ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ ՁԵՌԱԳԻՐ ԿՈՆԴԱԿԸ ԻՐ 205-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ՝ Ի ՑՈՅՑ

Երեւանի Պատմութեան թանգարանը իր պահոցներէն հանած է եզակի փաստաթուղթ մը եւ Խրիմեան Հայրիկի 205-ամեակի առթիւ կարեւորած զայն։ 

Ապրիլի սկիզբին լրացաւ Ամենայն Հայոց 125-րդ կաթողիկոս, հասարակական-քաղաքական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող Մկրտիչ Խրիմեանի ծննդեան 205-ամեակը:

Մայրաքաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ Խրիմեան Հայրիկի ձեռքով գրուած կոնդակը նուիրուած է Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բացումին՝ 1901 թուականին։ Ձեռագիր փաստաթուղթը աւելի արժէք կը ստանայ այն տեսակէտէ նաեւ, որ այդ եկեղեցին այսօր չկայ, գոյութիւն չունի եւ պատմական լուսանկարներն ու պատառիկները միայն կը վկայեն անոր մասին։ 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կամ Նոր եկեղեցին կառուցուած էր Հին Երեւանի Նոր Թաղին մէջ՝ Նազարովսքայա փողոցին վրայ (որ այժմ Ամիրեան փողոցն է): 

Եկեղեցւոյ հիմքը դրուած է 1869 թուականին։ Նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով շինարարութիւնը ընդհատումներով տեւած է երեսունմէկ տարի եւ աւարտած 1900 թուականին։ 

1902 թուականին՝ կառուցումէն երկու տարի անց եկեղեցւոյ արեւելեան մասը կառուցուած է զանգակատուն։ Կառուցուածքային տեսանկիւնէ հին Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին բնորոշ էր տուեալ ժամանակաշրջանի հայկական ճարտարապետութեան։ 

Երեւանի համաքաղաքային նշանակութեամբ փողոցներէն մէկուն՝ Ամիրեան փողոցի կառուցման համար այդ ժամանակուայ իշխանութիւնները յարմար նկատած էին քանդել եկեղեցին, որ արդէն դադրած էր գործելէ։ Մինչեւ 1940-ական թուականները զայն վերածուած էր «Անաստուած» անունով շարժանկարային սրահի։ Քանդելէ յետոյ 1951 թուականին եկեղեցւոյ տեղը կառուցուած է «Եղիշէ Չարենց» դպրոցին շէնքը։ 

Նոր դպրոցի հիմնադրումն ու կառուցումը մեծ իրադարձութիւն էր երեւանցիներուն համար, որպէս անգլերէնի խորացուած ուսումով առաջին դպրոցը, մինչդեռ օրին ալ եկեղեցւոյ կառուցումը այդ վայրին մէջ իրադարձութիւն եղած էր։ 

Եկեղեցւոյ բացումին առիթով կոնդակով դիմելով Երեւանի բնակչութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ողջոյնն ու հայրապետական օրհնութիւնը նուիրած է հաւատացեալներուն եւ ի պատասխան այդ ջերմեռանդութեան ու մեծ սիրոյ, որ կը տածէր ժողովուրդը նորակառոյց եկեղեցւոյ հանդէպ, անոր բարգաւաճման եւ յարատեւութեան համար Վեհափառը տաճարի գանձարանէն եկեղեցիին նուիրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքներէն եւ կոնդակով հաստատած՝ այդ պատուաւոր եւ փրկարար գանձի իսկութիւնը։ Կոնդակի վերջին մասին մէջ Խրիմեան Հայրիկ կը յորդորէ հոգիով եւ հաւատքով դիմել սրբազան նշխարին, իսկ ինք պիտի աղաչէ Աստուծոյ՝ հաստատուն պահել ազգն ու եկեղեցին՝ փրկելով չարէն, փորձանքներէն, թշնամիներէն։ 

