ՍԱՐՄԷՆ - ԼՈՒՍԱՇԱՒԻՂ 125-ԱՄԵԱԿ

20-րդ դարու սկիզբներէն մինչեւ խորհրդահայ գրականութեան կազմաւորման առաջին տարիները, խորհրդահայ գրական առաջին հոյլի ականաւոր դէմքերէն է Սարմէն (Արմենակ Սարգսեան՝ բուն անունով, Պախվանց գիւղ, Ռշտունիքի գաւառ, 1 մարտ 1901 - Երեւան, 18 փետրուար 1984), որ սերնդակիցն է Նաիրի Զարեան (1900-1969), Հմայեակ Սիրաս (1902-1983), Գեղամ Սարեան (1902-1976), Վահրամ Ալազան (1903-1966), Գուրգէն Մահարի (1903-1969), Արաքս Աւետիսեան (1903-1978), Սողոմոն Տարօնցի (1904-1971), Վախթանգ Անանեան (1905-1980), Մկրտիչ Արմէն (1906-1972), Վաղարշակ Նորենց (1906-1973) կոչուող համատեղելի անուններու շարքին, որոնք սակայն քիչ մը հեռու են 19-րդ դարու վերջալոյսին աշխարհ եկած եւ Ա. աշխարհամարտի տարիներուն իսկ արդէն գրական դաշտ մտած, այլեւ արեւելահայ ու խորհրդահայ գրական կամուրջի հիմնադիրներէն հանդիսացող Եղիշէ Չարենցի (1897-1937) ու Ակսէլ Բակունցի (1899-1937) նման անուանի եւ մեծատաղանդ հսկաներէ…: 

Սարմէնի քերթողութիւնը՝ որ յագեցած է քաղցրածոր քնարականութեամբ՝ իր արեան մէջ հոսեցնելով յուզումնայեղց երանգները ցաւի ու տառապանքի՝ Ա. աշխարհամարտի չարայուշ դառնանքը ցմրուր ճաշակելէն, ըլլալով ԽՍՀ պետական օրհներգի բառերուն հեղինակը, սովետահայ գրական դաշտին վրայ եղաւ փիլիսոփայական խորքով, համամարդկային գաղափարներով եւ ազգերու միջեւ եղբայրութեան ու բարեկամութեան սիրոյ ջահակիր, զուսպ ու ողջախոհ երգիչը՝ հայրենի ծոցին ու եզերքներուն երկինքն ի վեր բարձրացող հայրենակերտ աշխատանքի, գովքը հիւսելով հայ շինարար բանուորին ու մշակին, գիւղացիին, Արագածին ու վեհանիստ Արարատին, մէկ խօսքով՝ վերածնուած հայրենիքին, ինքնամփոփ յուզումով անցնելով 30-ականներու ստալինեւբերիական եղեռնակոծ, մթին ու դժուարին այն տարիներէն, երբ իրեն ժամանակակից գրողներէն շատեր՝ ինչպէս Նաիրի Զարեան, Գէորգ Աբով, Վաղարշակ Նորենց, Հրաչեայ Քոչար եւ ուրիշներ, նստած էին սայլին ստալինահաճոյ եւ բարձրագոռ կը պարտաբերէին իրենց նախանձաթոյն հակակրանքը՝ քարկոծելու եւ վտարելու «անտանելի, անհանդուրժելի» դարձած Եղիշէ Չարենցը Գրողներու միութենէն…:  

Իր համաերկրացի Գուրգէն Մահարիի նման, Սարմէն ծնած է, Պախվանց գիւղը, որ Առաջին համաշխարհայինի տարին ամբողջութեամբ հրկիզուելուն պատճառով՝ բնակիչները դիմեցին գաղթի, գաղթականներուն մէջ գտնուելով նաեւ ի՛նք, որ կորսնցնելով իր հարազատները՝ իր համագիւղացիներուն հետ շունչը պիտի գտնէր Անդրկովկաս: Այստեղ նախ ապաստանելով Գանձակի (Կիրովապատ), ապա Ալեքպոլի (Լենինական, այժմ՝ Կիւմրի) որբանոցներուն մէջ: 

Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եւ երբ Սարմէն կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը, 24 տարեկանին՝ 1925-ին, լոյս կ՚ընծայէ իր բանաստեղծութիւններու երախայրիքը՝ «Դաշտերը ժպտում են»: Վեց տարի առաջ՝ 1919-ին, Թիֆլիզի «Փարոս» թերթին մէջ լոյս տեսած էր իր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Դէպի Աստուած»: Այնուհետեւ շարունակելով պետական համալսարանին մէջ իր բարձրագոյն կրթութիւնը՝ կ՚աւարտէ պատմագրական բաժանմունքը, կը զբաղի գրական եւ մանկավարժական աշխատանքով: 

