«ՄԵԶԻ ԳԼՈՒԽՆԵՐ ՏՈՒԷՔ, ՈՉ ԹԷ ՁԵՌՔԵՐ ՈՒ ՈՏՔԵՐ». ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԴԻԱԿԱՆ

Արեւմտահայ գրող Գրիգոր Զօհրապի այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին կրթութեան, հաւատքի, բարոյականութեան, ուսուցիչի դերին եւ կրթական հարցերուն, չեն սահմանափակուիր իրենց ժամանակին մէջ։ Անոնք կը կազմեն մտահոգութեան շղթայ մը, որուն կեդրոնին մարդն է՝ իր ներքին յենարաններով կամ անոնց փլուզումով։ 

Զօհրապ, իր բնորոշ սուր դիտողութեամբ եւ քաղաքացիական զգայունութեամբ, կը բացայայտէ կրթական կամ հասարակական համակարգի թերութիւնները եւ այն հոգեկան կոտրումը, որ կը սկսի, երբ հաւատքը եւ վստահութիւնը կեանքի իմաստին նկատմամբ, կը սկսին տկարանալ։

Երբ ան կը գրէ, թէ նոր սերունդը դուրս կու գայ դպրոցէն՝ ոչ թէ սրտի տէր, այլ միայն մտքի, ան կը մատնանշէ վտանգ մը, որ այսօր ալ ծանօթ կը թուի․ գիտութիւնը՝ առանց ներքին ուղղութեան, կարողութիւնը՝ առանց բարոյական պատասխանատուութեան, խելքը՝ առանց իմաստի։

«Հաւատքի պակասը» խորագիրին տակ Զօհրապ կը նկարագրէ աշխարհ մը, ուր մարդիկ այլեւս չեն ապրիր խոր հոգեւոր համոզումով, այլ՝ շահի, վախի կամ սովորութեան տրամաբանութեամբ։ Ան կը նշէ, թէ շատ մը «հաւատացեալներ» իրականութեան մէջ շարժած են վախով կամ շահով, ո՛չ թէ հոգեկան բարձր պահանջով։

Այսօր, մէկուկէս դար ետք, այս միտքը կը ստանայ նոր հնչեղութիւն։ Արդի մարդը, որ աւելի քան երբեք կապուած է տեղեկութեան, հաշուարկի եւ օգտակարութեան տրամաբանութեան, յաճախ կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ «հաւատք» բառը կը վերածուի մշակութային յիշողութեան, այլ ո՛չ թէ ապրող փորձառութեան։ 

Երբ ան կը գրէ, թէ առանց հաւատքի բարոյական կեանքը կը տկարանայ, մենք այսօր կրնանք այդ «հաւատք»ը կարդալ որպէս վստահութիւն՝ արժէքներու հանդէպ, վստահութիւն՝ ճշմարտութեան հանդէպ, կամ նոյնիսկ վստահութիւն՝ մարդուն նկատմամբ։ Այդ վստահութեան քայքայումը կը ստեղծէ գռեհկութեան մշակոյթ մը, որուն մէջ ամէն բան կը դառնայ կասկածելի, փորձարկելի, շահագործելի։

Զօհրապի մէկ այլ գրութիւնը՝ «Վարժարանաց շուրջը» խորագրով, այսօր ալ կը թուի գրուած ըլլալ ժամանակակից կրթական համակարգի մասին։ Ան կը քննադատէ քննութեան մակերեսային ընկալումը, իբրեւ պարզ անցողիկ արարողութիւն, եւ կը շեշտէ, թէ կեանքը ինք քննութիւն է՝ երկարատեւ, անողոք, առանց ներողամտութեան։

Այս միտքը այսօր աւելի քան երբեք արդիական է։ Ժամանակակից կրթութիւնը շատ յաճախ կը շեշտէ արդիւնքը՝ գնահատականը, վկայականը, մրցակցութիւնը, մինչդեռ կ՚անտեսէ դիմադրողականութիւնը, հոգեկան կայունութիւնը եւ ձախողումէն վերականգնելու կարողութիւնը։ Զօհրապ կը զգուշացնէ վտանգէն՝ ստեղծելու սերունդ մը, որ սովորած է յաջողութեան արտաքին ձեւին, ո՛չ թէ անոր ներքին ծանրութեան։

