ԱՇՈՏ ՄԱՏԱԹԵԱՆ (1882 - 1965)

Աշոտ Մատաթեան, դերասան, բեմադրիչ եւ թարգմանիչ: Ծնած է 1882 թուականի սեպտեմբերի 8-ին, Թեհրան:
Մատաթեանի մայրը պոլսեցի եղած է: Առ այդ, 1888-ին, հայրը զինք իր մօր հետ Պոլիս ղրկած է, մնալու իր մեծ հօր տունը եւ ուսում ստանալու: Հօր մահէն ետք՝ 1898-ին, մնացած է Պոլիս: Իր մեծ հօր մասին Մատաթեան այսպէս կը գրէ.
«Մեծ հայրս սարսափելի աւանադապահ էր. այնպէս, որ մեր տունին մէջ կը տիրէր վանական հոգեբանութիւն եւ մթնոլորտ: Թատրոն եւ նման բաներ՝ որպէս բառ անգամ մեր տունէն ներս չէին մտած: Բայց ահա գեղեցիկ օր մը, շատ հաւանաբար 96 թուականին մէջ, մեծ հայրս կ՚արտօնէր որ թատրոն երթանք՝ ես, մօրեղբայրս եւ մայրս: Ս. Խաչ վարժարանի օգտին կազմակերպուած ներկայացում մըն էր՝ որուն ոստիկանական հրամանը մեծ հայրս ապահոված էր եւ որ նոյն ատեն օթեակի մը տոմս գնած: Ասիկա հրաշք մըն էր ոչ միայն մեր ընտանիքին՝ այլեւ բոլոր մեր ծանօթներուն համար:
Նուագախումբը բան մը նուագեց եւ ահա վարագոյրը բացուեցաւ, իսկ ես՝ մանկամիտս, խաչ հանեցի: Յետոյ եկայ այն համոզումին՝ որ խաչ հանելով ես անգիտակցաբար կ՚ուխտէի պաշտել թատրոնն ու արուեստը: Լաւ տպաւորուած է միտքիս մէջ իմ տեսած առաջին թատերախաղս «Մասքօթ» օփերէթն էր: Բան մը հասկցած չէի, բայց անքակտելի կերպով կապուած էի թատրոնին: Թատրոնը մօտն էր մեր տունին եւ ես այլեւս միշտ կ՚երթայի եւ թատրոնին դուռին առջեւ կը սլքտկայի: Եւ երբ գիտցան, որ ես Հաճի Գրիգոր աղային թոռն եմ, սկսան ինծի ազատ մուտք տալ: Գիշերները կարելի չէր, բայց ցերեկի ներկայացումներուն միշտ թատրոնն էի, եւ իմ վրայ միայն Մնակեանի ներկայացումները կ՚ազդէին» («Ժամանակ», հինգշաբթի, 22-04-1965, թիւ 18579, էջ 1):
1890-1896 տարիներուն յաճախած է Սկիւտարի Ս. Խաչ մանկապարտէզը եւ թաղային վարժարանը:
1896-ին մուտք գործած է Պէրպէրեան վարժարան, շարունակելով իր ուսումը մինչեւ 1900 թուականը:
Մատաթեան Մնակեանէն տպաւորուած, սկսած է թատերական կտորներ գրել եւ ընկերներուն հետ միասին տնային ներկայացումներ կատարած են:
1899-ին, Մնակեանը հրապարակային հրաւէր ուղղած է երիտասարդներու: Մատաթեանը եղած է առաջիններէն, որ պատասխանած է հրաւէրին:
1902-ին Մնակեանի ցուցմունքներով բեմ բարձրացած է, որով իր դերասան դառնալու առաջին քայլը առնուած էր:
Յաջորդ տարին՝ 1903-ին, Ռեշատ Ռըտվանի Չափրաստճեանի թատերախումբին հետ եւս բեմ բարձրացած է: Որոշ շրջան մըն ալ անդամ եղած է նաեւ Մնակեան թատերախումբին:
Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք Ենովք Շահէնի հետ հիմնած է «Ազատ բեմ» թատերախումբը: Այդ խումբին անդամները եղած են օրդ. Էլիզ Պինէմէճեան, Եդուարդ Չափրաստ, Շահին Յովհաննէսեան, Արմէն Աժտէրեան, Շանտանճեան եւ ուրիշներ:
