ԿԱԶԶԷԻ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ՝ ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ

Միջերկրականի կապոյտ հորիզոնին դիմաց տարածուած Մարսէյլ քաղաքին մէջ, «Լուսանկարչական կեդրոնը» այս օրերուն կը հիւրընկալէ բացառիկ ցուցահանդէս մը։ Անիկա անհետացած աշխարհի մը յիշողութիւնն է ձեւով մը։ 

«Կազզէի Ֆոթօ Գեղամը․ անաւարտ արխիւ մը» խորագիրը կրող այս ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է «Saison Méditerranée 2026»ի ծիրէն ներս, այցելուներուն առջեւ կը բանայ պատմութեան դուռ մը, որուն ետին կը գտնուի խաղաղութեան, համակեցութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան երկարատեւ վկայութիւնը։

Այս ցուցահանդէսը ամբողջութեամբ նուիրուած է Կազզէի առաջին լուսանկարիչներէն մէկուն՝ հայ-պաղեստինցի Գեղամ Աւետիս Կարապետ Ճեղալեանի ստեղծագործական ժառանգութեան։

Ցուցահանդէսը համադրուած է լուսանկարիչին թոռնիկին՝ արուեստագէտ եւ գեղարուեստական ղեկավար Գեղամ Ճեղալեան Կրտսերի կողմէ, որ աւելի քան տասնամեակ մը տեւած պրպտումներէ ետք աշխարհին վերադարձուց իր մեծ հօր ժառանգութիւնը։ Այդ ժառանգութիւնը այսօր անգնահատելի արժէք ունի, որովհետեւ կը պատմէ Կազզէի մասին, բայց ո՛չ պատերազմի, այլ՝ անցեալի ապրող, շնչող, ստեղծագործ եւ խաղաղ քաղաքին։

Այս լուսանկարներուն մէջ արձանագրուած Կազզէն այն քաղաքը չէ, զոր աշխարհ զայն կը ճանչնայ վերջին տարիներու ողբերգական պատկերներէն։ Անիկա ծովափնեայ կենսունակ քաղաք մըն է, ուր մարդիկ կը սիրեն, կը ստեղծագործեն, կը տօնեն տօները եւ կը հաւատան ապագային։ 

Այսօր այդ քաղաքին մեծ մասը վերածուած է աւերակներու եւ Գեղամ Ճեղալեանի ոսպնեակն է, որ մեզ կը ստիպէ յիշել, թէ իւրաքանչիւր պատերազմէ առաջ գոյութիւն ունեցած է խաղաղութիւն, իսկ իւրաքանչիւր աւերակին տեղը ժամանակին տուն մը, պարտէզ մը, խանութ մը եղած է․․․ 

Գեղամ Ճեղալեանի կենսագրութիւնը ինքնին Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան պատմութեան խտացուած պատկերէն մէկն է։

Անատոլու ծնած մանուկը անցեալ դարասկիզբին հրաշքով կը փրկուի եւ կ՚անցնի գաղթի եւ տարագրութեան դժուար ճանապարհներէն։ Լիբանան, Սուրիա եւ Երուսաղէմ անցնելէ ետք, ան 1944 թուականին կը հաստատուի Կազզէի մէջ եւ կը հիմնէ քաղաքին առաջին լուսանկարչական սթիւտիոն՝ «Ֆոթօ Գեղամ» անունով։

Այնտեղէն սկսաւ պատմութիւն մը, որ պիտի տեւէր շուրջ քառասուն տարի։

Իբրեւ վերապրող մը, Գեղամ Ճեղալեան շատ արագ զգաց պաղեստինցիներու ճակատագիրին մէջ սեփական ժողովուրդին պատմութեան արձագանգը։ Պաղեստինի ժողովուրդի ապրած ո՛չ մէկ զգացում ու տառապանք իրեն օտար էին։ Թերեւս այդ պատճառով ալ ան չբաւարարուեցաւ գեղեցիկ դիմանկարներ նկարելով, սկսաւ վաւերագրել ժողովուրդ մը, որ կը փորձէր արժանապատիւ կերպով ապրիլ պատմութեան ծանր փորձութիւններուն մէջ։ 

