ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕԾԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԸ

Երէկ, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Ներսէս քհնյ. Այվազեան։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կատարեց նաեւ Չարխափան Աստուածամօր սրբանկարի օծումը։ Հարկ է նշել, որ դարաւոր այս սրբանկարը միջոցէ մը ի վեր նորոգութեան ու վերականգնման աշխատանքներու ենթարկուած էր։ Գէորգ Պապախանեանի կողմէ կատարուած աշխատանքներու աւարտին, սրբանկարը Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ վերաօծուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ ալ մատնանշեց, որ Չարխափան Աստուածամօր սրբապատկերը նոյնացած է Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ հետ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանի կողմէ գլխաւորուած Պալաթի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, պահքի սիրոյ սեղաններու շուրջ հիւրընկալեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ներկայ հոգեւորականներն ու ուխտաւորները, որոնք զանազան թաղերէ փութալով լեցուցած էին եկեղեցին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026