Շահին Յովհաննէսեանի հետ Սեւ ծովու փոքրասիական եզերքները թատերական պտոյտ մը կազմակերպած է:
Մասնակցած է նաեւ դէպի Իզմիթ եւ Իզմիր հայ տրամաթիք թատերախումբի հիւրախաղերուն:
Պատերազմի ընթացքին որպէս յեղափոխական տարագրուած է Հալէպ: Զինադադարին, տարագիր երիտասարդներով կազմած է «Մելպոմէ» թատերախումբը եւ շրջած են Կիլիկիոյ մէջ:
Այս այցելութեան մասին Ատանայի մէջ լոյս տեսնող «Կիլիկիա» թերթին, Ա. տարի, թիւ 9, 21 մարտ 1919-ի թիւին մէջ, «Մեր արուեստագէտ հիւրերը» վերնագիրին տակ, կը կարդանք.
«Պ. Ա. Մատաթեանցի Մելպոմէ հայ թատերախումբը մէկ քանի օր առաջ Հալէպէն հասաւ Ատանա, Պոլիս երթալու համար: Հայկական այս վերջին աննախընթաց աղէտէն յետոյ՝ Պոլիսէն դուրս կազմուած անդրանիկ եւ կարողագոյն թատերախումբն է այն, որ այնքան գնահատուեցաւ իր բեմական եւ թատերական ձեռնարկներով եւ, որ յաջողեցաւ այնքան կարճ միջոցի մէջ, ոչ միայն բարձրացնել հայ անունը, այլ եւ նախանձելի դարձնել զայն օտարներու աչքին առջեւ:
Այս իսկ պատճառով, մենք կը փափաքինք, որ թատերախումբը կիլիկեան շրջանին մէջ ալ մնայ ատեն մը եւ ստեղծէ ոգեւորութիւն ու խանդավառէ հայուն սիրտը այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Հալէպի մէջ:
Թատերախումբին ընկերացած է նաեւ յայտնի երա-ժըշտական երիտասարդ տաղանդ մը՝ պր. Բ. Կանաչը, աշակերտներէն մին մեր հանճարեղ ու անզուգական Կոմիտաս վարդապետին եւ վկայուած Պուքրէշի քոնսէրվաթուառի ջութակի ճիւղէն: Փափաքելի է որ պր. Կանաչ եւս յաջողի շուտով կազմել իր երկսեռ երգչախումբը, եւ վայելել տալ Կիլիկիոյ հայութեան՝ հայ երգի եւ հայ երաժշտութեան արտայայտող շեշտերը:
Կիլիկեցիներուն կը մնայ օգտուիլ այս կրկնակ գեղարուեստական պատեհութիւններէն, որոնք իսկապէս հազուադէպ են այստեղ:»
1919-ին վերադարձած է Պոլիս եւ նշանակուած է դերուսոյց հայ տրամաթիք ընկերութեան թատերախումբին, եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ իր մահը:
Քեմալական Թուրքիոյ մէջ սկզբնական շրջանին արգիլուած էր հայերէն լեզուով ներկայացումներ կատարելը, որով Մատաթեանի համար ծանր շրջան մը եղած է: Ապա, երբ յաջողած են արտօնութիւն ձեռք բերել, կազմած է «Սթիւտիօ» թատերախումբը եւ ներկայացումներ կատարած:
Պոլիսէն մեկնած է Պէյրութ, ուր պարբերաբար կազմակերպած է թատերական ներկայացումներ:
Մահացած է 22 ապրիլ 1965-ին, Պոլիս:
***
Աշոտ Մատաթեանի գրական վաստակը կը ներկայացնենք, արտատպելով օրին Յակոբ Այվազի հրատարակած «Քուլիս»ին մէջ լոյս տեսածը.