Թէեւ լուսանկարիչ Գեղամը ամբողջութեամբ ներգրաւուած էր պաղեստինեան իրականութեան մէջ եւ սիրուած էր տեղացիներուն կողմէ, սակայն, ան երբեք չկորսնցուց իր հայկական արմատները։ Անոր կեանքն ու գործը օրինակ են այն հայերուն, որոնք հիւրընկալուեցան արաբական աշխարհին մէջ եւ դարձան այդ երկիրներու մշակոյթի կերտողներէն մէկը։

1948 թուականի Նաքպայէն ետք (պաղեստինցիներու ազգային զտումը), ան այցելեց գաղթակայաններ, լուսանկարեց օգնութեան բաշխումները, գաղթական ընտանիքներու առօրեան եւ այն լուռ արժանապատուութիւնը, որով մարդիկ կը շարունակէին կեանքը։ 1956 թուականի Խան Եունէսի ողբերգական իրադարձութիւններուն ընթացքին ալ ան դարձաւ վկայ եւ արձանագրող։

Սակայն, իր ստեղծագործութեան ամենամեծ արժէքը քաղաքական իրադարձութիւններու վաւերագրութիւնը չէ միայն։ Անոր մեծագոյն արժէքը մարդը պահպանելն է՝ պատմութեան փոշիէն ու մոռացութենէն անդին։

Ցուցահանդէսի ամենահզօր կողմը այն է, որ զայն պատերազմը չի ցուցադրեր առաջին հերթին, այլ՝ խաղաղութիւնը։

Այսպիսի ցուցահանդէսները անգամ մը եւս խորհիլ կու տան, որ այսօր խաղաղութիւնը աւելի հազուագիւտ եւ աւելի ցնցիչ պատկեր մըն է, քան պատերազմը։ Մինչդեռ ո՛չ թէ պատերազմը, այլ խաղաղութիւնն է կեանքի բնական վիճակը։

Գեղամ Ճեղալեանի լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք երեխաներ՝ որոնք կը վազեն ծովափին, երիտասարդներ՝ որոնք կը ժպտին լուսանկարչական սարքին առջեւ, ընտանիքներ՝ որոնք շաբաթավերջի զբօսանքի ելած են, կիներ՝ որոնք կը մասնակցին հասարակական կեանքին, երաժշտական երեկոներ, դիմակահանդէսներ, դպրոցական ձեռնարկներ եւ հարսանեկան խրախճանքներ… Եւ այս բոլորը՝ Կազզէի մէջ։

Այս պատկերները այսօր գրեթէ անհաւատալի կը թուին, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն լրատուամիջոցները Կազզէն գրեթէ միշտ ներկայացուցած են պատերազմի ու ճգնաժամի մէջ, իսկ մարդիկ՝ գաղթի, սովի, տառապանքի տեսարաններու ընդմէջէն։ 

Գեղամ Ճեղալեանի ամբողջ արխիւը կարծես յիշեցում մըն է, թէ պատերազմները ո՛չ միայն մարդիկ կը սպաննեն, այլ նաեւ կ՚ոչնչացնեն յիշողութիւնները, սովորութիւնները, քաղաքներու հոգին եւ առօրեայի աննշան, բայց անփոխարինելի գեղեցկութիւնը։

ԵՐԵՔ ԿԱՐՄԻՐ ՍՆՏՈՒԿՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ

Այս պատմութիւնը գրեթէ վէպի մը կը նմանի։

2008 թուականին, Եգիպտոսի մէջ գտնուող ընտանեկան բնակարանին մէջ, Գեղամ Ճեղալեան Կրտսերը պատահաբար կը յայտնաբերէ երեք կարմիր սնտուկներ։ Տասնամեակներ շարունակ այդ սնտուկները ընտանիքին հետ շրջած էին երկրէ երկիր, առանց ոեւէ մէկուն գիտնալու, թէ ի՛նչ անգնահատելի գանձ կը պահէին իրենց մէջ։

Սնտուկներուն մէջ կը գտնուէին հազարաւոր սեւանկարներ (նեկաթիւներ), ժապաւէններ եւ լուսանկարներ, որոնք կը ծածկէին 1940-ականներէն մինչեւ 1970-ականներու վերջաւորութիւնը։