Իր ժողովուրդի կեանքին մէջ կատարուած արմատական յեղաշրջումը (Հոկտեմբերեան սոցիալիստական յեղափոխութիւնը) Սարմէն կը պատկերէ Հայաստանի անցեալը, սովետական ներկան եւ ապագան 30-ական թուականներու կէսերուն իր հրապարակած «Թռիչք» (1935) խորագրեալ երկրորդ քերթողագիրքին մէջ, ինչպէս եւ յետագայ տարիներու ժողովածուներուն մէջ, որոնք կոչուեցան «Սեփօ» (1939, պոէմ), «Երգաստան» (1940), «Հերոսական մահ» (1940, պոէմ), «Աստղեր» (1942), «Հայրենիք» (1944), «Ծաղկունք» (1945), «Սրտի ձայնով» (1947), «Հատընտիր» (1951), «Գագաթների կարօտը» (1954), «Կորած ձեռքեր» (1954, պոէմ), «Հայրենի տուն» (1955), «Կարօտի կրակներ» (1957), «Հայոց սիրտ» (1960), «Բանաստեղծի աղբիւրը» (1961), «Կենաց բաժակ» (1963), «Ծաղկաւոր ձմեռ» (1964), «Հայոս եւ Քարթլոս» (1979, պոէմ), «Մեսրոպ Մաշտոց» (1982, պոէմ), «Կարօտի կանչ» (հատընտիր, 2001) եւ այլ ժողովածուներ: Ասոնց վրայ կ՚աւելնան մանուկներու համար գրուած իր ստեղծագործութիւնները՝ «Եօթ երջանիկներ» (1950), «Ծաղկաձոր» (1952), «Խօսող ծաղիկներ» (1958): Աւելին, Սարմէն թերեւս այն միակ բանաստեղծն է, որուն աւելի քան 200 բանաստեղծութիւնները վերածուած են երգի: «Սիրոյ երգ», «Յաղթանակի երգ», «Խաչատուր Աբովեան», «Խնճոյքի երգ» եւ բազմաթիւ այլ քերթուածներ երաժիշտներու յօրինմամբ երգի վերածուած՝ ցայսօր ալ կը բերեն ներշնչման, ուրախութեան եւ յոյսի շառայլներ մեր հոգիներուն մէջ: Օրինակ՝ հանրածանօթ, տարածուած եւ շատ սիրուած, Կարօ Զաքարեանի երաժշտութեամբ «Խնճոյքի երգ»ը, գրուած 1945-ին.-

Սեղանն է առատ,
Դիմացն՝ Արարատ,
Հնչում են երգեր
Ուրախ ու զուարթ:

Լցրէ՛ք, ընկերնե՛ր,
Բաժակները լի,
Թող հայոց գինին
Մեզ անուշ լինի:

Փառք տանք Մայր Հողին,
Արեւի շողին,
Գինի պարգեւող
Հայոց խաղողին:

Լցրէ՛ք, ընկերներ…

Փա՛ռք տանք նոր կեանքին,
Հողի մշակին,
Որ միշտ կանաչեն
Մեր դաշտն ու այգին:

Լցրէ՛ք, ընկերնե՛ր…

Գովե՛նք դարէ դար
Աշխատանքն արդար,
Մեր մեծ աշխարհի
Արեւը պայծառ:

Լցրէ՛ք, ընկերնե՛ր…

«Գազէլ մանկութեան» բանաստեղծութիւնը, օրինակի համար, Մեծ եղեռնի բռնակալութեան դաժանութիւնները ճաշակած բանաստեղծին մանկութեան սեղմ եւ պատկերաւոր բնութագիրն է: Սարմէն՝ ինչպէս յիշուեցաւ, ականատես ըլլալով Ա. աշխարհամարտի տարիներու հայկական կոտորածներուն եւ կորսնցնելով իր ծնողները, կրած է ամերիկեան որբանոցային կեանքի գեհենակուլ ծանրութիւնը: Իր նմաններուն այս անուրախ, առաթուր դարձած մանկութեան մասին, բանաստեղծը գրած է.-

Փափա՛ք, փափա՛ք մնացիր մեզ ժպտացող աչքերի,
Մայրական ջերմ գգուանքի,- ես քեզ ինչպէ՞ս մոռանամ:
Մրրիկ պայթեց քո գլխին, խնդութեան սով մնացիր,
Քեզ վիշտ սրով զարկեցին,- ես քեզ ինչպէ՜ս մոռանամ:

