ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ, ՈՐ ՅԵՂԱՇՐՋԵՑ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ամէն տարի 7 ապրիլին, Հայ Առաքեալական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին Աւետումի տօնը, այսինքն՝ այն յիշատակը, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը երեւցաւ Սուրբ Կոյսին ու անոր տուաւ աւետիսը՝ աշխարհի Փրկիչը ծնելուն եւ Անոր Մայրը դառնալուն:
Ղուկասի Աւետարանին մէջ ներկայացուած է մեզի Գաբրիէլ Հրեշտակապետին Մարիամին տուած այցելութիւնը եւ անոնց ունեցած խօսակցութիւնը: Կը կարդանք.
«Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է:
Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը: Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն. Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած Անոր պիտի տայ Իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ Անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ:
Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. Ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ:
Հրեշտակը պատասխանեց. Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի կոչուի: Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է: Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ:
Մարիամ ըսաւ. Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ:
Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն» (Ղկ 1.28-38):
Սուրբ Կոյսին Գաբրիէլի տուած հնազանդութեան այս պատասխանը պատճառ դարձաւ, որ մարդկութեան պատմութիւնը յեղաշրջում ապրի, որովհետեւ Քրիստոս աշխարհ գալով մարդը դուրս հանեց անորոշութեան գիրկէն եւ անոր կատարեալ յոյս մը տուաւ, թէ այս աշխարհի վրայ մահը նոր, աւելի պայծառ ու լաւ, յաւիտենական կեանքի մը սկիզբն է:
Սուրբ Կոյսին պատասխանը զինք Աստուածամայր դարձուց եւ բոլոր անոնք, որոնք այսօր կը փորձեն տարբեր-տարբեր ենթադրութիւններով անտեսել այս հանգամանքը, ապա այդպիսները օտարներ են Աստուծոյ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին. «Եթէ մէկը չհաւատայ, թէ Մարիամը Աստուածամայր է, այդպիսին օտա՛ր է Աստուծոյ»:
Սորվինք մեր բոլորին Մայրիկէն եւ խոնարհինք Աստուծոյ կամքին առջեւ, դառնալու Անոր կամքը գործադրողներն ու Անոր գործակիցները:
Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը մեր բոլորիս հետ ըլլայ: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