ԽԵԼԱՑԻՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
Յաջողութիւնը հայեցակարգ մըն է, որ կը քննարկուի մարդկութեան պատմութեան ընթացքին եւ կարելի է հանդիպիլ կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս։ Իսկ ի՞նչ է յաջողութեան գաղտնիքը։ Արդեօք մեր ծինաբանական բանականութիւնը՞, խելքը՞, թէ ձեռնարկուած քայլերը, այլ խօսքով՝ մեր գործողութիւնները։ Այս հարցման պատասխանը թերեւս թաքնուած է հետեւեալ խօսքերու մէջ. «Կեանքը կը նմանի հեծանիւ քշելու։ Հաւասարակշռուած մնալու համար պէտք է շարունակել շարժումը»։
Խելքը, ի հարկէ, կարեւոր գործօն մըն է, որ կ՚ազդէ մարդու սորվելու, վերլուծելու եւ խնդիրներու լուծման կարողութեան վրայ։ Բայց միայն խելացի ըլլալը յաջութիւնը չ՚երաշխաւորեր։ Կեանքի մէջ յաջողութիւններու հասնող մարդոց հասարակաց առանձնայատկութիւնը գործողութեան անցնելու համարձակութիւնն ու կարգապահ աշխատանքային սովորութիւններն են։ Յաջողութեան համար անհրաժեշտ է գաղափարները կեանքի կոչելու, գործելու եւ կայուն ջանքերով յառաջ շարժելու ուժը:
Զաւեշտալի է, որ որքան աւելի խելացի ըլլաք, յաճախ այնքան աւելի լաւ արդարացումներ կը գտնէք գործողութեան անցնիլը յետաձգելու համար։ Լաւ արդարացումներ գտնելով դուք ձեզ աւելի լաւ կը համոզէք, որ ձեր իւրաքանչիւր քայլը անիմաստ է, ուստի չ՚արժեր սկզբնական քայլը նետելը։ Յաճախ սա է պատճառը, որ խելացի մարդոց մեծամասնութիւնը աւելի քիչ կը պարգեւատրուի։
Ի հարկէ, ամէն ինչ կարելի չէ ընել։ Բայց կարելի է բան մը ընել, յետոյ այլ բան մը եւ այլ բան մը… Այդպէս մեծ յառաջընթաց կ՚արձանագրէք կեանքի մէջ՝ առանց ծուլութեան ենթարկուելու, կամաց, քայլ առ քայլ։
Բոլորի կեանքի պայքարը տարբեր է, մեզմէ ոմանց համար յաղթանակը ստեղծագործելն է, իսկ ոմանց համար՝ երազանքներու ինքնաշարժը գնելը։ Բոլորը կը մաքառին բանի մը համար՝ նոյնիսկ ամենախաղաղ մարդը, բայց պայքարող մարդոց հասարակաց յայտարարն է գործողութիւններ ձեռնարկելը։ Կարեւորը հանգստութեան շրջանակէն դուրս գալով երազանքներու հասնելու փորձ կատարելն է՝ մի գուցէ շաբաթներով, ամիսներով, տարիներով։
Ձեր խելքը օգտագործելով ու գործողութեան անցնելով կը տեսնէք, որ հետզհետէ աւելի յառաջընթաց կ՚արձանագրէք եւ եթէ նոյնիսկ վատ արդիւնքներու ծնունդ տուող քայլ մը առնէք, կը սկսիք անկէ դասեր քաղել եւ աւելի ուժեղ դառնալով աւելի յստակ քայլեր նետել։
Կարգապահութիւնը անհրաժեշտ է մեր կեանքի մէջ հետեւողական ու համակարգուած գործողութիւններ ձեռնարկելու համար, բայց առանց չափելու կամ փորձելու, չենք կրնար հասկնալ, թէ արդեօք կարգապա՞հ ենք, թէ ոչ։
Գործողութիւնը մեզ կը ստիպէ զարգանալ ու յառաջանալ եւ թոյլ կու տայ անհրաժեշտ կապեր հաստատել մարդոց հետ։ Կեանքի մէջ բոլոր լաւ բաները տեղի կ՚ունենան, երբ բազմոցէն կամ անկողինէն ելլենք եւ շփուինք աշխարհի հետ։
Այս պատճառով, պէտք է գտնել բան մը, որ իսկապէս կարեւոր է ձեզի համար, ապա կը նկատէք ձեր յառաջընթացը ձեր նպատակին հասնելու ճամբուն։ Կը նկատէք նաեւ, թէ ի՛նչ կը փոխուի ձեր կարգապահութեան մէջ, որպէսզի կարողանաք առաջնահերթութիւն տալ գործողութիւններուն, քան միայն մտածելը կամ մտադրութիւնը։
Գոյութիւն ունին նաեւ պահեր, երբ չենք կրնար գործողութեան անցնիլ, նոյնիսկ ջուր խմելը դժուար կը թուի, բայց կեանքը այսպէս է։ Չենք կրնար միշտ ուրախ ըլլալ, բայց լաւ թէ վատ կեանքը կը շարունակուի եւ պէտք է ձեւով մը ապրինք ցմահ։
Պարզապէս մեր նպատակները մեր մտքին մէջ պատկերացնելով եւ գործողութեան չանցնելով անընդհատ պիտի խաբենք մենք մեզ՝ անհաւատալի մտածումներով, կամ փորձելով, գործի անցնելով եւ պայքարելով պիտի բարձրանանք մեր կեանքի բեմին, նոյնիսկ եթէ երբեմն պարտուինք։
Մտածելը պէտք է ըլլայ գործողութեան մէկ մասը, ոչ թէ ամբողջ ընթացքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