ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՐՄԱՒԻՐԻ ՄԷՋ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանը առաւ այս որոշումը՝ Վեհափառ Հայրապետի եւ միւս վեց սրբազաններու քրէական վարոյթին կապակցութեամբ։
Ինչպէս ծանօթ է, դատավարութիւնը արդէն սկսած էր Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարէն ներս, սակայն, առաջին դատաւորը չէր փափաքած այս գործը քննարկել, իսկ երկրորդը որոշած էր թղթածրարը ուղարկել Երեւան։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական ատեանն ալ որոշած էր թղթածրարը ուղարկել Երեւան։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան քրէական ատեանն ալ որոշած էր հարցը փոխանցել Վճռաբեկ ատեանին։ Այս բոլորէն վերջ, Վճռաբեկ ատեանը որոշեց գործը դարձեալ ուղարկել Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը։
Այս իրերայաջորդ փոխանցումները պայմանաւորուած էին այն անորոշութեամբ, թէ դատախազութեան կողմէ Վեհափառ Հայրապետին եւ միւս սրբազաններուն հասցէագրուած մեղադրանքի վայրը յստակ չէր։ Ի վերջոյ, Վճռաբեկ ատեանը երէկ յանգեցաւ այն որոշման, թէ գործի նիւթերը հնարաւորութիւն կու տան պարզելու մեղադրանքներու մէջ նկարագրուած ենթադրեալ արարքներու կատարման վայրը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որ ընդգրկուած է Արմաւիրի մարզի դատարանի տարածքային ընդդատութեան ներքեւ։
Վճռաբեկ ատեանը արձանագրած է, որ ընդդատութեան հարցը գնահատելու ժամանակ հնարաւոր չէ առանձնացնել միայն Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուած մեղադրանքը։ Միւս վեց հոգեւորականներու մեղադրանքներուն մէջ նշուած է, որ անոնց վերագրուած գործողութիւնները կատարուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ԳՀԽ-ի նիստի ընթացքին։ Ուստի, Վճռաբեկ ատեանը եզրակացուցած է, որ Արմաւիրի մարզի դատարանը առարկայական մօտեցում ցուցաբերած է՝ ստեղծելով քրէական գործի անհարկի դատական շրջապտոյտի վտանգ, ինչ որ կրնար խոչընդոտել ողջամիտ ժամկէտներու մէջ քննարկումը։ Վեհափառ Հայրապետին եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազաններուն դէմ արհեստական եւ իսկապէս ծիծաղելի մեղադրանքներով դատ բացուած է, ինչ որ կը դիտարկուի Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան համայնապատկերին վրայ։ Հայաստանի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն Վեհափառ Հայրապետն ու Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Նորին Սրբութեան դէմ արտասահման դուրս գալու արգելք սահմանուած է։