ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արձագանգեց՝ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած հերթական տխուր քայլը, որով հայկական սրբավայր մը քանդուած է հերթական անգամ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։

*

Վրդովմունքով տեղեկացանք, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հողին հաւասարեցուցած են Ստեփանակերտ քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցին ու յարակից տարածքի խաչքարերն ու կոթողները, որոնք ըստ այդ երկրի աղբիւրներուն՝ իբրեւ թէ ապօրինի կառոյցներ էին։ Խիստ մտահոգիչ են նաեւ Ստեփանակերտի Առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի ոչնչացման վերաբերեալ ստացուած տեղեկութիւնները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող՝ Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը։ Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կը շարունակէ թիրախաւորել հայկական քրիստոնէական սրբավայրերը՝ նպատակ ունենալով ջնջել հայկական հետքը Արցախէն։

Պետական մակարդակով իրականացուող այս վանտալիզմը հերթական անգամ կը փաստէ, որ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած. բան մը, որով կասկածելի կը դառնան Հայաստանին հետ կայուն ու երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու մասին յայտարարութիւնները։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարին եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, որպէսզի հրատապ ու գործուն քայլերու ձեռնարկել՝ կանխելու համար Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան համակարգուած իւրացումն ու ոչնչացումը։

Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման, տարածաշրջանէ ներս ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեամբ ու համագործակցութեամբ շահագրգռուած բոլոր պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի ազդու միջոցներու ձեռնարկեն՝ կասեցնելու համար մշակութային ոճրագործութիւնները Արցախի մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026