ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն քահանայ Փնարճեան։
Պէյքոզի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ, թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ ստանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս տարի Պէյքոզի եկեղեցոյ հիմնադրութեան արդէն 150-ամեակն է։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած էր՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ օծուելով ու պաշտամունքի վերաբացուելով։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց, որ հայ բնակչութենէ նօսրացած եւ ուխտավայր դարձած մեր այս եկեղեցին կը մնայ պայծառ, անոր կանթեղը վառ է։ Ուստի, ան բարձր գնահատեց թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը՝ յղելով օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերջին նորութիւններուն շուրջ։