Այդ պահէն սկսաւ երկար վերականգնման աշխատանք մը։

Այսօր վերականգնուած այդ արխիւը ամբողջ տարածաշրջանի պատմական ժառանգութիւնն է, միայն Ճեղալեան ընտանիքին չի պատկանիր։ Անիկա կը պատկանի Կազզէին, Պաղեստինին, Միջերկրական աշխարհին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին։

ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՐՈՒՍՏ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ

Գեղամ Ճեղալեանի պատմութիւնը առանձին երեւոյթ մը չէ։

Մերձաւոր Արեւելքի լուսանկարչական պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն վաղուց յայտնի է, որ հայերը այս արուեստի ամենանշանաւոր վարպետներէն եղած են։ Երուսաղէմի, Պոլսոյ, Գահիրէի, Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի հայ լուսանկարիչները տասնամեակներ շարունակ փաստագրած են ամբողջ տարածաշրջանի պատմութիւնը։

Հայ լուսանկարիչները այդ երկիրներուն մէջ նկարահանեցին կայսրութիւններու անկումը, ժողովուրդներու գաղթը, քաղաքներու աճը, մշակոյթներու հանդիպումը եւ հասարակութիւններու փոփոխութիւնը։ Շատ անգամ հայ լուսանկարիչի մը ոսպնեակին շնորհիւ է, որ այսօր կը ճանչնանք այդ քաղաքներուն անցեալի դէմքը։

Այս աւանդութեան մէջ է նաեւ Գեղամ Ճեղալեանը։ Այդ պատճառով ալ անոր լուսանկարները այսօր պատմական փաստաթուղթեր են, բայց նաեւ մշակութային կամուրջներ՝ հայերու եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ։

Գեղամ Ճեղալեանի Մարսէյլի ցուցահանդէսի խորագիրը՝ «Անաւարտ արխիւ մը», առանձնայատուկ խորհուրդ ունի։

Արխիւը անաւարտ է, որովհետեւ ո՛չ միայն դեռ հազարաւոր լուսանկարներ կը սպասեն ուսումնասիրութեան. անաւարտ է նաեւ, որովհետեւ Կազզէի խնդիրը տակաւին չէ վերջացած։

Լուսանկարներուն մէջ արձանագրուած երեխաներէն շատերուն անունները այսօր մոռցուած են։ Բազմաթիւ շէնքեր այլեւս գոյութիւն չունին։ Բազմաթիւ փողոցներ փոխուած են անճանաչելի կերպով։

Գեղամ Ճեղալեանի լուսանկարներուն մէջ պահպանուած Կազզէն կը վկայէ, որ խաղաղութիւնը երբեմն ամենէն գեղեցիկ ստեղծագործութիւնն է, զոր ժողովուրդ մը կրնայ կառուցել, իսկ պատերազմը՝ ամենէն արագ ուժը, որ կրնայ զայն կործանել։ Ցուցադրուած են լուսանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը խաղաղութեան օգտին հնչող կոչ է՝ ուղղուած ամբողջ մարդկութեան։

ԿԱԶԶԷԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՓՐԿԵՆ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿԷՆ

Վերջին ամիսներուն Կազզէի մէջ խումբ մը երիտասարդ կամաւորներ սկսած են անսովոր առաքելութեան մը. անոնք տուներու եւ փողոցներու աւերակներուն մէջ կը փնտռեն գոյատեւողներ, բայց նաեւ՝ պատմութեան մնացորդներ։ 

Իրենց ձեռքերով այդ կամաւորները կը հանեն հին ձեռագիրներ, լուսանկարներ, խեցեղէն, ընտանեկան փաստաթուղթեր եւ մշակութային արժէք ներկայացնող առարկաներ, որոնք կրնային ընդմիշտ կորսուիլ։ Այս երիտասարդները կը հաւատան, որ քաղաք մը կարելի է վերաշինել, սակայն եթէ յիշողութիւնը կորսուի, ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր ինքնութեան մէկ մասը։ Այդ պատճառով ալ կը փորձեն փրկել ամէն ինչ՝ դպրոցական մատեաններէ մինչեւ հին ընտանեկան լուսանկարներ եւ պատմական իրեր։