Մատաթեանի գրական աշխաաանքը կը սկսի 1899-ին: Այդ թուականին «Մանզումէի Էֆքեար»ի մէջ կ՚երեւայ նորավէպերով: Յետոյ Իսթանպուլի «Ազդարար», «Արեւելք», «Ժամանակ», «Մարմարա», Պէյրութի «Այգ», Ազգային հիւանդանոցի եւ Բագարատ Թեւեանի տարեգիրքերուն մէջ, ուր ան կը ստորագրէ թատերական քննադատութիւններ, արուեստի տեսութիւններ, յոբելենական գրութիւններ, ծածկանունով երգիծանքներ, արուեստագէտներու մասին քննական վերլուծումներ, մինչեւ անգամ գրական կտորներ:
Յօդուածներ ստորագրած է թրքերէն «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի, «Փէրտէ վէ սահնէ թիւրք թիյաթրօսու» ամսագիրներու եւ «Քուլիս»ի մէջ:
Իր թատերական աշխատանքները հետեւեալներն են.
ԻՆՔՆԱԳԻՐ ՀԱՅԵՐԷՆ «Միւսին մեղքը», «Տնաքանդ սէր», «Գոյամարտը»:
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐ «Օր. Շօքօլա», «Լուսահոգի Կիւ-լեան», «Ցեխամոյն Շուշանը», «Վարժապետին աղջիկը»:
ԹԱՐԳՄԱՆԱԾՈՅ «Դերասան Քին» (Ա. Տիւմա), «Գամելիազարդ կինը» (Ա. Տիւմա Որդի), «Արլուհին» (Ալֆոնս Տոտէ), «Սիմոն» (Պերիէօ), «Չարտաշ» (Ե. Պէլա), «Գազանը» (Ֆարուք Նաֆիզ), «Պիննազ» (Եու-սուֆ Զիյա Օրթաչ):
ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆԱԾ «Դերասան Քին», «Վաղահաս», «Սամսոն» (Պէրնշթայն), «Նամուս», «Եւգինէ», «Պատուի համար», «Չար ոգի» (Շիրվանզատէ), «Պէպօ» (Սունդուկեան), «Պաղտասար աղբար» (Պարոնեան), «Չարչըլը Արթին աղա» (Կիւրճեան-Օտեան), «Հին Աստուածներ» (Լեւոն Շանթ):
Այս բոլորէն յետոյ գրած է նաեւ թրքերէն, երկու հատորի մէջ ամփոփուած «Մեր բեմի արժէքները». ուսումնասիրութիւն մը՝ որ արժանացած է Հալք կուսակցութեան գրական յանձնաժողովի եւ Կրթական գործավարութեան նիւթական կարեւոր վարձատրութեան, ինչպէս եւ թուրք մտաւորականներու գնահատանքին, որպէս մասնագիտական աննախընթաց գործ («Քուլիս», 19-րդ տարի, 16 մայիս 1965, թիւ 10, Իսթանպուլ, էջ 20):
***
Այստեղ կը ներկայացնենք Աշոտ Մատաթեանի թատերական գործունէութիւնը 1902-1954 թուականներու միջեւ, դիմելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, որ օրին արտագրած է սոյն տեղեկագրութիւնը, 1954-ին Պէյրութի մէջ Մատաթեանի յոբելեանին առիթով հրատարակուած գրքոյկէն: Կը կարդանք.
