ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան լուրջ հոգեկան եւ մարմնական առողջական պատճառներու բերմամբ տեղի տուած է անբաղձալի, անընդունելի գայթակղութեան հետեւանքի։

Հայր Սուրբը Կրօնական ժողովի որոշումով իրեն տրուած ապաշխարութեան առիթը սահմանուած ժամկէտին անպատասխանի թողած է։

Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Կրօնական ժողովը 2 հոկտեմբեր 2025 թուի ԾԱ. նիստին միաձայն որոշումով Հայր Սուրբը կարգալոյծ յայտարարած է եւ զինքը դասած՝ ի շարս աշխարհականաց, աւազանի Թորոս անունով։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

2 հոկտեմբեր 2025

15516

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2025