Մասնագէտներ կը յիշեցնեն, որ Կազզէն աշխարհի ամենահին շարունակաբար բնակուած քաղաքային կեդրոններէն մէկն է։ Դարեր շարունակ զայն եղած է Ափրիկէի եւ Ասիոյ միջեւ առեւտրական եւ մշակութային կամուրջ մը, որուն վրայ իրենց հետքերը ձգած են եգիպտացիներ, յոյներ, հռոմէացիներ, բիւզանդացիներ, արաբներ եւ օսմանցիներ։ 

Այսօր բազմաթիւ պատմական վայրեր վնասուած կամ աւերուած են, իսկ երիտասարդ կամաւորները կը փորձեն փրկել այն, ինչ տակաւին կարելի է փրկել։ 

Փնտռտուքի ընթացքին երիտասարդները յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուին փլատակներու վերածուած թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու, որոնց՝ տասնամեակներու խնամքով պահուած արխիւները թաղուած են փոշիի ու քարերու տակ։ Անոնք, յատուկ գործիքներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, սեփական մատներով ու պարզ խոզանակներով կը մաքրեն դարաւոր խեցեղէններու կտորները եւ օսմանեան շրջանէն պահուած իրերը։ Միջազգային մշակութային կազմակերպութիւններու զեկոյցները կը հաստատեն, որ պատերազմի ընթացքին ծանրօրէն վնասուած են քաղաքին հնագիտական հարստութիւնները. ինչպէս՝ հին նաւահանգիստի տարածքը եւ պատմական պալատները, ինչ որ այս կամաւորներու գործը կը վերածէ իսկական մշակութային դիմադրութեան։ Անոնք քաջ կը գիտակցին, որ պատմութեան ջնջումը հաւասարազօր է ներկայի կորուստին։

Այս առաքելութիւնը ունի նաեւ խորապէս անձնական ու մարդկային երեսակ։ Փրկուած իւրաքանչիւր լուսանկար, որուն վրայ կ՚երեւին անցեալ դարու կէսերուն Կազզէն, կը դառնան ապացոյց, որ այս հողին վրայ կեանքը միշտ ալ եղած է կայտառ, բաց եւ մշակութային երանգներով հարուստ։ Կամաւորները իրենց գտածոները խնամքով կը թուայնացնեն եւ կը պահեն համացանցային ապահով հարթակներու վրայ՝ զանոնք փոխանցելով աշխարհի զանազան անկիւնները գտնուող արխիւներուն։ Ասիկա յստակ պատգամ մըն է ողջ մարդկութեան. քաղաքի մը ֆիզիքական պատերը կրնան փլուզուիլ, սակայն, ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութիւնն ու ինքնութեան կամքը անհնար է զերոյացնել կամ թաղել աւերակներուն տակ։ Թերեւս առանց գիտակցելու, այս երիտասարդները այսօր կը շարունակեն այն նոյն առաքելութիւնը, զոր տասնամեակներ առաջ ստանձնած էր հայ լուսանկարիչ Գեղամ Ճեղալեանը. փրկել ժամանակը մոռացութենէն եւ պահել ժողովուրդի մը յիշողութիւնը ապագայ սերունդներուն համար։

«ԱԼԻՖ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՐԱՏԱՊ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Ալիֆ» միջազգային հիմնադրամը (որ նուիրուած է հակամարտութեան գօտիներու մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման) պատերազմի առաջին իսկ ամիսներէն յատուկ դրամաշնորհներ տրամադրեց Կազզէի տեղացի հնագէտներուն եւ երիտասարդ կամաւորներուն։ Այս մէկը թոյլ տուաւ, որ անոնք ապահովեն առաջնային անհրաժեշտութեան նիւթեր՝ յատուկ արխիւային տուփեր, հակասնկային թղթածրարներ եւ լուսանկարչական թուայնացման պարզ սարքեր, որպէսզի փլատակներէն հանուած թուղթերն ու լուսանկարները անմիջապէս պաշտպանուին խոնաւութենէն եւ ոչնչացումէն։