Այս մէկը նուիրական յիշատակ մըն է Հայոց Հայրիկի 205-ամեակին առթիւ։

205-ամեակի առթիւ հրապարակախօս Խաչատուր Մալումեանի (Է․ Ակնունի) գրութիւններէն հիմնուած կը ներկայացնենք նաեւ ուրիշ պատմութիւն մը Հայոց Հայրիկէն՝ անոր ամուսանանալու պատմութիւնը։ 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ 

Վանի Այգեստան կոչուած արուարձանին մէջ, գլխաւոր փողոցներէն մէկուն վրայ Կրըմցոց տունը կար։ Ըստ Ակնունիի նկարագրութեան, ատիկա մէկ յարկանի, աղիւսաշէն տուն մըն էր, փոքրիկ վանդակապատ պատուհաններով։ 

Ահա այդ տունին մէջ ծնած, մեծցած է Մկրտիչ Խրիմեան, իր մանկութեան անհոգ օրերը անցընելով գեղեցիկ ուռենիներուն տակ, կարկաչահոս առուակին մօտ։

Կրըմցոնք յարգուած ընտանիք էին Այգեստանի մէջ, մանաւանդ Խրիմեանին հայրն ու հօրեղբայրը։ Հօրեղբայրը, որուն անունը Խաչատուր էր, շնորքով վարպետ մըն էր, կը գործէր կտաւ եւ հագուստի ուրիշ կտորներ. իսկ հայրը առեւտուր կ՚ընէր՝ վաճառահանելով Վանի զանազան գործուածքներ։ Ան իր ապրանքը կը տանէր գլխաւորապէս Կըրիմ կամ Խրիմ, ուր յաճախ կ՚երթար-կու գար եւ այդ պատճառով անոնց ընտանիքը կոչուեցաւ Կրըմցոց կամ Խրըմցոց տուն, ուրկէ ալ ծագած է Խրիմեան մականունը։ 

Մկրտիչ Խրիմեան ծնած է 1820 թուականի ապրիլի 4-ին, իսկ մկրտուած է թաղի Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Խրիմեանի ծննդեան տարեթիւը արձանագրած է ոչ թէ քահանան, որ այն ժամանակ չունէր նման մատեան մը, այլ անոր հօրեղբայրը, որ, հին սովորութեան համեմատ, տանը հին Աստուածաշունչի կամ ձեռագիր Աւետարանի լուսանցքին վրայ կը գրէր երեխայի ծննդեան տարին եւ օրը։

Երեսնական թուականներուն Վանի մէջ ուսումնարաններ չկային։ Գրել-կարդալը կը սորվեցնէր տէրտէրը կամ տիրացուն։ Փոքրիկ Մկրտիչ տէրտէրի մօտ ալ չէ գացած։ Ան իր սկզբնական ուսումը ստացած է տանը, հօրեղբայր Խաչատուրին քով, որ ո՛չ թէ միայն վարդպետ էր, այլեւ՝ վարժապետ, եւ իր աշակերտներուն արհեստին հետ միասին կը սորվեցնէր կարդալ, բարեւագիր գրել, փոխ ըսել, շարական երգել։

Խաչատուրը, ճիշդ է՝ ուսում չէր առած, բայց ի բնէ շատ խելացի եւ ընթերցասէր էր. կարդացած էր բոլոր եկեղեցական գիրքերը եւ գոց գիտէր ամբողջ ժամասացութիւնը։ Անոր մասին Ակնունի կը գրէ նաեւ, որ միեւնոյն ժամանակ վերին աստիճանի առաքինի, բարեսիրտ եւ ճշմարտախօս անձ մըն էր։

Անպսակ ըլլալով՝ ուրեմն եւ զաւակ չունենալով, ան իր ամբողջ ուշք ու միտքը դարձուց Մկրտիչի վրայ, որ զգայուն, կրակոտ եւ ընդունակ երեխայ մըն էր, իսկ հօրեղբայրն ալ զայն կը սիրէր իր աչքի լոյսին պէս։ Բարի հօրեղբայրը մանկութեան օրերէն սորվեցուց Մկրտիչին՝ սիրել ընկերը, կարեկցիլ թշուառներուն, խնամել հիւանդները եւ հեռու մնալ ամէն տեսակ վատ բաներէ։

Երբ տան դուռը աղքատ կու գար․ 

-Մկրտի՛չ, աղքատին հաց, կերակուր պէտք է, կ՚ըսէր հօրեղբայրը։

Եւ Մկրտիչը մեծ ուրախութեամբ կը կերցնէր, կը խմցնէր։

Կու գար կոյր աշուղը.

