Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԱԷՍԹՐՕ ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆԻ

Սրտի խոր ցաւով իմացանք խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի մահուան գոյժը ու սոյն տողերը կը գրեմ մեր կորուստի ցաւը յայտնելու։ 

Մաէսթրօ Խորէնի մահը անփոխարինելի դատարկութիւն պիտի ձգէ ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմին, այլեւ՝ ողջ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ: Սրբազան երաժշտութեան միջոցով զԱստուած փառաբանելու անոր անսահման նուիրուածութիւնը կը վկայէր աստուածային կոչման մասին, զոր ան ընդունած էր իր ողջ կեանքի ընթացքին, ինչպէս նշուած է Մատթէոսն Աւետարանի 25:14-30-ի մէջ, ուր տաղանդներու առակը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին վստահուած են Աստուծոյ պարգեւները, որոնք նախատեսուած են Ան փառաբանելու:

Դաստիարակուելով Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռի սրբազան միջավայրին մէջ՝ մաէսթրօ Խորէնը կը մարմնաւորէր հաւատքի եւ նուիրուածութեան էութիւնը: Ան կը հասկնար, ինչպէս կ՚ըսուի Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. թուղթի 4։10-ի մէջ, որ «ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ»: Իր ակնառու ասպարէզի ընթացքին մաէսթրօ Խորէնը մարմնաւորած է այս սկզբունքը՝ օգտագործելով Աստուծոյ տուած տաղանդները՝ մեր համայնքի հոգեւոր կեանքը բարելաւելու համար։

ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմէն ներս մեր առաջնորդութեան սկզբնական տարիներուն, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա․Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, մենք պատիւ ունեցանք մաէսթրօ Խորէնը հրաւիրելու Արեւելեան թեմ՝ ծառայելու որպէս Ս. Վարդան տաճարի երգչախումբի խմբավար: Անոր նշանակումը, որպէս առաջնորդարանի հոգեւոր երաժշտութեան բաժինի տնօրէն, հնարաւորութիւն ընձեռեց թեմի ծխական համայնքներու երիտասարդ եւ փորձառու անդամներու մէջ խոր արթնութիւն եւ արժեւորում՝ սրբազան երաժշտութեան նկատմամբ: Նուիրուածութեամբ եւ մեծ սիրով ան մարզած է ծխական երգչախումբեր, դաստիարակած խորանի սպասաւորներ եւ սերունդէ սերունդ գիտելիքներ փոխանցած՝ ծաղկող հաւատքի սերմեր ցանելով ճեմարանականներուն մէջ:

Մաէսթրօ Խորէնը իւրայատուկ սէր ունէր երեխաներու հետ շփուելու․ թեմական ամառնային ճամբարներու անոր աշխատանքը ցոյց կու տար իր անձնուիրութիւնը՝ հաւատացեալներու յաջորդ սերունդը դաստիարակելով: Խորէնի շրջապատի մարդիկը ոգեշնչելու եւ ոգեւորելու ունակութիւնը ամփոփուած է Պօղոս առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղած 3։23-24-ի խօսքերով. «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք»: Ակնյայտ է, որ մաէսթրօ Խորէնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իր ներդրումը կը համարէր սրբազան ծառայութիւն՝ նուիրուած Աստուծոյ սէրը մարմնաւորելուն։

Ես կը ցանկայի օգտագործել այս պահը՝ յիշելու այն ուրախութիւնը, զոր մենք վայելեցինք մաէսթրօ Խորէնի 60-ամեակի տօնակատարութեան ժամանակ, երբ ինծի համար պատիւ էր անոր յանձնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ շքանշանն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ի կոնդակը: Այդ արժանի յարգանքի տուրք էր այն մարդուն, որ իր կեանքը նուիրած էր Տիրոջը ծառայելուն․ ան կը մնայ մեր բոլորին համար թանկ յիշողութիւն:

Սիրելի Խորէնի մահը մեծ կորուստ է մեր համայնքին համար։ Իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ անոր սիրելի տիկնոջ եւ կեանքի զուգընկերոջ՝ Ֆլորային, զաւակներուն՝ Յակոբին, Յասմիկին եւ անոր ամուսինին՝ Մանուէլին, ինչպէս նաեւ անոր թանկագին թոռներուն։ 

Վստահ ենք, որ այժմ երկինքի արքայութեան մէջ հանգուցեալ մաէսթրօ Խորէնը Տիրոջմէ պիտի ստանայ իր հատուցումը, քանի որ հանգուցեալը իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւններու ճանապարհով ծառայեց Տիրոջը (Կողոսացիներ 3:23-24):

Թող յաւերժ մնայ անոր յիշատակը։

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Հռոմ

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025