1903-ին, Պոլսոյ մէջ նորակազմ վօտվիլի մը խումբին անդամակցեր է: Երեք խաղ յետոյ, խումբին դերուսոյցը Կոնէ Լէվի իրեն օգնական կարգեր է Մատաթեանը: 1905-ին, Մնակեան թատերախումբով Սամսոնի շրջապտոյտին մասնակցեր է:
1905-1908 նուիրուեր է արուեստի լուրջ ուսումնասիրութեան:
1908-ին Մնակեան թատերախումբին մէջ բեմավար:
Դարձեալ նոյն թուականին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին, թողելով Մնակեանը Ենովք Շահէնի -մեռած- եւ Շահէն Յովհաննէսեանի -այժմ Ամերիկա- հետ համագործակցաբար հիմներ է Ազատ թատրոնը: Այդ թուականին եւ այդ թատերախումբով կը սկսի Մատաթեան իր բեմադրիչի ասպարէզին: Առաջին անգամ կը բեմադրէ Վ. Հիւկոյի «Արքայն զբօսնու» տրաման:
1909-1910 թուականներուն՝ Զարիֆեանով 11 ամիս եւ կարճ միջով մը Սիրանոյշով: Ատկէ յետոյ, դարձեալ 1910-ին կը հրաւիրուի Տրապիզոնի սիրողներէն: 1912-ին Իզմիր կը մեկնի Վահրամ Փափազեանի, Ե. Չափրաստի, Ենովք Շահէնի, Նշան Պէշիկթաշլեանի, Դ. Սարգիսեանի եւ տիկին Հրաչ Փափազեանի հետ: 1912-1914 թուականներուն՝ Ֆէլէկեան քոյրերու հետ պատահական ներկայացումներ եւ Սկիւտարի Րաֆֆի ակումբի թատերախումբին դերուսոյց: Առաջին համաշխարհային պատերազմ: Հոս-հոն եւ Աշոտ Հալէպի մէջ զինուոր:
Այդտեղ ալ, ուրկէ ուր կը գտնեն Մատաթեանը եւ կը հրաւիրեն Իթթիհատի ակումբը -յետոյ արաբական- որպէսզի սիրողներու խումբը մարզէ: Կը պատրաստէ հինգ թատերախաղ:
1918-ին, Հալէպ գրաւուելէ անմիջապէս յետոյ կը կազմէ սիրողներու «Մելբոմէ» թատերախումբը եւ կու տայ առաջին հայերէն ներկայացումը, իր ինքնագիր մէկ թատերախաղով՝ «Ահա սերունդը», որուն ներկայ կ՚ըլլան Էմիր Ֆէյսալ, անգլ. եւ ֆրանս. բանականերու վերին հրամանատարները, որոնք կը գնահատեն կանոնաւոր խաղարկութիւնը եւ Մատաթեանի աշխատանքը կը վարձատրեն դրամական կարեւոր նուէրներով:
Հետզհետէ կը բեմադրէ «Շերլոք Հոլմս», «Համլէթ» եւ Խաչերեան ամոլի մասնակցութեամբ «Պատուի համար» եւ այլ թատերախաղեր:
Միաժամանակ Իսթանպուլի մէջ, Ե. Թոլայեան, Մ. Ջանանեան, Հրաչեայ Ներսէսեան, Տիգրան Պօղոս, Ե. Չափրաստ, Գ. Յակոբեան, տիկիններ Ալիքսանեան Հրաչեայ, Ատրինէ, Եւգինէ համախմբօրէն կը հիմնեն Պոլսահայ Տրամաթիք ընկերութիւնը, որուն հետզհետէ կ՚անդամակցին Տ. Նշանեան, Հ. Ստեփանեան, Հ. Պաղտասարեան եւ ուրիշ սիրողներ: Տրամաթիքը, տեղեակ ըլլալով, որ Մատաթեան կ՚ապրի, անմիջապէս կը գրէ անոր փութալ Իսթանպուլ, մասնակցելու Տրամաթիքին: Եւ Մատաթեան ապրիլի վերջերը, ինը սիրողներէ բաղկացած խումբով մը կը մեկնի Հալէպէն, հանդիպելով Ատանա, ուր մէկ քանի ներկայացում տալէ յետոյ կ՚անցնի Իսթանպուլ մայիսի սկիզբները: Այդ խմբակին մէջ էին ծանօթ դէմքերէն Գ. Կառավարենց, Մ. Բամպուգճեան, Զ. Պալեան եւ Խաչերեան ամոլը:
Տրամաթիք ընկերութիւնը բեմական գործի ղեկավարութիւնը եւ բեմադրիչի պաշտօնը կը յանձնէ Մատաթեանին ամենալայն լիազօրութեամբ: 1920-ի վերջերը Իսթանպուլ կը հասնի Յ. Սեւումեան, որ Տրամաթիքի հրաւէրով կը ստանձնէ բեմադրիչի պաշտօնը: Մատաթեան կ՚անցնի օժանդակ բեմադրիչի դիրքին: Մէկ քանի ամիս յետոյ Սեւումեան ծանրօրէն հիւանդացած կ՚իյնայ անկողին, եւ բեմադրական աշխատանքը իր ամբողջ ծանրութեամբ կը մնայ դարձեալ Մատաթեանին: Հետզհետէ Կովկասէն Իսթանպուլ կը ժամանեն հայրենի հռչակաւոր դէմքերը՝ Յ. Զարիֆեան, Վ. Փափազեան, Յ. Աբէլեան, Ա. Շահխաթունի, որոնք բոլորն ալ մուտ կը գործեն Տրամաթիքէն ներս: Այդ թուականներուն Տրամաթիքին կ՚աշխատակցի նաեւ Իսթանպուլի բեմերու մէկ աստղը Էլիզ Պինէմէճեան եւ ուրիշ պանծալի դէմքեր Ֆէլէքեան քոյրերը: Այսպէսով թատերախումբը կը դառնայ ամենաուժեղ, ան-մըրցելի եւ պատկառելի:
Եւ Մատաթեան միշտ իր բեմադրիչի պարտականութեամբ կը վարէ բեմական աշխատանքները ձեռնհասօրէն եւ արդիւնաւոր կերպով: Ահա՛, 1923-ին, անա-կընկալ կերպով թատերախումբը կը քայքայուի. անդամները խոյս կու տան զանազան ուղղութիւններով եւ Մատաթեան կը մնայ աներեւակայելի ջանքերով կերտուած գեղարուեստական կողթողի մը աւերակոյտին վրայ: Կը փորձէ նոր հիմնարկութիւն մը եւ կու տայ երկու ներկայացում: «Արծուիկը» եւ «Զազա» թատերախաղերը: Ասկէ յետոյ կու գայ հայերէն ներկայացումի արգելքը: Բայց Մատաթեան պատնէշին վրայ է. ան չի կրնար լքել թատրոնը եւ կը ձեռնարկէ թրքերէն ներկայացումներու: Իրեն աջակից ունենալով արդէն Տրամաթիքէն Լիւսի Մատաթեանը, Ե. Թօլայեանը եւ Վ. Պալըգճեանը, կը ձեռնարկէ օփերէթներու բեմադրութեան Թաքսիմի Քաղաքապ. պարտէզին եւ Վարիէթէ թատրոնին մէջ: 1925-ին Տար-Իւլ-Պէտայիէն -քաղաքպ. Խումբ- կը հրաւիրուի որպէս բեմադրիչ: Այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1931 թուականը, Գարագաշի, Պալըգճեանի, Պալթազարի, Լիւսի Մատաթեանի, Արամ եւ Ժերֆին Էլմաս ամոլին ընկերակցութեամբ ներկայացումներ կը սարքէ: 1931-32 թուականներուն, Տարամաթիքի յայտնի արուեստագէտ Րաշիտ Րըզայի հետ կ՚անցնի Անատոլու, Յունաստան եւ Սեւ ծովի քաղաքները: 1933-35 թուականներուն, սիրողներու խումբեր կը մարզէ: 1935-38-ին, «Հալէ» օփերէթի հետ բեմադրիչի պաշտօնով կ՚աշխատի: 1936-ին Սունդուկեանի «Պէպօ» թատերախաղը թրքերէնի թարգմանելով կը բեմադրէ եւ մինչեւ 1939-ը պարբերական ներկայացումներ կը պատրաստէ:
1939-ին, հայ սիրողներով կը հիմնէ Սթիւտիօ թատերախումբը, որ իր գոյութիւնը կը պահէ մինչեւ 1950-ը: Այդ շրջանին, մինչեւ 1945-ը, թարգմանաբար կը ներկայացնէ Շիրվանզատէի «Նամուս», «Պատուի համար», «Եւգինէ» թատերախաղերը, «Չարշըլը Արթին աղա», «Պաղտասար աղբար», իր ինքնագիր գործերէն «Տնաքանդ սէրը» եւ «Միւսին մեղքը» եւ մէկ քանի թատրեախաղեր ֆրանսական գրականութենէն:
1945-ին երբ հայերէն ներկայացումներու կրկին արտօնութիւն կը տրուի, Մատաթեան կու տայ առաջին ներկայացումը եւ կը շարունակէ այդ գործունէութիւնը մինչեւ 1950-ը:
Այս վերջին երկու շրջանին իրեն աշխատակից ունեցած է Յակոբ Այվազ, Հայկազ Ոսկերիչեան, Խաչիկ Արզուման, Ն. Հազէրեան, Անդան Էօզէր, Գ. Գասպարեան, Ա. Ալեանաք, Զարուհի Տէյիրմէնճեան, Պէթի Ասլան եւ ուրիշ շատեր, որոնց թուումը երկար պիտի ըլլար:
Եւ 1950-ին Մատաթեան կ՚այցելէ Պէյրութ:
Որոշապէս կ՚երեւայ, որ 1902-1954 թուականներուն, ամբողջ 52 տարի Մատաթեան առանց խոնջէնքի, առանց կքելու ծառայեր է թատերական արուեստի կուռքին ամենէն աննպաստ կացութեան եւ պայմաններու մէջ. ան մնացեր է հիանալիօրէն հաւատարիմ իր ուխտին եւ ինքնանուէր քան ամենէն մոլեռանդ քուրմերը կրակապաշտներուն: Այսօր երբ ան կը բաժնուի մենէ դառնալու համար Իսթանպուլ, մենք արուեստի եւ արուեստագէտի սիրողներս պարտք կը զգանք մեր գնահատանքի տուրքը տալ այն բացառիկ մարդուն, որ Մատաթեանն է, եւ որ իր կարգին անշահախնդրօրէն եւ լիովին տուեր է իր տուրքը իր արուեստին եւ ծառայեր է ժողովուրդին: Ուրախ ենք, որ անոր Ոսկի յոբելեանը տօնելու առաջնութիւնը մեզի՝ պէյրութահայերուս կը վիճակի եւ պիտի գիտնանք արժեցնել այդ առաջնութիւնը:
Կ՚ուզենք, որ ուրախ տրամադրութիւնով եւ գեղեցիկ յիշատակներով հեռանայ մենէ եւ վստահ ենք, որ պէյրութահայութիւնն ալ մասնակից է մեր փափաքին («Ժամանակ», ուրբաթ, 23-04-1965, թիւ 18580, էջ 3):
***
Դարձեալ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւ 18582-ին առաջին էջին մէջ, կիրակի, 25.04.1965, կը կարդանք Կարպիս Ե. Մուրատեանի «Աշոտ Մատաթեան» վերանգիրը կրող հետեւեալ կարճ գրութիւնը.