-Մկրտի՛չ, աշուղին փայ պէտք է տալ։

Եւ Մկրտիչը մէկի տեղ երկու կու տար, վատի փոխարէն լաւը կու տար։

Հօրեղբայրը կը բռնէր երեխայի ձեռքէն, առաւօտ-իրիկուն եկեղեցի կը տանէր, կը սորվեցնէր փոխ ըսել, երգել, կը պատմէր առաքեալներուն եւ սուրբերուն կեանքը, կ՚ոգեւորէր զայն Սրբազան պատմութեան հերոսներու քաջագործութիւններով։

Օրինակելի երեխայ դարձաւ Մկրտիչը։ Եւ դրացիները միշտ ան օրինակ կը բերէին։ 

Տնային դաստիարակութեան պակասը լրացուց Այգեստանի գեղեցիկ բնութիւնը։

Հօրեղբայրը կը գնէր փոքրիկ Մկրտիչի համար գառներ եւ գեղեցիկ խոյեր. աշխոյժ երեխան ամբողջ ժամերով իր ընկերներուն հետ անխօս կը պտտէր կանաչ դաշտերը։ 

Տանը՝ հօրեղբօր մօտ, կը սորվէր կտաւագործութիւն, իսկ դուրսը, Վանի գեղեցիկ այգիներուն մէջ, իր մեծ եղբօր՝ Մսրխանի ղեկավարութեան ներքոյ կը սորվէր ծառեր տնկել, պատուաստել, որթ կապել, գինի շինել։ 

Վրայ հասաւ պատանեկութիւնը։ Կրակոտ, հետաքրքրական բնաւորութեան համար նեղ էր Այգեստանը։ Եւ պատանի Մկրտիչը յաճախ կ՚երթեւեկէր դրացի գիւղերը, վանքերը, ուխտատեղիները։ Վասպուրականի ամէն մէկ անկիւնը լի է վանքերով կամ վանքերու աւերակներով։ Պատանին բաւականութիւն կը զգար, երբ օրերով կը ճանապարհորդէր շրջակայքը, ուսումնասիրելով այն ամէնը, ինչ որ կը պատահէր ճանապարհին։ 

Տակաւին պատանի հասակին Մկրտիչը լաւ ծանօթ էր ո՛չ միայն Այգեստանին շատ մօտիկ տեղերուն, այլեւ՝ աւելի հեռու վանքերուն եւ ուխտատեղիներուն։ Ան յաճախ կ՚երթար Վարագ, Հոգւոց վանքը, Աղթամար, Լիմ, Կտուց։

Աղթամար, Լիմ եւ Կտուց անապատները, որոնք կը գտնուին Վանի ծովակին մէջ, այն ժամանակ յայտնի էին իբրեւ վանական նշանաւոր կեդրոններ՝ իրենց միաբանութիւններով, որոնց մէջ կային եկեղեցական գրականութեան քաջածանօթ վարդապետներ։ Խրիմեան սիրով կ՚երթար անոնց քով։ 

Մենակեաց վանականներուն կեանքը, կ՚երեւի, խոր տպաւորութիւն ձգած է Խրիմեանի վրայ։ Ան տեսակ մը յարգանքով կը վերաբերէր դէպի այն կուսակրօն վարդապետները, որոնք աշխարհ, տուն-տեղ, ազգականներ եւ բարեկամներ ձգած՝ առանձնացած էին վանքերուն մութ խուցերը, եւ գիշեր ցերեկ՝ ամենայն անձնուրացութեամբ, աղօթքներ կը կարդային եւ շարականներ կ՚երգէին։ 

