Կիրակի 6, Յուլիս 2025
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական ուխտագնացութեան ծրագիրը ընթացքի մէջ է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ, Հայաստանի մէջ համախմբուած են աշխարհի բոլոր կողմերէն հայ երիտասարդներ, որոնք կը ներշնչուին հոգեմտաւոր արժէքներով եւ հաղորդ կը դառնան երկրի պատմամշակութային արժէքներուն։ Ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ Պոլիսէն խումբ մը երիտասարդներ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։
Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է՝ «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» կարգախօսով։
Շաբաթ, Յուլիս 5, 2025