Ուրբաթ 6, Յունիս 2025
ՖԼԱՄԱՆԱԽՕՍ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՃԱՄԲԱՐ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Հոլանտայի հիւսիսի Սոմերէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ ճամբար 2025»ը։ Սոյն հաւաքը, որ կազմակերպուած էր շրջանի ֆլամանախօս հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար, որոնք մասնակցեցան նաեւ Ս. Պատարագի։
Այս ճամբարը, որ երկրորդ անգամ տեղի կ՚ունենայ, այս տարի 175 մասնակից ունի։ Եռօրեայ ծրագիրը ունի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային երեսակներ։ Իւրաքանչիւր օրուայ աւարտին ճամբարը կը վերածուի տեղւոյն համայնքին տեսակէտէ ուրախութեան հարթակի։
Այս ճամբարը ո՛չ միայն հանգիստի կամ ժամանցի, այլեւ հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային ինքնութեան ամրապնդման միջավայր մը կը դառնայ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025