ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՍԱՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Միչիկընի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» լիսէէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան իր օրհնութիւնը։ Սաներուն ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան։ 

Վեհափառ Հայրապետը անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց տղոց հետ՝ պատգամելով նախանձախնդրութեամբ ու ջանասիրութեամբ շարունակել ուսումնառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական գուրգուրանքի առարկայ դարձուց երիտասարդները, որոնց  յորդորեց ազգային արժէքներու նկատմամբ սէր ու նուիրում ունենալ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2025