ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐՈՎՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց խումբ մը երիտասարդներ, որոնք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերով Հայաստան այցելած էին։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Բացայայտէ Հայաստանը» նախագիծերուն ներգրաւուած սփիւռքահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ 64 երիտասարդները Նորին Սրբութեան ներկայացան՝ գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի։ Յիշեալ նախաձեռնութիւններուն նպատակն է նոր սերունդը հաղորդ դարձնել Հայաստանի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան, նաեւ զօրացնել անոնց կապը երկրին հետ։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին իր օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդներուն եւ բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի՝ հայրենաճանաչման, կրթադաստիարակչական եւ մշակութային բնոյթով ծրագրերը, որոնց շնորհիւ զանազան երկիրներու մէջ հասակ առած երիտասարդներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան Հայաստանի մէջ համախմբուելու եւ իրենց գիտելիքները հարստացնելու։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պատգամեց ըլլալ ազգային ինքնութեան կրողը, ամուր պահել սէրը Հայաստանի նկատմամբ եւ նպաստել իրենց ապրած երկիրներու համայնքներու առաւել զօրացման։ Ան շեշտեց, որ նման ծրագրերով ներշնչուած երիտասարդները վերադառնալով իրենց համայնքները պէտք է աւելի աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենան ազգային-եկեղեցական կեանքին։