Անոր «պզտիկ թիւով, բայց լուրջ մարդիկ» ունենալու գաղափարը կը հակադրուի զանգուածային արտադրութեան տրամաբանութեան։ 

«Առա՞ջ, թէ՞ ետ» գրութեան մէջ Զօհրապ կը դպչի ուսուցիչի հասարակական դիրքին՝ ցաւալի անկումով մը։ Ան կը համեմատէ անցեալի ուսուցիչը՝ բարոյական հեղինակութիւն ունեցող, հասարակութեան մէջ կշիռ ունեցող անձը եւ ներկայ ուսուցիչը՝ նիւթական եւ հասարակական անտեսման մէջ գտնուողը։ 

Այս դիտարկումը կը բացայայտէ աւելի խոր երեւոյթ մը՝ գիտութեան եւ ուսուցման արժեզրկումը, երբ անոնք այլեւս չեն ընկալուիր որպէս բարոյական իշխանութիւն, այլ՝ պարզ ծառայութիւն։ 

Զօհրապի խօսքը այսօր կը հնչէ իբրեւ զգուշացում՝ երբ հասարակութիւնը կորսնցնէ իր ուսուցիչներուն հանդէպ յարգանքը, ան անուղղակիօրէն կը կորսնցնէ նաեւ իր ապագային վստահութիւնը։ Որովհետեւ ուսուցիչը միայն գիտութիւն փոխանցող չէ, այլ արժէքային ուղղութիւն տուող կերպար։

Եթէ այս բոլոր հատուածները միասին դիտենք, կը տեսնենք մէկ ընդհանուր առանցք՝ հասարակութեան ներքին քայքայման վտանգը, երբ արտաքին յառաջդիմութիւնը չի համընկնիր ներքին ամրութեան հետ։ Զօհրապի մտահոգութիւնը այն է, թէ կարելի է ունենալ ուսեալ, կազմակերպուած, «յառաջադէմ» հասարակութիւն մը, բայց միաժամանակ ներքուստ դատարկ, անորակ, առանց խորքային արժէքներու։

Այսօր այս հարցը կը ստանայ նոր ձեւեր․ արհեստագիտութեան զարգացումը, արագ տեղեկութեան հոսքը, մրցակցային տնտեսութիւնը կը ստեղծեն արագ յաջողութեան մշակոյթ, բայց ո՛չ միշտ խորքային իմաստի մշակոյթ։ Զօհրապի լեզուով՝ մենք կրնանք արտադրել «ձեռքեր եւ ոտքեր», բայց միշտ չենք կրնար արտադրել «գլուխներ»։

Գրողի այս յօդուածները, 19-րդ դարու վերջի շունչով, կը մնան ժամանակակից։

Անոր հիմնական պատգամը կարելի է ամփոփել մէկ գաղափարի մէջ՝ առանց ներքին հաւատքի, առանց արժէքային ողնաշարի, ո՛չ մէկ կրթական, հասարակական կամ ազգային կառոյց կրնայ երկարատեւ մնալ։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՊԱԿԱՍԸ

Ցաւով կը տեսնենք հիմա, որ մեր դպրոցներէն թերահաւատ ու սկեպտիկ տղաքներ դուրս կ՚ելլեն միայն։

Պզտիկ հեգնական ժպիտ մը ունին իրենց տժգոյն շրթանցը վրայ. միամիտ կը գտնեն զմեզ. հաշիւի ու ապացուցութեան պէս բառեր ունին բերաննին։

Դրական կեանքի կապուած հոգիներ են ադոնք, անհատական չնչին պայքարներով զբաղած բոլոր ու անկէ դուրս աշխարհի մը գոյութիւնը ուրացող։

***

Մեր դպրոցներէն մտքի տէր տղաքներ կրնան ելլել այսուհետեւ, բայց կը վախնամ, որ սրտի տէր ոչ ոք դուրս գայ. տրուած դաստիարակութիւնը, տեսնուած օրինակները, խարխափումի աշխարհ մը ստեղծած են ասոնց շուրջ։ Շիտակ խօսք մը իրենց ականջին հասած չէ, անկեղծ ձայն մը իրենց սրտին չի խօսիր. օրինակելի կեանքեր քիչ կրնանք ցուցնել իրենց. միայն հաշուի մարդ ըլլալ պատուիրուած է իրենց ու պէտք եղածէն աւելին եղած են։

***

Արդարեւ նախորդ սերունդներուն հաւատքն անգամ աւելի աւանդական բան մըն է, քան թէ բարձր ըմբռնումը Կրօնքին։ Մտէ՛ք ամէն խաւերուն մէջ, պիտի գտնէ՞ք մարդիկ, որ Կրօնքին կապուած ըլլան հոգեկան գոհացումի մը պէտքով։

Ես կարող եմ ցուցնել, որ այդ բոլոր բարեպաշտները աւելի յաւիտենական գեհենի մը երկիւղէն բռնուած՝ այդքան ջերմեռանդն են, քան թէ ճշմարիտ հաւատքի մը բերմունքով, եւ ուրիշներ, որ իրենց տունի, տեղի, խանութի գործերուն յաջողութեան համար միայն կը դիմեն Աստուծոյ ոտքը։

Ադոնք հաւատացեալներ չեն, ռամիկ շահադէտներ են։

***

Ու երբ հաւատքը նուազի, գիտցէք, որ բարոյական կեանքը կը տկարանայ. ի՞նչ պիտի դնենք անոր տեղը. գիտութի՞ւնը. բայց իմաստակներ ունինք շուրջերնիս եւ ոչ գիտուններ. խղճմտա՞նքը. բայց խղճմտանքը երբեք մեծ յաղթող մը եղած չէ աշխարհիս մէջ։

Առաջին ուսումը որ պարտինք սորվեցնել այսուհետեւ նոր հասնող սերունդին, հաւատքի ուսումն է։

Եթէ մեր եկեղեցականութիւնը անտարբեր կերպով հանդիսատես կ՚ըլլայ, երբ հաւատքին բարոյական ուժը կը տկարանայ մեր մէջ, մեզի կ՚իյնայ անոր բարոյացուցիչ դերը մատնանիշ ընել հանրային կեանքի համար։

ՎԱՐԺԱՐԱՆԱՑ ՇՈՒՐՋԸ

Մեր վարժարանաց Քննութեան օրերը կը մօտենան. կարողներու եւ անկարողներու, ծոյլերու եւ աշխատասէրներու, բաղդաւորներու եւ դժբաղդներու մշտնջենական ընդհարումը՝ դպրոցական գրասեղաններուն վրայ պիտի սկսի ու շաբաթ մը պիտի տեւէ. յետոյ հանդէսները, ծափերը, ոսկեզօծ գիրքերը, ճառերը ու տեղեկագիրները պիտի գան, ու ամենէն ետքը արձակուրդը՝ արդար վայելքը տարեկան խոնջէնքին։

Մեր մէջ Քննութիւնը՝ տարապարհակ աշխատութեան մը փափաքելի վախճանը կը ներկայացնէ. ձանձրացուցիչ թատրերգութեան մը վերջին արարուածը, որուն աչքդ գոց կը համակերպիս, վայրկեան մը աւելի առաջ դուռնէն դուրս նետուելու աճապարանքով։

***

Այս չէ հարկաւ Քննութեան նպատակը։ Մեր տղաքը, երբոր շրջանաւարտի վկայականը ծոցերնին՝ դուրս ելլեն վարժարանէն, այն ատեն միայն պիտի հասկնան անոր ստոյգ նշանակութիւնը. իրենց ընտրած աշխատութեան ասպարէզը՝ դժնդակ ու մշտատեւ քննութիւն մը պիտի ըլլայ իրենց, ուր դասատուին դիւրահաճ աջակցութիւնը, քննիչին կամաւոր անհոգութիւնը չպիտի գտնեն մէյ մըն ալ, այլ սուր եւ անողոք պայքարը Բաղդին, Կարողութեան ու Աշխատութեան, այն երեք տարերքին, որոնցմով շինուած է այն Աւետեաց երկիրը, որ Յաջողութիւն կը կոչուի։

Ու յանկարծակիի եկած կեանքի վաստակներուն մէջ, խստութիւններու, պատրանքներու անվարժ այս տղաքը, շուտով պիտի խռովին, սրտաբեկ ու դասալիք պիտի ըլլան շուտով, այն հարուստի շփացած տղաքներուն պէս, որոնք նեղութեան դիմադրելու կորովը չունին։ Օգնութեան ձեռք մը պիտի յուսան, որ պիտի պակսի իրենց, քաջալերութեան ձայն մը, որ չպիտի հնչէ ականջնուն, ու ապրելու հարկին առջեւ հարկ պիտի ըլլայ խոնարհիլ ու ծռիլ։

***

Մի՛ վարժեցնէք մեր տղաքը ներողամիտ աչառութեանց ու անիրաւ ակնկալութիւններու. վարդէ անկողիններ՝ զորս ապագան ապահով կերպով պիտի զլանայ իրենց, ու ի՜նչ պիտի ըլլան այն ատեն այս սիպարիթները. այլ սորվեցուցէք իրենց խստութեանց դիմանալու մեծ գիտութիւնը։

Երբոր կարելի է արժանիքով յառաջանալ, ինչո՞ւ անարժանութեան արուեստը սորվեցնել մեր պատանիներուն. անարժանութիւնը միթէ արժանիքէն աւելի՞ դիւրաւ կը ստացուի։

Քննութիւնը հալոց մըն է, ուր նետուած խառնուրդը պիտի զտուի. պղինձը, արծաթը ու ոսկին պիտի զատուին. հարկ եղած ջերմութեան աստիճանով տաքցուցէք ուրեմն զայն. ապա թէ ոչ առջի անշահ խառնուրդը դուրս պիտի ելլէ նորէն, եթէ ոչ վատթարագոյն մը։

Եւ սակայն տեսէք անգամ մը կարգերնին չի կրցող փոխողներուն թիւը ո՜րքան պզտիկ է մեր դպրոցներուն մէջ. եթէ աւելի շատ ըլլար, մեր հոգաբարձութիւնները… - աւագերէցները պիտի ըսէի - պիտի կարծէին, որ ետ մնացողներու թիւին ստուարութիւնը իրենց անհոգութեան պիտի վերագրուէր. եւ գիտե՞ն սակայն անոնք, որ թոյլ ու ներողամիտ քննութիւններով՝ ամէն տարի իմաստակներու խումբ մը նետելով մեզի, անոնց ապագային պատասխանատուութիւնը իրենց վիզը կ՚առնեն, գիտե՞ն, որ իրեց ստեղծած պատրանքի աշխարհը դժբաղդաբար պիտի արտադրէ միայն։

***

Քննութիւնը դադրելու է, ուրեմն պարզ ձեւակերպութիւն մը ըլլալէ, կեանքի ճշմարիտ պայքարը դառնալու համար. պայքարը, որ հիմա դպրոցէն կը սկսի մինչեւ գերեզման երկարելու համար եւ որ կը վախնամ, թէ օրօրոցէն սկսի վաղը։

Տասի տեղ երկու շրջանաւարտ տուէք մեզի, բայց լուրջ ու տոկուն հոգիներ ըլլան երկուքն ալ։

Ամէն տարուան արտադրութիւններով՝ շատ մը ձեռքեր ու ոտքեր տուած էք մինչեւ ցարդ. ի՞նչ ընենք այդ բոլորը. մարդեր կազմելու համար ադոնցմով՝ գլուխներ տուէք մեզի։

ԱՌԱ՞Ջ, ԹԷ՞ ԵՏ

Առջի ժամանակներուն հետ բաղդատելով՝ ուսուցչական վիճակին բարւոքումը մատնանիշ կ՚ընեն ոմանք։

Նորէն ընդհանուրին համոզումին մէջ զարտուղութի՞ւն մը պիտի ըլլայ իմս, երբ ընդհակառակը, ուսուցչական ասպարէզը հետզհետէ անկեալ գտնեմ։

Չէ որ մեր ուսուցիչները արժանիքով թերացած ըլլան իրենց նախորդներէն, բայց ապահովապէս արժանապատուութեան տեսակէտով շատ պակաս են այն պատուելիներէն, զորս հիմա, երեսուն քառասուն տարի վերջը, ծիծաղելի կը գտնենք։

Իրենց ատենին, բարոյական մեծ ազդեցութիւն մը ունէին անոնք ազգին մէջ, իրենց ձայնին պատկառանքով կ՚ունկնդրուէր, իրենց կարծիքը միշտ աւելի կը կշռէր քան թէ ամիրային կամքը։ Պատուելի՞. այս անունը անգամ նախկին ուսուցիչներուն վայելած ընդհանուր համակրութեան ու մեծարանքին ապացոյցը չէ՞։

