար չէ, եթէ այդ հարստութիւնը չի նպաստեր նոր արժէքներու ստեղծման եւ հաստատութեան զարգացման։ «Գանձարանի մը վրայ նստիլը՝ առանց եկամուտ ստեղծելու, անարդիւնաւէտ կառավարում է», կը շեշտէ ան՝ ընդգծելով, որ մատենադարանը պէտք է կարենայ իր հնարաւորութիւնները ծառայեցնել նաեւ սեփական եկամուտներ ապահովելու նպատակին։

Այս մօտեցումը, սակայն, պետական աջակցութենէն հրաժարիլ չի նշանակեր։ Խնդիրը պետական պիւտճէին վրայ ամբողջ բեռը դնելու փոխարէն՝ սեփական միջոցներու ստեղծման եւ հաստատութեան կարիքներուն համար լրացուցիչ աղբիւրներու ձեւաւորման մէջ է։ Արա Խզմալեանի ներկայացուցած պատկերին համաձայն՝ մատենադարանի գործունէութեան զանազան ուղղութիւններէն ստացուած եկամուտները կը ներդրուին ձեռագրերու պահպանման, վերականգնման, հրատարակչական աշխատանքներու եւ գիտաշխատողներու ճամբորդութիւններու գանձատրման մէջ։

Այս քաղաքականութեան տեսանելի արտայայտութիւններէն մէկը մատենադարանի յուշանուէրներու խանութն է, որ բացուած է հարցազրոյցէն շուրջ երկու ամիս առաջ։ Խանութին մէջ ներկայացուած արտադրանքներուն մեծ մասը յատուկ մատենադարանի համար պատրաստուած են։ Անոնց շարքին են զարդեր, խեցեղէն իրեր, գործուածքներ եւ ձեռագրերու ուսումնասիրութենէն ներշնչուած այլազան առարկաներ։

Անցեալին խանութի տեսականին շատ աւելի սահմանափակ էր, մինչդեռ նոր մօտեցումով արտադրանքներուն քանակը եռապատկուած է։ Նոր տեսականին կը ներառէ նաեւ ձեռագրերու մէջ վերծանուած բաղադրատոմսերու եւ գիտելիքներու հիման վրայ պատրաստուած բուրումնաւէտ իւղեր, թէյեր եւ մոմեր։

Մատենադարանի նոր նախաձեռնութիւնները չեն սահմանափակուիր յուշանուէրներու արտադրութեամբ։ Հաստատութիւնը ձեռնարկած է նաեւ սեփական թուղթի պատրաստութեան աշխատանքին՝ ստեղծելով «Հայկական թուղթ» արտադրամասը։

Այս նախաձեռնութիւնը իրականացուած է «Հայաստանի ծառատունկ» կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ։ Արտադրութեան համար կ՚օգտագործուի Հայաստանի մէջ աճող թթազգի ծառերու կեղեւէն ստացուած հում նիւթը։ Այս ձեւով մատենադարանը կը փորձէ տեղական աղբիւրէն պատրաստել այն թուղթը, որ անհրաժեշտ է ձեռագրերու պահպանման եւ վերականգնման աշխատանքներուն։

Մինչեւ այժմ նման աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ յատուկ թուղթը կը ներմուծուէր, մասնաւորաբար՝ Ճաբոնէն։ Սեփական արտադրութեան ստեղծումը, հետեւաբար, կը լուծէ քանի մը հարց միաժամանակ. կը նուազեցնէ արտաքին մատակարարումներէ կախուածութիւնը, կը զարգացնէ տեղական հումքի օգտագործումը եւ կը ստեղծէ մասնագիտական թուղթ պատրաստելու նոր կարելիութիւն։

Արտադրամասին մէջ պատրաստուած թուղթը միայն մատենադարանի ներքին կարիքներուն համար չէ, կրնայ մատակարարուիլ նաեւ այլ հաստատութիւններու, որոնք կը զբաղին ձեռագրերու եւ պատմական փաստաթուղթերու պահպանութեամբ ու վերականգնմամբ։ Ի դէպ, «Մատենից»ի ծրարաւորման մէջ ներառուած գրքոյկն ալ տպագրուած է այս թուղթին վրայ։

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՆՑ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ

Մատենադարանի պահպանութեան առաքելութիւնը կը տարածուի հայկական ձեռագիր ժառանգութենէն անդին։ Հաստատութիւնը կը մասնակցի նաեւ այլ լեզուներով եւ մշակոյթներով ստեղծուած գրաւոր ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային աշխատանքներուն։

Այս ուղղութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է ALIPH-ի աջակցութեամբ ստեղծուած տարրալուծարանը, որ կը զբաղի արաբատառ ձեռագրերու պահպանութեամբ եւ վերականգնմամբ։ Այս աշխատանքը կը վերաբերի նաեւ իսլամական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան՝ ընդգծելով, որ ձեռագրերու եւ պատմական փաստաթուղթերու արժէքը չի սահմանափակուիր անոնց ստեղծման լեզուով կամ պատկանած մշակոյթով։

Այսպիսի նախաձեռնութիւններուն կարեւորութիւնը պէտք է դիտել նաեւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու եւ երբեմն հնչող մեղադրանքներու լոյսին տակ։ Մատենադարանը կը շարունակէ գործակցիլ տարբեր մշակոյթներու ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ՝ ցոյց տալով, որ գիտական ու մասնագիտական պատասխանատուութիւնը պէտք է գերակշռէ քաղաքական բաժանումներուն։