Ո՞վ գիտէ.. գուցէ այդ ժամանակուընէ արդէն յղացաւ երիտասարդ Մկրտիչի մէջ վարդապետ ըլլալու ձգտումը․․․

Ակնունի կը պատմէ նաեւ, որ քսան-քսանհինգ տարեկան հասակին արդէն, Խրիմեան՝ իր տոկուն աշխատասիրութեամբ, ինքնակրթութեան եւ ուսումնասէր բնաւորութեան շնորհիւ՝ աւելի բան գիտէր, քան կարելի էր գիտնալ՝ առանց դպրոց մտած ըլլալու, առանց կանոնաւոր ուսման։ Ան լաւ ծանօթ էր եկեղեցական մատենագրութեան եւ հայոց հին գրականութեան, կը տիրապետէր գրաբարին, քաջածանօթ էր Հայաստանի աշխարհագրութեան, իսկ Վասպուրականը այնպէս մը ուսումնասիրած էր, ինչպէս իր հինգ մատները։

Սակայն այդ բոլորը բաւականութիւն չէին պարգեւեր կրակոտ երիտասարդին։ Ան կ՚ուզէր աւելի գիտնալ, աւելի սորվիլ։

Անոր մէջ արթնցած էին այնպիսի զգացմունքներ, որոնք հանգիստ չէին ձգեր, երբ ան կը տեսնէր իր շուրջը խաւար եւ թշուառութիւն։ Մանկութենէն արդէն ան դաստիարակուած էր իբրեւ լաւ քրիստոնեայ. քրիստոնէական զգացմունքները կը դրդէին օգնութեան հասնիլ հազարաւոր թշուառներու։ Ակնունի կը նկարագրէ, որ Վասպուրականի հսկայական աւերակները, ուր երիտասարդը օրերով կը թափառէր մտամոլոր եւ զգացուած, ատոր հետ միասին ժողովուրդի աղքատ, ինկած, հարստահարուած վիճակը՝ երիտասարդին մէջ վառած էին հայրենասիրական այնպիսի զգացմունքներ, որոնք զինք հանգիստ չէին ձգեր։

Վանը նեղ կը թուէր․ ան կ՚ուզէր դուրս գալ, երթալ ուրիշ տեղեր եւ տեսնել, թէ ի՞նչ կայ, ի՞նչ կը մտածեն…

Սակայն ընտանիքը դիւրութեամբ չէր ուզեր ձգել զայն։ Մկրտիչի մայրը, որ իր աչքի լոյսի պէս կը սիրէր որդին, փափաք մը ունէր.

-Մէկ իմ Մկրտիչիս կանաչ-կարմիրը կապեմ, հարս բերեմ տունս. թոռս ալ տեսնեմ, անկէ յետոյ մեռնեմ ալ՝ սիրտիս մէջ դարդ չի մնայ, կ՚ըսէր Կրըմցոց պառաւը։

Մեծ եղբայրը՝ Մսրխանը, միացաւ մօր հետ, եւ երկուքը միասին սկսան համոզել Մկրտիչը, որպէսզի պսակուի։ Մկրտիչը երկար չդիմադրեց։ Ան նշանեցին եւ պսակեցին վանեցի Յովհաննէս Սեւիկեանի աղջկան հետ, որմէ Խրիմեան ունեցաւ աղջիկ մը՝ Թագուհի անունով։

Ամուսնանալէն յետոյ Խրիմեան երկար չմնաց Վան։

Խրիմեանի աշակերտներէն մէկուն պատմութեան հիման վրայ Ակնունի կը գրէ, որ երիտասարդ Մկրտիչի՝ առաջին անգամ Վանէն հեռանալու պատճառը զինուորագրութիւնն էր։ Գաւառներէն կ՚ուզէին հայ զինուորներ հաւաքել, որովհետեւ Խրիմեան այդ ժամանակ ուղիղ զինուորագրական տարիքի մէջ էր, բայց զինուոր երթալ, ինչպէս բոլոր իր երկրացիները, չէր ուզեր, ստիպուեցաւ դիմել միակ միջոցին՝ փախչիլ։

