ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանի որոշմամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան դուրս եկաւ բանտէն: Դատաւոր Ա. Նիկողոսեանի կողմէ արձակուած վճիռով՝ Նորին Սրբազնութեան խափանման միջոցը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան եւ իր պարագային սահմանուեցաւ վարչական հսկողութիւն: Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի փաստաբանը՝ Արսէն Պապայեան տեղեկացուց, որ դատական իշխանութիւնները առանց յապաղման ազատ արձակման որոշում տուած են եւ այս հիման վրայ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մեկուսարանէն դուրս եկած է սրբազանը: Այս իրադարձութիւնը յատկանշական է՝ մանաւանդ Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ: Մինչեւ մօտաւոր անցեալը կար պահ մը, երբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասէն չորս սրբազան արդէն բանտի ճաղերու ետին յայտնուած էր: Այժմ, Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի բանտէն դուրս գալով, այդ թիւը իջաւ մէկի: Այժմ, միայն Տ. Բագրատ արք. Գալստանեան կը մնայ կալանաւորուած:

Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան 4 դեկտեմբեր 2025 թուականին, Հայաստանի Քննչական կոմիտէի շէնքէն դուրս գալու ժամանակ ձերբակալուած ու բանտարկուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Անոր վերագրուած էր ապօրինի թմրամիջոցի իրացման մեղադրանք: Յամենայնդէպս, հայկական լրահոսին մէջ կը շեշտուի, որ Նորին Սրբազնութեան ամբաստանութիւնը ի սկզբանէ այդ չէր եղած: Արդարեւ, 2018 թուականին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գահընկէց ընելու հետամուտ շրջանակներու ցոյցին ժամանակ, ցուցարարներէն մէկուն պայուսակին մէջ թմրանիւթ դնելով կը մեղադրուէր Տ. Արշակ արք. Խաչատրեան, որ ցարդ կը մերժէ իրեն վերագրուած այդ պնդումները:

Երէկ, դատարանէն դուրս գալու ժամանակ սրբազանը հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան ամենամեծ ափսոսանքը նկատեց, որ այժմ խուցին մէջ առանձին մնացած է Տ. Բագրատ արք. Գալստանեան: «Վերջաւորութիւնը լաւ պիտի ըլլայ: Եթէ լաւ չէ, ուրեմն, վերջը չէ», աւելցուց ան:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի մօտ Վատիկանի պապական նուիրակ Անտրէ Եոզիչ արքեպիսկոպոսը: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանէ ներս եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան: Նորին Սրբութիւնը եւ պապական նուիրակը անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած բարդ իրավիճակին: Անոնք կանգ առին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ: Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ապագայ սերտացման մասին:

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը իր ողջոյնները յղեց Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026