ԱՊԱԳԱՅ ԱՅԳԻԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ԾԱՌԸ

Մատենադարանի գործունէութեան մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը հետզհետէ կ՚ընդլայնուի՝ ընդգրկելով նաեւ բնական միջավայրի նկատմամբ հոգածութիւնը։ Այս մօտեցման նոր արտայայտութիւններէն մէկը մատենադարանին կից ապագայ այգիի ստեղծման նախաձեռնութիւնն է։

Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին հարեւանութեամբ տնկուած առաջին սօսին ազդարարած է նոր կանաչ տարածքի ստեղծման մեկնարկը։ Նախաձեռնութիւնը խորհրդանշական նշանակութենէն անդին ունի նաեւ աւելի լայն խորհուրդ, կը միաւորէ մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան գաղափարները՝ յիշեցնելով, որ մարդկային ստեղծագործութիւնը եւ բնութիւնը անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու։

Մատենադարանի նման հաստատութեան մը հարեւանութեամբ նոր այգիի մը ստեղծումը նաեւ կը բանայ հանրային տարածքը վերաիմաստաւորելու կարելիութիւն մը՝ գիտելիքի, մշակոյթի եւ բնութեան միջեւ նոր հանդիպման վայր մը ստեղծելով։ Առաջին ծառը այս առումով սկիզբ մըն է. ապագայ այգին պիտի դառնայ ո՛չ միայն կանաչ տարածք, այլեւ մատենադարանի առաքելութեան մէկ այլ արտայայտութիւնը՝ հոգածութիւն այն ժառանգութեան նկատմամբ, որուն մէկ մասը ձեռագրերուն մէջ է, իսկ միւսը՝ մեզ շրջապատող բնութեան։

ՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ. ԿՐԿԻՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու հարստացման գործին մէջ կատարուեցաւ պատմական ու աննախադէպ քայլ մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հոկտեմբերի 22-ի նիստին ընդունուած առանցքային որոշումով՝ պետական միջոցներէն 148,5 միլիոն հայկական դրամ յատկացուեցաւ երկու բացառիկ հայկական ձեռագրերու ձեռքբերման եւ մատենադարան փոխադրման համար։ Այս նախաձեռնութիւնը կը նշանաւորէ «Մատեաններու տունդարձը» լայնածաւալ արշաւի կարեւորագոյն հանգրուանը եւ նոր հորիզոններ կը բանայ արտերկրի մէջ ցրուած մեր հազարամեայ գանձերը հայրենիք վերադարձնելու առաքելութեան մէջ։

Կառավարութեան աջակցութեամբ մատենադարան վերադարձող երկու ձեռագրերը հայ միջնադարեան գրչութեան եւ մանրանկարչութեան արուեստի գոհարներն են.

Սարգիս Պիծակի 1353 թուականի ճառընտիր-ժողովածուն

Այս բացառիկ մատեանը ընդօրինակուած եւ ծաղկուած է 1353 թուականին, Կիլիկիոյ հռչակաւոր Դրազարկի վանքին մէջ, հայ միջնադարեան արուեստի վերջին մեծագոյն վարպետներէն մէկուն՝ Սարգիս Պիծակի կողմէ։ Անիկա մեծ վարպետին մեզի հասած ամենաուշ թուագրուած ստեղծագործութիւններէն է, ինչ որ անոր կու տայ անգնահատելի գիտական եւ գեղարուեստական նշանակութիւն։ Ժողովածուն կ՚ընդգրկէ հարուստ նիւթեր՝ ճառեր, սուրբերու վարքեր եւ պարականոն բնագրեր։ Մատեանին եզակիութիւնը կ՚ամբողջացնեն անոր կազմին ամրացուած հնագոյն փղոսկրեայ հարթաքանդակն ու 10-11-րդ դարերով թուագրուող պատառիկ-պահպանակները, որոնք լրացուցիչ վկայութիւն են հայկական կիրառական արուեստի բարձր մակարդակի մասին։

Նոր Ջուղայի 1695 թուականի Ազարիա գրչի Աւետարանը

Երկրորդ բացառիկ ձեռագիրը 1695 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ Ազարիա գրչի կողմէ ընդօրինակուած եւ առատօրէն ծաղկուած Աւետարանն է։ Այս մատեանը Նոր Ջուղայի մանրանկարչական դպրոցի ուշագրաւ ու փայլուն նմոյշներէն մին է, որ կը ցուցադրէ հայկական մշակոյթի շարունակականութիւնն ու զարգացումը նոյնիսկ հայրենիքէն դուրս գտնուող հոգեւոր կեդրոններուն մէջ։

Այս ձեռագրերու ձեռքբերման պայմաններուն շուրջ մատենադարանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը յատուկ բանակցութիւններ վարած է Վիեննայի մէջ՝ հաւաքածուի սեփականատիրոջ հետ ուղղակի հանդիպման ընթացքին։

«Մատեաններու տունդարձը» արշաւը, սակայն, այսքանով չի սահմանափակուիր։ Նախատեսուած է իրականացնել նաեւ լայնածաւալ համահայկական դրամահաւաք՝ ներգրաւելու համար հայութեան լայն շրջանակները, սփիւռքի մեր հայրենակիցները եւ բարերարները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ձեռք բերել նաեւ նոյն հաւաքածուի միւս արժէքաւոր հայկական ձեռագրերը։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2026