Այդ փախուստը երիտասարդին առջեւ նոր աշխարհ մը բացաւ։ Ձգելով հայրական տունը, ան առաւ ճանապարհորդական գաւազանը. դուրս եկաւ Վասպուրականէն, անցաւ թուրք-պարսկական սահմանը եւ մտաւ Պարսկաստան։ Նոր տեղեր, նոր տպաւորութիւններ։ Խրիմեան տեսաւ Սալմաստ, Խոյ, Ուրմիա. անցաւ Երասխ գետը, թափառեցաւ Մայր-Արաքսի ափերով, տեսաւ Խորենացիի երգած Գողթան գաւառը, մտաւ Հին Նախիջեւան, կտրեց Արարատեան դաշտը եւ Երեւանէն գնաց Էջմիածին։

Տեսնելով եւ ուսումնասիրելով Ռուսահայաստանի պատմական բոլոր նշանաւոր տեղերը, զգացուած սիրտով Խրիմեան գնաց Պոլիս։

Սուլթաններու մայրաքաղաքին մէջ Խրիմեանին համար բացուեցաւ նոր կեանք մը, ամենեւին անծանօթ աշխարհ մը։

Պոլսոյ մէջ այդ ժամանակ նորեկ վանեցին բոլորովին ծանօթներ չունէր, քանի մը վանեցի վաճառականներէն եւ վասպուրականցի համալներէն զատ թերեւս։ Սակայն ան իր տոկունութեամբ եւ անընկճելի բնաւորութեամբ կարճ միջոցին իր առջեւ ճանապարհ բացաւ։ Ամենէն առաջ ան ջանաց, որ պարապմունք գտնէ, որովհետեւ ապրուստի ուրիշ միջոց չունէր․ աղքատ մարդ էր ան։

Կարճ միջոց մը անցած, Խրիմեան կարողացաւ մուտք գործել Պոլսոյ հարուստ եւ բարձր դիրք ունեցող քանի մը ընտանիքներ։ Ան իր մտաւոր զարգացմամբ այնքան առաջ գացած էր, որ զինք կ՚ընդունէին մասնաւոր տուներուն մէջ, իբրեւ տնային վարժապետ, եւ մինչեւ անգամ Պոլսոյ այն ժամանակուայ հայկական նշանաւոր թաղի՝ Խասգիւղի նորաբաց օրիորդական դպրոցի ուսուցիչ կարգուեցաւ։

Այդ օրէն արդէն ասպարէզը բացուեցաւ։

Խրիմեան արդէն մօտ 35 տարեկան մարդ էր։ Երիտասարդական հասակը անցած էր։ Պոլիսը այլեւս զինք չէր գրաւեր։ Ան կ՚ուզէր գործել։ Երկար մտածելէ յետոյ այն համոզումին եկաւ, ուր գործելու ամենալաւ ասպարէզը իր սիրած Վասպուրականն է, ուր խաւար, անշարժ ժողովուրդը կարօտ էր լաւ ուսուցիչի, անկեղծ առաջնորդի։ Խրիմեանի հոգին միշտ Վանի մէջ էր, իր մանկութեան աշխարհին մէջ, ուր Այգեստանի գեղեցիկ ուռենիներն ու աղբիւրներն էին, որոնց մասին գրած էր իր գրական գործերուն մէջ։ 

Իր սրտի ցանկութիւնը Խրիմեան շուտով կատարեց ու վերադարձաւ Վան՝ 1853 թուականի վերջերուն։ Ան Վանի մէջ իր կինն ու աղջիկը մեռած գտաւ․․․․

Ընտանեկան այդ դժբախտութիւնը բաւական ծանր կերպով ազդեց Խրիմեանի վրայ. բայց միեւնոյն ժամանակ ընտանեկան կապերէն ազատիլը աւելի բորբոքեց անոր վաղուցուայ մտադրութիւնը, այն է՝ վարդապետ ըլլալ․․․

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025