Քանի որ Կազզէի մէջ ելեկտրականութեան եւ արհեստագիտական միջոցներու լուրջ տագնապ կայ, երիտասարդները ստիպուած եղան ստեղծել ինքնաշէն արխիւային կեդրոններ։ Անոնք յաճախ կ՚օգտագործեն արեւային մարտկոցներով աշխատող փոքր համակարգիչներ եւ շարժական սարքեր։ Փլատակներէն հանուած հին ընտանեկան արխիւները, ձեռագիրներն ու այլ նիւթեր՝ անոնք անմիջապէս կը բեռնեն «ամպային» ապահով շտեմարաններու մէջ։ Ասիկա կ՚ըլլայ այն գիտակցութեամբ, որ եթէ նոյնիսկ բնագիրը ֆիզիքապէս ոչնչանայ յաջորդ հարուածէն, անոր թուային պատճէնը արդէն փրկուած կ՚ըլլայ աշխարհի համար։

Կամաւորներու ուշադրութեան կեդրոնին չեն միայն պետական թանգարանները։ Կազզէի մէջ կային դարաւոր պատմութիւն ունեցող ընտանիքներ, որոնք իրենց տուներուն մէջ կը պահէին օսմանեան, բրիտանական եւ եգիպտական շրջաններու հազուագիւտ փաստաթուղթեր, հին քարտէսներ եւ գիրքեր։ Երիտասարդները տուն առ տուն շրջելով՝ փլուզուած նկուղներէն դուրս կը բերեն այս մասնաւոր հաւաքածոները։ Օրինակ՝ Մեծ Օմարի մզկիթի հարուածէն ետք, կամաւորները օրեր շարունակ մաղեցին մոխիրն ու փոշին՝ կիսախանձուած էջեր հաւաքելու եւ զանոնք քիմիական յատուկ նիւթերով մաքրելու համար։ Այդ մզկիթը, որ Կազզէի ամենահին ու ամենամեծ աղօթատունն էր, յայտնի էր իր 13-րդ դարու հարուստ գրադարանով ու հազուագիւտ ձեռագիրներով, որոնցմէ շատեր այսօր կիսով չափ մոխիր դարձած են։ Ասիկա միակ կորուստը չէ. կամաւորներու ուսումնասիրութիւններն ու միջազգային զեկոյցները ցոյց կու տան, որ աւերման կամ ծանր վնասման ենթարկուած են աւելի քան 150 պատմական ու կրօնական կոթողներ, ինչ որ մասնագէտներու կողմէ կը գնահատուի որպէս մշակութային ինքնութեան իսկական աղէտ։ Այդ կորուստներու շարքին է Քրիստոսէ առաջ 800-ական թուականներուն հիմնուած Անթեդոն հնագոյն նաւահանգիստը, որ կը հանդիսանայ Կազզէի ամենահին ծովային դարպասը եւ ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ։ Նոյն ճակատագիրին արժանացած են նաեւ 13-րդ դարու պատմական Ալ-Պաշա դղեակը, որ տարիներ շարունակ կը գործէր իբրեւ հնագիտական հարուստ թանգարան եւ Քրիստոսէ առաջ 2-րդ դարու հռոմէական Արդ-ալ-Մոհարպէյն արժէքաւոր գերեզմանատունը։ Այս բոլորի կողքին, երիտասարդներու յատուկ խնամքին առարկան դարձած է նաեւ Սուրբ Պորֆիրիոս յունաց ուղղափառ եկեղեցին։ 425 թուականով թուագրուող այս սրբավայրը, որ կը նկատուի աշխարհի ամենահին գործող եկեղեցիներէն մէկը, որ նոյնպէս կը կրէ պատերազմի ծանր հարուածներուն հետքերը։

Միջազգային մամուլին տուած հարցազրոյցներուն մէջ այս երիտասարդները կը նշեն, որ իրենց աշխատանքը հոգեբանական մեծ ազդեցութիւն ունի տեղի բնակչութեան վրայ։ Երբ մարդիկ կը տեսնեն երիտասարդներ, որոնք վտանգի տակ հին լուսանկար կամ կաւէ աման կը փրկեն, կը վերագտնեն ապագայի հանդէպ յոյսը։ Անոնք աշխարհին ցոյց կու տան, որ Կազզէն միայն մարդկայնական՝ մարդօգուտ աղէտի վայր չէ, այլ հինգ հազար տարուան քաղաքակրթութեան օրրան, որուն կենսագրութիւնը հնարաւոր չէ ջնջել։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026