Հիմա բառին հետ՝ որ հնութիւն կը հոտի՝ մէկդի ըրած ենք նաեւ այն հանգամանքը, որ այդ բառը յիշեցնել կու տայ մեզի. պատուելի՞. ի՛նչ տխուր հեգնութիւն մը պիտի ըլլար այժմ այս բառը՝ յատկացուելով անոնց, զորս ամենէն քիչ կը պատուենք մեր հասարակութեան մէջ։

***

Պատճառը այն է, որ ատենով մեր գործի մարդիկը նիւթական աւելի նուազ յաջող դիրք մը ունենալնուն համար ինքզինքնին աշխարհի իմաստնագոյն անձը ենթադրելու ունայնամտութիւնը չունէին։ Հիմա տարբեր է կանոնը. ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է, որ խելքին զօրութիւնը ու քանակութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ է սնտուկի մէջի ոսկիներուն թիւին հետ. մարդս այնչափ աւելի խելացի է, որքան դրամ ունի. կը կարծէ՞ք, որ անխելքութեամբ կամ դիպուածո՞վ կը շահուի դրամը. չտեսա՞նք հրապարակագիրները, որ այս վարդապետութիւնը ջատագովեցին։

Դարավերջիկ ու սկեպտիկ այս գաղափարը կը բացատրէ մեր ուսուցիչներուն լքեալ ու անտեսեալ վիճակը։

Դասատու մը միշտ ուսեալ մարդ կը համարուէր բաղդատմամբ արհեստաւորի մը, սեղանաւորի մը, վաճառականի մը. իր խորհուրդներուն պէտքը կը զգացունէր. իր գիտութիւնը՝ ոսկիներու փայլին առջեւ չէր նսեմանար։ Պատուելին՝ պատուի տեղը, իր մասնաւոր իրաւունքները ունէր ու յամառութեամբ կը պահպանէր զանոնք։

Եւ պէտք է ափսոսանքով խոստովանիլ, որ մենք հրապարակագիրներս չպահեցինք զինքն այն պատուի տեղը, որ մեր աւանդութեանց մէջ յատկացուած էր իրեն։ Ծաղրելով, պարսաւելով ու նախատելով, ստորնացուցինք զինքը ամենուն առջեւ եւ բերինք այն նկուն ու ողորմուկ վիճակին, որ այնքան կը նմանի ծպտեալ սպասաւորի մը զգոյշ կեցուածքին։

***

Քիչ մըն ալ իրենք զիրենք պզտիկցուցին. քիչեր կան, որ իրենց պաշտօնին մեծութիւնը ու սրբութիւնը գիտնելով՝ անոր պատշաճ անհատական կեանք մը ունեցան։ Գիտենք, որ հրապարակագիրներ կան, որ հանրային աշխատաւորի մը անհատական կեանքը չեն փնտռեր, չեն պրպտեր. անթափանց քօղով կը պահեն ներքին կեանքը ու չեն խառնուիր անոնց. մենք այդ կարծիքին չենք ու չպիտի կրնանք ըլլալ. կեանքը բաժանումներ չունի. ներքին կեանք ու արտաքին կեանքը չի տարբերիր պատուաւոր մարդուն համար. չենք կրնար ընդունիլ, որ ներքին կեանքով անպատիւ մէկը՝ հանրային գործունէութեան մէջ պատուաւոր դառնայ. այս երկուերեսութիւնը չպիտի կրանանք ըմբռնել երբեք։

Ուրեմն մեր ուսուցիչները ստորնացուցին իրենց վիճակը. յետոյ, իրենց բարոյական նկարագիրը միշտ տեղի տուաւ դժուարութեանց առջեւ։

Հոգաբարձութիւններուն հնարած ամէն նախատինքներուն առջեւ իրենց արժանապատուութիւնը չպահեցին ու իրենց մէջ չունեցան այն արհեստական եղբայրակցութեան զգացումները, որով ինքզինքնին պաշտպանէին թաղականներուն անիրաւութեանց դէմ։

Ընդհակառակը՝ մրցակից եղան իրարու հացը յափշտակելու ու նուազուրդի դնելու ելան իրենց արդէն կարի չնչին ամսականները։

Եւ եկան հասան այն վիճակին ուր, երեսուն տարի վերջը, իրաւամբ պարտաւոր եղանք հարցնելու՝ թէ առա՞ջ, թէ՞ ետ գացինք։

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2026