ՄՇԱԿՈՒԹԱԿՈՐԾԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հերթական անգամ միջազգային հարթակի մը վրայ բարձրաձայնեց Արցախի՝ Լեռնարին Ղարաբաղի բռնագրաւումէն յետոյ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ «21-րդ դարուն, երբ ազգերու եւ պետութիւններու կեանքը պիտի նշանաւորուէր խաղաղութեան, համերաշխութեան ու արդարութեան հաստատմամբ, ցաւօք, ականատես ենք պատերազմներու, թշնամանքի ու ատելութեան հիմքով ցեղասպանական գործողութիւններու եւ էթնիք զտումներու, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան ու մարդու հիմնարար իրաւանց ոտնահարման դատապարտելի դէպքերուն։ Այս արհաւիրքները վերապրեցաւ նաեւ մեր ժողովուրդը՝ Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած բռնութեան եւ ոճրագործութիւններու հետեւանքով», ըսաւ ան՝ մատնանշելով, որ այժմ Արցախը բռնագրաւուած եւ ամբողջութեամբ հայաթափուած է, գրաւուած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ կենսական նշանակութեամբ զգալի տարածքներ եւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման գործընթացէն ներս կը ներկայացուին նորանոր պահանջներ։
Երէկ, Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը Պեռնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովին, որու բացման հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան պատանդ կը պահէ Արցախի քաղաքական ղեկավարները, քաղաքացիական անձեր եւ ռազմագերիներ, որոնց պարագային կ՚իրականացուի ցուցադրական, շինծու դատավարութիւն մը՝ միջազգային իրաւական չափանիշներու աղաղակող խախտումներով։ «Ակնյայտ է, որ նման անօրինութիւններն ու նուաստացուցիչ դաժանութիւնները պայմանաւորուած են բացառապէս ազգային պատկանելիութեամբ եւ հայատեացութեամբ, ինչ որ պատճառն է նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ու պատմական սրբավայրերու դէմ ոտնձգութեան», ըսաւ ան։
Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ մշակութային ոճրագործութիւնները, դժբախտաբար, աշխարհագրական սահմաններ չեն ճանչնար եւ կը պատահին ամէնուր, ուր կը խաթարուին մարդու եւ ժողովուրդներու իրաւունքները, կը դրսեւորուին այլատեացութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, կ՚անտեսուի հոգեւոր ժառանգութեան վսեմ արժէքն ու կարեւորութիւնը։ Մշակութային ժառանգութեան դէմ ոճիրները արդարօրէն կը դիտարկուին ո՛չ միայն որպէս մէկ ազգի, այլեւ համամարդկային արժէքներու դէմ յանցագործութիւն։ «Բարբարոսական նման ոճրագործութիւններու անպատժելիութիւնը ամենաթողութեան մթնոլորտ կը ձեւաւորէ ո՛չ միայն Ատրպէյճանի մշակութակործան ոճիրներու շարունակութեան համար, այլեւ նախադրեալներ կը ստեղծէ ու կը քաջալերէ նման ու աւելի դաժան յանցագործութիւնները աշխարհի այլ վայրերուն։ Մշակութային արժէքներու պաշտպանութիւնը բոլորի համար ո՛չ միայն նուիրական պարտաւորութիւն է, այլեւ ազգերու ու ժողովուրդներու պատմութեան, հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման հրամայականը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ այսօր աւելի քան երբեւէ հրատապ է Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան հարցը, երբ բռնի տեղահանուած ժողովուրդը զրկուած է սեփական հողի վրայ ապրելու եւ արարելու, դարերով իր հաւատքով կերտած մշակոյթը պահպանելու եւ զարգացնելու իրաւունքէն։ Իր խօսքով՝ ժամանակակից աշխարհին մէջ պէտք չէ հանդուրժուի մարդկութեան ու մարդկայնութեան դէմ նման սոսկալի եղեռնագործութիւնները եւ այն արարքները, որոնք կը խարխլեն ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի հիմնասիւները։ «Այո՛, ազգերու միջեւ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին խաղաղ ուղիներով, արդարութեամբ ու փոխադարձ համաձայնութեամբ, ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքով», եզրափակեց ան։
Պեռնի մէջ կազմակերպուած համաժողովի բացման Վեհափառ Հայրապետի ելոյթին հետեւեցան ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Ճերրի Փիլայ, Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ նախագահ վերապատուելի Ռիթա Ֆամոս, ԵՀԽ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ ներառեալ փոխ-նախագահներէն Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան (Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ), ինչպէս նաեւ այս համաժողովի կազմակերպիչներն ու աջակիցները։
Դէպի Պեռն ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, Գեղարքունիքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։