ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Հայերու անուններ, նախաձեռնութիւններ եւ ձեռքբերումներ կը շարունակեն իրենց տեղը ապահովել միջազգային զանազան ասպարէզներու մէջ։ 

Եկեղեցական ծառայութենէն ու նուիրական նախաձեռնութիւններէն մինչեւ համաշխարհային խոհարարական արուեստ, ֆութպոլի դաշտերէն մինչեւ գեղասահքի մրցահարթակներ ու նորաձեւութեան աշխարհ, ինչպէս նաեւ կրթական կեանք՝ հայերու գործունէութիւնն ու յաջողութիւնները կը ներկայանան տարբեր երկիրներու մէջ՝ նոր առիթներ ստեղծելով հայկական ինքնութեան, ժառանգութեան եւ կարողութիւններու ճանաչման համար։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅՈՎԱԿԻՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ՝
ՀԱԼԱԾԱՆՔԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒՈՂ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ

Անգլիոյ եւ Իրլանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան նոյեմբերի 14-ին Լոնտոնի «Պաթըրսի փարք»ի կիսամրցավազքին պիտի մասնակցի՝ ի նպաստ աշխարհի տարածքին հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեաներուն։

13.1 մղոն՝ շուրջ 21 քմ. երկարութեամբ մրցավազքը նուիրուած է «Կարմիր չորեքշաբթի» անունով արշաւին, որ կը կազմակերպուի «Օգնութիւն՝ կարօտեալ եկեղեցիին» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ։ Վերջինս աջակցութիւն կը ցուցաբերէ վտանգուած քրիստոնէական համայնքներուն եւ հալածուած քրիստոնեաներու վկայութիւնը խորհրդանշելու նպատակով կարմիր լոյսերով կը լուսաւորէ եկեղեցիները։ Տ. Յովակիմ եպսկ. Մանուկեան նպատակադրած է այս նախաձեռնութեամբ հաւաքել 5 հազար սթերլին։

Նորին Սրբազնութիւնը վազքով զբաղիլ սկսած է առողջական պատճառներով։ Աւելորդ ծանրութիւն ունենալով՝ ան որոշած է փոխել իր ապրելակերպը եւ աստիճանաբար քայլելէ անցած է կարճ տարածութիւններ վազելու։ Ան արդէն մասնակցած է քանի մը մրցումներու, իսկ Լոնտոնի կիսամրցավազքին նախապատրաստութեան ընթացքին կատարած է նաեւ Քէուի կամուրջէն մինչեւ Համըրսմիթի կամուրջ եւ վերադարձ՝ 15 քմ. վազքը։

Տ. Յովակիմ եպսկ. Մանուկեանի համար այս վազքը համերաշխութիւնը գործնական օժանդակութեան վերածելու միջոց մըն է։ Ան հրաւիրած է հաւատացեալները միանալու նախաձեռնութեան՝ աղօթքով, նուիրատուութիւններով եւ հալածանքի ենթարկուող քրիստոնեաներու պատմութիւնները տարածելով։

ԿԱՐԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ՃԱՇԱՐԱՆԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ 50-ԷՆ 42-ՐԴԸ

Պրիւքսէլի մէջ ապրող հայազգի խոհարար Կարէն Թորոսեանի «Պոզար» ճաշարանը միջազգային նոր յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ 2026 թուականի «Աշխարհի 50 լաւագոյն ճաշարաններ»ու հեղինակաւոր ցանկին մէջ գրաւելով 42-րդ դիրքը։ Մրցոյթը տեղի ունեցած է Փերուի մէջ՝ նոյեմբերի սկզբին։

Թորոսեանի գլխաւորած ճաշարանը նախապէս ալ միջազգային ուշադրութեան արժանացած էր։ 2024-ին ան ընդգրկուած էր նոյն վարկանիշային համակարգին ընդլայնուած՝ 51-100-րդ դիրքերը ներառող ցանկին մէջ՝ գրաւելով 63-րդ դիրքը։ Այս վարկանիշը կը կազմուի ոլորտի հարիւրաւոր մասնագէտներու գնահատականներու հիման վրայ։ Գնահատողներու շարքին են՝ խոհարարներ, ճաշարանային քննադատներ, սննդագիտութեան լրագրողներ։

«Պոզար»ը կը գտնուի Պրիւքսէլի հանրայայտ Գեղարուեստի պալատին մէջ եւ կը ներկայացնէ նոր պելժիական խոհանոց մը՝ հիմնուած տեղական արհեստաւորներու հետ սերտ գործակցութեան վրայ։

Կարէն Թորոսեան, որ ճաշարանին սեփականատէրն է, 2023-ին արժանացած էր «Միշլէն»ի երկրորդ աստղին։ Ճաշարանը նաեւ «Gault & Millau» խորտկագիտական ուղեցոյցէն ստացած էր 20-էն 17 գնահատականը։ 2024-ին «Պոզար»ը ընդլայնուած ցանկին մէջ ընդգրկուած միակ պելժիական ճաշարանն էր։

Կարէն Թորոսեանի մասնագիտական ուղին եւս ուշագրաւ է։ Վրաստան, հայ ընտանիքի մը մէջ ծնած՝ ան 18 տարեկանին տեղափոխուած է Պրիւքսէլ։ Իր մասնագիտական ասպարէզին սկսած է իբրեւ սպասք լուացող, ապա աստիճանաբար յառաջդիմած՝ խոհարարութեան ոլորտէն ներս։ 2010-ին ստանձնած է «Պոզար»ի խոհանոցին ղեկավարումը, իսկ 2018-ին կնոջ եւ գործընկերոջ՝ Նանի Լիի հետ ձեռք բերած է ճաշարանը՝ զայն վերածելով հաստատութեան մը, ուր կը ներկայացնէ իր խոհարարական մօտեցումներն ու անձնական ձեռագիրը։ Իսկ 2026-ի 42-րդ դիրքը նոր հանգրուան մը կը նշէ հայ խոհարարին միջազգային ասպարէզի մէջ արձանագրած յաջողութեան ճանապարհին։

ՀԱՐՎԻ ՍԱՐԱՃԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ՄԷՋ

21-ամեայ ամերիկահայ ֆութպոլիստ Հարվի Սարաճեան որոշած է հանդէս գալ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մէջ։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն մասնագիտական՝ MLS (Մէյճըր լիկ սոքըր) առաջնութեան «Օրլանտօ Սիթի» խումբի յարձակողն է։

Սարաճեան ծնած եւ մեծցած է Ֆլորիտա նահանգի Նէյփըլզ քաղաքը։ Իր հայկական արմատները կը ժառանգէ հօրմէն եւ մեծ հօրմէն։ 2026 թուականի MLS-ի նորեկներու ընտրութեան ընթացքին «Օրլանտօ Սիթի» զայն ընտրած է ընդհանուր դասաւորմամբ հինգերորդ դիրքով եւ պայմանագիր կնքած՝ առաջին կազմին մէջ ընդգրկելու համար։ Ան իր առաջին կոլը արձանագրած է խումբի հիմնական կազմին մէջ՝ սեպտեմբերին «Թորոնթօ»ի դէմ 3-0 արդիւնքով յաղթանակի ընթացքին։

Հայաստանի հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ ներկայիս Հայաստանի Ֆութպոլի միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի դեսպանն է, կարեւոր դեր ունեցած է երիտասարդ ֆութպոլիստին՝ ազգային հաւաքականին միանալու որոշումին մէջ։ Մովսիսեան որոշ ժամանակէ ի վեր կը հետեւէր անոր խաղին եւ տպաւորուած էր MLS-ի մէջ ցուցաբերած ելոյթներով։

«Համոզուած էի, որ ան անպայման պէտք է հրաւիրուի ազգային հաւաքական», նշած է Մովսիսեան։ Ան իր գնահատականները փոխանցած է Հայաստանի Ֆութպոլի միութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանին եւ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեանին, ապա մեկնած է Օրլանտօ՝ անձամբ հանդիպելու Սարաճեանին հետ։

Մովսիսեանի համաձայն՝ Սարաճեան սիրով ընդունած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին միանալու առաջարկը։ Անոր հայ հայրն ու մեծ հայրը եւ ամբողջ ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորած են այս լուրը։

Արմէն Մելիքբէկեան եւս ողջունած է երիտասարդ ֆութպոլիստին որոշումը՝ ընդգծելով, որ ամերիկեան առաջնութեան մէջ անոր ձեռք բերած փորձառութիւնը նոր որակ, եռանդ, մրցակցութիւն եւ ստեղծագործական մօտեցումներ պիտի բերէ ազգային հաւաքականին։

Իր կարգին, Սարաճեան յայտնած է, որ հակառակ ԱՄՆ ծնած եւ մեծցած ըլլալուն՝ հայկական ժառանգութիւնը միշտ անբաժան մաս կազմած է իր ինքնութեան։ Հայաստանի ազգային հաւաքականը ներկայացնելու կարելիութիւնը ան նկատած է արմատներուն վերամիանալու, ընտանիքը ներկայացնելու եւ հայ ժողովուրդին հպարտանալու առիթ մը տալու բացառիկ հնարաւորութիւն։

ԱՏԵԼԻԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԿՐԱՆ ՓՐԻԻ ՉՈՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ

Հայազգի գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան Ռուսաստանի Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ կայացած Կրան փրիի չորրորդ հանգրուանին՝ «Ուրալեան ոսկի» մրցաշարին, գրաւած է չորրորդ դիրքը։

19-ամեայ մարզուհին նոյեմբերի 7-ին կարճ ծրագիրը անսխալ կատարելով եւ 72.32 կէտ ապահովելով՝ կը գտնուէր ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ։ Սակայն, յաջորդ օրուան ազատ ծրագրին ընթացքին ան փորձած է կատարել ոտնաթաթի պտոյտով քառակի ցատկ՝ գեղասահքի ամենադժուար տարրերէն մէկը, բայց ինկած է եւ չէ կրցած ամբողջութեամբ իրականացնել իր նախատեսած ծրագիրը։

Ազատ ծրագրին համար Պետրոսեան ստացած է 131.28 կէտ, իսկ երկու ծրագրերու ընդհանուր արդիւնքով՝ 203.60 կէտ, ինչ որ զայն իջեցուցած է չորրորդ դիրքը։ Անոր ելոյթը, սակայն, լի էր յաջող կատարումներով։ Մարզուհին մաքուր կերպով իրականացուցած է բազմաթիւ դժուար ցատկեր եւ պտոյտներ։ 

Պետրոսեան Ռուսաստանի եռակի ախոյեան է եւ իր մարզական ուղին կերտած է յայտնի մարզիչ Էթերի Թութպերիձէի խումբին մէջ։ 2026 թուականի Միլանի Ողիմպիական խաղերուն ան մասնակցած էր չէզոք մարզիկի կարգավիճակով։ Այդ մրցաշարքին եւս ազատ ծրագրին ընթացքին փորձած էր կատարել քառակի պտոյտ-ցատկը, սակայն, ինկած էր եւ վերջնական դասաւորման մէջ գրաւած էր 6-րդ դիրքը։

ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝
9.6 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ

ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ առաջին ազգային երկրորդական վարժարանը հիմնելու տասնամեակներու երազանքը իրականութիւն դառնալու պատմական հանգրուանի մը հասած է։ Ազգային Շամլեան վարժարանը յայտարարած է նոր երկրորդական բաժին մը բանալու ծրագրին մասին՝ շնորհիւ տէր եւ տիկին, իրաւաբան Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեաններու 9.6 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեան։ Այս գումարով Մկրտիչեան ամոլը յանձնառութիւն կը վերցնէ Կլենտէյլի մէջ կանխիկ գնելու հողային տարածք մը եւ զայն դնելու Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ։ Նոր կրթօճախը պիտի կոչուի «Կլենտէյլի Ազգային Ալեքս եւ Լինա Մկրտիչեան երկրորդական վարժարան» եւ նախատեսուած է շուրջ չորս հարիւր աշակերտի համար։ Անիկա պիտի ըլլայ Կլենտէյլի առաջին հայկական ազգային երկրորդական վարժարանը՝ իբրեւ Ազգային Շամլեան վարժարանի բնական շարունակութիւնը։ Նուիրատուութեան մասին համայնքային յայտարարութիւնը կատարուած է Շամլեան վարժարանի «Blue Ribbon Soirée» ձեռնարկին ընթացքին, որ նուիրուած էր հաստատութեան՝ Միացեալ Նահանգներու «National Blue Ribbon» ազգային ճանաչման արժանանալուն (Շամլեանը ԱՄՆ-ի առաջին հայկական վարժարանն է, որ ստացած է այս բարձր գնահատանքը)։ Վարժարանի Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Արթին Ղազարեան նշած է, թէ Մկրտիչեան ամոլին նուիրատուութիւնը երկար տարիներու երազանքի իրականացման համար անհրաժեշտ հողատարածքը տրամադրած է՝ վճռորոշ պահ ստեղծելով համայնքին համար։ Յատկանշական է, որ Շամլեանի համայնքը երկրորդական վարժարան ունենալու երազանքը կը փայփայէ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր, իսկ Մկրտիչեան ամոլին երեք զաւակներն ալ ներկայիս կը յաճախեն նոյն վարժարանը։ Նոր կրթօճախը պիտի գործէ Արեւմտեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ՝ ընդլայնելով Շամլեանի առաքելութիւնը մինչեւ 12-րդ դասարան (ներկայիս վարժարանը կրթութիւն կու տայ մինչեւ 8-րդ դասարան)։ 

Ծրագիրը կը նախատեսէ համալսարանական ուսման ուղղուած արդիական կրթական համակարգ, որ պիտի համադրէ արուեստը, բնական եւ հասարակական գիտութիւնները, մարդասիրական առարկաները, գործարարութիւնն ու ձեռնարկատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտութիւնը։

Իր կարգին, վարժարանի տնօրէնուհի տքթ. Թալին Քարկոտորեան ընդգծած է, որ նպատակն է ստեղծել այնպիսի երկրորդական կրթօճախ մը, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի քաջալերուի եւ ներշնչուի՝ բացայայտելու իր կարողութիւնները, միաժամանակ ամուր կապ պահելով հայ լեզուին, քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն հետ։ Թէեւ հողատարածքին ձեռքբերումը ապահովուած է, սակայն, շինարարական ամբողջական աշխատանքներուն համար դրամահաւաքը կը շարունակուի։ Մեծ դրամահաւաք-ձեռնարկը նախատեսուած է 2027 թուականի հոկտեմբերի 1-ին՝ Կլենտէյլի «Grand Manor» սրահին մէջ։

Կլենտէյլը սփիւռքի մեծագոյն հայկական համայնքներէն մէկն է, սակայն, մինչեւ օրս քաղաքին մէջ ազգային երկրորդական վարժարան չկար։ Ազգային երկրորդական կրթութիւն ստանալու համար ծնողները ստիպուած եղած են իրենց զաւակները ուղարկել շրջակայ քաղաքներու հայկական դպրոցները՝ Էնսինոյի «Ֆերահեան», Լոս Անճելըսի «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս», Քանոկա Փարքի «Մանուկեան-Տեմիրճեան» կամ Փիքօ Ռիվերայի «Մեսրոպեան» վարժարանները։ Նոր վարժարանի հիմնադրութիւնը յատկապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունի՝ վերջին տասնամեակին շրջանին մէջ որոշ հայկական վարժարաններու փակման տխուր իրողութեան լոյսին տակ։

ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆ՝ ՌԻՀԱՆՆԱՅԻ ՆՈՐ «DIOR» ԱՐՇԱՒԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ

Հանրաճանաչ երգչուհի Ռիհաննայի մասնակցութեամբ ֆրանսական «Dior» նորաձեւութեան տան «J’adore» անուշահոտութեան նոր գովազդային արշաւին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին երկու հայկական անուններ՝ անուշահոտութեան աշխարհահռչակ վարպետ, ֆրանսահայ օծանելիքագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը եւ լիբանանահայ «Եփրեմ» ոսկերչական տունը։

«Blind Scents» խորագրեալ տեսանիւթերու շարքին մէջ Ռիհաննա փակ աչքերով կը փորձէ ճանչնալ բուրումնաւէտ նմոյշներու բաղադրիչները, մինչ Քիւրքճեան զինք կ՚առաջնորդէ իր ստեղծած բոյրերու աշխարհէն ներս։ Վերջինս «Dior»ի անուշահոտութիւններու ստեղծագործական տնօրէնն է։

«J’adore»ը ֆրանսական նորաձեւութեան տան ամենայայտնի անուշահոտութիւններէն մէկն է։ Ծաղկային բոյրով այս անուշահոտը առաջին անգամ ներկայացուած է 1999-ին եւ դարձած՝ աշխարհի ամենավաճառուող բոյրերէն մէկը։ Ռիհաննա անոր համաշխարհային դէմքն է։

«Dior» նոր «J’adore» բոյրը կը ներկայացնէ իբրեւ սկզբնական տարբերակին աւելի հարուստ եւ խոր տեսակը՝ ջերմ ու լուսաւոր բնոյթով, որ ներշնչուած է Ռիհաննայէն։ Անուշահոտի սրուակը կը պահպանէ «J’adore»ի շիշին ձեւը, իսկ կափարիչին մէջ ապակեայ կաթիլի մը վրայ կախուած է ոսկեգոյն մարգարիտ մը։

Գովազդային տեսանիւթերուն մէջ Ռիհաննա կը կրէ նաեւ «Եփրեմ» ոսկերչական տան ադամանդեայ ականջազարդերն ու մատանիները։ Պէյրութի մէջ 1964-ին հիմնուած այս ոսկերչատունը ստեղծած է լիբանանահայ ոսկերիչ Եփրեմ Շխրտմեան։ Ընտանեկան ձեռնարկը ներկայիս կը ղեկավարեն անոր զաւակները՝ Վիրնան, Լութվիկը եւ Ճոնը։ «Եփրեմ»ը այսօր տարբեր երկիրներու մէջ ունի 26 վաճառատուն, իսկ անոր ստեղծած զարդերը կը կրեն համաշխարհային աստղեր։ 

Մէկ այլ զատ նախագծով վարպետ օծանելիքագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան իր արուեստի ակունքներուն յարգանքի տուրք մատուցած է՝ ստեղծելով իւրայատուկ հանդիսաւոր հանդերձանք մը, որ ներշնչուած է Նիքոլա Բ. տը Լարմեսենի 1697-ի հանրայայտ փորագրութենէն՝ «Օծանելիքագործի հանդերձանքը» խորագրով։ Ստեղծագործութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Քիւրքճեանի արհեստագիտական վարպետութեան եւ արուեստագիտական փիլիսոփայութեան արտայայտութիւնը։

Այս նախագիծը կը վերակենդանացնէ այն ժամանակաշրջանը, երբ օծանելիքագործին մասնագիտութիւնը շատ աւելի ընդարձակ էր, քան պարզապէս անձնական գործածութեան համար բուրմունք ստեղծելը։ Արդարեւ, 17-րդ դարուն օծանելիքա-գործները բուրմունք կը հաղորդէին առօրեայ կեանքի առարկաներուն, կաշիէ իրերուն, որմնագորգերուն, բնակարաններու ներքին տարածքներուն եւ հասարակական կեանքի ծիսակատարութիւններուն։

Քիւրքճեան կը նշէ, որ երեք դար ետք ալ հիմնական հարցադրումը նոյնն է, ինչպէս նաեւ՝ իր պատասխանը։ Իր առաքելութիւնն է անտեսանելին տեսանելի դարձնել եւ բուրմունքը վերածել ժամանակակից կենսակերպի արուեստի մը, որ կը ծառայէ զգացումներուն։ «Այս պատկերը կը պատմէ մասնագիտութեան մը մասին, որ շատ աւելի ընդարձակ է, քան պարզապէս կրելու համար բուրմունք մը ստեղծելը։ Տակաւին 17-րդ դարուն օծանելիքագործները բուրմունք կը հաղորդէին առօրեայ կեանքին, առարկաներուն, ներքին տարածքներուն եւ մարդկային սովորութիւններուն։ Երեք դար ետք հարցադրումը, ի վերջոյ, նոյնն է, եւ իմ պատասխանս կը մնայ անփոփոխ։ Իմ առաքելութիւնն է օծանելիքը վերածել լիովին ժամանակակից կենսակերպի արուեստի մը՝ զգացումներուն ծառայելու համար», կ՚ըսէ Քիւրքճեան։ 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2026