Հինգշաբթի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցին մէջ մեռաւ բազմավաստակ դերուսոյց եւ վեթերան բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեան:
Երկար ատենէ ի վեր մահուան դատապարտուած էր Մեծ Մարդը, որ սիրայօժար եւ անտրտունջ կուրծք տուաւ ամէն դառնութեան, առանց սակայն պահիկ մը իջնելու պատնէշէն՝ ուր բարձրացած էր ան, իր աւելի քան յիսուն տարուան անչափելի վաստակով:
Մահեր կան, որոնք կը խոցեն ու կ՚արիւնեն զիս:
Անոնք կը տանին մարդեր ու հոգիներ, որոնց կորուստը բաժին մըն ալ ինձմէ կը խլէ…:
Կը զգամ, թէ բան մը կը պակսի ինձմէ, ու ներսիդիս փուլ կու գայ քանդակ մը: Այս մահերը հազուադէպ են ու հազուադէպ մահերէն է կորուստը Աշոտ Մատաթեանի:
Իր դագաղին առջեւ, ինծի համար կարելի պիտի չըլլայ կարծես հաւատալ, թէ մարդկային ձեռքեր կրցած են փայտէ կափարիչի մը տակ բանտել իր զօրեղ, ըմբոստ, բիրտ ու քաղցր նկարագիրը: Երկաթեայ մարդ էր Աշոտ Մատաթեան, անյողդողդ ու մանաւանդ պայքարող մարդ:
Այդ կամքին մէջ խտացած էր իր բովանդակ կեանքը՝ իր բազմագոյն հանգրուաններով:
Մեռաւ՝ հաւանաբար դառնացած եւ յուսախաբ:
***
Արա Ակինեան, Մատաթեանի 50-ամեայ յոբելեանին առիթով գրած է.
Արուեստագէտը չի շինուիր, այլ կը ծնի: Աշոտ բեմական հսկայ մը ըլլալու կոչումով ծնածներէն մէկն է: Մեղք, որ ժամանակը եւ միջոցը չեն օգնած իրեն: Մե՜ղք, որ արուեստի սիրահարներ ըլլալու փառասիրութիւնը ունեցող իսթանպուլցիք չեն կրցած գնահատել իրենց այս արժէքաւոր զաւակը: Կը շնորհաւորենք պէյրութցիք՝ իրենց այս ձեռնարկին համար:
Աշոտ, կեանքի բեմին յարմար դերասան չէ: Ան կեանքի աղտոտ հաշիւներով առանց զբաղուելու, ինչպէս երէկ Իսթանպուլի, այսօր ալ Պէյրութի փողոցներէն կ՚անցնի անտարբեր՝ գլխուն մէջ բեմը եւ շրթներուն վրայ իմաստասէրի վայել ճգնող ժպիտը:
Յարգանք իր արուեստին:
Իսթանպուլ
22 մարտ 1954
***
Յակոբ Այվազ իր հրատարակած «Քուլիս»ին մէջ, «Բեմասէրներուն հայրիկը՝ Աշոտ Մատաթեան, չկայ այլեւս» վերանգիրին տակ կը գրէ.
