ԱԼԻՇԱՆ ԽՍՏԱԿԵԱՑ ԿԵԱՆՔ ԿԸ ՎԱՐԷՐ ԵՒ ԹՌՉՈՒՆԻ ՊԷՍ ԿԸ ՍՆԱՆԷՐ. ԽՈՆԱՐՀ ՎԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՀՍԿԱՅ
Ընդհանրապէս հետաքրքրական ու արժէքաւոր են այն յուշագրութիւնները, որոնք չեն սահմանափակուիր լոկ պատմական արձանագրութեամբ, այլ կը բանան մարդու մը ներաշխարհը՝ իր առօրեայ պարզութեան, խստակեաց կեանքին, հոգեւոր խորքին եւ ազգային գիտակցութեան անսպառ ծալքերուն մէջ։
Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն Հայր Քերովբէ վրդ. Ա. Չրաքեանի յուշ-վկայութիւնը կը պատկանի այդ հազուագիւտ յիշողութիւններու շարքին։ Ան կը ներկայացնէ հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղեւոնդ Ալիշանը (Քերովբէ Ալիշանեան)՝ իբրեւ մեծ գիտնական ու գրագէտ, միաժամանակ կը յայտնաբերէ զինք իբրեւ կենդանի օրինակ՝ դաստիարակ, վանական, խոնարհ մարդ, որ իր լուռ ներկայութեամբ կը կերտէր սերունդներու հոգին ու միտքը։
Ալիշանի կերպարը տարիներու ընթացքին շղարշուած էր առասպելական շունչով։ Սակայն, ո՞վ էր իրականութեան մէջ այն «Նահապետը», որուն գրիչէն կը հոսէր հայրենիքի սէրը եւ որուն լռութիւնը Սուրբ Ղազարի կամարներուն տակ աւելի խօսուն էր, քան՝ բազում ճառեր։
Այս յուշագրութիւնը, գրուած անմիջականութեամբ եւ յարգանքի խոր զգացումով, մեզ կը փոխադրէ Սուրբ Ղազարի վանական միջավայր՝ իր ծիսական կեանքով, կրթական ոգիով եւ հոգեւոր ջերմութեամբ։ Հոն, Ալիշանի կերպարը կը ծաւալի որպէս շնչող ներկայութիւն, որ կ՚ոգեւորէ, կը խրախուսէ եւ կը դաստիարակէ։
Անցեալի լուսաւոր դէմքի մը յիշատակը կը դառնայ ներկայի հոգեւոր ուղեցոյցը՝ յիշեցնելով, թէ ազգերու ճակատագիրը կը կերտուի մեծ իրադարձութիւններով եւ նուիրումով լուռ ծառայողներու, որոնց կեանքը ինքնին պատգամ մըն է։ Ղեւոնդ Ալիշան՝ Մխիթարեան միաբանութեան նշանաւոր վանականը, հայ մշակոյթի այն մեծանուն դէմքերէն է, որ իր կեանքով եւ գործով խոր հետք ձգած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ։ Ծնած Պոլիս 1820 թուականին, ան վաղ տարիքէն միացաւ Մխիթարեան միաբանութեան, ուր կրթուեցաւ եւ ամբողջ կեանքը նուիրեց գիտութեան ու ազգին ծառայութեան։
Բանաստեղծ, պատմաբան, աշխարհագրագէտ եւ բանասէր՝ Ալիշան իր գրիչով վերակենդանացուց հայոց անցեալի փառքը եւ հայրենասիրութեան ոգին սերմանեց սերունդներու հոգիներուն մէջ։
«Նահապետ» ստորագրութեամբ հրատարակուած իր քերթուածները դարձան ազգային զարթօնքի ազդարար, իսկ գիտական աշխատութիւնները՝ անխախտ հիմքեր հայագիտութեան համար։
