ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻ ՈՐՈՆՈՒՄԸ՝ ԸՍՏ ԹՈԼՍԹՈՅԻ

Ռուս յայտնի գրող Լեւ Թոլսթոյի մտածողութեան համաձայն՝ կեանքի իմաստը պարզ փիլիսոփայական հարց մը չէ, այլ խորապէս անձնական ու գոյաբանական փնտռտուք մըն է։ Ան իր կեանքի որոշ շրջանին հասաւ այնպիսի հոգեվիճակի, որ բոլոր արտաքին յաջողութիւնները -հարստութիւն, համբաւ, գրական մեծութիւն- այլեւս անկարող էին լրացնել ներքին դատարկութիւնը։ Այս ճգնաժամէն ծնաւ անոր մեծ հարցումը․ «Ինչո՞ւ կ՚ապրիմ»։ Այս հարցումին պատասխան փնտռելով՝ Թոլսթոյ ձեւաւորեց իր պատկերացումը կեանքի իրական իմաստին մասին։

Թոլսթոյ կը դիտէ հասարակ ժողովուրդը՝ գիւղացիները, աշխատաւոր մարդիկը, եւ կը նկատէ, որ անոնք, հակառակ իրենց դժուար կեանքին, ունին խաղաղութիւն եւ ներքին կայունութիւն, որ ինք չէր գտած իր մտաւոր եւ բարձր դասակարգային միջավայրին մէջ։ Այս դիտարկումը զինք կը մղէ այն համոզման, որ կեանքի իմաստը կապուած է պարզութեան եւ բնականութեան հետ։ Պարզ կեանքը՝ զերծ արհեստական կարիքներէ եւ չափազանց ցանկութիւններէ, կը մօտեցնէ մարդը իր էութեան եւ ճշմարտութեան։

Թոլսթոյի համաձայն, մարդը չի կրնար կեանքի իմաստը գտնել միայն բանականութեան կամ գիտութեան միջոցաւ։ Գիտութիւնը կրնայ բացատրել աշխարհը, բայց չի կրնար պատասխանել, թէ ինչո՛ւ պէտք է ապրինք։ Թոլսթոյ կը հաւատար, որ կեանքի իմաստը կը գտնուի հաւատքի մէջ՝ ո՛չ անպայման կազմակերպուած կրօնի սահմաններուն մէջ, այլ ներքին հոգեւոր զգացողութեան մէջ, որ մարդը կը միացնէ աւելի մեծ ու յաւիտենական իրականութեան մը հետ։ Այս հաւատքը կու գայ պարզ ժողովուրդէն, անոնց ապրած կեանքէն, անոնց խոնարհութենէն ու աշխատասիրութենէն։

Թոլսթոյ նաեւ կը շեշտէ, որ կեանքը իմաստաւոր կը դառնայ այն ատեն, երբ մարդը կը դադրի միայն իր անձնական հաճոյքներուն ու շահերուն հետեւելէ։ Իսկական իմաստը կը ծնի այն ատեն, երբ մարդը կ՚ապրի ուրիշներուն համար՝ սիրելով, ծառայելով եւ զոհաբերեուլով։ Սէրը, Թոլսթոյի համար, բարոյական կեանքի հիմքն է։ Սէրը ո՛չ միայն զգացում մըն է, այլ գիտակցուած ընտրութիւն՝ չարիքին դիմաց բարիք գործելու, ատելութեան դիմաց ներելու եւ անարդարութեան դիմաց ճշմարտութեան կողքին կանգնելու։

Թոլսթոյ նաեւ կը մերժէ բռնութիւնը՝ որպէս կեանքի իմաստաւորման միջոց։ Ան կը հաւատար, որ չարին դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ ոչ-բռնի միջոցներով։ «Չարին չդիմադրել բռնութեամբ» գաղափարը անոր մտածողութեան առանցքն է։ Այս տեսակէտը կը պահանջէ մեծ ներքին ուժ եւ հաւատք, որովհետեւ աւելի դիւրին է պատասխանել բռնութեամբ, քան՝ համբերութեամբ ու սիրով։

Ան նաեւ կը գրէ, որ մարդը պէտք է վերադառնայ պարզ կեանքի։ Արհեստական կարիքներու եւ շքեղութեան հետապնդումը մարդը կը հեռացնէ իր իսկական էութենէն։ Պարզութիւնը՝ թէ՛ կեանքի պայմաններուն մէջ, թէ՛ հոգեւոր վիճակին մէջ, կը մօտեցնէ մարդը ճշմարտութեան։ Աշխատանքը եւ բնական կեանքի հետ կապը կը դառնան իմաստի աղբիւրներ։

Մահուան հարցը նոյնպէս մեծ տեղ կը գրաւէ անոր մտածողութեան մէջ։ Թոլսթոյ կը նկատէ, որ մարդը յաճախ կ՚ապրի՝ մոռնալով իր մահկանացու բնոյթը։ Սակայն, երբ մարդը իսկապէս կը գիտակցի, որ իր կեանքը սահմանափակ է, ան կը սկսի փնտռել այն, ինչ որ ունի մնայուն արժէք։ Այս գիտակցութիւնը կրնայ դառնալ շրջադարձային պահ մը, որովհետեւ ան կը մղէ մարդը վերարժեւորելու իր առաջնահերթութիւնները եւ ուղղուելու դէպի հոգեւոր արժէքներ։

Վերջապէս, Թոլսթոյի մտածողութեան մէջ կեանքի իմաստը չի գտնուիր պատրաստ պատասխաններու մէջ, այլ կը գտնուի շարունակական փնտռտուքի ընթացքին։ Մարդը պէտք է ապրի գիտակցաբար, հարցնելով, կասկածելով, բայց նաեւ հաւատալով։ Կեանքը իմաստաւոր կը դառնայ ո՛չ թէ այն ատեն, երբ մենք կը գտնենք վերջնական պատասխան մը, այլ երբ մենք կը փորձենք ապրիլ ճշմարտութեան, սիրոյ եւ բարոյականութեան համաձայն։

Այսպէս, Թոլսթոյի համաձայն, կեանքը իմաստաւորելու ուղին կը գտնուի հաւատքի, սիրոյ, պարզութեան եւ ուրիշներուն ծառայելու մէջ։ Ան ճանապարհ մըն է, որ կը պահանջէ ներքին ազնուութիւն եւ քաջութիւն՝ դիմակայելու մեր սեփական կասկածներն ու վախերը եւ միեւնոյն ժամանակ բաց մնալու բարձրագոյն ճշմարտութեան առջեւ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2026