Այլ տեղ՝ «Ընկուզենի» բանաստեղծութեան մէջ Սարմէն կը գովերգէ ստեղծագործ աշխատանքը: Ընկուզենին պապի՝ հասարակ մարդու, աշխատանքի արդիւնքն է, միաժամանակ անոր յուշարձանը: Պապը վաղուց է մեռած, բայց անոր տնկած ընկուզենին կը շարունակէ պտուղներ տալ անոր թոռներուն: Պապի՝ մարդու, յիշատա՛կն է որ կ՚ապրի անոր օգտակար աշխատանքով: Սարմէն այս ճշմարտութիւնը կ՚ընդհանրացնէ իր վերոյիշեալ բանաստեղծութեամբ: 

Սովետահայ ժամանակակից գրողներու նման, Սարմէնն ալ ինկած է սոցիալիստական ռեժիմին տուրք տալու հարկադրանքին տակ: Օրինակ, «Թուրը» բանաստեղծութեան մէջ ֆաշիզմի սպառնալիքը համեմատելով թունոտ թուրի հետ, բանաստեղծը քնարերգական ջերմութեամբ կը թուարկէ սովետական տարիներուն հայ ժողովուրդին ձեռք բերած նուաճումները, եւ ռազմաճակատի հայ մարտիկներուն կոչ կ՚ընէ յանուն այդ մեծ նուաճումներու պաշտպանութեան՝ անխնայ կերպով բնաջինջ ընել թշնամին: Սարմէն միշտ վերադիրներ կամ մակդիրներ, համեմատութիւններ կը գտնէ մեր ժողովուրդի յատկութիւնները բնութագրելու եւ թշնամիին դէմ իր ատելութիւնն արտայայտելու համար: Այդ տարիներուն գրուած «Այց դիւցազուններին», «Գովք» եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ ան կը փառաբանէ սովետական մարտիկներու սխրագործութիւնները եւ կը դրուատէ ժողովուրդի հերոսական աշխատանքը թիկունքին: Այս գծով, անոր յետպատերազմեան շրջանի երգերը նուիրուած են սովետական ժողովուրդի ստեղծագործ աշխատանքին, անոր խաղաղ կեանքին: Այդ նիւթերով գրուած քերթուածներու հետ միասին Սարմէն վերարտադրած է այն արհաւիրքները, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն պատմականօրէն հայաբնակ գաւառներու մէջ:

Բայց միշտ չէ, որ Սարմէն յաջողած է այդպիսի ճշդութեամբ մարմնաւորել իր մտայղացումները: Օրինակ, բանաստեղծութեան նիւթ դարձնելով «Յաղթանակի կամուրջը», ան չէ կրցած շօշափելի, յստակ պատկերվ բացայայտել, թէ «Յաղթանակի կամուրջը»ին կապուած ստոյգ ի՞նչ գաղափար կը ցանկայ ան մատուցել ընթերցողին: Վերջաւորութեան արդիւնքը կ՚ըլլայ՝ սոսկ կամուրջի վերացական գովերգութիւն մը: 

Արդարեւ, Սարմէնի գրականութիւնը մեզ կը խանդավառէ Հայաստան-հայրենիքին հանդէպ իր անխառն սիրոյ համընդհանուր «երգաստանով»՝ եթէ կարելի է բնութագրել այսպէս, քանզի այդ երգերը բաւարար են, որ հպարտացնեն մեզ այսօր՝ իր 125-ամեայ լուսաշաւիղ տարեդարձին, քանզի ինք անխառն սէրով սիրեց ոչ միայն իր հայրենիքն ու ժողովուրդը, այլեւ հայ երգը՝ անոնց ծոցէն բարձրացող: Եւ այս ընդգծուածին իրաւացիութիւնը մենք կը շօշափենք իր կեանքի վերջին օրերուն իր արտասանած հետեւեալ հոգեգրաւ խօսքերուն ընդմէջէն.-

«Ե՛րգ սիրեցէք կեանքից, գինուց,
Ամէն բանից աւելի.
Ե՛րգն է միակ բալասանը
Անդնդախոր ցաւերի.
Ե՛րգ հիւսցէք, առանց երգի՝ վիշտն
Աշխարհը կ՚աւերի»:

Իրօք, այսօր կ՚ապրինք այնպիսի խառնիխուռն ժամանակներ, ուր սիրոյ երգը լռած կամ մեռած է եւ առանց սիրոյ երգի, աւելի ու աւելի, րոպէ առ րոպէ կը զգանք աշխարհի շուրջը մոլագար եսութեանց գահակործան աւերակներու սարսռագին ծանրութիւնը մեր գլխուն…:

«Ծաղիկ»-«Աղթամար»

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026