Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ՀԱԼԸՃԸՕՂԼՈՒԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Երէկ, Հալըճըօղլուի գերեզմանատան Ս. Ստեփանոս մատրան մէջ պատարագեց ու քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Համանուն սուրբի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ գողտրիկ սրբավայրին մէջ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Զօհրապ Աւ. Քհնյ. Ճիվանեան։ Բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագը, որու աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, մատրան շրջափակին տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկայ հաւատացեալները։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025