ՔՈՆՔԼԱՒԻ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ

Ֆրանսիսքոս Պապը անվախ պահանջատէրը եղաւ հաւատացեալին հոգեւոր եւ եկեղեցական իրաւունքներուն՝ մա՛նաւանդ անտեսուած հատուածին։ Ան մարդկութեան առջեւ, աւետարանական արդարութեան եւ գործնական եղբայրսիրութեան առաքեալը եղաւ։ Կաղոթիկէ եկեղեցւոյ կեանքին առնուազն վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին, եթէ ոչ աւելի, առաջին անգամ քահանայապետ մը իր քարոզներով եւ գրութիւններով՝ այսքան արմատական քննադատութիւն կը կատարէ եւ պահանջատէր ու խիստ կ՚ըլլայ աւետարանական հոգիին ի նպաստ, կղերական եկեղեցական դասին եւ հաւատացեալներուն վերյիշեցնելով՝ անոնց պաշտօնին եւ առաքելութեանց պարտականութիւնները։

Աղքատներուն եւ վերջիններուն իր տուած այցելութիւնները միայն ձեւակերպութիւն մը չէին այլ՝ ահազանգ հնչեցնելու չափ զօրաւոր օրինակ հանդիսանալու ձայնն ու կամքն էր, որ ցոյց կու տար այս ելոյթներուն ընթացքին։ Կ՚արժէ լաւ կարդալ անոր տողերը մարդկային եւ քրիստոնէական եղբայրութեան մասին։ 

Ան մարդկային արժանապատուութեան քրիստոնէական ըմբռնումի հայելին էր։ Արուարձանի մարդն ու կինը նուազ ազնիւ չէին հարուստ կեդրոնի բնակիչներէն։ Հասկնանք կեանքի բոլոր ոլորտներուն համար եւ ո՛չ թէ միայն թաղամասերու։ Բանտարկեալը նուազ կարեւոր չէր ազատ շրջողէն։ Բոլորին ալ ոտքերը նոյնն էին եւ ասոր համար ալ նախընտրեց ամէն ոտնլուայի արարողութեան՝ երթալ բանտերու մէջ եւ հոն կատարել Աւագ հինգշաբթի օրուան ծառայութեան խորհուրդը պարունակող արարողութիւնը։

Հայաստանի այցելութենէն իսկ առաջ լուսահոգի Քահանայապետը Արժանթինի մէջ իր առաջնորդ եղած շրջանին, հայ համայնքին մօտ եղած էր։ Հայկական հարցերու մասին անոր համոզումը հայո՛ւ համոզումն էր։ Հայ նահատակներու մասին անոր հաւատքը անտարակոյս էր եւ հիմնուած էր քրիստոնէական հաստատ սկզբունքներու վրայ։ Բայց ամէն բանէ վեր, անոր անփոխարինելի աննման արարքը կը նկատուի 12 մայիս 2015-ի Ս. Պատարագը, Ս. Պետրոսի մէջ, ուր, հիացումով, ինք անձամբ Ս. Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց։ Այդ նոյն պահուն ուրիշ հրաշքի համազօր բան մըն ալ կատարուեցաւ հոն, Ս. Պետրոսի գմբէթին տակ, ուր հաւաքուեցան հայ իրականութեան բոլոր հատուածները։ Հայոց պետական ներկայացուցչութենէն Հայ Եկեղեցական բոլոր բաժանմունքները, հայրենիքի ներկայացուցիչներու կողքին հայ սփիւռքէն ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներ միատեղ աղօթեցին հանգուցեալ մեծ Քահանայապետին շուրջ, բիւրաւոր նահատակներուն համար։ Անոր այս արարքին՝ մանաւանդ եւ ուրիշ հայրական շատ մը յորդորներուն համար, անոր հոգիին համար աղօթքները բարձրացնենք առ Աստուած։ Իսկ մենք, Նարեկացիէն հատուածներ փոխ առնելով, առ Արարիչն այս աղօթքը բարձրացնենք ըսելով.

Դուն, որ կը բնակիս ու կը հանգչիս միշտ անմատոյց լոյսի ջինջ ոլորտներու մէջ: Գոհաբանութեամբ կ՚աղաչենք, հաւատացեալ ժողովուրդդ քու հզօր թեւերուդ պաշտպանութեան տակ ա՛ռ։ Փրկէ՛ ներխուժող խուռնամբոխ պղտոր ցնորքներէն։ Կենացդ փայտով ամրապնդէ՛ մեզ, ով Արարիչ։ Դուն, մեզ որբ չձգեցիր եւ արդարներու օրինակով մեզի կ՚այցելես ու մեզ երբեք չես լքեր։ Դուն, քաւիչ, նորոգիչ, Փրկիչ, կեցուցիչ եւ կենդանարար, Ողորմած, խնամող, մարդասէր, անոխակալ, բազմագութ, օրհնեալ յաւիտեանս։

Իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալիէն ներշնչուած աղօթենք առ Աստուած ըսելով. «Աստուած իմ, որ բանաս զձեռն քո, եւ լնուս զամենայն արարածս ողորմութեամբ քով. քեզ յանձն առնէ զանձն իմ. դու հոգա՛ եւ պատրաստեա՛ զպէտս հոգւոյ եւ մարմնոյ մերոյ յայսըմհետէ մինչեւ յաւիտեան. եւ ողորմեա՛ քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս»:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

ՎԱՐԴԱՆ Թ. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025