ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր, հոկտեմբերի 3-ին, դատարանը՝ շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման։

Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ Շիրակի թեմի առաջնորդի դէմ յարուցուած քրէական հետապնդումը ունի քաղաքական դրդապատճառներ եւ իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւի բացայայտ դրսեւորումներէն է։

Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը ազատազրկելու վերաբերեալ անարդար դատավճիռը քաղաքական հաշուեյարդարի հերթական ապացոյցն է, ինչ որ խօսքի եւ կրօնի ազատութեան, խտրականութեան արգելքի սկզբունքի կոպտագոյն ոտնահարում է, ժողովրդավարական հասարակարգին նետուած ուղիղ մարտահրաւէր։

Խստօրէն դատապարտելով աղաղակող ապօրինութիւնները՝ վերստին կը հաստատենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետամուտ պիտի ըլլայ իրաւական՝ ներառեալ միջազգային գործիքակազմի կիրառման, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի արդար իրաւունքները վերականգնելու համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025