22 ապրիլի առաւօտուն գրչեղբայրս Արա Գօչունեան հեռաձայնով կու տայ այս անակնկալ ցաւալի լուրը:
Իսթանպուլահայ թատրոնին ամենամեծ դէմքը, տարիներու տքնաջան եւ կորովի դերուսոյց-բեմադրիչը Աշոտ Մատաթեան ոչ եւս է այսօր: 83 տարեկանին՝ առ յաւէտ կը բաժնուի ան մեզմէ, իր ետին թողլով բազմաթիւ սաներ, որոնք իր ձեռքին տակ հասակ նետեցին ու իրենց առաջին քայլերը բեմին վրայ անոր հսկողութեան ներքեւ կրցան նետել: Երանի՜ անոր աշակերտներուն: ԱՇՈՏ ՄԱՏԱԹԵԱՆ իր կեանքին գրեթէ կէսէն աւելին անցուց բեմին վրայ: Երիտասարդ տարիքէն փարեցաւ բեմին ու ցմահ չբաժնուեցաւ անկէ:
Բեմը՝ իր ամէն ինչն էր: Սիրտը միայն բեմին համար տրոփեց: Գրիչը միայն թատրոնին համար գործածեց: Եւ հոգին տուաւ այս բոլորին համար:
Կոմիտաս վարդապետին նման, սիրցուց բեմն ու արուեստը նորահաս սերունդներուն: Սիւնը եղաւ իսթանպուլահայ Տրամաթիք թատերախումբին: Հոգին եղաւ Սթիւտիօին եւ վերջապէս ամէն ինչը արուեստասէրներուն:
Քաջ գիտէր, թէ ապերախտ են մարդիկ: Չեն գնահատեր ո՛չ արուեստը եւ ոչ ալ արուեստագէտը: Եւ սակայն աշխատեցաւ տարիներ ամբողջ եւ ուսուցիչը եղաւ թուրք թէ հայ դերասանին:
Իսթանպուլահայ Տրամաթիքէն յետոյ բեմադրիչը եղաւ նաեւ այսօրուան Քաղաքապետական թատրոնին, անոր նախնական շրջաններուն: Երկար շրջան մը շրջեցաւ Հալք Օփերէթի խումբին հետ: Մեծանուն դերասան Րաշիտ Րըզայի հետ թուրնէներ կազմակերպեց:
Թուրքիոյ զանազան գիւղաքաղաքներէն սկսեալ ներկայացումներ կազմակերպեց նաեւ Յունաստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:
Պէյրութի եւ Իսթանպուլի աշակերտներուն կողմէ տօնուեցաւ իր բեմական գործունէութեան 40 եւ 50 ամեակները:
Այս երկար տարիներու շարքին, գրեց, թարգմանեց եւ փոխակերպեց բազմաթիւ թատերախաղեր: Ան էր, որ թուրք հասարակութեան ծանօթացուց Շիրվանզատէն, Երուանդ Օտեանը, Շանթը եւ տակաւին ուրիշներ, թարգմանելով անոնցմէ զանազան բիէսներ:
Նոյնպէս անոր շնորհիւ հայ թատերասէրը ծանօթացաւ՝ Իպնիրքէֆէրիք Ահմէտ Նուրիի, Եուսուֆ Զիյա Օրթաչի, Ֆարուք Նաֆիզի եւ այլ թուրք հեղինակներու գործերուն:
Աշոտ Մատաթեան գրի առաւ եւ լոյս ընծայեց «Մեր բեմական արժէքները», որ գնահատուեցաւ կրթական գործավարութեան կողմէ ալ: Գրական եւ երգիծական յօդուածներ ստորագրեց զանազան օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ:
Եւ այս բոլորը տուաւ փոխարէն ոչինչ սպասելով իր ժողովուրդէն:
Որովհետեւ քաջ գիտէր, թէ անտարբեր է մեր ժողովուրդը արուեստին եւ արուեստագէտին հանդէպ:
Պարապ բաներ է անոր համար արուեստն ու գրականութիւնը: Եւ րոլոր ասոնք գիտնալով հանդերձ, Մատաթեան կապուած մնաց իր բեմին ու թատրոնին: Եւ միայն մահը կրցաւ բաժնել զայն իր շատ սիրած արուեստէն:
Չկայ այլեւս մեր վաստակաւոր վարպետը, որուն շունչին տակ հասակ առին բազմաթիւ աշակերտներ ու աշակերտուհիներ: Սակայն պիտի հրճուի անոր հոգին վստահ եմ, ամէն անգամ որ իր արժէքաւոր սաները բեմ ելլեն եւ իրենց յաջողութիւններովը կարենան երանի՜ շահեցնել այս արժէքաւոր եւ բազմավաստակ վարպետին:
Յարգանքով կը խոնարհինք իր անուրանալի արժանիքներուն եւ անմահ վաստակին առջեւ («Քուլիս», 19-րդ տարի, 5 մայիս 1965, թիւ 9, Իսթանպուլ, էջ 3):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