ՊԵՌՆԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԿՈՉԸ՝ ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՀԱՒԱՏԻ, ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը Պեռնի մէջ կազմակերպուած՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» նիւթով համաժողովը հասաւ իր աւարտին։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած այս համաժողովի եզրափակիչ փուլին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, ուր հրատապ կը համարուի միջազգային շարժման համակարգումը՝ պահպանելու համար հայոց կրօնն ու մշակոյթը, ժողովուրդի մարդու իրաւունքները եւ հայ ազգի անվտանգ ապագան։ Ընդգծուեցաւ, որ կը վերահաստատուի Արցախի բնակչութեան անվտանգ, արժանապատիւ եւ խտրականութենէ հեռու պայմաններու ներքեւ իր պապենական հողերու վերադառնալու իրաւունքը։ Կոչ ուղղուած է՝ հաւատի, ինքնութեան եւ յիշողութեան կենդանի արտայայտութիւններու պահպանութեան համար։ «Որպէս եկեղեցիներ ու կրօնական հաւաքականութիւններ՝ համոզուած ենք, թէ ժառանգութեան պահպանութիւնը չի վերաբերիր միայն յուշարձաններու», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր ընդգծուած է, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով կը խախտուի միջազգային իրաւունքը, սա մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն մը կրնայ ըլլալ եւ կրնայ ցուցանիշ մը համարուիլ ցեղասպանութեան մտադրութեան։ Յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի միջազգային հաւաքականութիւնը յարգէ իր պարտականութիւնները մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025