Իր ողջ կեանքի ընթացքին, Սուրբ Ղազար կղզիին վանական լռութեան մէջ հաստատուած, երբեք առիթը չունեցաւ ոտք դնելու հայրենի հողին վրայ։ Սակայն, զարմանալիօրէն, իր մտքի ու հոգիի ամբողջ սեւեռակէտը, իր ուսումնասիրութիւններու եւ ստեղծագործութիւններու միակ առանցքը Հայաստան աշխարհն էր։
Ան նաեւ հաւաքեց ու ուսումնասիրեց ժողովրդական երգն ու բանահիւսութիւնը, պաշտպանեց մայրենի լեզուն եւ անոր արժէքը։ Կեանքի վերջին տարիները ամբողջապէս նուիրեց գիտական գործին՝ թողելով հարուստ ժառանգութիւն՝ տասնեակ հատորներով։
Ալիշանը կարեւոր աւանդ ունի նաեւ շարք մը հայ պատմիչներու գործերու գիտական հրատարակութեան բնագաւառին մէջ։ Ասոնցմէ են՝ Կիրակոս Գանձակեցիի «Համառօտ պատմութիւն» (1865), Լաբուբնա ասորի մատենագիրի «Թուղթ Աբգարու…», Խոսրով Անձեւացիի «Մեկնութիւն աղօթից պատարագին» (1869), «Կամենից, Տարեգիրք հայոց Լեհաստանի եւ Ռումենիոյ» (1896) երկերը, ինչպէս նաեւ «Սոփերք հայկականք» մատենաշարի 22 հատորիկները (1853-1861)։
Հայ գրող Ղազարոս Աղայեանի հետեւեալ բնութագրումը կ՚ամբողջացնէ Ալիշանի կերպարը. «Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը դարուս հայկական հանճարի ներկայացուցիչն է։ Իբրեւ բանաստեղծ՝ բոլոր բանաստեղծներու նահապետն է, իբրեւ եկեղեցական՝ շնորհալի մըն է, իբրեւ գիտնական՝ հանրագէտ մըն է»։
Ալիշան մահացաւ 1901 թուականին՝ Սուրբ Ղազար կղզին, ուր եւ կը հանգչի։
Այս յուշերը տպուած են 1961 թուականին, «Բազմավէպ»ի մէջ։ «Բազմավէպ»ի այդ թիւը բացառիկ էր եւ նուիրուած էր Ալիշանի մահուան 60-ամեակին։
ՅՈՒՇԵՐՍ Հ․ ԱԼԻՇԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Հ. ՔԵՐՈՎԲԷ ՎՐԴ. Ա. ՉՐԱՔԵԱՆ
Իբր վերջին մնացորդ Հ. Ալիշանը ճանչցողներու, սիրով կու գամ կատարելու պարտականութիւն մը՝ իր մահուան վաթսնամեակին առիթով:
1889-ի հոկտեմբերի 3-ին, տասներկու տարեկան, կը հասնէի Պոլսէն Սուրբ Ղազար: Քանի մը ամիս վերջ, 1890-ի մայիս 25-ին, տեղի կ՚ունենար Հ. Ալիշանի քահանայական յիսնամեայ յոբելեանը, իր երկու դասակիցներով՝ Հ. Աբրահամ Ճարեան՝ ծանօթ գրագէտ եւ ճարտար դաստիարակ, ու Հ. Ղուկաս Լազեան՝ քաջ մեքենագէտ. միասին կը տօնէին իրենց յիսուն տարիներու նուիրական ու բազմարդիւն կեանքը:
Մենք, փոքր ընծայացուներս, նոյն օրը ճաշարանին մէջ երգեցինք ի պատիւ Հ. Ալիշանի «Արեգակն արդարութեան»՝ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց նուիրուած շարականը:
Ցնծութեամբ կը տրոփէր մեր սիրտը, եւ հայրենիքի սիրոյն կայծը առաջին անգամ կը զգայի իմ մէջս: Գիտէին մեր ուսուցիչները այդ հուրը բորբոքել, երբ նման առիթներուն, վանքի կամարներուն տակ, կամ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի դահլիճին մէջ, ամէն հանդէս կը սկսէր կամ կը փակուէր «Բամ փորոտան» քայլերգով եւ հրաշունչ այդ բառերուն հեղինակը կը կարծէի, թէ ինքնին կը մղէր զիս հայրենանուէր հայկազուններու հետ՝ յառաջ, յառաջ:
Կը տեսնէի ալեւոր ծերունին մեր մէջ, մեզի հետ, եկեղեցական եւ ուսումնական ամէն հանդէսներուն. ու մենք իր քերթուածներէն կ՚արտասանէինք, «Տէրունի»էն ու «Հայրունի»էն, բան մը աւելցնելով մեր սրտին խորը իր շունչէն։
Ճաշարանին մէջ ալ, ամպիոնէն, երիցագոյն մեր ընկերները կը կարդային «Այրարատ»էն Ղեւոնդեանց դրուագը՝ Վարդանանց տօնին, ութօրեայ հոգեւոր կրթութեանց առթիւ՝ հոգեշունչ իր ճառերը. վերջապէս, իրմով կը յագենար մեր հոգին ու միտքը, մինչ ինքը գլխահակ կ՚ունկնդրէր, ծածկուած երբեմն իր փիլոնին մէջ:
Ուսումնական տարեվերջին մեզի նուէր կը տրուէր «Նուագներ»ը, «Յուշիկներ»ը, իր գրութիւնները, որպէսզի արձակուրդի օրերուն անոնց ընթերցումով զարգանայինք:
Երբ տակաւին Ֆիէսսոյի ամարանոցը կ՚երթայինք տարեկան մեր արձակուրդի շրջանը անցընելու, իբր ասուպ մը կ՚երեւէր Հ. Ալիշան, առաւելապէս շաբաթ օրերը, հոգեւորապէս մեզ պատրաստելու կիրակի օրուան Ս. Հաղորդութեան. թանկագին էին իր ակնարկութիւնները եւ ամէն բառերը՝ ուղեցոյց եւ առաջնորդ պատանեկան մեր հասակին:
Նոյն ամարանոցի գլխաւոր կեդրոնի շէնքի երկար սրահին մէջ էր, որ յարդարուեցաւ սեղանը, բացառիկ օր մը, եւ Գերպծ. Կիւրեղեան Աբբահօր ու Հ. Ալիշանի յանձնեցուաւ Իրանի Շահին նուիրած շքանշանը, պատուիրակութեամբ Հռոմի դեսպան՝ իշխան Մալգում Խանի, նախկին աշակերտ Փարիզի մեր Մուրատեան վարժարանին: Այդ պահուն մեր փոքրիկ մտքերը կ՚ընդարձակուէին դէպի հեռաւոր աշխարհներ, ուր Հ. Ալիշան իր համբաւով կը ծաւալէր Մխիթարեան անունը. կը զգայինք, որ ան իր անունին մեծութիւնը եւ հմայքը կը կապէր պարզունակ ու խոնարհ կրօնաւորութեանը հետ:
Սքեմառութեանս առիթով, 1893-ի նոյեմբերի 26-ին, ինչպէս սովորութիւն է փոխել մկրտութեան անունը եւ նոր կեանքին համար ընտրել նոր անուն մը, նոյն ատենուան առաջնորդ հօրս առաջարկած Կոստանդին թագաւորական անունը շատ շքեղ երեւցաւ ինծի, մինչ իմ փափաքս էր Հ. Ալիշանի նախկին անունը կրել՝ Քերովբէ, յուսալով՝ որ իր հոգին ալ զգենում:
Գիտէի նաեւ, թէ իր աշակերտներէն Քուշներեան երկու եղբայրներուն՝ իր եւ իր հարազատին Սերոբէ ու Քերոբէ անունները տալով, առարկայ դարձուցած էր զանոնք իր յատուկ գուրգուրանքին:
Քահանայ ձեռնադրուելով՝ առիթը կը փնտռէի, թէեւ հազուադէպ, սենեակի առանձնութեան մէջ հետը խօսելու. մեծ էր ամէնուս սէրը եւ յարգանքը իրեն հանդէպ, ու կ՚ակնածէինք հանգստեան պահերուն իսկ խանգարել զինքը, երբ սովոր էր արագ քայլերով շրջան մը ընել, սպիտակ թաշկինակը անցուցած գլխուն շուրջը՝ մաքուր օդ շնչելու, կամ ձմեռ եղանակին՝ արեւու ջերմութիւնը վայելելու պահիկ մը, շուտով վերադառնալու համար իր գրքերուն:
Սովոր էր, ամառ թէ ձմեռ, առաւօտեան ժամը 4:30-ին իջնել եկեղեցի, մոմէ լապտերը վառած, որովհետեւ ելեկտրական լուսաւորութիւնը հասած չէր դեռ Սուրբ Ղազար: Եւ աշակերտութեանս շրջանին, ուրախ էի երբեմն իր պատարագին սպասաւորելու. այդպէս կ՚աւելնար իր վրայ հիացումս ու պաշտամունքս:
Առաւօտեան ժամերգութենէն վերջ, ներկայ կ՚ըլլար վանքի աշակերտներուն համար մատուցուած սուրբ պատարագին՝ կատարելով մտաւորական աղօթք կամ հոգեւոր ընթերցում: Աչքերը տկարացած ըլլալով, փոքրիկ մոմ մը կը լուսաւորէր ձեռքն ունեցած գիրքը։ Անգամ մը, շատ մօտեցուցած ըլլալով ճրագը, բոց առին յանկարծ սպիտակ մօրուքը եւ մազերը. փութացի անմիջապէս փիլոնովս ծածկել պատկառելի եւ սուրբ գլուխը, ազատելով սիրելի Նահապետը: Կէս ժամ վերջ, նախաճաշիկի պահուն, մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Մեծ վտանգէ ազատեցիր զիս այսօր, պարտական եմ քեզի»:
Հակառակ իր առանձնասիրութեան եւ լռակեցութեան, հետեւող էր հասարակաց կեանքին՝ առանց արտօնութիւն կամ զարտուղութիւն փնտռելու իր անձին համար. խօսուն օրինակ էր ամէնուս:
Շատ դժուարին էր կարդալ իր հոգւոյն խորը, եթէ վանականներուս համար թողած չըլլար իր «Հոգեւոր ճառեր»ը՝ գոհարներու այդ շարքը, որոնք մեր ութօրեայ հոգեւոր կրթութեան ուղեցոյցն էին, նոյնիսկ տպագրուելէն առաջ: Քահանայական ձեռնադրութեան մեր ութօրեայ պատրաստութեան ընթացքին՝ ընկերներս ու ես կարօտով կը սպասէինք, որ ամէն երեկոյ գար, փակելու իր հրաբորբոք խրատով նոյն օրուան մեր խոկումները:
Ով որ կը փափաքի անոր սրտին զգացումներուն մէջ թափանցել, բաւ է, որ կարդայ Աբեղաներու համար՝ այբուբենական կարգով գրած աղօթքները, կամ 1842-ին տողած «Օրագիր առժամայն ազդմանց մտաց եւ սրտի» (տե՛ս «Բազմավէպ» 1909-1910):
Խստակեաց կեանք կը վարէր եւ թռչունի պէս կը սնանէր, աւանդապահ էր սովորութիւններուն եւ պահպանող վանական կարգ ու կանոնին:
Պատահմամբ օր մը զիս տեսնելուն՝ հարցուց, թէ հաւնե՞ր էի երկաթեայ զարդարուն մեծ դուռը, որ փոխանակուած էր վանքի մուտքի փայտեայ հին դրան հետ, աւելցնելով, թէ աւելի պանդոկի՝ քան թէ վանքի մը կը յարմարէր այս նորը:
Բնութեամբ կրակոտ, գիտէր սակայն սանձել իր մէջ բռնկող հուրը. ծայր աստիճան փափկանկատ էր եւ գութ ու կարեկից ո՛չ միայն իր միաբանակիցներուն, այլեւ հանդէպ թռչուններուն, որոնք վարժած էին դիմել ձմեռը իր պատուհանին առջեւ ցանուած հացի փշուրները կտցելու:
Խոնարհ՝ ինքն իր աչքին եւ խուսափող պատիւէ ու գովեստէ, գիտէր պատշաճ ակնարկութիւններով գնահատել իր շուրջը աշխատողներու ջանքը եւ քաջալերել մանաւանդ ընդօրինակութեամբ ու սրբագրութիւններով իր տպագրութիւններուն օժանդակողները, եւ արդիւնաւոր անձերու յոբելեանին կամ անոնց մահուան առիթով, իբր յիշատակ իր յարմար դատած մէկ աշխատութիւնը ընծայել տպագրութեամբ:
Շատերու հետ, ինքն ալ տարի մը կրիփէ (հարբուխէ) բռնուեցաւ, եւ ամիսէ մը՝ խնամքով ու ամէնուս աղօթքով ոտքի ելաւ: Կազդուրման այդ օրերէն մէկը, երիտասարդներս շուրջը հաւաքուեր էինք՝ մեր ուրախակցութիւնը յայտնելու. սակայն Հ. Ալիշան մեզի իբր օրինակ, իր կեանքը կը համեմատէր մառանին մէջ աշխատող Եղբայր Ալեքսիսի անցուցած անշուք ու լռիկ կեանքին հետ, նախանձ յայտնելով, թէ ինչո՛ւ ինքն ալ անոր չէ հետեւած:
Այդ ժամանակները չկար կեդրոնական ջեռուցիչ. ու Հ. Ալիշան թեթեւ կը հագուէր եւ չէր ախորժեր սենեակին մէջ դրուած վառարանը գործածել. կը դողայինք մենք իր առողջութեան վրայ՝ նկատելով յառաջացեալ տարիքը: Անգամ մը արդէն սրտի տագնապ անցուցած էր, եւ հասաւ անխուսափելին: Կատարեց մեզի հետ Տիրամօր Ընծայման տօնը, 1901-ի նոյեմբերի 21-ին, նոյն երեկոյ դիտողութիւն ընելով ամէնուս առջեւ՝ թէ ինչո՛ւ Լիթանիային մէջ «Թագուհի ննջեցելոց»ն ալ չէ դրուած: Ընթրիքէն վերջ, մինչ սենեակին մէջ կը պատրաստուէր հանգչելու, սրտի երկրորդ տագնապ մը, շատ աւելի ուժգին, տանջեց զինքը եւ շուրջը գտնուողները մինչեւ առաւօտ, պատրաստելով զինքը յաւիտենական հանգստին:
Փոթորկալից օր մը Սուրբ Ղազարու կղզեակին հիւսիսակողմը տնկուած տարիքոտ նոճիները մէկ անգամով տապալեցան. անոնց փոխարէն նորեր տնկուեցան, որոնք բարձրացուցին իրենց գլուխները՝ մոռցնելով եղած աւերածը: Սակայն 1901 նոյեմբերի 22-ի փոթորիկը քանդեց մեր հոյակապ սիւնը՝ Հ. Ալիշանը, որ անփոխարինելի մնաց Միաբանութեանս ու Ազգին համար:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ՝ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
…Առանց նիւթական աչքերով տեսնելու Հայաստանը՝ ան հոգիով ներկայ եղաւ դարերու մշուշին մէջ թաղուած հայրենիքին։ Թէեւ տարածութեամբ հեռու, սակայն այցելեց Հայաստանի ամէն մէկ անկիւնը, սիրեց ու ապրեցաւ հողի իւրաքանչիւր կտորը, շնչաւորեց աւերակներն ու հիացումով գգուեց անոնցմով։
Իր հատորներուն եւ մեր հոգիներուն մէջ ան վերակերտեց Հայաստան աշխարհը՝ զայն պատելով վիպական ու բանաստեղծական մթնոլորտով մը, որ որքան առասպելական ու հրապուրիչ, նոյնքան ալ իրական էր։ Հայաստանը ո՛չ ոք այնպէս գիտէ եւ ո՛չ ոք այնքան սիրած է, որքան այս մեծ հայրենասէրը, որուն գրիչին տակ իրականութիւնը երազ դարձաւ, իսկ երազը՝ շօշափելի իրականութիւն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան