ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ

«Երբ երկրէն բարձրանամ, բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քաշեմ». (ՅՈՎՀ. ԺԲ 32)։

Խաչին վրայ բարձրացումը կը նշանակէ եւ կ՚աւետէ Համբարձումին երկրինք բարձրացումը։ Մին միւսին սկիզբն է։ Յիսուս Քրիստոս, միակ «Քահանայ»ն Նոր եւ յաւիտենական ուխտին. «մտաւ… ո՛չ թէ… մարդու ձեռակերտ սրբավայրի մը մէջ… այլ՝ երկինք, որպէսզի երեւնայ Աստուծոյ առջեւ, ի նպաստ մեզի». (ԵԲՐ. Թ 24)։

Երկինքի մէջ Քրիստոս մշտապէս կը կատարէ Իր «քահանայութիւն»ը. «քանի որ միշտ կենդանի է, որպէսզի Ան միջնորդէ ի նպաստ անոնց՝ որոնք Իրմով կը քալեն դէպի Աստուած». (ԵԲՐ. Է 25)։ Իբրեւ «քահանայապետ հանդերձեալ բարիքներուն». (ԵԲՐ Թ 11), Ան երկինքի մէջ Հօր ի պատիւ մատուցուող ծէսին կեդրոնն է եւ գլխաւոր ծիսակատարողն է. (ՅԱՅՏ. Դ 6-11)։

Այսուհետեւ Քրիստոս «կը բազմի Հօր աջակողմը»։ «Հօր աջակողմը, ըսելով, մենք կը հասկնանք փառքը եւ պատիւը աստուածութեան՝ ուր որ բոլոր ժամանակներէն առաջ գոյութիւն ունէր իբրեւ Աստուած եւ համագոյակից Հօր, այժմ մարդանալէն եւ Իր մարմինին փառաւորուելէն ետք, նստաւ մարմինով», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։

«Հօր Աջին բազմիլ»ը՝ Մեսիայի թագաւորութեան սկզբնաւորիլը կը նշանակէ եւ Մարդու Որդիին մասին, Դանիէլ մարգարէին տեսիլքին կատարումը. «Անոր տրուեցաւ իշխանութիւն, պատիւ եւ թագաւորութիւն, եւ բոլոր ժողովուրդները, ազգերը եւ լեզուները Անոր պիտի ծառայեն։ Անոր իշխանութիւնը ցմիշտ է եւ անանց, իսկ Անոր թագաւորութիւնը՝ անկործանելի». (ԴԱՆ. Է 14)։

Այս պահէն սկսեալ, առաքեալները վկաներ դարձան «անվախճան թագաւորութեան», ինչպէս կ՚ակնարկուի՝ «Նիկիոյ-Կոսդանտնուպոլսոյ Հաւատամք»ի մէջ։

Ուստի, եւ Քրիստոսի Համբարձումը կը նշանակէ Յիսուսի մարդկայնութեան վերջնական մուտքը Աստուծոյ երկնային տէրութեան մէջ՝ ուրկէ Ան պիտի գայ. (ԳՈՐԾ. Ա 11), սակայն մինչ այդ, կը թաքուցանէ զԱյն մարդոց աչքերէն. (ԿՈՂ. Գ 3)։ Յիսուս Քրիստոս, «Գլուխ Եկեղեցւոյ», Հօր փառաւոր Արքայութեան մէջ կը կանխէ մեզ, որպէսզի մենք՝ Անոր Մարմինին անդամները, ապրինք այն յոյսով, որ օր մը յաւիտենապէս Անոր հետ պիտի ըլլանք։

Յիսուս Քրիստոս միանգամ ընդ միշտ մտնելով երկնային տաճարը, անդադար կը բարեխօսէ մեզի համար իբրեւ միջնորդը՝ որ մշտապէս կ՚ապահովէ մեզի Սուրբ Հոգիին զեղումը։

Յետ Համբարձման տօնին, որ կը կատարուի ի յիշատակ Փրկչին երկինք վերացման, մինչեւ Հոգեգալուստ տեւող ինն օրերու ընթացքին միասնաբար կը փառաւորուին Համբարձման եւ Յարութեան գաղափարները, առանց ուրիշ յիշատակութիւններու. միայն Յինանց եօթներորդ կիրակիին է, որ կը խառնուի ազգային եկեղեցական աւանդութեան մը յիշատակը՝ զոր օրուան շարականն ալ կ՚երգէ։ Ըստ այդ աւանդութեան, մինչ ամէն օր հրեշտակ մը կ՚այցելէր Ս. Լուսաւորչին՝ Խոր Վիրապին մէջ, այդ օրը, չորրորդ օր Տէրոջ Համբարձման, Սուրբը չընդունեց այդ այցելութիւնը։ Յաջորդ օրը, երբ հրեշտակին կը հարցնէ այդ բացակայութեան պատճառը, ան իբրեւ պատճառ կը հաղորդէ թէ, հրեշտակներու ինն դասակարգութիւնները ամէն օր կարգաւ հանդէս կը սարքեն ի պատիւ Քրիստոսի. եւ որովհետեւ ինքը կը պատկանի չորրորդ դասուն, այդ օրը՝ որ է չորրորդ օր Համբարձման, իր դասուն վիճակած ըլլալով այդ օրը, ինքը պարտաւոր էր գտնուիլ իր խումբին մէջ։

Յինանց այս եօթներորդ կիրակին կը կոչուի նաեւ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»։

Այս տարի Համբարձման տօնը կը կատարուի 29 մայիս, հինգշաբթի օր։

Յարութեան տօնախմբման շրջանին լրումն է Հոգեգալուստը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 28, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025