ՀԱՐԵՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով նախագահին այցելութիւնը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան։ Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ նկատեց, որ պատմութեան ընթացքին երկու ժողովուրդները՝ ապաւինած իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու արժեհամակարգին, կարողացած են յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ՝ պահպանելով իրենց ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վրաց իշխանութիւններուն ջանքերով 15 հայ ռազմագերիներու հայրենադարձման եւ այս ուղղութեամբ գործադրուած միջնորդական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Վրաստանի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգածու վերաբերմունքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։
Իր կարգին, Միխէյիլ Քաւելաշվիլի գոհունակութեամբ անդրադարձաւ դէպի Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքներուն՝ կարեւորելով քրիստոնէական հաւատքի բացառիկ դերակատարութիւնը երկու ժողովուրդներու հոգեւոր, մշակութային, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ պատմութեան ընթացքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։ Ան Վեհափառ Հայրապետը հաւաստիացուց, թէ Վրաստան կը շարունակէ իր միջնորդական ջանքերը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։
Հուսկ, Միխէյիլ Քաւելաշվիլի հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ այցելեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, ուր ծանօթացաւ հիմնանորոգուած սրբավայրի պատմութեան։
Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Վրաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան, երկու երկիրներու դեսպանները եւ այլ պաշտօնատարներ։