ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ

Համայն հայութիւնը կը շարունակէ զգայնութեամբ հետեւիլ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներուն։ Հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այդ մարտահրաւէրները միշտ առաջնահերթութիւններու շարքին կը դասուին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դերակատարութիւնը ճակատագրային է։ Այս առումով, եկեղեցական շրջանակները ուշադրութեամբ հետեւեցան Երուսաղէմի հայոց վանքէն ներս նախընթաց օր գումարուած միաբանական ընդհանուր ժողովին։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, որ Հայ Երուսաղէմի գերագոյն մարմինն է։ Ժողովին նախագահեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։ 28 միաբան մասնակցեցաւ նիստին։ Դիւանի ատենապետն էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ փոխ-ատենապետը՝ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան։ 

Սեպտեմբերի 24-ին գումարուած ժողովէն վերջ, Ս. Աթոռի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին այս կապակցութեամբ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատգամին մէջ միաբաններուն ուղղեալ խրախուսական արտայայտութիւններով հանդէս եկաւ։ Ան յորդորեց հաւատարմօրէն կապուած մնալ Ս. Աթոռին եւ բոլոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին ապաւինիլ միասնականութեան, անսասան սիրոյ եւ եղբայրական միաբանութեան։

Ժողովի օրակարգի միակ հարցն էր «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի սեփանակութեան  իրաւունքի վերահաստատման համար ձեռնարկուած իրաւական յամառ պայքարը, որու շրջանակներէն ներս եղած են նորութիւններ։ Ժողովը լսեց Ս. Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանի եւ Պատրիարքարանի իրաւաբան խորհրդատուներու մանրամասն զեկուցումները։ Այսպէս, հերթական անգամ խոշորացոյցի տակ առնուեցան՝ 2021 թուականին կնքուած խնդրայարոյց պայմանագրի պատմականը, յաջորդած դատական գործընթացը, հաշտարարի կողմէ ներկայացուած յաւելուածը եւ կարգաւորման համաձայնագրի առաջարկները։ Միաբանները առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցին համայնքին կողմէ ձեռնարկուած դատական գործընթացին եւ համապատասխան տեսակէտներուն վրայ։ 

Հարկ է նշել, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը իրաւական պայքարը յառաջ կը տանի երկու հիմնական առանցքի շուրջ։ Առաջինը՝ Իսրայէլի դատաիրաւական մարմիններուն մօտ դատ բացուած է՝ յիշեալ պայմանագրի միւս կողմին՝ «Զանա կարտընզ» ընկերութեան դէմ։ Երկրորդը՝ գործի կոչուած է միջնորդ-հաշտարար իրաւաբանական ընկերութիւն մը, որպէսզի փոխհասկացողութեան գետին մը ստեղծելու հնարաւորութիւն ըլլայ։ Վերջերս այդ միջնորդական ընկերութիւնը առաջարկներ ներկայացուցած է Պատրիարքարանին՝ իր քննարկումներուն եւ եզրակացութիւններուն լոյսին տակ։ 

Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ընդհանուր ժողովի տեւողութեան երկար ու խոր քննարկումներու ենթարկուած է այս բոլորը։ Առաջարկուած է մերժել միջնորդներու ներկայացուցած յաւելուածն ու կարգաւորման համաձայնագրի նախագիծը ու վերահաստատել միաբանական ընդհանուր ժողովի կանոնական եւ բացառիկ իշխանութիւնը։ 

Հուսկ, քննարկումներէ վերջ մեծամասնութեամբ ընդունուած է հետեւեալ չորս կէտը.

1. Վերահաստատել 27 հոկտեմբեր 2021 եւ 15 նոյեմբեր 2021 թուականներուն կատարուած միաբան հայրերու յայտարարութիւնները, որոնք դատապարտած էին այս գործարքը՝ շեշտելով ապօրինի բնոյթը։ 

2. Հռչակել 8 յուլիս 2021 թուականի «Կովերու պարտէզ»ի վերաբերեալ պայմանագիրը՝ ապօրինի, անվաւեր ու հակականոնական, որովհետեւ կնքուած էր առանց ընդհանուր ժողովի վաւերացման։ 

3. Մերժել հաշտարարի միջոցաւ ձեռք բերուած յաւելուածն (addendum) ու կարգաւորման համաձայնագիրը (Settlement agreement)։

4. Նշանակել հինգ հոգեւորականներէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը, որպէսզի փաստաբաններու հետ խորհրդակցաբար հետապնդուի չեղարկման դատական դիմումը՝ «Զանա կարտընզ» ընկերութեան դէմ։ 

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ չեն նշուած այդ յանձնախումբի անդամներու անունները։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2025