ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Յովհաննավանքի մէջ վերջին շրջանին տեղ գտած մտահոգիչ երեւոյթը՝ վանքապատկան տարածքէն ներս անյարիր ձեռնարկներու, այս պարագային՝ խնջոյքի կազմակերպման, ինչ որ կը խաթարէ վանքի հոգեւոր եւ աղօթական մթնոլորտը, անհանգստութիւն կը պատճառէ շրջակայքի բնակչութեան։
Այս իրավիճակը անմիջական հետեւանքն է կարգալոյծ հռչակուած Ստեփան Ասատուրեանի դէմ իշխանութիւններու բացայայտ հովանաւորութեան եւ թողտուութեան, որով ուղղակի կ՚ոտնահարուին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ իրաւունքները։
Յովհաննավանքի բռնազաւթուած ըլլալու իրողութիւնը, տեղ գտած ինքնիրաւչութիւնը նաեւ կը վիրաւորեն հաւատացեալներու բարեպաշտական զգացումները, կ՚ոտնահարեն իրաւունքները՝ անվաւեր ծէսերով ու խորհրդակատարութիւններով մոլորութեան մէջ թողելով բարեպաշտ այցելուները։
Անթոյլատրելի նկատելով այս երեւոյթները՝ Մայր Աթոռը վերստին կոչ կ՚ուղղէ պատկան պետական մարմիններուն՝ զերծ մնալու եկեղեցական կեանքին պառակտիչ միջամտութիւններէ եւ վերականգնելու զաւթեալ բոլոր եկեղեցիներու օրինական կարգավիճակը։