Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց աւանդական արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին թաղային խորհուրդի ատենապետ Արա Էրոլ Չնար եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Սրբազնութիւնն ու բոլոր հաւատացեալները։