ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԱԾ-Ն ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՆԵՐԽՈՒԺԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն հակադրութիւնը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պաշտօնեաները այս առաւօտ ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, որ նախօրէին երկրէն ներս ռազմական յեղաշրջման մը անհրաժեշտութեան մասին խօսած էր եւ այս պատճառով իրեն դէմ հարցաքննութիւն սկսած էր։ Այս առաւօտ ԱԱԾ խուզարկում կատարած է Շիրակի թեմի առաջնորդարանին մէջ, նաեւ ուզած՝ ձերբակալել առաջնորդը, որ այդ պահուն բացակայած է՝ Մայր Աթոռի մէջ գտնուելու պատճառով։ Ուստի, ԱԱԾ ներխուժած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ձերբակալելու համար Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը։ ԱԱԾ-ի աշխատակիցներու եւ վանականներու միջեւ ապրուած է որոշ լարուածութիւն։ Մայրավանքի բակը իջած է նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ «Սրբազանը հիմա պիտի երթայ մեր փաստաբանին հետ, մենք կ՚երթանք վեհարան, ուր կը համախմբուինք, մեր քննարկումները կ՚ունենանք եւ եզրայանգումը կ՚ընենք ապագայ գործողութիւններու համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Բաց աստի, ան աւելցուց. «Միանշանակ է, որ մենք ամենայն ջանք պիտի գործադրենք, որպէսզի արդարութիւնը գործէ մեր եկեղեցւոյ հոգեւորականներու եւ երկրի համար»։

Ուրբաթ, Յունիս 27, 2025